Jump to content

Արաքս (գետ)

(Վերայղուած է Արաքս-էն)
Արաքս
Բնութագիր
Երկայնք 1 072 քմ
Աւազանի
մակերես
102 հազար քմ2
Ջուրի ծախս 285 մ3
Ջրահոսք
Ակունք Բիւրակն (Պինկեոլ)
 · Կոորդինատներ 39°20′17″N 41°19′42″E / 39.33792°N 41.32823°E / 39.33792; 41.32823
Գետաբերան Կուր գետ (Սապիրապատի մօտ)
Տեղակայում
Երկիր Թուրքիա Հայաստան Արցախ Իրան Ազրպէյճան
Գետը Ուիքիպահեստին մէջ
Արաքսը Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը

Արաքսը (նաեւ՝ Արազ, Արաս, Արաքսի եւ Երասխ), հայկական լեռնաշխարհին ամէնէն մեծ գետերէն։ Ունի 1,072 քմ. երկարութիւն, որուն 200 քմ.-ը կը կազմէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը։ Հայաստանի գետերուն մեծագոյն մասը (որոնց աւազանները կը կազմեն հանրապետութեան տարածքին 73,5%-ը) կը պատկանի Արաքսի աւազանին։ Արաքսը վաղնջական ժամանակներէ հանդիսացած է հայոց քաղաքակրթութեան կարեւոր բնօրրաններէն մէկը։ Արաքսը ջուր կը մատակարարէ Մեծ Հայքի Այրարատ, Սիւնիք, Արցախ, Փայտակարան եւ Վասպուրական նահանգներուն, որուն համար ալ անիկա յաճախ կը կոչուի Մայր Արաքս։

Անուան Ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Արաքսը Հին Կտակարանին մէջ կոչուած է Գիհոն կամ Գեհոն, հայկական աղբիւրներուն մէջ՝ Երասխ, Արաքս, արաբականին մէջ՝ Արազ։
  • Թ. դարու արաբ պատմիչ Եաքուպին, Արաքսը կ'անուանէ Դըունա գետ (Դուին քաղաքին անունով)։
Արաքս գետը տիեզերքէն
  • Մովսէս Խորենացին Երասխի անունը կը կապէ Արամայիսի թոռան՝ Երաստին անուան հետ։ Պատմահայրը կը գրէ. «Արամայիսը իր բնակութեան համար տուն մը կը շինէ գետափին, բլուրի մը վրայ եւ իր անունով կը կոչէ Արմաւիր, իսկ գետը կը կոչէ Երասխ, իր թոռան՝ Երաստին անունով»[1]։
  • Բանասէր Արամ Ղանալանեանը իր գիրքին մէջ, Արաքս անուան կապուած ժողովրդական հետեւեալ աւանդութիւնը կը պատմէ. «Հայոց Արաքս թագաւորը երբ պարսիկներուն հետ կը պատերազմէր, իմաստունները իրեն կ'ըսեն, որ կրնայ յաղթանակ տանիլ միայն, երբ աստուածներուն զոհ մատուցանէ երկու գեղեցիկ կոյսեր։ Խնայելով իր դուստրերը, Արաքս թագաւորը կը զոհաբերէ իր հպատակներէն մէկուն դուստրերը։ Վերջիններուն հայրը, խեղդելով իր մէջ դառնութեան ու վիրաւորանքի զգացումը, յարմար առիթ մը կը գտնէ եւ կը սպաննէ Արաքսին դուստրերը, ապա «լքելով իր հայրենիքը», կ'երթայ օտարութեան։ Թագաւորը բօթը լսելով կը նետուի Ճալմոս գետը, որ այնուհետեւ իր անունով կը կոչուի Արաքս»։
  • Այս նոյն աւանդութիւնը կը յիշատակէ նաեւ Ղեւոնդ Ալիշանը՝ նշելով, որ Արաքս թագաւորէն իր դուստրերուն վրէժը լուծելէ ետք, Մնիսալկ անունով ազնուականը կը «փախչի ի Սկիւթիա»։ Իսկ Արաքսը վիշտէն ինքզինք կը նետէ Ալմոս կամ Ալմոն, որ աւելի ուշ կը կոչուի Երասխ։[2]։
Այլազգի առեւանգիչները կը փախցնեն հայ երիտասարդի մը սիրած աղջիկը։ Երիտասարդը կ'երթայ զինք ազատելու։ Երկար որոնումներէ ետք ան իր սիրածը կը գտնէ առեւանգիչին գիրկը։ Տեղնուտեղը սպաննելով զինք, երիտասարդը կ'ազատէ սիրած աղջիկը։ Վրայ կը հասնին բռնաւորին ծառաները եւ կը սպաննեն թէ՛ տղան եւ թէ՛ աղջիկը։ Տեսնելով, որ որդին կ'ուշանայ, տղուն մայրը կ'երթայ զինք որոնելու, եւ կը գտնէ տղուն եւ հարսնցուին դիակները։ Վշտահար կ'իյնայ դիակներուն վրայ եւ կ'աւանդէ հոգին։ Կ'ըսեն, թէ Արաքս գետը գոյացած է սպաննուած երիտասարդին, անոր սիրածին եւ մօր թափած արիւն-արցունքներէն, որոնք հազարաւոր աղբիւրներ դարձած են եւ վար իջած՝ հայոց լեռներէն:
  • Մէկ այլ աւանդութեան համաձայն, Նոյի դուստրերէն մէկուն անունը Արազա էր, որմէ ալ իբր թէ յառաջացած է Արաքսին Արազ անունը։ Լ. Աճառեան Արաքս բառը կը ստուգաբանէ «խփել» եւ «խլել» բայերով։ Հին աշխարհի հեղինակները Արաքս անունը կապած են անոր աղմկոտ ըլլալուն հետ, որմով Արաքս յունարէն կը նշանակէ «աղմկել»։
  • Ստրաբոնն ալ Արաքսի անունը կը կապէ արգոնաւորդներ՝ Եասոնին եւ Արմէնին հետ։ Ինչպէս կ'ենթադրուի, Արմէնը եւ անոր ուղեկիցները Արաքսը կոչած են Պենէոս, անոնց նմանութեան պատճառով, որովհետեւ ան ճեղքած էր Օսին Ողիմպիոսէն, բանալով Տեմպէեան հովիտը։ Կը հաղորդեն, որ անցեալին հայկական Արաքսը իր սրընթաց հոսանքով լեռներէն լեցուցած է ընդարձակ տարածութեան վար ինկած հարթութիւնը եւ ելք չունենալով, ծով կազմած է։ Եասոնը ժայռի մէջ բացած է նեղ կիրճ մը Տեմպէեան հովիտին նման, որուն միջոցով այժմ ջուրերը վար կը հոսին դէպի Կասպից ծով[3]։
  • Կարգ մը մասնագէտներ ալ կ'ըսեն, թէ Արաքսը յառաջացած է «արագ» բառէն։
  • Անահիտ Փերիխանեանը կը գրէ, որ հին հայերէնին մէջ յաճախ հնչիւնը բառասկիզբին կը փոխուի ա-ի, օրինակ՝ Երազ-Արազ, Երասխ-Արաքս։[4]։
  • Կարգ մը բանասէրներ «ար» արմատին մէջ կը տեսնեն «արեւ», «արփի», «արեգ» իմաստները, նաեւ՝ «լոյս», «փայլ», «մեծութիւն», «զօրութիւն» եւ «արիութիւն»[5]։
  • Հնախօսութիւնը Արաքս գետին հետ կը կապէ պատմական Էպիրոսի (Յունաստան) Արախտոս գետին անունը։ Պատմական Պոնտոսի Թերմոդոն գետը կոչուած է Արաքս։ Յոյն գրող եւ քաղաքական գործիչ Մետրոդորոս Սկեփսացին (163-69) հայոց հզօր արքայ Տիգրան Բ. Մեծին մասին գրած է գիրք մը, որ մեզի չէ հասած։ Այդ գիրքէն միայն մէկ նախադասութիւն պահպանուած է. «Կ'ըսեն, որ Մետրոդորոսը Տիգրանի մասին (պատմութեան) առաջին գիրքին մէջ Թերմոդոն (գետը) կ'անուանէ Արաքս»։

Աշխարհագրական Ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքսը սկիզբ կ'առնէ Բիւրակնեան լեռներէն բխող բազմաթիւ սառնորակ աղբիւրներէ։ Հոս անոր ջուրերը ունին ոչ աւելի 3-3,5° ջերմութիւն։ Անիկա լեռնաշխարհին միակ գետն է, որ կը հոսի լեռնաշխարհին ամբողջ տարածքով եւ միանալով Կուրին՝ կը թափի Կասպից ծով։ Արաքսը կը հոսի Հայաստանի Հանրապետութեան, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի տարածքներով։ Անոր երկարութիւնը 1072 քիլոմեթր է, որմէ 200 քիլոմեթրը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջն է։ Գետին լայնքը մերձարաքսեան հարթութեան մէջ կը հասնի 30-130 մեթրի (Մեղրուն մերձ կիրճերուն մէջ՝ 6-7 մեթրի)։ Խորքը՝ 3-4,5 մեթր է։

Արաքսը տարուան գրեթէ բոլոր ամիսներուն պղտոր կ'ըլլայ։ Արագահոս գետ է (վայրկեանին՝ 1,5 մեթր)։ Հայոց մայր գետը իր փոխադրած տիղմով Նեղոսէն ետք աշխարհի մէջ կը գրաւէ երկրորդ տեղը։ Մասնագէտներու հաշիւներով՝ Արաքսը ամէն տարի ծով կը տանի աւելի քան մէկ միլիոն վակոն տիղմ։ Օտարները հրաշալիք կը համարեն Արաքսի նշանաւոր Քարաւազը (սահանքը Մեղրուն մերձ կիրճերուն մէջ)։ Ստրաբոնի վկայութեամբ, հինէն Արաքսը, հատելով Մուղանի դաշտը, թափած է Կասպից ծով՝ առանց Կուրին միանալու։[6]։

Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Էլիզէ Ռեկլիւն Արաքսը կ'անուանէ «բուն, գերազանց հայկական գետ»։ Արարատեան դաշտին մէջ Արաքսը աջէն կ'ընդունի Դեղին գետը, ձախէն Ախուրեանը, Սեւ Ջուրը, Հրազդանը, Ազատը, ապա Նախիջեւանը։

Արաքսը Իրանի կողմէն

Արաքսը իր վերին հոսանքի շրջանին մէջ կը հոսի գահավիժումներով եւ աղմկալից է։ Անիկա շատ աւելի արագահոս կը դառնայ, երբ կը կտրէ Հայկական Պար լեռնաշղթան ու կը մտնէ Բասէնի դաշտը։ Հոն անոր կը միանայ Մուրց (Հասան-կալա) գետը, որմէ ետք կ'անցնի Կաղզուանի անձուկ ձորերով եւ, նոր վտակներ ընդունելով, աստիճանաբար կը յորդի ու կը դառնայ ջրառատ գետ մը, որ մեծ աղմուկով կը մտնէ Արարատեան դաշտ։ Հոս Արաքսը կը հոսի դանդաղ, սակայն Նախիջեւանի մօտ կ'անցնի զառիվեր, տեղ-տեղ ոլորապտոյտ ափերով։ Հոս անոր ձախակողմեան ափը կը սկսի նկատելիօրէն բարձրանալ՝ աստիճանաբար դէպի անոր հունը իջնող լեռնաբլուրներուն շնորհիւ։

Ջուլֆայի մօտ Արաքսը կը մտնէ խոր եւ նեղ կիրճ մը, այնուհետեւ կարճ տարածութեան վրայ կրկին դուրս կու գայ հարթավայր մը, բայց Օրդուբադէն քիչ մը վար, երկու կողմերէն գետին կը մօտենան առանձին լեռնաբազուկներ, գետին հունը աստիճանաբար կը նեղնայ, կը յառաջանան սահանքներ։ Մեղրիի մօտ գետին կը մօտենան Զանգեզուրի եւ Ղարատաղի լեռները, որոնք տեղ-տեղ ուղղակի կախուած են գետահունի վրայ։ Սեղմուած այդ լեռներով, Արաքսը կը հոսի Մեղրիի նշանաւոր երկար ու խոր կիրճերով։ Հոս Արաքսի ջուրերը խելահեղ արագութեամբ կը զարնուին ափամերձ ժայռերուն, կը փրփրին եւ սրընթաց առաջ կը վազեն՝ մինչեւ Բարգուշատ եւ Հագարի գետերու խառնուրդը։

Արաքսի ստորին հոսանքը կ'անցնի Մերձկասպեան դաշտավայրով, ուր ան կը միանայ Կուրին եւ կը թափի Կասպից ծով։ Գետը տարեկան դէպի Կասպից ծով կը տանի 3 միլիար խմ. ջուր։

Արաքսին Կամուրջները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արաքսին վրայ բազմաթիւ կամուրջներ կառուցուած են։ Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորները հինգ էին, որոնք եղած են Բասէնի, Երուանդակերտի, Արտաշատի, Նախիջեւանի եւ Ջուղայի մէջ։ Արտաշատի կամուրջը կոչուած է Տափերական։ Այս կամուրջէն սկսած է Արտաշատ-Տիգրանակերտ արքայական պողոտան։ Նշանաւոր եղած է նաեւ Ջուղայի կամուրջը, որուն շինութեան աւանդութիւնը կը վերագրուի Ալեքսանտր Մակեդոնացիին: 1605-ին Շահ Աբասին հրամանով այս կամուրջը կ'աւերուի, որպէսզի հայերը մոռնան տունդարձի ճամբան, իսկ թուրքերը չկարենան այդ կամուրջով ներխուժել Պարսկաստան։

Պատմական կամուրջներէն այսօր մնացած է միայն մէկը՝ Բասէն գաւառի Բ. Հոբբի կամուրջը։ Կամուրջներու անհետացումը պայմանաւորուած է Արաքսի հունին յաճախակի փոփոխութիւններով: Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ, գետը ժամանակին հոսած է հայկական հինաւուրց մայրաքաղաքներու՝ Արմաւիրի, Արտաշատի եւ Վաղարշապատի մօտերէն, բայց հետագային հեռացած է այդ քաղաքներէն, որուն պատճառով ալ կամուրջները կործանած են։ Պատահական չէ, որ հռոմէացի բանաստեղծ (Ք.ա. 1-ին դար) Միտիլիոս (Վիտիլիոս) Արաքսը կ'անուանէ «Կամուրջընկեց», իսկ հռոմէացի բանաստեղծ Ալբիոս Տիբուլլոսը (Ք.ա. 54 - 19) Արաքսը անուանած է «Կամուրջներ չհանդուրժող Երասխ»։

Շատ հինէն բարեբեր եղած են Արաքսի ափերը։ Արեւելեան Հայաստանի՝ Ռուսաստանին միանալէն ետք, Ռուսական կայսրութիւնը քայլեր առած է Արաքսի ջուրերը արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու համար։ 1848-ին «Վոլկա» անունով ռուսական ջերմանաւ մը, որ ունէր 40 ձիաուժ, առաջին անգամ կը մտնէ Արաքս՝ գետին նաւարկելիութիւնը ստուգելու նպատակով։ Առաջին փորձը կը ձախողի եւ այնուհետեւ չի կրկնուիր։ 1870-ին ռուսական կառավարութիւնը յատուկ պայմանագիրով Արաքսի մէկ հատուածը (Արարատեան դաշտին մէջ) 65-ամեայ ժամկէտով մը կը յանձնէ հրամանատար-սպայ Կախանովին։ 1874-ին Կախանով կը կառուցէ ջրանցք մը, որ ոռոգելի կը դարձնէ քանի մը տասնեակ հեկտար տարածութիւն։

Սահմանային գետ դառնալէ ետք, Արաքսի ջուրերը կը սկսին օգտագործուիլ ԽՍՀՄ ու Թուրքիոյ եւ ԽՍՀՄ ու Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ կնքուած պայմանագիրերու համաձայն։

Քսենոփոնը (Ք.ա.5 - 4-րդ) Արաքս անունով կոչած է Եփրատ գետին Խապուրաս վտակը։

Գրականութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ պատմիչներն ու գրողները շատ գրած են Արաքսի մասին։ Եթէ ընդունինք, որ գետերն ալ իրենց հիմները ունին, ապա Արաքսի հիմնը Ռափայէլ Պատկանեանի «Արաքսի Արտասուքը» բանաստեղծութիւնն է, որ առաջին անգամ տպագրուած է 1856-ին։

Մայր Արաքսի ափերով

Քայլամոլոր գընում եմ,

Հին-հին դարուց յիշատակ

Ալեաց մէջը պըտրում եմ։


Հայ արձակին մէջ Արաքս գետին մասին գեղարուեստական ոճով նկարագրած է Րաֆֆին՝ («Սամուէլ» պատմավէպին «Արաքսի որոգայթները» գլխուն առաջին երկու էջերուն մէջ)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ղանալանյան» Ա. «Աւանդապատում», Երեւան, 1969, էջ 87
  2. Ալիշան, «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց», Վենետիկ, 1910, էջ 60-61
  3. Ստրաբոն, քաղեց եւ թարգմանեց Լ. Աճառեան, Երեւան, 1940, էջ 101
  4. Ա. Փերիխանեան, «Զանգեզուրի արամէական արձանագրութիւնը», «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1965, թիւ 4, էջ 120-121
  5. Լեւոն Կիւրեղեան, «Կարս եւ Արտահան», Վենետիկ, 1949, էջ 8
  6. «Հանրագիտակ օրացոյց», Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, Երեւան, 1990