Jump to content

Թալլին

Մայրաքաղաք
Թալլին
էստ․՝ Tallinn
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Էսթոնիա[1]
Թալինի քաղաքապետ? Mihhail Kõlvart?
Առաջին յիշատակում 1154
Տարածութիւն 159,37 քմ²
ԲԾՄ 143 մեթր
Բնակչութիւն 457 572 մարդ (1 Յունուար 2024)[2]
Կը գտնուի ափին Ֆիննական ծոց?
Ժամային գօտի UTC+2
Հեռախօսային ցուցանիշ 64
Փոստային ցուցանիշ 10111[3]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր A-B
Պարգեւներ European City of the Trees?
Պաշտօնական կայքէջ tallinn.ee

Թալլին (էսթոներէն՝ Tallinn), Էսթոնիոյ մայրաքաղաքը, խոշոր մարդատար (ճամբորդական) եւ բեռնատար նաւահանգիստ։ Կը գտնուի աւելի երիտասարդ Հելսինքիի հակառակ ափը։ Բնակչութիւնը շուրջ 400 հազար է՝ մօտաւորապէս երկրի բնակչութեան մէկ երրորդը։ Մինչեւ 1980 թ. կոչուած է«Ռէալ»։

Հնագիտական տուեալներով հին էսթերը 10-րդ դարուն կառուցած են ամրակուռ քաղաքավայր մը «Վերին քաղաք»։ Այնուհետեւ անոր ստորոտին վրայ յառաջացած է էսթոնական առեւտրա-արհեստաւորական աւան՝ «Ստորին քաղաք»ը։ Առաջին անգամ գրաւոր աղբիւրներուն մէջ ան յիշատակուած է 1154 թուականին։

Ռուսական տարեգրութիւններուն մէջ յայտնի է Քոլիւան ձեւով, սքանտինաւները անուանած են Լինտանիսէ։ 1219 թուականին քաղաքը գրաւած են դանիացիները եւ անուանուած է Ռէալ (Ռէւել)՝ Ռիաւալա (էսթոնիոյ հիւսիս-արեւմտեան մաս) վայրի անունով։ Էսթոնացիները չեն ընդունած նոր անուանումը եւ սկսած են քաղաքը կոչել Թալլին (Taani Linna — դանիական քաղաք)։

1558—1583 թուականներու Լիւոնեան պատերազմի ընթացքին ռուսական զօրքերը 1570—1571 եւ 1577 թուականներուն, ապարդիւն պաշարել են Թալլինը։

1700-1721 թուականներու հիւսիսային պատերազմի ժամանակ՝ 1710 թուականի Սեպտեմբերին, Թալլինը գրաւած է Պետրոս I-ը։ Ան պահպանած է իր իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, ամբողջ էսթոնիոյ հետ մտած Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ եւ ղարձած Ռէւելի (1783 թուականէն՝ էսթլանտական) նահանգի կեդրոնը։ 1870 թուականին գործարկուեր է Թալլին-Փեթերսպուրկ երկաթուղին։

19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկզբը թալլինը դարձած է հիււսիս-արեւմտեան Ռուսաստանի խոշոր արդիւնաբերական կեդրոն։ Ռուսաստանի մէջ, բեռնելու շրջանառութեամբ, Թալլինի նաւահանգիստը 4-րդն էր (Փեթերսպուրկէն, Ռիկայէն, Օտեսայէն յետոյ)։

1897 թուականին Թալլինն ունէր աւելի քան 64,5 հազար բնակիչ, 1900 թուականին մեծ արդիւնաբերութեանբ կը զբաղէր շուրջ 6 000 բանւոր։

1918 թուականի Փետրուար 24֊-էն եղած է նորանկախ Էսթոնիոյ հանրապետութեան, 1940 թուականէն՝ Էսթոնիոյ ԽՍՀ֊-ի մայրաքաղաք։

1941 թուականին քաղաքը գրաւած են գերմանացիները, որուն ընթացքին շատ ազգայնական էսթոնացիներ համագործակցած են նացիստներու հետ։ 1944 թուականի խորհրդային կարգերու վերականգումէն ետք, ճնշուած ու վտարուած է քաղաքի բնակչութեան զգալի մասը, փոխարէնը վերաբնակեցուած են ռուսեր։ ԽՍՀՄ-ի փլուզման ժամանակ ռուսերը կը կազմէին բնակչութեան գրեթէ կէսը։

Ներկայիս, անոնք բնակչութեան մէկ երրորդն են։

Քաղաքի համայնապատկերը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. archINFORM — 1994.
  2. https://andmed.stat.ee/et/stat/RV0240
  3. https://est.postcodebase.com/node/491