Մարտիրոս Սարեան
Մարտիրոս Սարգիս Սարեան (16 (28) Փետրուար 1880, Նոր Նախիջեւան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 5 Մայիս 1972[1][2][3][…], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), Հայ մեծ նկարիչ, ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ (1960), ԽՍՀՄ Գեղարուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ (1947), ՀՍՍՀ ԳԱ Ակադեմիկոս (1956), ընկերվարական աշխատանքի հերոս (1965), ՀՍՍՀ Նկարիչներու միութեան նախագահ (1945-1951)։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարեանի նախնիները եղած են Անեցի, որ գաղթած են Ղրիմ, մասնակցած են տեղի, այսինքն՝ Ղրիմի հայկական գաղթավայրի հիմնադրման։ Իրենց շառաւիղները Ղրիմէն տեղափոխուեր եւ մասնակցեր են Նոր Նախիջեւանի հայկական գաղութի ստեղծման։ 1895-ին Սարեան աւարտած է տեղի հանրակրթական երկլեզուական (հայերէն, ռուսերէն) ուսումնարանը։ Հմայեակ Արծաթպանեանի ղեկավարութեամբ մասնագիտական նախնական գիտելիքներ ստանալէն ետք, 1897-1904-ին ուսանած է Մոսկուայի գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի գեղանկարչութեան բաժինը։ 1901-ին, առաջին անգամ, մեկնած է Կովկաս, եղած է Երեւան, Աշտարակ, Վաղարշապատ, Սեւան, 1902-ին՝ Անի։ Ճամբորդութեան ընթացքին, ինչպէս եւ հետագայ տարիներուն, յափշտակութեամբ ուսումնասիրած է իր ժողովուրդի պատմութիւնը, նիստուկացը, մշակոյթը, ճարտարապետութեան, քանդակագործութեան, որմնանկարչութեան եւ զարդարա-կիրառական արուեստի յուշարձանները, որ վճռական ազդեցութիւն ունեցած է Սարեանի աշխարհայեացքին եւ ստեղծագործական մեթոտի կամ ոճի եւ եղանակի ձեւաւորման ու զարգացման վրայ։
1903-ին աւարտած է ուսումնարանի հիմնական դասընթացքը եւ մօտ երկու տարի կատարելագործած նոյն հաստատութեան կից Վ. Ա. Սերովի եւ Կ. Ա. Կորովինի «Դիմանկարի արուեստանոցը»։ Ուսումնառութեան տարիներուն մօտիկէն հաղորդակցած է ռուս մտաւորականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն շատերուն հետ, որ զգալի նշանակութիւն ունեցած է իր յառաջադէմ մտաւորականի եւ քաղաքացի արուեստագէտի դիրքորոշման մէջ։
Արդէն ինքնուրոյն դիմագիծ ու ոճ ունեցող արուեստագէտը, յաճախ ճանապարհորդած է. 1910-ին եղած է Կոստանդնուպոլիս, 1911-ին՝ Եգիպտոս, 1913-ին՝ Պարսկաստան։ Վերադառնալով ուղեւորութիւններէն՝ Սարեան աշխուժօրէն մասնակցած է «Ոսկէ Գեղմ» («Золотое руно»), «Արուեստի Աշխարհ» («Мир искусства») եւ այլ ընկերութիւններու ցուցահանդէսներուն։ «Գլիցինիաներ» (անգլ.՝ Wisteria այսինքն Ամենագեղեցիկ փաթթուող բոյսերէն մէկը), «Մրգեղէնի Կրպակ», «Փողոց Կոստանդնուպոլիս» (երեքն ալ՝ 1910 թ.) նկարները առաջին անգամ գնած է Թրեթեաքով (The Tretyakov Gallery) պատկերասրահը։
