Jump to content

Արուեստ

Արուեստ, հասարակական գիտակցութեան ձեւ, մարդու ստեղծագործ աշխատանքի եւ հոգեւոր մշակոյթի տեսակ, իրականութեան ճանաչման իւրայատուկ եղանակ: Արուեստի իրականութիւնը կ'արտացոլայ գեղագիտօրէն, գեղարուեստական կերպարներու միջոցով: Արուեստի արտացոլման առարկան իրականութեան գեղագիտական երեւոյթներն են` կեանքի ողբերգական կամ հերոսական, վեհ կամ նսեմ եւ յատկապէս գեղեցիկ կողմերը[1] : Իրականութեան գեղագիտական ճանաչումը, մարդու գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը կ'իրականացուի արուեստի տարբեր տեսակներու միջոցով: Գեղագիտական երեւոյթները կ'ընկալուին տեսողութեամբ, լսողութեամբ, ինչպէս նաեւ յօրինուած (միաժամանակ թէ՛ լսողութեամբ, եւ թէ ալ տեսողութեամբ)[2]:

Անոր համապատասխան արուեստը կը բաժնուի`

եւ այլ ձեւեր:

Սակայն արուեստի տարբեր ձեւերու միջեւ սահմանները յարաբերական են, անոնք երբեմն կը միահիւսուին կամ կը զուգակցուին իրար: Իրականութեան մէջ գեղարուեստական արտացոլումն ու ճանաչումը բարերար ներգործութիւն կ'ունենան մարդոց գիտակցութեան, զգացումներուն վրայ, որովհետեւ արուեստի մէջ արտայայտուածը կը յարաբերակցուի արուեստագէտի իտէալին հետ: Արուեստագէտի իտէալը իր ժողովուրդի, դասակարգի կամ ընկերային խումբի ձգտումներու, իղձերու արտացոլումն է[3]: Պատկերելով իր ժամանակի տգեղ, այլանդակ երեւոյթները, արուեստագէտը ժամանակակիցներուն կը ստիպէ այդ երեւոյթները վերապրիլ անբարեացակամութեան զգացումով եւ ձգտիլ դէպի գեղեցիկը, վեհը: Արուեստի ծագման եւ էութեան մասին առաջացած են զանազան տեսութիւններ: Զայն համարած են կենսաբանօրէն մարդուն տրուած «բացարձակ ոգիի», «աստուածային յայտնութեան» արդիւնք: Հակադրուելով իտէալիստական նման ըմբռնումներուն` մարքսիզմը կը գտնէ, որ արուեստի առաջացման աղբիւրը աշխատանքն է, որ արուեստը ընկերային է թէ՛ իր ծագմամբ, թէ՛ իր էութեամբ[1][4]:

Արուեստը ծագած է դեռեւս քարի դարուն։ Նախնադարեան արուեստը անմիջականօրէն միահիւսուած է նիւթական արտադրութեան, մարդոց աշխատանքային գործունէութեան հետ, կազմած անոր շարունակութիւնը։ Անիկա եղած է նաեւ չմասնատուած՝ միահիւսուած ձեւով միաժամանակ ընդգրկած է արուեստի գրեթէ բոլոր տեսակներու տարրերը։ Յետագային, պատմական յառաջդիմութեան եւ մշակոյթի զարգացման հետ միասին, արուեստի եւ արտադրութեան կապը կը դառնայ միջնորդաւորուած։ Կը յառաջանան արուեստի տարբեր տեսակներ։ Սակայն արուեստը իր էութեամբ միշտ կը մնայ հասարակական, կ'արտացոլէ հասարակական յարաբերութիւնները։ Այս պատճառով դասակարգային հասարակութեան մեջ արուեստը դասակարգային է։ Ան իր վրայ կը կրէ ստեղծագործողի շահագրգռուածութեան կնիքը իր դասակարգի պատմական ճակատագիրին նկատմամբ։ Այդ հանգամանքը արուեստը կը մօտեցնէ հասարակական գիտութիւններուն։ Բայց, ի տարբերութիւն վերջիններուն, արուեստի միտումնաւորութիւնը, որպէս կանոն, հանդէս չի գար բացայայտօրէն, անմիջականօրէն չի մատնանշուիր հեղինակին կողմէ, այլ կը բխի անոր աշխարհայեացքէն եւ կ'արտայայտուի որոշակի երեւոյթներու, արարքներու, բնաւորութիւններու գործողութեան մեջ։ Արուեստի իւրայատկութիւնը գեղարուեստական կերպարներու, տիպերու եւ բնաւորութիւններու ստեղծումն է՝ կեանքի որոշակի երեւոյթներու ընդհանրացման հիման վրայ։ Սակայն ընդհանրացնելով այդ երեւոյթները, արուեստը կը վերարտադրէ զանոնք եզակի ձեւով, իրենց սեփական ճակատագրով, կենսական մանրամասնութիւններով։ Պատմութիւնը կը վկայէ, որ արուեստի զարգացման բոլոր խոշոր ժամանակաշրջանները կապուած են նշանակալի ընկերային տեղաշարժերու եւ իրադարձութիւններու հետ, երբ մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջանայ քաղաքական, հասարակական եւ բարոյական խնդիրներու նկատմամբ։

Արուեստի ծաղկումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արուեստի ծաղկումը Վերածնունդի դարաշրջանին պայմանաւորուած էր ֆէոտալիզմի եւ միջնադարեան աստուածաբանական աշխարհայեացքի դէմ հասարակութեան յառաջադէմ ուժերու պայքարով, թէեւ դարաշրջանի բանաստեղծներն ու նկարիչները ենթակայական պատճառներով չէին կրնար ազատիլ այդ աշխարհայեացքի կապանքներէն։ Վերածնունղի (եւ ո՛չ միայն Վերածնունդի) ներկայացուցիչներուն համար գեղեցիկը եւ ընդհանրապես գեղագիտականը անխզելիօրէն կապուած էր ժամանակի բարոյական եւ քաղաքացիական խնդիրներուն հետ։ Մարքսիզմ-լենինիզմի գլասիքները ցոյց տուած են, որ արուեստը վերնաշէնքային երեւոյթ է, կը պաշտպանէ եւ կ'ամրապնդէ իր հիմքերը, սերտ փոխգործողութեան մէջ է այդ հիմքին եւ վերնաշէնքի այլ ձեւերու (բարոյականութիւն, քաղաքականութիւն, կրօն եւ այլն) հետ։ Արուեստի այդ առանձնայատկութիւնը համոզիչ կերպով ցոյց տուած են մարքսիստական գեղագիտական մտքի ականաւոր ներկայացուցիչներ Գ․ Պլեխանովը, Ա․ Շահումեանը, Ս․ Սպանդարեանը, Ա․ Լունաչարսկին, Ֆ․ Մերինգը, Պ․ Լաֆարգը։ Մարքսիզմ-լենինիզմի գլասիքները յատուկ նշանակութիւն կու տային իրապաշտական արուեստին, որ հնարաւորութիւն կ'ընձեռէ աւելի լաւ, խոր, համակողմանի եւ պատմականօրէն ճշմարտացի արտայայտել հասարակական յարաբերութիւնները, մարդոց վերաբերմունքը միմիանց եւ բնութեան նկատմամբ։ Ռէալիզմը, կ'ըսէ Ֆ․ էնկըլսը, կը պահանջէ տիպիկ բնաւորութիւնները պատկերել տիպիկ պարագաներու մէջ։ Ռէալիզմի բարձրագոյն ձեւը սոցիալիստական ռէալիզմն է։ Սովետական Միութեան, սոցիալիստական միւս երկիրներու արուեստի գործիչները իրենց գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն մէջ կ'արտայայտեն մեր դարաշրջանի էութիւնը, առաջաւոր մարդկութեան կեանքն ու պայքարը։

  • Արուեստագիտութիւն
  • Aliev, Alex. (2009). The Intentional-Attributive Definition of Art. Consciousness, Literature and the Arts 10 (2).
  • Нина Дмитриева. Происхождение искусства // Всеобщая история искусств. Том 1. Москва, 1956.
  • Владимирская Анна Овсеевна, Владимирский Петр Александрович. Искусство для простых смертных. — М.: «Диалектика», 2005. — С. 352. — ISBN 5-8459-0902-3
  • Т. Григорьева. Искусство-неискусство (Искусство в Японии) Archived 2019-04-20 at the Wayback Machine. // Григорьева Т. П. Движение красоты: Размышления о японской культуре. М.: «Восточная литература» РАН, 2005, с. 180—192
  • С. Зенкин. Теофиль Готье и «искусство для искусства» Archived 2016-11-03 at the Wayback Machine. // Зенкин С. Н. Работы по французской литературе. — Екатеринбург: Изд-во Урал. ун-та, 1999, с. 170—200
  • Беньямин В. «Произведение искусства в эпоху его технической воспроизводимости»//Избранные эссе, М., 1996.
  • Пелипенко А.А. Искусство в зеркале культурологии. — М.: Государственный институт искусствознания, 2009. — С. 318. — ISBN 978-5-98187-406-2
  • Каган М. С. Морфология искусства. — Л.: Искусство, 1972. — 440 с. — 20 000 экз.
  • Մարքս Կ․ եւ Էնգելս Ֆ․, Արուեստի մասին [ժողովածու], հ․ 1—2, Ե․, 19631964։
  • Լենին Վ․ Ի․, Կուլտուրայի եւ արուեստի մասին [ժողովածու], Ե․, 1958։
  • Պլեխանով Գ․ Վ․, Գեղարուեստը եւ հասարակութիւնը, Մ․, 1923։
  • Պլեխանով Գ․ Վ․, Գեղարուեստ եւ գրականութիւն, Ե․, 1949։
  • Սպանդարյան Ս․, Հոդվածներ գրականութեան, արուեստի, կուլտուրայի եւ կրթութեան մասին, Ե․, 1949։
  • Մարտիրոս Սարյան, Արուեստի մասին, Ե., 1986:
  • Տեն Հ․, Գեղարուեստի փիլիսոփայութիւնը, Ե․—Մ․, 1936։
  • Ֆրիչեւ Վ․, Արուեստի սոցիոլոգիան
  • Поспелов Г․ Н․, О природе исскусства, М․, 1960.
  • Адамян А․ А․, Статьи об искусстве, М․, 1961.
  • ЗисьА․ Я․, Искусство и эстетика, М․, 1967.
  • Новожилова Л․И․, Социология искусства, Л․, 1968.
  • Ермаш Г․ Л․, Искусство как творчество, М․, 1972.
  • Толстых В․ И․, Искусство и мораль, М․, 1973.
  • Langer S․, Problems of Art, N․ Y․, 1957.
  • Collingwood R․, The Principles of Art, N․ Y․, 1958.
  • Heidegger М․, Der Ursprung des Kunstwerfces, Stuttgart, 1965.
  • Ianson H․ W․, History of Art, N․ Y․, 1971.