Jump to content

Նաղաշ Յովնաթան

Նաղաշ Յովնաթան
Ծնած է 1661[1][2][3]
Ծննդավայր Շոռոթ[3]
Մահացած է 28 Հոկտեմբեր 1722(1722-10-28)[3]
Մահուան վայր Շոռոթ[3]
Քաղաքացիութիւն  Սեֆեան Պարսկաստան
Մասնագիտութիւն գրիչ, գեղանկարիչ, բանաստեղծ, աշուղ
Երեխաներ Հարություն Հովնաթանյան? եւ Հակոբ Հովնաթանյան?

Նաղաշ Յովնաթան (27 Մայիս, 1661[1][2][3], Շոռոթ[3] - 28 Հոկտեմբեր 1722(1722-10-28)[3], Շոռոթ[3]), հայ միջնադարեան բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ, ծաղկող, Յովնաթանեան ընտանիքին հիմնադիրը[4]։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է հօր՝ Յովհաննէս վարժապետին քով, այնուհետեւ ուսանած է Ագուլիսի Ս. Թովմա վանքին դպրոցը, որուն շրջանը աւարտելէ ետք, ուսուցիչի պաշտօն վարած է։ Նաղաշ Յովնաթանի կեանքին մասին միակ գրաւոր աղբիւրը անոր անդրանիկ որդիին՝ նկարիչ եւ բանաստեղծ Նաղաշ Յակոբին ողբն է («Ողբամ արտասուօք, կոծով տխրութեան»)՝ գրուած հօր մահուան առթիւ։ Յակոբին ողբէն կ'իմանանք Նաղաշ Յովնաթանի ծննդեան եւ մահուան թուականներուն մասին, ինչպէս նաեւ կենսագրական քանի մը փաստեր, օրինակ՝ հասարակ դպիրէն դարձած է «շնորհալից վարպետն իմաստուն», եղած է «քարտուղար տառից հնոց եւ նորոց»)։

Ստեղծագործական կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած է Թիֆլիսի մէջ։ Վրացական աղբիւրներու վկայութեամբ՝ ան եղած է Վրաստանի Վախթանգ Զ․ թագաւորին պալատական երգիչն ու նկարիչը։

Երգահան եւ բանաստեղծ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Լաւ է ընդ իմաստնոց միշտ քաղցած մնալ, քան ընդ տգիտաց ուտել ու ցնծալ»[5]:
  • «Գովեմ սրտիւ ուրախական» երգը, նուիրուած՝ «Վրաստանի գոզալներին», գրած է վրացական պալատին մէջ։
  • Ապրած եւ ստեղծագործած է նաեւ Երեւան, ուր գրած է «Գովասանութիւն Երեւանայ քաղաքին» բանաստեղծութիւնը։
  • Նաղաշ Յովնաթան ձգած է գրական հարուստ ժառանգութիւն մը։ Անոր բանաստեղծութիւնները պահպանուած ու մեզի հասած են բազմաթիւ ընդօրինակութիւններով։ Այն ձեռագրութիւնը, որոնց մէջ առկայ են անոր ստեղծագործութիւնները մեծ կամ փոքր խումբերով հինգ տասնեակէն աւելի են։
  • Հարուստ եւ ամբողջական են իր Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին թիւ 3263, թիւ 4426 եւ Վիեննայի Մխիթարեաններու մատենադարանին թիւ 647 եւ թիւ 587 ձեռագիրերը։
  • Նաղաշ Յովնաթանի բանաստեղծութիւնները կարելի է բաժնել քանի մը խումբերու՝ սիրոյ եւ ուրախութեան, գարնան, կրօնական, երգիծական եւ խոհական-խրատական՝

-Իր սիրոյ երգերը կը տարբերին միջնադարեան տաղերգուներու համաբնոյթ երգերէն, որոնց հեղինակները, աշխարհիկ կեանքը երգելով հանդերձ, զերծ չէին կրօնական աշխարհայեացքի ճնշող ազդեցութենէն։

-Բնութիւնը անոր համար ներշնչման աղբիւր է։ Գարունը կը բերէ բարիք, կեանք, նաեւ սէր, որ կեանքի իմաստն է, հարստութիւնն ու հաճոյքը։ Սիրոյ ու բնութեան երգերուն մէջ Նաղաշ Յովնաթան կը վերարտադրէ մարդկային զգացումներ ու տրամադրութիւններ՝ կարելի եղած չափով հեռու մնալով կրօնական ու կենցաղային կաշկանդումներէն։

-Խնճոյքի եւ ուրախութեան երգերու իմաստասիրական ելակէտը արմատապէս կը տարբերի միջնադարեան գրական մտածելակերպէն։ Ըստ իրեն, մարդը աշխարհ եկած է վայելելու համար։

-Ան միաժամանակ կը քարոզէ ստեղծագործական աշխատանքը, համերաշխութիւնը, մարդկային ազնիւ ու մաքուր յարաբերութիւնները։ Նաղաշ Յովնաթանի քով առկայ է նոր ժամանակներու կնիքը, որ ազատ է միջնադարեան բարոյախօսութենէն։ Միջնադարեան նշանաւոր բանաստեղծներէն մէկը ըլլալով՝ ան նաեւ աշուղ է։ Իր աշուղական խաղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ երգիծական եւ խոհական-խրատական ոտանաւորներուն մէջ կը բողոքէ չարիքի, անարդարութեան ու անհաւասարութեան դէմ, կը քննադատէ իրականութեան յոռի կողմերը, կը դրուատէ գիտութիւնն ու արուեստը։