1915-ին, Մեծ Եղեռնի օրերուն Սարեան աշխատած է «Հայերուն օգնող մոսկովեան կոմիտէին մէջ»։ Մեկնած է Էջմիածին՝ թրքական սուրէն հալածուած հայ գաղթականներուն տեղը՝ օգնութիւն ցոյց տալու համար։ Յովհաննէս Թումանեանի, Գ. Յովսէփեանի եւ հայ այլ մտաւորականներուն հետ, մոլեգնող համաճարակի պայմաններուն, բոլոր ջանքերը գործադրած է Արեւելեան Հայաստան ապաստանած արեւմտահայերուն վերջին մնացորդներուն մահուան ճիրաններէն փրկելու համար, անքուն գիշերներու եւ իր տեսածին հետեւանքով՝ ծանր տպաւորութեան տակ հոգեկան ցնցում ստանալով։ Յովհաննէս Թումանեանի յանձնարարութեամբ Սարեանին տեղափոխած են Թիֆլիս՝ հիւանդանոց։ 1916-ին, Վ. Սուրենեանցի, Փ. Թերլեմեզեանի, Ե. Թադեւոսեանի եւ այլոց հետ մասնակցած էր Հայ արուեստագէտներու միութեան ստեղծման, Վ. Սուրենեանցի հետ ձեւաւորած են Վ. Պրեասովի «Հայ պոէզիան հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը» ծաղկաբանութիւնը (անգլ.՝ anthology), 1919-ին Նոր Նախիջեւանին մէջ հիմնած է գաւառագիտական թանգարան։
Հայաստանի մէջ սովետական կարգերը հաստատուելէ ետք, Սարեան 1921-ին ընտանիքով տեղափոխուած եւ մշտական բնակութիւն հաստատած է Երեւան, ուր 5 Մայիս 1972-ին մահացած է։ Թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ 1967-ին Երեւանի մէջ բացուած է Սարեանի տուն-թանգարանը, ուր կը գտնուի իր ստեղծագործական ժառանգութենէն զգալի մաս մը։ Սարեանի գործերը կեդրոնացուած են Հայաստանի պետական պատկերասրահին եւ անոր մասնաճիւղերուն մէջ, ինչպէս եւ Թրեթեաքով պատկերասրահին, ԱՊՀ երկիրներու տարբեր թանգարաններուն, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ այլ երկիրներու մասնաւոր հաւաքածուներուն մէջ։
Ստեղծագործական Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարեան ստեղծած է դիմանկարներ, բնանկարներ, անկենդան առարկաներ (Ֆրանս.՝ Nature morte - անգլ.՝ still life), վահանակներ (panel), ձեւաւորուած գիրքեր, բեմանկարչական գործեր։ Իրեն համար չեն եղած կարեւոր ու երկրորդական ժանրեր կամ տեսակներ։ Գեղարուստական որակը նկարիչին համար դարձած էր հիմնական նպատակ։
Իր 1896-1903-ի երկերը՝ («Մօր Դիմանկարը», 1898, «Կովեր», 1899, «Ուսթիան Սարեանի Դիմանկարը», 1900, «Ինքնադիմանկար», «Մաքրավանք», երկուքն ալ՝ 1902, «Սոֆիա Միանսարեան», 1903) տրուած է առարկաներու իրապաշտութիւնը, «քանդակային» կառուցուածքը։ Երանգը եւ կամ գունաւորումը (աքրոմատիք achromatic) գունաթափ կամ անգոյն է ու «թանգարանային»։ Գերակշռող մոխրաշագանակագոյնը կը կատարէ լոյսի ու ստուերի աստիճանաւորումը իրականացնող դերը։ Ձեւը կը սահմանափակուի իրականի արտաքին-բնագիտական հաւաստիութիւնը (credibility) վերարտադրելով։
Առաջին շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեղծագործութեան առաջին շրջանին (1904-1909) Սարեան հրաժարած է աւանդական մտածելակերպէն՝ ստեղծելով նոր ու նորարարական արուեստ մը, որ ժամանակի յառաջադէմ մտաւորականութիւնը ընդունած եւ կոչած է «սարեանական»։ Այդ տարիներուն ան ծանօթացած է ֆրանսական նորագոյն շրջանի գեղանկարչութեան (ըստ Ի. Ս. Շչուքինի հարուստ հաւաքածոյի եւ «Ոսկէ գեղմ» ամսագիրի ցուցահանդէսներուն), եւ առաւելապէս համոզուած է իր ստեղծագործական որոնումներու ճշմարտացիութեան մէջ։ 1907-ին ան մասնակցած է «Երկնագոյն վարդ» («Голубая роза»)՝ ներկայացնելով «Հեքիաթներ եւ երազներ» երեւակայական պատկերներու մեծ շարքը («Լուսնկայ գիշեր», 1904, «Հեքիաթ։ Արարատի ստորոտին», 1904, «Ծաղկած սարեր», 1905, «Փերիների լիճը», 1905, «Լուսնի կախարդանքը», 1906, «Համբոյր», 1906, «Յովազներ», 1907, «Գիսաստղ», 1907, «Յովազը եւ կանայք», 1908, «Տապ։ Վազող շուն», 1909)։ «Հեքիաթներ եւ երազներ»ով Սարեան մերժած է աւանդական, «թանգարանային» բաւականին մութ գոյնն ու երանգը։ Սակայն իրեն խորթ էր նաեւ գունալուսային անցողիկ տպաւորութիւններու, առարկաներու արտաքինի վրայ թրթռացող ելեւէջներու տպաւորապաշտական ամրագրումը։ Ան ստեղծագործած է բացասելով գոյնի ընկալման առօրեայ փորձի տուեալներու անմիջական վերարտացոլումը։ Պատկերուող բոլոր առարկաներն ու արարածները մեկնաբանած է որպէս լիարժէք պայմանաւորական, գունալուսաճառագայթումի ներքին զօրութեամբ օժտուած հոգի էակներ։ Սարեանի բներգները (motif) բնոյթով պատմողական չեն։ Անոնք ծառերով, եղնիկներով, սարերով, մարդոց եւ այլազան կենդանիներու կերպարանքներով կազմակերպուած երեւակայական վիճակներ են, որոնք կը բացառեն կամ կը վերացնեն աւանդական «գրական» սիւժէն։ «Հեքիաթներ եւ երազներ»ով միահիւսուած են մանկական անմիջականութիւնը եւ իմաստունի խոհը։ Էութեամբ նոյնինքն պանթէիստական, այսինքն՝ համաստուածական, շարքը դիտողին կը ներշնչէ կեանքի առօրեայէն բարձրանալու եւ մայր բնութեան, տիեզերքի անսահմանութեան մէջ յաւերժանալու բերկրալից տենչը։
Երկրորդ շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ի տարբերութիւն «Հեքիաթներ եւ երազներ»ուն, Սարեանի ստեղծագործութեան երկրորդ շրջանի (1910-ական թուականներ) երկերը՝ «Կ. Պոլիս։ Փողոց։ Կէսօր», 1910, «Ի. Ս. Շչուքինի դիմանկարը», 1910, «Փիւնիկեան արմաւենի, 1911, «Եգիպտական գիշեր», 1911, «Պանաններ», 1911, «Գ. Լեւոնեան», 1912, «Պարսկական նաթիւրմորթ», 1913, «Քաղաքիկի ծաղիկները», 1914, «Ա. Ծատուրեան», 1915, «Ծաղիկներ», 1916, «Դաշտային ծաղիկներ», 1918) բներգականով (thematic) երեւակայական չեն։ Անոնք ստեղծուած են յատուկ-իրական բներգներներով (motif)։ Բայց կերպաւորման ընդհանուր-գեղապաշտութեան քանի մը սկզբունքներով դարձեալ, ճիշդ է ինքնին, կը զարգացնեն նախորդ շրջանի գործերու տեսիլքային կողմնորոշումը։ Ըլլան ծաղիկներ կամ պտուղներ, մարդիկ կամ կենդանիներ, բնապատկերներ կամ կենցաղի առարկաներ՝ նկարիչի 1910-ական թուականներու կտաւները ստացած են ընդհանրացուած բնութագրութիւն, վերածուելով հաւաքական, կոթողային-դիւցազնային կերպարներու։
Բացայայտելով եզակիօրէն պարփակուած յատուկ նիւթի յատկանշական գիծերը եւ անոնք երեւակայականօրէն վերամիաւորելով, Սարեան ստեղծած է էութեամբ մտահայեցողական տեսիլքներ, որոնք կը խորհրդանշեն «բնութիւնը յաւիտենական շարժման մէջ պահող համատիեզերական կենսաուժի գոյութիւնը» եւ նկարիչի համաստուածական հաւատամքը, անմահութեան, երջանկութեան եւ ազատութեան գաղափարները։
Սարեանի 1910-ական թուականներու գործերը՝ այդ զմայլելի աշխարհներուն մէջ համակուած եւ հնչեղ, հակադիր եւ համագիր գոյները, համադրական գիծերը, լուսաստուերները եւ ողորկութիւնները կ՝արտայայտեն կեանքի յաւերժութեան խորհրդաւոր ներզգացողութիւնը (intuition) եւ ներըմբռնողութիւնը։ Այդ գործերով Սարեան համաձուլած է Փոլ Կոկենի գեղազարդային (decorative) նկարչագեղային գունամտածողութիւնը, եռաչափ ծաւալաձեւի սեզանեան ըմբռնումը, Վինսընթ Վան Կոկի շեշտուած գունագծային տեսակէտը եւ հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան, որմնանկարչութեան, ճարտարապետութեան շարք մը սկզբունքները՝ ստանալով նոր, բացարձակապէս սարեանական արժէք եւ որակ մը։ Եւ այդ լիակատար կարողութիւնը սարեանին տուած է վճռելու երանգներու ենթակարգութեան, «գծանկարչական graphic» գիծի ու համասեռ մակերեսներու, տարանջատուած լոյսի եւ ստուերի փոխյարաբերման, առարկայի ու տարածութեան կառուցական-երկրաչափական կառուցման, բաղադրամասերու համադրութեան եւ ներդաշնակութեան միջեւ ուժեղ եւ կայուն հաւասարակշռութեան ստեղծման։
