Գեղանկարչութիւն
Գեղանկարչութիւն (երփնագիր), կերպարուեստի տեսակ։ Գեղանկարչութիւնը մարդկային աշխատանքի զարգացած ձեւերէն մէկն է եւ առարկայական, գեղագիտական արժէքներու ստեղծման միջոց մը։ Ինչպէս նաեւ արուեստի միւս տեսակները, գեղանկարչութիւնը ճանաչողական եւ գաղափարական խնդիրներ կ'իրագործէ, օրինակ՝ մարդու ստեղծման, բնութեան, առարկաներու, պատմական եւ հասարակական երեւոյթներու գեղարուեստական պատկերներ։ Գեղանկարչութեան բազմաթիւ ստեղծագործութիւնները ունին մեծ արժէք։
Արտայայտչամիջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գեղանկարչութիւնը կ'օգտուի գոյնի, գծանկարի, լոյսի եւ ստուերի պարգեւալի հնարաւորութիւններէն, որոնք կը նպաստեն հարթութեան վրայ վերակենդանացնել իրականութիւնը, ստեղծել տարածութեան պատրանք, հոգեբանական կերպարներ, կենդանի ու անշունչ առարկաներ՝ շարժուն վիճակներու մէջ։ Գեղանկարչութիւնը կը ձեւաւորէ մարդու գեղագիտական ճաշակը, ունի ճանաչողական նշանակութիւն, կը ստեղծէ մարդու, բնութեան, առարկաներու, պատմական եւ այլ երեւոյթներւ գեղարուեստական պատկերներ՝ օգտագործելով գոյնի, գծանկարի, լոյսի եւ ստուերու պարգեւալի հնարաւորութիւնները։ Կը տարբերին գեղանկարչութեան պատմական, կենցաղային, անիմալիստական (կենդանիներու պատկերումը) եւ այլ ժանրեր։ Նշանակութեամբ, կատարման բնոյթով ու կերպարներով կ՚առանձնանան կոթողական-զարդարանք գեղանկարչութիւնը (որմնանկարչութիւն, առաստաղապատկեր, պաննոյ), հաստոցային նկար, բեմանկարչութիւնը, մանրանկարչութիւնը, սրբանկարչութիւնը եւ այլն[1]։ Գեղանկարչութեան տարբերակներէն են տրամապատկերը եւ համայնապատկերը։ Ներկանիւթը կապակցող նիւթերու բնոյթով, հարթութեան վրայ անոր ամրանալու արուեստագիտութեամբ կը տարբերին՝ իւղաներկ գեղանկարչութիւն, ջուրին մէջ լուծուող ներկերով գեղանկարչութիւն՝ թաց (ֆրեսքօ) եւ չոր (ասեքքօ) հիմնածեփի վրայ, տեմփերա, սոսնձաներկով գեղանկարչութիւն, մոմանկարչութիւն, արծն, սիլիկատային խեցեգործական ներկերով գեղանկարչութիւն եւ այլն։ Անմիջականօրէն գեղանկարչութեան կը հարին խճանկարը եւ վիտրաժը։ Գեղանկարչական գործեր ստեղծելու ժամանակ կը կիրառուին նաեւ ջրաներկը, կուաշը, փասթելը, տուշը։
Գեղանկարչութեան հիմնական արտայայտչամիջոցը գոյնն է։ Կազմակերպուած եւ իմաստաւորուած գոյնը՝ երանգը, ո՛չ միայն կու տայ բնական իրականութեան գունապատկերը, այլեւ օժտուած է զգայական ներգործութեան մեծ ուժով։ Իւրաքանչիւր պատկերի մէջ երանգը ունի իր գունաշարը (Կամմա)։ Գոյութիւն ունի նաեւ մէկ գոյնի երանգներով գեղանկարչութիւն (միագոյն գեղանկարչութիւն)։ Գունային բաղադրութիւնը կ՚ապահովէ ստեղծագործութեան գունային որոշակի ամբողջականութիւնը։ Գեղանկարչութեան միւս արտայայտչամիջոցը՝ գծանկարը (գիծ եւ լուսաստուեր), չափով եւ բաղադրութեամբ գոյնի հետ կը կազմակերպեն պատկերը։ Պայմանականօրէն կը տարբերուին գեղանկարչական պատկերման երկու տիպ՝ գծա-հարթապատկերային եւ ծաւալա-տարածական, սակայն անոնց մէջ յստակ սահման գոյութիւն չունի։ Գծա-հարթապատկերային գեղանկարչութեան բնորոշ են տեղական գոյնի ընդգծուած եզրագծերով հարթ գունահատուածները, յստակ եւ չափուած գիծերը։ Երանգային գեղանկարչութեան հնարաւորութիւնները հարուստ են, այն բարդ ու ուժաբանական մշակման միջոցով կը ցուցադրէ գոյնի նրբագոյն փոփոխութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ գոյնի տօնը՝ կախուած լուսաւորութենէն, իրար հարեւանող գոյներու փոխյարաբերութենէն (ռիֆլեքսներ)։
