Jump to content

Կենցաղ

Կենցաղ, հասարակութեան կեանքի ոլորտ, որ կ՛ընդգրկէ արտադրական, հասարակական, քաղաքական գործունէութենէն դուրս այն միջավայրը, ուր կը կատարուի մարդոց սնունդի, հագուստի, բնակարանի, առողջութեան պահպանման պահանջներու, հոգեւոր բարիքներու, մշակոյթի իւրացման, հանգիստի, զուարճութիւններու բաւարարումը։

Լայն առումով կենցաղը առօրեայ կեանքի կենսաձեւ է։ Կը տարբերին հասարակական, քաղաքային, գիւղական եւ անհատական կենցաղները։ Կենցաղի ձեւաւորման կը նպաստեն ժողովուրդներու սովորոյթները, բարքերը, աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ տուեալ հասարակարգի ընկերա-տնտեսական պայմանները, դասակարգային յարաբերութիւնները։

Հակամարտ հասարակարգերուն մէջ դասակարգերուն եւ ընկերային խումբերուն յատուկ են տուեալ հասարակութեան ընկերական հակասութիւնները արտայայտող կենցաղի ձեւեր։ Արտադրաեղանակներու յաջորդափոխման զուգընթաց կը փոփոխուի կենցաղի տարրերու բնոյթը եւ կառուցուածքը։ Կենցաղի միջազգայնացման գործընթացի հետ միաժամանակ տարբեր ժողովուրդներ եւ ընկերական խումբեր կը պահպանեն ազգային եւ ընկերային առանձնայատկութիւնները։

Անձնական կենցաղի կազմակերպման կարեւոր ձեւը ընտանիքն է։ Ընկերային հասարակարգին մէջ նիւթական եւ հոգեւոր արտադրութեան մակարդակի բարձրացումը կը հանգեցնէ կենցաղի արմատական բարեփոխման։ Կ՛իրականանայ կենցաղի արդիւնաբերական վերազինումը, կը բարձրանայ նիւթական եւ հոգեւոր սպառման ընդհանուր մակարդակը։ Մեծ նշանակութիւն ձեռք կը ձգեն մարդոց պահանջքներու բաւարարման հասարակական ձեւերը (անվճար կրթութիւնը եւ բուժսպասարկումը, գրադարաններու, ակումբներու, հանգստեան տուներու մատչելիութիւնը)։ Աստիճանաբար կը յաղթահարուին մտաւոր եւ ֆիզիքական աշխատանքով զբաղուող մարդոց ապրելակերպի, քաղաքի եւ գիւղի կենցաղի էական տարբերութիւնները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։