Արեւելքի եւ Եւրոպայի գեղարուեստական մտածելակերպի զուգորդման բարդ խնդիրները, ամենակարեւոր խնդիրները, որոնք զբաղեցուցած են Սարեանի սերունդի եւ Սարեանի չափանիշով բոլոր մեծերուն՝ (Մարք Շակալ, Փապլօ Փիքասօ, Անրի Մաթիս, Ժ. Պրաք, Ժ. Ռուօ, Վ. Քանտինսքի), եւ որոնցմով ալ սահմանուած էր 10-րդ դարու նորարարական գեղանկարչական ըմբռնումներու զարգացումը։
Երրորդ շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ սովետական կարգերու հաստատումէն ետք Սարեան 1921-ին ընտանիքով տեղափոխուած եւ մշտական բնակութիւն հաստատած է Երեւան։ Սկսած անոր բեղմնաւոր կեանքի նոր՝ երրորդ (1920-72) շրջանը։ Աշխարհի տարբեր վայրերէն հայրենիք վերադարձած գիտնականներու, արուէստագետներու, գրողներու հետ լծուած է նորագոյն ժամանակի հայ մշակոյթի եւ մշակութային շարք մը օճախներու ստեղծման։ 1921-ին նշանակուած է նոր կազմակերպուող Հայաստանի պետական թանգարանի վարիչ։ Իր նպաստը բերած է Հայաստանի հնութիւններու եւ գեղարուեստի պահպանման կոմիտէի (նախագահ), Հայաստանի կերպարուեստի աշխատողներու միութեան, Երեւանի գեղարուեստական ուսումնարանի կազմակերպութեան։
1921 թուականին Յակոբ Կոճոյեանի հետ ստեղծած է խորհրդային Հայաստանի զինանշանը, ընտրուած Հայաստանի կերպարուեստի աշխատողներու միութեան առաջին նախագահ։ 1924-ին մասնակցած է Վենետիկի երկամեայ «Պիէնալէ»ի 14-րդ ցուցահանդէսին։ 1928-ին Փարիզի «Ժիրար» պատկերասրահին մէջ բացուած է Սարեանի անհատական ցուցահանդէսը։ Այդտեղ ցուցադրուած աշխատանքները հայրենիք տեղափոխող «Ֆրիժի» նաւուն վրայ հրդեհ առաջացած է, այրած է նկարներուն մեծ մասը։ 1937-ին Փարիզի մէջ բացուած համաշխարհային ցուցահանդէսի ԽՍՀՄ-ի տաղաւարի գեղազարդային պաստառի համար ստացած է Մեծ մրցանակ։ 1923-էն ստեղծած է հայրենասիրական ոգիով տոգորուած պաստառներ, դիմանկարներ, բնանկարներ, նաթիւրմորթեր («Հայաստան», «Լեռներ։ Հայաստան», «Եղիշէ Չարենցի դիմանկարը», «Արեւոտ բնանկար», չորսն ալ՝ 1923, «Աշնանային մառախլապատ օր», 1928, «Զանգուի ափը», 1930, «Ծաղիկներ», 1945, նկարիչ Ս. Աղաճանեանի, 1930, Թ. Թորամանեանի, 1934, Ս. Մալխասեանի, 1943, դիմանկարները, «Երանոսի լեռները», 1951, «Բակի անկիւն», 1953)։
Այս շրջանին արմատապէս կերպարանափոխուած են Սարեանի բանաստեղծական ու արուեստագիտական շարք մը սկզբունքները։ Իրականութեան հետ խիստ միջնորդաւորուած այն յարաբերութիւնը, որ բնորոշ էր անոր նախորդ շրջանի երկերուն, այժմ դարձած է անհամեմատ աւելի անմիջական։
Երեւակայական եւ կեանքի իտէալական-երկրաչափական կաղապարումը զիջած են շօշափելի առարկայական եւ առօրեայ-բնական պատկերացումներուն։ Իր ակնթարթային արագութեամբ կատարած պատկերներուն՝ Սարեանը, կրկին հետազօտած է Հայաստանը՝ աշխատելով որքան կարելի է ե՛ւ մօտ ու հարազատ ըլլալ անոր եւ անոր ներքին ու արտաքին բազմակերպ բացայայտումներուն։ Քառասունէն աւելի տարիներու ընթացքին ստեղծած բազմաքանակ երկերուն անմիջապէս կարելի է տարբերակել Արարատեան հովիտի, Սեւանի աւազանի, Արագածի փէշերու, Լոռուան, Զանգեզուրի եւ այլ վայրերու բնապատկերները։ Բներգի մասնայատկութիւնը առկայ է այն աստիճան, որ կը թուայ թէ գործ ունիս «նկարիչ-երկրաբանի», «նկարիչ-աշխարհագրագէտի», «նկարիչ-բուսաբանի» հետ։
Սարեանի ստեղծագործութիւններուն բնականութեան այդ միտումը ունի որոշակի պատմաբարոյական ատաղձ. արուեստագէտը նպատակ ունեցած է Հայաստանը ցոյց տալ «իր շօշափելի գոյութեամբ» (Սարեան)։ 1961-ին «Իմ հայրենիքը» (1952-58) նկարաշարին համար ան արժանացած է լենինեան մրցանակին։
Գիրքարուեստ եւ բեմանկարչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարեան մեծ ներդրում կատարած է 20-րդ դարու հայկական գիրքարուեստի եւ բեմանկարչութեան ասպարէզներուն մէջ։ Շատ չեն Սարեանի գիրքի ձեւաւորումները, սակայն ունին նոյն որակը, որքան նկարիչի միւս ոճի երկերը։ Անոնց ձեւաբանական, գիտարուեստական հնարքները եւս ճկուն ու բազմազան են։ Չնայած իր նկարազարդումներուն մէջ խստօրէն հետեւած է գրական երկի պատմական գործողութեան, շարժառիթներուն ու բովանդակութեան, անոնք ունին նաեւ ինքնորոյն կերպարուեստային արժէք (Ա. Իսահակեանի «Բանաստեղծութիւններ»ու (1929), Յ. Թումանեանի «Հեքիաթներ»ու (1930), «Հայկական Հեքիաթներ»ու (1930), Ե. Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ի (1933), Ֆիրտուսի «Ռոստամ եւ Սոհրապ»ի (1934) նկարազարդումները եւ այլն: Սարեանի բեմանկարչական երկերը արուեստի իսկական գլուխ գործոցներն են: 1923 թուականին ստեղծած է Հայաստանի Առաջին պետթատրոնի վարագոյրը, ինչով խորհրդանշած է հայ ժողովուրդի կենսունակութիւնը: Սարեանի բեմանկարչական գործերը նոյնպէս կը բնորոշուին կոթողականութեամբ, ներթափանցուած են էպիքական հզօր շունչով, ճարտարապետօրէն կառուցիկ են եւ ունին խորապէս ազգային նկարագիր: Ան հոգեհարազատ մնացած է բեմադրուող երկի ոգիին եւ դարձած է բեմադրող ռեժիսորի համահեղինակ: Ձեւաւորուած է Ալեքսանդր Սպենտիարեանի «Ալմաստ» (1930, Օտեսայի օփերայի եւ պալէթի թատրոն, 1933, Երեւանի Սպենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի թատրոն, 1939 թուականին՝ Մոսկուայի մէջ Հայ արուեստի եւ գրականութեան առաջին տասնօրեակի առիթով, ՍՍՀՄ պետական մրցանակ, 1941), Ռիմսքի Քորսաքովի «Ոսկէ Աքլորիկ» (1932, Մոսկուայի Սթանիսլաւսքիի անուան օփերային թատրոն, 2-րդ արար), Յ. Ստեփանեանի «Քաջ Նազար» (1935, Սպենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի թատրոն), Է. Տէ Ֆիլիփոյի «Ֆիլումենա Մարթուրանօ» (1956, Մոսկուայի Վանթանկովի անուան թատրոն), Ա. Տիգրանեանի «Դաւիթ Բեկ» (1956, Սպենտիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի թատրոն), Ե. Եսայեանի եւ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ) բեմադրութիւնները։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Сарьян Мартирос Сергеевич // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Martiros Sergeevich Saryan
- ↑ 4,0 4,1 (unspecified title)
|