Jump to content

Շուն

Սիպերական հասքի տեսակի շուն

Ընտանի շուն կամ շուն (յոգնակի՝ շուներ), կը պատկանին՝ շնազգիներու կաթնասուն ընտանիքին։ Ան գորշ գայլի ենթատեսակներէն է, աշխարհի մէջ տարածուած եւ ընտելացած անասուններէն մէկը։ Ընտելացուած շուները գոյութիւն ունեցած են աւելի քան 33.000 տարի առաջ։ Անոնց նախորդները չեն գոյատեւած սառոյցի դարաշրջանին, որոնցմէ ետք՝ հնագոյն ընտելացուած շուներու մնացորդները, յայտնաբերուած են Ելիսեւիչի (Պրեանսկի շրջան) վերինփալեոլիթեան բանակավայրէն եւ վերապրած են մինչեւ 19.000 տարի։

Ընտելացումէն ի վեր՝ շուները պատմական դեր ունեցած են մարդու կեանքէն ներս։ Ապրելով մարդու հետ՝ մասնակցած են որսորդութեան, հսկած են տիրոջն ու բնակատեղիին։ Աշխարհի տարածքին շունը լայնօրէն կ'ընկալուի որպէս մարդու լաւագոյն ընկեր-բարեկամը։ Հին Եգիպտոսի մէջ շունը տարբեր դասակարգերու սիրելի ու գրեթէ սրբազան կենդանին էր եւ կը թաղուէր ու կը մումիֆիկացուէր[1]։

Շուները կ'օգտագործուին տարբեր ոլորտներու մէջ։ Հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են մարտական շուներ, որոնք նշանաւոր են նաեւ համաշխարհային պատերազմներու մէջ։ Ներկայիս կան ոստիկանական, ծառայողական՝ մարդկանց հետ գործակցելու եւ հաշմանդամներուն օգնելու համար, եւ այլ աշխատանք կատարող շուներ։ Երկրագունդի տարբեր հատուածներուն մէջ շուներուն հանդէպ վերաբերմունքը տարբեր է։ Անոնք նաեւ սնունդի աղբիւր են՝ օգտագործուող ճաշատեսակներու մէջ, ինչ որ յատուկ է արեւելեան խոհանոցին։ Օտարերկրացիներուն համար՝ 2008 թուականի Պեկինի ողիմպիական խաղերու ժամանակ պաշտօնապէս սպասարկող 112 ճաշարաններուն մէջ արգիլուեցաւ շան միսի մատուցումը[2]։

Աշխարհի մէջ կայ շուրջ 500 հազար միլիոն շուն, որոնց 75%-ը թափառող շուներն են։ Անոնց հետ կապուած խնդիրներն աւելի ընդգծուած են զարգացող երկիրներուն մէջ։ Շուները կը հանդիսանան տարբեր հիւանդութիւններու կրողներ ու փոխանցողներ[3]։ Այժմ կայ շուներու քանի մը հարիւր տեսակ, որոնց միջին չափերը կը տատանուին 15-84 սմ միջեւ, քաշը՝ 1-79 քկ միջեւ[4]։

Շուներու նախնիներն առաջացած են գայլերու ցեղէն, որու բոլոր տեսակներն ալ կրնային խաչասերուիլ՝ սկիզբ տալով շուներուն։ Սակայն շուներու անմիջական նախնին կը համարուի գորշ գայլը, որ կենեթիքօրէն աւելի մօտ է շան։ Ընտելացուած շուներու առաջացման տարբեր վայրեր առաջարկուած են հնագիտական յայտնագործութիւններով, որոնք հերքած կամ լրացուցած են զիրար։ Յութայի Վտանգի քարանձաւին մէջ (Danger Cave) 9000-10 000 տարուայ մնացորդներու, Բերուի եւ Գոլումպիայի մնացորդներու հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ Հիւսիսային եւ Լատին Ամերիկաներու շուներու նախնին եւս գորշ գայլն է Եվրասիայի մէջ[5]։ Այդուամենայնիւ, ընդհանրապէս շուներու ծագումն ու ընտելացումը հաստատապէս պարզել դժուար է, քանի որ ներկայ կենդանիները ֆիլոկենեթիքօրէն կը տարբերին վերջին 150 տարիներուն[6]։

Գայլերու եւ մարդկային միմեանց առնչուող առաջին ոսկորներուն կը վերագրուին մինչեւ 400 000 տարի, կենեթիք հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ շունը կրնայ առաջացած ըլլալ 135 000 տարի առաջ[7]։ 2002-ին հրապարակուած հետազօտութիւնը կ'առաջարկէ նաեւ 40 000 տարի առաջ վարկածը[8]։ Հնագիտական աղբիւրներով ամէնահին շուները եղած են Պելճիքայի Գոյէի քարանձաւին մէջ (Goyet)՝ 31 700 տարի առաջ[9],, Սիպիրի՝ Ռազբոյնիչյա քարանձաւին մէջ՝ 33 000 տարի առաջ[10], Ֆրանսայի՝ Շովեյի քարայրին մէջ (Chauvet)՝ երեխայի ու շնազգիի հետքեր 26 000 տարի առաջ[11]։

Իսրայէլի հիւսիսը յայտնաբերուած են Նաթուֆեան ժամանակներուն միասին թաղուած երեխայի եւ գայլի կամ շան ձագի ոսկորներ՝ ստորին ծնօտ ու կարնասիալ (գիշատիչ) ատամներ, որոնք կը վկայեն 12 000 տարի առաջ ընտելացման մասին[12]։ Դեռեւս 1873-ին Զուիցերիայի՝ Կեսլերլոխի քարայրին մէջ (Kesslerloch Cave) գտնուած վերին ծնօտի մնացորդները 14 100- 14 600 տարուայ են։ Սակայն շուներու եւ գայլերի ծնօտների նմանութիւնը միայն այն գայլերուն հետ է, որոնք կ'երեւին Չինաստանի մէջ[13]։

Այսպես, ըստ արական Y քրոմոսոմի վերլուծութեան՝ ընտանի շունը ծագած է Չինաստանի հարաւ-արեւելքը[8]: Նոյն ուղղուածութեամբ՝ միտոքոնդրիալ DND-ի այլ հետազօտութիւն մը յստակացուց ծագման վայրը՝ Յանցզի գետէն հարաւ, ժամանակը՝ մօտ 16 300 տարի առաջ[13]։ ՄԴՆԹ-ի վերլուծութեան կը հակադրուի, անոր յաջորդած այլ ուսումնասիրութիւն մը, ըստ որու ընտանի շան կենոմի առաւելագոյն համընկնումը նուկլեոտիդի մակարդակով Միջին Արեւելքի գորշ գայլին կը համապատասխանէ, եւ միջինարեւելեան գայլի կենոմն է յետագային առաւելագոյնը կը տարբերակուի[14]։ Այս երկու տեսութիւններն ալ ունին իրենց քննադատութիւնը[15]։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ շուներու մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Շան սիրելի ուտելիքները

Շունը վայրի կենդանիներէն առաջինն է, որուն մարդը փորձած է ընտելացնել դեռեւս քարի դարուն՝ շուրջ 12 հզ. տարի առաջ։ Ընտելացման եւ բուծման ընթացքին ստեղծուած է շուներու աւելի քան 400 ցեղ, որոնք իրարմէ կը տարբերին մարմնի չափերով ու կառուցուածքով, մազածածկով, գոյնով ու վարքագիծով։ Անոնք բոլորը կը սերին 1 նախնիէ՝ գայլէն։ Այժմ ընտանի շուները կ'ապրին ամէնուրեք, ուրտեղ մարդ կայ։ Շուները ունին լաւ զարգացած լսողութիւն, տեսողութիւն եւ հոտառութիւն։ Լաւ կը վազեն եւ կը լողան։ Կը ծնին 1–2 (երբեմն՝ 12–18) կոյր, խուլ եւ անատամ ձագեր։ Կ'ապրին 10–12 (16–17) տարի։ Հիմնական եւ լրացուցիչ կերերն են միսը, շիլան, ոսկորը, ոսկրալիւրը, բանջարեղէնը։ Շուները կը պահեն բոյներու, ցանցապատ վանդակներու եւ տուներու մէջ։ Կան նաեւ թափառող շուներ։ Շուները կը բուծեն որսորդական տնտեսութիւններու յատուկ բուծարաններու մէջ։ Շուներու ժամանակակից ցեղերը կը միաւորուին ծառայողական, որսորդական եւ գեղազարդիչ խումբերու մէջ։ Ծառայողական շուներէն են մկանուտ, փորը ներս քաշուած արեւելա-եւրոպական հովուաշները, փարթամ մազածածկով կոլլիները (շոտլանդական հովուաշները), հսկայ, բրդոտ, արջի պէս կարճ դունչով կովկասեան հովուաշները, սպիտակ, գանգուր ու երկար մազածածկով հարաւ-ռուսական հովուաշները։ Ասոնք բոլորն ալ խոշոր, ուժեղ շուներ են։ Արեւելա-եւրոպական հովուաշները հիանալի ծառայողական շուներ են, «կը ծառայեն» պետական սահմանին, քրէական հետախուզութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Անոնց յատուկ կը վարժեցնեն «շուներու դպրոց»ին մէջ։ Շոտլանդական, հարաւ-ռուսական եւ կովկասեան հովուաշները ոչխարներու հօտերը կը պաշտպանեն գիշատիչներէն։ Արջի նման հաստաթաթ ու բրդոտ, ծանր պոչով սեւ, հսկայ նիւֆաունտլենտները կամ ջրասուզակները կը կարողանան լողալ ու սուզուիլ եւ փրկել խեղդուողները։ Պատերազմի ժամանակ շատ կ'օգնեն ականներ որոնող շուները. այնտեղ, ուր շունը պայթուցիկ նիւթի առկայութիւն կը զգայ, կը նստի։ Շուները զինուորական մէկ այլ «մասնագիտութիւն» ալ ունին՝ սանիտարներ են. մարտի դաշտին մէջ կ'որոնեն, կը գտնեն վիրավորները։ Շուները նաեւ ռազմական հրամաններ ու զեկոյցներ տեղ կը հասցնեն. անոնք սողալով առաջ կը շարժին բաց տեղերէ, կը սլանան գնդակներու տարափի տակ եւ կը յայտնուին այնտեղ, ուր չէր կրնար հասնիլ մարդը։ Ծառայողական շուներու շարքին կան բրդոտ, շիկակարմիր կամ գորշ բիծերով, մեծ ու հանգիստ սպիտակ շուներ։ Անոնք փրկարարներն են. բուծուած են 17-րդ դարուն Ալպերի մէջ՝ դժուար անցանելի ու վտանգաւոր լեռնանցքին մօտիկ համանուն վանքին մէջ։ Հիւսիսի մէջ լայկաները հիանալի կը կատարեն եղջերուներու հովիւի պարտականութիւնները, շնասահնակով մարդ ու բեռներ կը փոխադրեն։ Ծառայողական շուներէն են նաեւ էրդեր-տերիերները, դոբերման-պինչերները, պուլդոկները, տոկերը, պոքսէօրները եւ այլն։ Բազմաթիւ ցեղերու կը բաժնուին նաեւ որսորդական շուները։ Իր նախնիին՝ գայլին շատ նման է որսորդական լայկան։ Շատ գեղեցիկ են քերծէները, որոնք ունին նեղ ու երկար դունչ, բարեկազմ մարմին եւ ուժեղ ու երկար ոտքեր (օրինակ՝ Ռուսաստանի մէջ բուծուած քերծէները)։ Որսին հետապնդած միջոցին անոնք կը սլանան փոթորիկի պէս, եւ արագավազ ձիեր հեծած որսորդներն անգամ անոնցմէ ետեւ կը մնան:

Սուր դնչիկը վեր ցցած, կարճ ոտքերու վրայ փքուած տեսքով շորորացող տաքսան գորշուկներու ու աղուէսներու հիանալի որսորդ է։ Այդ գազանները կը թաքնուին խորը, ճիւղաւորուած բոյներու մէջ, ուրկէ անոնց դուրս քշելը խիստ դժուար է։ Սակայն կարճլիկ ու ճկուն տաքսան հեշտութեամբ կը սողոսկի այդ բոյներէն ներս։ Նման պարագաներու լաւ օգնական է նաեւ կրակոտ, փոքրիկ ֆոքստերիերը։ Որսահալած շուները որսը կը հալածեն որոտաձայն, չընդհատուող հաչոցով։ Շունն աղուէսին կամ նապաստակին կը հալածէ, կը քշէ դէպի որսորդը։ Գեղեցիկ սետտերներու եւ փոքրիկ սպանիելներու օգնութեամբ կ'որսան անտառաբնակ եւ ճահճաբնակ թռչուններ։ Անոնք հեռուէն հոտառութեամբ կը զգան թռչունի ներկայութիւնը, անկէ քանի մը քայլ հեռու կանգ կ'առնեն եւ ծալելով առջեւի թաթն ու լարի պէս ձգուելով, կ'անշարժանան։ Այդ դիրքը, որով շունը կարծես ցոյց կու տայ որսը, կը կոչուի «շնակաց»։ Զուր չէ, որ այդ հարթամազ, բծաւոր շուները կ'անուանեն փոյնտեր (անգլերէն է, կը նշանակէ «ցուցիչ»)։ Շուներու մեծ խումբ են նաեւ սենեկային գեղազարդիչ շուները։ Փոքրիկ, զուարճալի բոլոնկաներուն եւ թոյտերիերներուն կարելի է սորվեցնել պարել կամ օղակի միջով ցատկել։ Սենեկային գրեթէ բոլոր շուները փոքր են, իսկ ամէնափոքրը թոյտերիերն է։ Անոր մարմինը մինչեւ 3քկ. է։ Այս շուները շատ հաւատարիմ են իրենց տիրոջը, երբեմն անձնուրացաբար կը նետուին անոնց պաշտպանելու։

Շան մարմնի մասերը

Շուներու ցեղերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շուներու ժամանակակից բոլոր ցեղերը, չնայած արտաքին որոշ նմանութեան, քարէ դարու՝ իրենց նախնիներուն հետ ընդհանուր ոչինչ ունին։ Շուներու ցեղերը պատահականօրէն չեն ձեւաւորուած: Անոնք բնութեան քմահաճոյքը չեն։ Այդ ցեղերը ստեղծած է մարդը՝ երկար եւ հետեւողական աշխատանքով, որ յաճախ քանի մը սերունդ յետոյ երեւցած է։ Ցեղերը կայուն, անփոփոխ չեն, սակայն նոր ցեղի ստեղծումը հիմա հազուադէպ երեւոյթ է։ Տոհմիկ, ցեղական շուներէն բացի, կան խառնածիններ։ Կան նաեւ բազմաթիւ վայրենացած ընտանի շուներ՝ պարիաներ։ Աշխարհի մէջ ընդամէնը շուներու շուրջ 400 ցեղ յայտնի է։ Ահա անոնցմէ մէկ քանին.

  1. տակսա
  2. դանիական դոգ
  3. իռլանդական գելխեղդ
  4. դալմատին
  5. պոմերանեան շպից
  6. էրդելտերյեր
  7. լաբրադոր ռետրիվեր
  8. լհասա ապսո
  9. հասկի
  10. միտելշնաուցեր
  11. բոքսյոր
  12. հին գերմանական հովւաշուն
  13. արքայական պուդել
  14. անատոլիկ հովւաշուն
  15. տոբերման

Ծանոթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]