Մանուկ Աբեղեան

Մանուկ Աբեղեան
Ծնած է 17 (29) Մարտ 1865
Ծննդավայր Թազաքենդ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսիա
Մահացած է 25 Սեպտեմբեր 1944(1944-09-25)[1][2] (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Ենայի Համալսարան
Լայփցիկի Համալսարան
Համպոլտթ Համալսարան
Փարիզի Համալսարան
Կոչում փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, գրականագէտ, հասարակական գործիչ, գրաքննադատ, համալսարանի դասախօս
Աշխատավայր Շուշիի Թեմական դպրոց
Մարիամեան–Յովնանեան օրիորդաց դպրոց
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Ներսիսեան դպրոց
Երեւանի Պետական Համալսարան
Հ.Հ. ԳԱԱ Գրականութեան համալսարան
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա եւ Հայաստանի օգնութեան քոմիթէ
Երեխաներ Մհեր Աբեղեան եւ Սուրեն Աբեղյան?

Մանուկ Աբեղեան (17 (29) Մարտ 1865, Թազաքենդ, Նախիջևանի գավառ, Երեւանի նահանգ, Ռուսիա - 25 Սեպտեմբեր 1944(1944-09-25)[1][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայագէտ, հասարակական գործիչ, գրականագէտ, լեզուաբան, բառարանագիր, բանահաւաք, փրոֆէսօր (1926), բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր (1935), ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս (1943), ՀԽՍՀ գիտութեան վաստակաւոր գործիչ (1935), արեւելահայերէնի արդի ուղղագրութեան հեղինակ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկ Աբեղեան ծնած է Հին Նախիջեւանի մօտ Աստապատ գիւղին մէջ 5 Մարտ 1865 թուականին։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Աստապատի Կարմիր վանքին մէջ։ 1876-ին կը մտնէ Գէորգեան ճեմարան։ 1885-ին աւարտելով, նոյն տեղը՝ ուսուցիչի, գրադարանապետի, քարտուղարի պաշտօններ կը ստանձնէ ու այդ պաշտօնները երկու տարի կը վարէ։ 1887-1889 թուականներուն ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Շուշիի Թեմական դպրոցին մէջ, իսկ 1889-1893 թուականներուն Տփխիսի (Թիֆլիս) Յովնանեան օրիորդաց ուսումնարանէն ներս։ 1893-ին կը մեկնի արտասահաման՝ բանասիրութիւն եւ մասնաւորապէս ընդհանուր գրականութիւն, ուսանելու։ 1893-1895 եւ 1896-1898-ին, իբրեւ իսկական ուսանող, կը յաճախէ Ենայի, Լայպցիկի եւ Պերլինի համալսարանները եւ 1895-1896 թուականներուն, իբրեւ ազատ ունկնդիր, կը հետեւի Փարիզի համալսարանի դասախօսութիւններուն։ 1898-ին Ենայի համալսարանին մէջ քննութիւն տալով՝ դոկտորական աստիճանով, կ՛աւարտէ ու Կովկաս կը վերադառնայ, ուր կը հրաւիրուի Գէորգեան ճեմարան, իբրեւ դասատու հայ լեզուի եւ գրականութեան։

Գրական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աբեղեան դեռ արտասահման չգացած զբաղած է հայոց գրականութեամբ եւ լեզուով։ Անոր առաջին գրուածքները բանաստեղծական անյաջող փորձեր են՝ տպուած «Աղբիւր»-ի մէջ եւ առանձին գրքոյկով։ 1889-էն Տփխիսի (Թիֆլիս) մէջ ապրելով եւ առանձնապէս հետաքրքրուելով լրագրական գործով, «Նոր-Դար»-ի գլխաւոր աշխատակիցներից մէկը կը դառնայ ու անոր յօդուածները՝ կեղծ ստորագրութիւններով, առանձին հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին։ 1891 եւ 1892 թուականներուն կը վարէ նաեւ, ժամանակաւոր, խմբագիրի պաշտօն։ 1893-ին կը տպէ «Հայոց Լեզուի Ուղղագրութիւն»ը եւ հայոց հրատարակչական ընկերութեան յանձնարարութեամբ, որուն խմբագրական մասնաժողովի անդամ էր, կը թարգմանէ Թոլսթոյի «Արդարն Ու Մեղաւորը» եւ Կոկոլի «Թարաս Պուլպա»ն։ Մինչեւ արտասահման մեկնումը ան կ՛աշխատակի նաեւ «Մուրճ»-ին, իսկ արտասահմանէն «Նոր-Դար»-ին եւ «Արարատ»-ին։ Գալով Կովկաս ան կը սկսի զբաղիլ հայ ժողովրդական բանահիւսութեամբ, որու դադրած դասախօսութիւնը կը վերսկսի Գէորգեան ճեմարանէն ներս։

Դեռ 1886-ին Էջմիածնոյ մէջ գրի կ՛առնէ «Դաւիթ Եւ Մհեր» դիւցազնավէպին նշանաւոր տարբերակը, որ 1889-ին կը տպէ Շուշիի մէջ։ Այս վէպը ռուսահայոց գրականութեան մէջ նոր շարժում մը առաջ կը բերէ եւ կ՛ունենայ հետեւողներ։ «Հայոց Ժողովրդական Հաւատքը» վերնագիրն է անոր՝ դոկտորութիւն ստանալու աւարտաճառին, որուն մէջ՝ բաղդատութեամբ ուրիշ ազգերու հաւատքի եւ դիցաբանուեան, ուսումնասիրած է հայոց ժողովրդական հաւատքի հեթանոսական կողմերը, ինչպէս են՝ հոգիի հաւատք ու մեռելներու պաշտամունք, լոյսի եւ խաւարի, ճակատագիրի, ջուրերու, բոյսերու, կրակի եւ այլ պաշտամունքներ։

Ան զբաղած է Կոմիտաս Վարդապետի հետ ժողովրդական երգերու բաղդատութեամբ ու խմբագրութեամբ։ Երգերու առաջին յիսնեակը լոյս կը տեսնէ «Հազար Ու Մի Խաղ» վերնագիրով 1903-ին։ Բացի այս, ճեմարանի ուսուցիչ Սէթ Յարութիւնեանցի հետ միասին, կը զբաղի Մովսէս Խորենացիի պատմութեան ձեռագիրներու բաղդատութեամբ, բնագիրը վերականգնելու գործով եւ կը կազմէ հայոց լեզուի ընդարձակ քննական քերականութիւն, զոր կը մշակէր երեք տարիներէ ի վեր։

Կը մահանայ 25 Սեպտեմբեր 1914-ին, Երեւանի մէջ։

Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Գէորգ Դ․ Մեծագործ կաթուղիկոսի կենսագրութիւնը (1899)
  • Հայ ժողովրդական առասպելները Մ․ Խորենացու հայոց պատմութեան մէջ (1901)

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բառարան Հայ Կենսագրութեանց, Հայկ ՏԷր-Աստուածատուրեանց, Ա. հատոր, Թիֆլիս 1904, էջ 19:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]