Գեղանկարչութեան ստեղծագործութիւնը բաղկացած է հիմքէ (կտաւ, փայտ, թուղթ, ստուարաթուղթ, քար, ապակի, մետաղ եւ այլն), որ սովորաբար կը ծածկուի հիմնաշերտով։ Գեղանկարչութեան արտայայտչական հնարաւորութիւնները, կատարման արհեստական իւրայատկութիւնները նաեւ կախեալ են ներկերու յատկութիւններէն, կապակցանիւթի բնոյթէն, վրձիններէն, լուծիչներէն։ Անհրաժեշտ գոյնը, նրբերանգը ստանալու համար ներկերը իրարու կը խառնեն կամ կը գունաթափանցեն (լեսել)։ Հաստոցային նկարի կամ որմնանկարի ստեղծման գործընթացը բաղկացած է քանի մը փուլերէ (գծանկար, նախաթոյր, լեսում)։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գեղանկարչութիւնը առաջացած է ուշ քարէ դարուն։ Պահպանուած են ժայռապատկերներ (Ֆոն-տէ-Գոմ քարայրերը Ֆրանսայի մէջ, Ալտամիրը՝ հիւսիսային Սպանիոյ մէջ), որոնք կատարուած են հողաներկերով։ Արեւելքի հնագոյն երկիրներուն մէջ (յատկապէս Հին Եգիպտոսի) եւ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունեցած է կոթողական գեղանկարչութիւն։ Հին Յունաստանի մէջ ֆրեսկոներու եւ խճանկարներու կողքին տեղ գտած է նաեւ հաստոցային նկարչութիւնը (յաճախ տախտակի, մասամբ՝ կտաւի վրայ), գլխաւորաբար մոմանկարչութեան արուեստով։ Անթիք շրջանի հաստոցային նկարչութեան փայլուն օրինակներ են ֆայումեան դիմանկարները։ Միջին դարերու արեւմտեան Եւրոպայի, Բիւզանդիոյ, Ռուսաստանի, Հայաստանի, Վրաստանի մէջ զարգացած է գլխաւորաբար եկեղեցական, կանոնացուած գեղանկարչութիւնը (որմնանկարչութիւն, սրբանկարչութիւն, մանրանկարչութիւն, խճանկար, վիթրաժ)։ Ք.Ե. Ա. հազարամեակին Առաջաւոր եւ Միջին Ասիոյ մէջ, Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ցեյլոնի մէջ մեծ վերելք ապրած է կոթողական գեղանկարչութիւնը, իսկ Միջագետքի, Իրանի, Հնդկաստանի, Միջին Ասիոյ մէջ՝ զարդական հարթապատկերային մանրանկարչութիւնը։ Բանաստեղծականութեամբ կը շնչեն մետաքսի եւ թուղթի վրայ կատարուած Չինաստանի, Քորիայի, Ճափոնի (տուշ, ջրաներկ, կուաշ) գեղանկարչութեան նմուշները։
Գեղանկարչութիւնը մեծ վերելք ապրած է Վերածնունդի դարաշրջանին։ Այդ արուեստի նախակարապետներէն էր 14-րդ դարու իտալացի նկարիչ Ճոտտօ տի Պոնտոնէն։ Հեռանկարի, տեսագիտութեան եւ կմախքային գիտական ուսումնասիրումը, Եան Վան Էյքի (Հոլանտա) կատարելագործած իւղաներկի արուեստի կիրառումը գեղանկարչութեան առաջընթացի մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռեն (լուսաստուերային կերպաւորման օգնութեամբ ծաւալային ձեւերու համոզիչ վերարտադրութիւն, աշխարհի գունային հարստութեան իւրացում)։ Վերածնունդի խոշորագոյն գեղանկարիչներէն են Մազաչչոն, Փիեռա Տելլա Ֆրանչեսքան, Ա. Մանտենիան, Պոտտիչելլին, Լէոնարտօ տա Վինչին, Միքել Անճելօն, Ռաֆայէլը, Ճորշոնէն, Տիցիանը, Փաուլօ Վերոնեզէն, Եաքոբօ Տինտորետտօն Իտալիոյ մէջ, Եան Վան Էյքը, Փիթր Պրեյկէլը Նիտըրլենտներու մէջ, Ալպրեխտ Տիւրերը, Հանս Հոլպայն Կրտսերը, Մ․ Նիթհարդը (Գրիւնեվալդ) Գերմանիոյ մէջ։
17-18-րդ դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]17-18-րդ դարերու եւրոպական գեղանկարչութեան զարգացման գործընթացը եղած է բարդ։ Կազմաւորուած են ազգային դպրոցներ Ֆրանսայի մէջ (Ժ․ Լաթուր, Նիքոլա Փուսսէն, Անթուան Վատտօ, Ժան Պատիստ Շարտէն, Ժան Օնորէ Ֆրակոնար, Ժ․ Լ․ Տաւիթ), Իտալիոյ մէջ (Մ․ Քարավաճօ, Տ․ Ֆետտի, Ճ․ Պ․ Տիեպոլօ, Զ․ Մ․ Քրեսբի, Ֆ․ Գուարդի), Սպանիոյ մէջ (Էլ Գրեկոյ, Տիէկօ Վելասկէզ, Ֆրանչիսքօ Սուրպարան, Պ․ է․ Մուրիլլօ, Ֆ․ Գոյա), Ֆլանտրիոյ (Փ․ Փ․ Ռուպենս, Եա․ Եորտանս, Ա․ վան Տեյք, Ֆ․ Սնայտերս), Հոլանտայի (Ֆ․ Հալս, Ռեմպրանդ, Յա․ վան Ռէօյստալ), Անգլիոյ (Թոմաս Գեյնսբորօ, Ու․ Հոգարթ), Ռուսաստանի (Դ․ Գ․ Լեւիցկի, Վ․ Լ․ Բորովիկովսկի) եւ այլ երկիրներու մէջ։ Աշխոյժ պայքար ծաւալած է հոսանքներու, յառաջդիմական ու հակազդեցական գաղափարներու միջեւ, ակադեմիզմի դէմ։ 17-րդ դ․ ընդլայնուած եւ աւելի յստակ ձեւաւորուած է ժանրերու համակարգը։ 17-18-րդ դդ․ ծաղկած է կոթողական զարդական արուեստը (յատկապէս պարոքքօ ոճով)։ Հասարակական բարդ իրադրութեան պայմաններու մէջ ձեւաւորուած են ինչպէս ոճական ընդհանրութիւն ունեցող (դասական, ռոքոքօ), այդպէս ալ որեւէ ոճի շրջանակի մէջ չպարփակուող գեղանկարչական համակարգեր։
19-20-րդ դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարուն Եւրոպայի մէջ (Պալքանեան երկիրներ) եւ Ամերիկայի մէջ առաջացած են նոր ազգային դպրոցներ, զօրացած է տարբեր երկիրներու գեղանկարչութեան փոխազդեցութիւնը։ Սալոնային-ակադեմիական պաշտօնական գեղանկարչութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ կազմաւորուած է ռոմանթիզմի կրքոտ, մարտնչող գեղանկարչութիւնը (Թ․ Ժերուկոն, Է․ Դելակրուան Ֆրանսայի, Քառլ Պրիւլլովը, Ալեքսանդր Իւանովը Ռուսաստանի մէջ)։ Իրապաշտ գեղանկարչութեան աւելի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է իրական կեանքի ճշմարիտ արտացոլման (Դ․ Կուրբէն, Ժ․ Ֆ․ Միլլէն, Օ․ Դոմիէն, Կ․ Կորոն, Բարբիզոնի դպրոցի վարպետները Ֆրանսայի մէջ, Ջոն Կոնստեբլը Անգլիոյ մէջ, Ադոլֆ ֆոն Մենցելը, Վ․ Լայբլը Գերմանիոյ մէջ, Ա.Գ.Վենեցիանովը, Պ․ Ա․ Ֆեդոտովը Ռուսաստանի մէջ)։ Դեմոկրատական իրապաշտ գեղանկարչութիւնը պատկերած է ժողովուրդի կենցաղն ու աշխատանքը, պայքարը իր իրաւունքներուն համար, պատմական կարեւոր իրադարձութիւնները, հասարակ մարդոց եւ առաջադէմ գործիչներու կերպարները։ Ընկերվար-քննադատական սրութեամբ աչքի կ՚իյնայ պերեդուիժնիկներու եւ մօտ կանգնած նկարիչներու գեղանկարչութիւնը (Վասիլի Պերով, Իւան Կրամսկօ, Իլեայ Ռեպին, Վասիլի Սուրիկով, Վասիլի Վերեշչագին, Իսահակ Լեւիտան)։ Շրջակայ իրականութեան կենդանի մարմնաւորումը, անոր բնականութեան ու անմիջականութեան, մշտական փոփոխականութեան պատկերում եղած է իմպրեսիոնիզմի (Կլոդ Մոնէ, Օ․ Ռենուար, Կամիլ Պիսսարօ, Ալֆրեդ Սիսլէյ, մասամբ՝ Էդուարդ Մանէ, Էտկար Տեքա) ելակէտը 1870-ականներու սկիզբը։ 19-րդ դ․ Եւրոպայի մէջ գերիշխած է հաստոցային գեղանկարչութիւն։ Միայն 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը փորձեր եղած են վերականգնել կոթողական գեղանկարչութիւնը։ Այդ շրջանին գեղանկարչութեան զարգացումը եղած է առանձնապէս բարդ ու հակասական, գոյակցած եւ իրարու դէմ պայքարած են իրապաշտ եւ նորաձեւ հոսանքները։
19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու իրապաշտ գեղանկարչութեան դեմոկրատական միտումներով, կեանքի հետ սերտ կապով կը հետեւի նախորդ դարաշրջաններու լաւագոյն աւանդոյթներուն։ Պոստիմպրեսիոնիզմի (Պոլ Սեզան, Վինսենթ վան Կոկ, Փոլ Կոկէն, Ա․ Թուլուզ-Լոտրեկ) եւ մասամբ «նորաձեւ» գեղանկարչութեան մէջ ծնունդ առած են 20-րդ դարու որոշ հոսանքներու առանձնայատկութիւնները կանխորոշող գիծեր։ 20-րդ դարուն առաջացած առաջին այդպիսի հոսանք էր ֆովիզմը։ Դրամատիրական երկիրներու խոշոր գեղանկարիչներ Պապլօ Փիքասսոն, Անրի Մատիսը, Ֆ․ Լեժէն, Ա․ Մարկէն Ֆրանսայի մէջ, Տիէկօ Ռիւերան, Խոսէ Կլեմէնտէ Օրոսկոն, Խոսէ Դաւիթ Սիկէյրոսը Մեքսիքի մէջ, Ռ․ Գուտտուզոն Իտալիոյ մէջ, Ջ․ Բելլոուզը, Ռ․ Քենտը ԱՄՆ-ի մէջ իրականութիւնն ըմբռնած եւ պատկերած են տարբեր տեսանկիւններէ։ Աշխարհը նորովի մարմնաւորած է այդ շրջանի ռուս մեծ նկարիչներու՝ Վ․ Ա․ Սերովի ընկերապէս յագեցած, սուր կերպարային նկարներուն մէջ, Միխայիլ Վրուբելի լարուած-դրամատիկական երկերուն մէջ։ Դրամատիրական երկիրներու մէջ լայն տարածում գտած են զանազան արդիապաշտ ուղղութիւններ, որոնք կ՚արտայայտեն քաղքենի հասարակութեան մշակոյթի ճգնաժամը։ Սակայն արդիապաշտ գեղանկարչութեան մէջ երբեմն անուղղակի կ՚արտացոլան արդիականութեան «հիւանդոտ» խնդիրները, անզուսպ բողոքը (օրինակ՝ արտայայտչապաշտութեան մէջ)։ Արդիապաշտ բազմաթիւ հոսանքներու մէջ (կուբիզմ, ֆութուրիզմ, սիւռեալիզմ) արտաքին աշխարհի առանձին տարրեր ի յայտ կու գան անսպասելի, երբեմն անտրամաբանական զուգորդումներով, յաճախ ձուլուելով վերացական ձեւերուն։ Այդ հոսանքներու յետագայ զարգացումը արդէն 1910-ականներուն յանգեցուց կերպարայնութենէն լրիւ հրաժարուելուն՝ վերացական գեղանկարչութեան։
20-րդ դ․ կ՚աճի կոթողական զարդական գեղանկարչութեան դերը (օրինակ՝ յեղափոխական–դեմոկրատական կոթողական գեղանկարչութիւնը Մեքսիքայի մէջ)։ Սովետական գեղանկարչութիւնը սերտօրէն կապուած է համայնավար գաղափարախօսութեան, արուեստի կուսակցականութեան ու ժողովրդայնութեան։ Յենելով իրապաշտ աւանդոյթներու վրայ՝ սովետական գեղանկարչութիւնը քննադատաբար կ՚օգտուի 19-րդ դ․ 2-րդ կիսուն եւ 20-րդ դ․ սկիզբի հայրենական եւ համաշխարհային գեղանկարչութեան փորձէն՝ գեղարուեստական համակարգէն։ Այն գեղանկարչութեան զարգացման նոր փուլ է, որուն բնորոշ է սոցիալիստական իրապաշտ մեթոտի յաղթանակը։ Գեղանկարչութիւնը ԽՍՀՄ–ի մէջ կը զարգանայ միութենական եւ ինքնավար բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ։ Խորհրդային գեղանկարչութեան յատուկ են իրականութեան, աշխարհի նիւթականութեան սուր զգացողութիւնը, կերպարներու հոգեւոր հարստութիւնը, ինչպէս եւ ռոմանթիկ ոգեշնչուածութիւնը։ 1920-ականներուն մեծ նշանակութիւն ստացած է պատմա–յեղափոխական թեման (Մ․ Բ․ Դրեկովի, Ա․ Ա․ Դեյնեկայի, Կ․ Ս․ Պետրով–Վոդկինի, Բ․ Վ․ Իոզանսոնի, Ի․ Ի․Բրոդսկու, Ա․ Մ․ Դերասիմովի կտաւները)։ Յետագային երկրի հերոսական անցեալին, 1941-1945-ներու հայրենական մեծ պատերազմին, խորհրդային մարդու հերոսականութեան նուիրուած կտաւներ։ Մեծ նշանակութիւն կը տրուի դիմանկարի (Ա․ Ե․ Արխիպով, Ս․ Վ․ Նեստէրով, Մարտիրոս Սարեան, Պ․ Դ․ Կորին, Պ․ Պ․ Կոնչալովսկի), կենցաղային ժանրի (Ս․ Վ․ Դերասիմով, Ա․ Ա․ Պլաստով, Տ․ Ն․ Յաբլոնսկայայ), բնանկարի (Վ․ Ն․ Բակշեեւ, Ն․Պ․ Կրիմով, Ն․ Մ․ Ռոմանդին), նաթիւր մորթի (Դ․ Դ․ Մաշկով) եւ կոթողական–զարդական արուեստի (Վ․ Ա․ Ֆաւորսկի, Ե․ Ե․ Լանսէրէ) զարգացման։ Կազմաւորուած են գեղանկարչութեան ազգային դպրոցներ (Մարտիրոս Սարեան, Յակոբ Կոջոյեան, Ս․ Ա․ Չոյկով, Ու․ Տանսիբաեւ, Թ․ Սալախով, Լ․ Դուդիաշուիլի, Է. Իլտներ, Մ․ Ա․ Սաւիցկի, Ա․ Դուդայտիս, Ա․ Ա․ Շովկունենկոյ եւ ուրիշներ)։
Գեղանկարչութիւնը Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գեղանկարչութիւն եզրը հայերէնի մէջ ունի իր հոմանիշները․ գունանկար, գունանկարչութիւն, գունագրութիւն, կենդանագիր, կենդանագրութիւն, երփնագիր։ Ներկայ իմաստով գեղանկարչութիւնը նոր եզր է։ Հին ժամանակներուն կիրառուած են «կենդանագիրը» եւ «երփնագիրը», որոնք վկայուած են դեռեւս վաղ միջնադարէն։ «Երփնագիրը» մեր լեզուի պատմական զարգացման փուլէն դուրս մնացած է աշխոյժ գործածութենէ ու, ինչպէս եւ «կենդանագիրը», իր ստեղծագործական իմաստով պահպանուած է բառարաններու մէջ։ Մանուկ Աբեղեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի եւ Դ․Լեւոնեանի առաջարկով այն կրկին դրուած է գործածութեան մէջ։
Հայկական գեղանկարչութեան սկզբնաւորումը շատ հին է։ Օրգանական եւ անօրգանական ներկանիւթերու առատութիւնն ու հարուստ գունաշարը նպաստած են գոյներու աշխոյժ օգտագործման պաշտամունքային, կիրառական եւ գեղարուեստական նպատակներով (Ք.Ա. 6-4 հազարամեակներու ժայռապատկերները, Մալաթիայէն ու Սեբաստիայէն մինչեւ Կուր-Արաքս յայտնաբերուած նէոլիթեան եւ էնէոլիթեան գունաւոր եւ նախշազարդ խեցեղէնը), իսկ հին շրջանին ու միջնադարուն Հայաստանը եղած է բազմատեսակ ներկանիւթեր ու ներկեր արտահանող։ Երկրաչափական, բուսական, կենդանական զարդաշարժառիթներով, իսկ երբեմն նաեւ կենդանի պատկերներով գունազարդ խեցեղէն գոյութիւն ունեցած է պրոնզի դարուն (Շրեշ բլուր, Թազաքենդ, Սեւան եւ այլն, 3-2 հազարամեակ, Ք.Ա.)։ Սակայն գեղանկարչութիւնը իբրեւ արուեստի մասնագիտացուած բնագաւառ Հայաստանի մէջ մեզի յայտնի է ուրարտական ժամանակաշրջանէն (էրեբունի՝ խճանկար, որմնանկար)։ Այստեղ կիրառուած զարդանախշային շարժառիթներու (խոյեր, ցլիկներ, կենաց ծառեր, արմաւազարդեր եւ այլն) հետ կը հանդիպին կենդանի դիտուած կրօնական, որսորդական աշխատանքային պատկերներ։ Գեղանկարչութեան պահպանուած լաւագոյն օրինակ է Գառնիի բաղնիքի խճանկար յատակը (3-րդ դ․), ուր օգտագործուած են տեղական գունախճերը։ Հայաստանի մէջ ֆէոտալիզմի հաստատումն ու քրիստոնէութեան պաշտօնականացումը գեղանկարչութեան գաղափարական նոր բովանդակութիւն ու ձեւ հաղորդած են։ Գլխաւոր պատուիրատուն դարձած է եկեղեցին, որ իր որոշակի պահանջները դրած է գծագրիչ-կատարողներու առջեւ։ Այս շրջանէն պահպանուած ամէնավաղ նմուշները կը վերաբերին 4-րդ դ․ (որմնանկար՝ Մանազկերտ, խճանկար՝ Դուին, Երուսաղէմ)։ Այնուհետեւ մինչեւ 12-րդ դ․ հայկական միջնադարեան գեղանկարչութիւն (յատկապէս որմնանկարը), ոճերու ու կատարողական եղանակներու բազմազանութեամբ խոշոր նուաճումներ արձանագրած է (էջմիածինի, Աշտարակի, Տեկորիի մէջ՝ 4-5-րդ դդ․, Սմբատի, Թալինի, Հառիճի, Եղիվարդի մէջ՝ 6-րժ 1դ․, Տաթեւի, Գնդեվանքի, Աղթամարի՝ X դ․)։ XII-XIII դդ․ կոթողական գեղանկարչութիւնը համեմատաբար աւելի քիչ կը հանդիպինք։ Այնուհետեւ գեղանկարչութիւնը նոր վերելք ապրած է (Անիի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցի, Քոբայր՝ 13-րդ դ․, Հաղբատ՝ 14-րդ դ․)։ 4-րդ դարէն առանձին թերթիկներով, իսկ 9-րդ դարէն մատեաններով մեզի հասած են մանրանկարչութեան բազմաթիւ նմուշներ։ Մանրանկարչութիւնը դարձած է հայկական միջնադարեան գեղանկարչութեան առաջատար ասպարէզը։ Աբգար թագաւորի անձեռակերտ կերպարին հետ կապուած ու գրաւոր պահպանուած հնագոյն աւանդութիւնը հիմք կու տայ ենթադրելու, որ հայերը քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարերուն ունեցած են հաստոցային նկարչութիւն։ Սակայն հաստոցային գեղանկարչութեան պահպանուած ամէնավաղ նմուշները, ըստ երեւոյթին, կը պատկանին 17-րդ դարուն։ 17-րդ-18-րդ դարերուն կոթողական ու հաստոցային գեղանկարչութեան նոր վերելքը գլխաւորապէս կապուած է Նաղաշ Յովնաթանի, անոր յետնորդներ՝ Յովնաթանեաններու, ինչպէս նաեւ Նոր Ջուղայի հայ նկարչական դպրոցի (Մինաս Զոհրապեան, Յովհաննէս Մրքուզ) գործունէութեան։ Անոնց գործերուն մէջ, եկեղեցականի կողքին ինքնութիւն հաստատած է աշխարհիկ բովանդակութեամբ մասնագիտական երփնագիրը։ Նոր գեղանկարչութիւնը իր ձեւակերպումը ստացած է Յ․ Յովնաթանեանի, Յովհաննէս Այվազովսկիի, իսկ աւելի ուշ՝ Ս․ Ներսիսեանի ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Ասպարեզ եկած է նկարիչներու փայլուն համաստեղութիւն մը՝ Վ․ Սուրենեանց, Դ․ Բաշինջաղեան, որոնց դարավերջուն միացած են Փանոս Թերլեմէզեան, Ս․ Աղաջանեան, Ե․ Թադեւոսեան, եւրոպական գաղթավայրերուն մէջ՝ Վ․ Մախոխեան, Մ․ Քիւրքճեան, է․ Շահին եւ ուրիշներ, որոնք հայկական գեղանկարչութիւնը հարստացուցած են իրապաշտ արուեստի ժամանակակից արտայայտչամիջոցներով։ XX դ երկու տասնամեակներուն եւ ապա խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, հայկական կերպարուեստի ազգային աւանդներն ու գեղանկարչութեան նորագոյն հոսանքները համադրելու խնդիրին մէջ բացառիկ դեր խաղցած է Մ․ Աարեանի արուեստը։ Խորհրդահայ գեղանկարչութիւնը կազմաւորուած է Մարտիրոս Մարեանի, Յակոբ Կոջոյեանի, Ե․ Թադեւոսեանի, Փ․ Թերլեմէզեանի, Մ․ Աղաջանեանի, Մ․ Առաքելեանի, Վ․ Գայֆեճեանի, Գ․ Գիւրճեանի, Ալեքսանդր Բաժբէուկ-Մելիքեանի եւ այլ արուեստագէտներու ջանքերով, որոնք սկիզբէն իրենց արժանի տեղը գրաւած են խորհրդային բազմազգ կերպարուեստի ընտանիքին մէջ։ Տիրապետելով սոցիալիստական իրապաշտ մեթոտին՝ հայ երփնագրողները գեղանկարչութիւնը կը հարստացնեն մարդն ու բնութիւնը ճշմարտացի պատկերող բարձրարուեստ կտաւներով։
Գեղանկարչութեան ժանրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դիմանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դիմանկարը մարդու կամ մարդոց խումբի պատկեր է, որ գոյութիւն ունին կամ գոյութիւն ունեցած են։ Դիմանկարի ժանրի սահմանները յստակ չեն, եւ յաճախ դիմանկարը կրնայ համատեղել այլ ժանրերու տարրերու հետ։
- Պատմական դիմանկար - յիշողութեամբ կամ նկարիչի երեւակայութեամբ կը պատկերուի անցեալին ապրած նշանաւոր անձ,
- Յետմահու դիմանկար - կը ստեղծուի մարդու մահէն ետք ըստ անոնց կենդանութեան օրոք եղած նկարներու կամ երեւակայութեամբ,
- Դիմանկար-նկար - հիմնական անձը պատկերուած է շրջակայ աշխարհի առարկաներու, բնութեան, ճարտարապետական շարժառիթներու ու այլ մարդոց հետ յատակագծային կապով,
- Դիմանկար-զբօսանք - զբօսնող մարդու պատկերը, բնութեան հեռանկար, սկիզբ առած է Անգլիոյ մէջ 18-րդ դարուն եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելելած է սենտիմենտալիզմի դարաշրջանին,
- Դիմանկար-տիպ - հաւաքական կերպար, որ իր բնոյթով նման է դիմանկարի,
- Զգեստաւորուած դիմանկար - մարդը պատկերուած է այլաբանական, առասպելական, պատմական, թատերական կամ գրական հերոսի կերպարով,
- Ինքնադիմանկար
- Կրօնական դիմանկար - դիմանկարի հին ձեւ, երբ նուիրատուութիւն կատարած մարդը կը պատկերուէր նկարին մէջ (օրինակ՝ Աստուածածինի հետ) կամ խորանի մէկ կողմը (յաճախ ծնկաչոք)։
Բնանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնանկարի պատկերման առարկան նախաստեղծ կամ մարդու կողմէ որոշակիօրէն փոփոխուած բնութիւնն է։ Գոյութիւն ունեցած հին դարերուն, միջնադարուն կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը եւ կրկին տարածում գտած է Վերածնունդի դարաշրջանին, աստիճանաբար դառնալով գեղանկարչութեան հիմնական ժանրերէն մէկը։
-
Ժան Ֆրանսուա Միլլէ, Գարուն
-
Կոնստանտին Կրիժիցկի, Ճանապարհ, 1899
-
Ֆրետերիք տը Մուշերոն, Անտառային բնապատկեր, 1660-ականներ
-
Ալպերթ Պիրշտադտ, Եոսեմիտի հովիտ, 1866
-
Վինսենթ Վան Կոկ, Մարգագետին լեռներու մէջ
Ծովանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծովանկարին մէջ կը պատկերուի ծովային տեսարան, ծովամարտ կամ ծովուն մէջ տեղի ունեցող այլ իրադարձութիւն։ Ծովանկարչութիւնը բնանկարչութեան մէկ տեսակն է, որ առանձնացած է 17-րդ դարու սկիզբը Հոլանտայի մէջ։
-
Էժէն Տելակրուա, Ծովը Դէպի բարձունքէն, 1852, Լուվր
-
Թոմաս Մորան, Մայրամուտը ծովուն մէջ, 1906, Պրուքլինի թանգարան
-
Ուիլիամ Թէորներ, Տրաֆալգարեան ճակատամարտ, 1822
-
Միխայիլ Տկաչենկօ, «Մերկուրի» պրիկի մարտը ընդդէմ թրքական նաւերու, 14 Մայիս 1907-ին
-
Ալեքսէյ Պոգոլիուպով, Աթոսի ճակատամարտը 19 Մայիս 1807-ին, 1853
Պատմական գեղանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատմական գեղանկարչութիւնը սկիզբ առած է Վերածնունդի դարաշրջանին։ Այս ժանրը կ՚ընդգրկէ ոչ միայն իրականութեան մէջ տեղի ունեցած պատմական դէպքերու, այլ առասպելական ու աստուածաշնչեան թեմաներով նկարները, որոնք կը վերաբերին առանձին ժողովուրդի կամ մարդկութեան պատմութեան։
-
Քոռնելիս տը Վոս, Ալեքսանտր եւ Տիոգենէ
-
Կոնստանտին Ֆլավիցկի, Իշխանուհի Տարականովա, 1864
-
Ֆէոտոր Պրոննիկով, Պիութակորականները կը տօնեն արեւածագը, 1869
-
Ֆրանսիսկօ Փրատիլիա, Արքայազն Խուանի՝ Ֆերտինանտի ու Իզապելլայի որդու մկրտութիւնը, 1910
Մարտանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարտանկարչութեան պատկերման հիմնական առարկան ցամաքային ու ծովային մարտերն են, ինչպէս նաեւ ռազմական արշաւանքները։ Նկարիչը կը փորձէ պատկերել պատերազմի ամենավճռորոշ պահը, ցոյց տալ կռուի հերոսականութիւնը, բացայայտել տուեալ մարտի պատմական նշանակութիւնը։
-
Ֆրանսուա Էտուար Փիքօ, Կալէի պաշարումը, 1838
-
Անյայտ նկարիչ, Մարտ Օշայի մօտ
-
Եուսէֆ Պրանդտ, Կռիւ թրքական դրօշի ներքոյ, 1905
-
Պորոտինեան համայնապատկերի մէկ հատուած
-
Ժան-Բատիստ Տիպրէ, Նապոլէոնի ելոյթը բաւարական զօրքի առաջ Ապենսպերի մէջ 20 Ապրիլ 1809-ին
Նաթիուրմորթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նաթիուրմորթը անկենդան առարկաներու պատկերումն է։ Սկիզբ առած է 15-16 դարերուն, սակայն իբրեւ առանձին ժանր ձեւաւորուած է միայն 17-րդ դարուն հոլանտացի ու ֆլամանտացի գեղանկարիչներու շնորհիւ։
-
Վիլլեմ Քլաս Հետա, Նաթիուրմորթ, 1637
-
Դաւիթ Տենիրս Կրտսեր, Նաթիուրմորթ, 1645-50
-
Ճոն Քոնստեպլ, Ծաղիկներ ապակիէ ծաղկամանի մէջ, 1814
-
Պոլ Սեզան, Սեղանի անկիւնը, 1895-1900
-
Զիգմունտ Վալիշեւսկի, Նաթիուրմորթ, 1915
Կենցաղանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենցաղային տեսարանները դեռ հնագոյն ժամանակներէն եղած են գեղանկարչութեան պատկերման առարկայ, սակայն իբրեւ առանձին ժանր կենցաղանկարչութիւնը ձեւաւորուած է միջնադարուն եւ զարգացած նոր ժամանակներուն։
-
Պերնարտօ Ստրոցի, Խոհարարուհի, 1625
-
Գաբրիէլ Մետսիու, Թռչնավաճառը, 1662
-
Եան Ստեն, 1665
-
Ռուտոլֆ Էպ, Գործող աղջիկը
Ճարտարապետական գեղանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճարտարապետական գեղանկարչութեան պատկերման հիմնական առարկան ճարտարապետական կառոյցներն են ու անոնց ներքնամասերը։
-
Հանս Վրետեմէն տը Վրիս, «Architectural Landscape», 16-րդ դար, Էրմիթաժ
-
Ֆրանսուա տը Նոմէ, Explosão de una Catedral
-
Լուի Տեկար, Մառախուղ ու ձիւն, որ կ՚երեւին գոթական քանդուած սիւնաշարի միջոցով, 1826
-
Ատոլֆ Վեգելին, 1845
-
Վինսենթ վան Կոկ, Entrance Hall of Saint-Paul Hospital, 1889
Անիմալիստական գեղանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիմալիստական գեղանկարչութեան պատկերման առարկան կենդանիներն են։
-
Կիմ Հոն Տօ, Վագրը սոճիի տակ
-
Փաուլոս Փոթթեր, 1649
-
Ճորճ Սթապս, Քնացած ընձառիւծ, 1777
-
Մելխիոր տէ Հոնդեկուտեր, մօտ 1680
-
Ֆրանց Մարք, 1912
Զարդական գեղանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թատերական-զարդական գեղանկարչութիւնը կը զբաղի թատերական ներկայացումներու տեքորներու ու ներկայացումներու ու ֆիլմերու համար հագուստի ուրուագիծերու պատրաստմամբ[2]։
Զարդական որմնանկաչութիւնը դրուագազարդ կամ որոշակի նիւթ ունեցող բաղադրութիւններ են, որոնք կը նկարուին ճարտարապետական կառոյցներու վրայ[3]։
-
Թուլուզի քաղաքապետարան, առաստաղ
-
Ամառանոց Պոսկորեալի մէջ, որմնանկար
-
Գերտ Նիւհաուս, որմնանկար, Շարլոթենպերկ
-
Մայա Մելանտսօ, հատուած
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շիշմանեան Ռ․, Բնանկարն ու հայ նկարիչները, Ե․, 1958:
- Ազարեան Լ․Ռ․, Կիլիկեան մանրանկարչութիւնը XII-XIII դդ․, Ե․, 1964:
- Հայկական մանրանկարչութիւն, Ե․, 1967։ Աւետիսեան Ա․ Ն․, Հայկական մանրանկարչութեան Գլաձորի դպրոցը, Ե․, 1971:
- Մարտիկեան Ե․, Հայկական կերպարուեստի պատմութիւն, գիրք 1-2, Ե․, 1971–75:
- Ղազարեան Մ․, Հայ կերպարուեստը 17-րդ - 18-րդ դարերուն, գեղանկարչութիւն Ե․, 1974:
- Дурново Л․ А․, Краткая история древнеармянской живописи, Е․, 1957;
- Каменский А․ А․, Зрителю о живописи, М․, 1959;
- Измайлова Т․ А․, Айвазян М․ А․, Искусство Армении, М․, 1962;
- Недошивин Г․ А․, Беседы о живописи, 2 изд․, перераб․, М․, 1964;
- Всеобщая история искусств, т․ 1–6, М․, 1956–66;
- История русского искусства, т․ 1-13, М․, 1953-69․
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Владимирская А., Владимирский П. Искусство для простых смертных. М.: Вильямс, 2006.
- ↑ Искусство. Современная иллюстрированная энциклопедия.» Под ред. проф. Горкина А.П.; М.: Росмэн; 2007։ «живопись»։ արտագրուած է՝ 2013-05-04
- ↑ «роспись декоративная»։ «Популярная художественная энциклопедия.» Под ред. Полевого В.М.; М.: Издательство "Советская энциклопедия", 1986.։ արտագրուած է՝ 2013-05-04
|