-Հիմք ունենալով իր նախորդներուն փորձերը՝ կը յաջողի զաւեշտի ու ժամանցի ուրախ տաղերէն բացի ստեղծել իսկական երգիծանքի նմուշներ («Կատուն մեռաւ, ափսոս ու վա՜խ», «Ով ողորմելի խեղճ կանանիք» սկզբնատողերով ոտանաւորները)։

  • Նաղաշ Յովնաթան ունի կրօնական-ծիսական բնոյթի երգեր, որոնք աւելի շատ կապուած են նախորդ, քան նոր ժամանակներու տրամադրութիւններու ու պատկերացումներու հետ։
  • Հետեւելով իր նախորդներուն՝ ան օգտուած է ժողովրդական բանահիւսութենէն եւ ազդեցութիւն կրած ինչպէս հայ, այնպէս ալ պարսիկ ու ազերի ժողովուրդներու բանաւոր ստեղծագործութիւններէն։
  • Գրած է ժամանակի ժողովրդական լեզուով։
  • Թարմ են բանաստեղծին տաղաչափական հնարքներն ու պատկերները։
  • Ան կրցած է ազգային աւանդական տաղաչափական ձեւերուն վարպետօրէն ներդաշնակել աշուղական բանարուեստի նուաճումները եւ ստեղծել նորատիպ երգեր։
  • Իր բանաստեղծութիւններուն համար ընտրած կամ յօրինած է եղանակներ եւ ինքն ալ երգած ու նուագած է զանոնք։

Մանրանկարիչ եւ որմնանկարիչ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նաղաշ Յովնաթանի գործերէն՝ Էջմիածին
  • Ն. Յովնաթանի նկարչական առաջին քայլերը կապուած են Ագուլիսի հետ, ուր ան ձեռագիրեր նկարազարդած է։
  • Անոր ստեղծագործական կարողութիւնները աւելի ուշ դրսեւորուած են հաստոցային եւ շքեղ նկարչութեան բնագաւառին մէջ։ Ապարանքներ ու եկեղեցիներ ձեւաւորած է Հայաստան, Վրաստան, Պարսկաստան, ճանչցուած է իբրեւ հմուտ նկարիչ եւ շահած՝ «նաղաշ» (նկարիչ) պատուաւոր անունը։
  • Որմնանկարչական առաջին աշխատանքերը կատարած է իր ծննդավայրին եւ Ագուլիսի եկեղեցիներուն մէջ։
  • 1679-ին, Երեւանի մեծ երկրաշարժէն ետք, հրաւիրուած է Երեւան եւ նկարազարդած Պօղոս Պետրոս, Ս. Անանիա եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները։ Նաղաշ Յովնաթանի բնածին տաղանդը այս աշխատանքներուն մէջ կը դրսեւորուի պարզ, անմիջական եւ ներքին մղումներէն բխող գեղանկարչական ընկալումներով։
Տրդատ Թագաւոր, Աշխէն թագուհի եւ Խոսրովիդուխտ (Նաղաշ Յովնաթան, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահ)
  • ԺԷ. դարու վերջաւորութեան Նաղաշ Յովնաթան հրաւիրուած է Վրաստան, ստեղծած դիմանկարներ, սրբապատկերներ եւ ձեւաւորած՝ Վախթանգ թագաւորին նորակառոյց պալատը։ Թիֆլիսի մէջ ան ունեցած է արուեստանոց, աշակերտներ. նկարած է եւրոպական իւղաներկերով։
  • 1710-ական թուականներուն հրաւիրուած է Էջմիածին եւ նկարազարդած տաճարը։ Պահպանուած է հատուած մը՝ «Գրիգոր Լուսաւորիչը կը մկրտէ Տրդատը» գործէն[6]։ Ուշագրաւ են կերպարներու ազգային տիպականացումը, դիմանկարչական մեկնաբանումները, դէմքերու ու ձեռքերու ձեւաւորումը, պատկերներու «կրաֆիքական» ընդգծումը։ Նոյն առանձնայատկութիւնները բնորոշ են Էջմիածինի տաճարին աւագ խորանէն վար նկարազարդուած Աստուածամօր ու անոր երկու կողմերը տեղադրուած առաքեալներուն։ Սրբապատկերային կանոններէն հեռանալու միտումով նկարազարդած է «Աստուածամայր» փոքրիկ սրբանկարը։ Տաճարին յարդարանքը՝ բուսական զարդանախշերը՝ իրենց շքեղ, հարուստ ու գունագեղ հատուածներով, նոր երեւույթ էր հայկական գեղանկարչութեան մէջ, ներմուծած է երեւոյթներու աշխարհիկ ընկալումներ, «հաստոցային նկարչութեան» սկզբունքներու կիրառում, առանձնայատկութիւններ, որոնք ուղեցոյց հանդիսացած են իր յաջորդներուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Faceted Application of Subject Terminology
  2. 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. 3,00 3,01 3,02 3,03 3,04 3,05 3,06 3,07 3,08 3,09 3,10 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 3.
  4. Վ. Արզումանեան (1986)։ «Ինչ է, Ով է»։ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի Գլխաւոր Խմբագրութիւն։
  5. Հանրագիտակ օրացոյց, Հայկական Հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագրութիւն, 1990
  6. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցուցակ