Ապակի
Ապակիի բաղադրութիւն, անցեալի շատ մը քաղաքակրթութիւններ (Փիւնիկէ, Եգիպտոս, Յունաստան, Հռոմ...) ապակին գործածեցին շինելու համար տարբեր առարկաներ (ամաններ, գոհարեղէն, հայելի ...): Ապակեշինութիւնը գտնուեցաւ փիւնիկէցիներու կողմէ (ներկայ Լիբանան):
Ապակին կը պատրաստուի աւազի եւ կալաքարի սոտիումի բնածխատ խառնուրդէ մը, կիրի կրածինի բնածխատ եւ ապակիի բեկորներու հետ: Այս ամբողջը փուռի մը մէջ կը տաքցուի: Խառնուրդը կը հալի եւ կը վերածուի հեղուկ ապակիի: Հալած ապակիի զանգուածը կաղապարին մէջ կը յառաջանայ եւ կը սկսի հալիլ: Այն ատեն կը ձեւաւորեն զայն: Հարթ ապակի ունենալու համար՝ հեղուկ ապակին կը հոսեցնեն հալած անագի վրայ։ Ապակին պաղելով կը ստանայ անագի կատարելապէս ողորկ մակերեսը: Ան կ'անցնի պաղելու բաժինին մէջ, որպէսզի չճեղքուի: Վերջապէս, ապակին կը կտրուի զանազան չափերու ադամանդէ դանակի մը միջոցաւ:
Բիւրեղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բիւրեղ ունենալու համար՝ կապար կը խառնեն ապակիին հետ: Բիւրեղը աւելի թափանցիկ է եւ աւելի ծանր:
Ապակեթել
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ապակին կարելի է թելի վերածել, երբ հալած վիճակի մէջ, փուռի ելքին, կ'անցնի պզտիկ ծակերէ: Ապակեթելերը,- աւելի տոկուն քան պողպատը,- կը գործածուին նաւու կամ ինքնաշարժի պատեան կառուցանելու համար:
Շիշեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շիշեր շինելու համար՝ ապակիի խմորը կը դնեն մետաղեայ կաղապարի մը մէջ եւ ճնշուած օդով կը փչեն մէջը, որ անակին կու տայ կաղապարին ձեւը: Շիշը կաղապարէն դուրս կը հանեն եւ ուրիշ կաղապարի մը մէջ կը դնեն: Շիշին մէջ օդ կը փչեն, որպէսզի վերջնական ձեւը տան:
Ձեռակերտ ապակին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Որոշ ապակիներ տակաւին կը պատրաստուին ձեռակերտ ձեւով: Փչող մը հալած ապակիի զանքուածէն մաս մը կ'առնէ եղէգնափողի մը միջոցով: Ապակեգործը կը փչէ եղէգնափողին մէջ որպէսզի ապակին ուռեցնէ եւ անոր տայ պէտք եղած չափն ու ձեւը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ, 2001-2002, ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԻՆՈՒԱԾ Է, ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM: