Jump to content

Մետաքս

Մետաքս, մանրաթել, որ կը պատկանի բնական եւ կենդանական ծագում ունեցող մանրաթելերու թիւին։

Մետաքս մանրաթելը արագ կը կլանէ խոնաւութիւնը եւ նոյնքան արագ կը չորնայ։

Բարձր ջերմաստիճանի պարագային, կը դառնայ կոշտ եւ կը փշրուի։ Կարելի չէ եռացնել, քանի որ կը կորսնցնէ ամրութիւնը։

Մետաքս արտադրող միջատը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մետաքս արտադրող միջատը, որ կը կոչուի մետաքսի որդ` պոմպիքս մորի, կամ` թթենիի ցեց, գիշերային թիթեռնիկ մըն է:

Այս որդը կ'ուտէ միայն ճերմակ թութի ծառի տերեւներ: Ան պէտք ունի սնանելու ամբողջ ամիս մը, մինչեւ որ ան սկսի իր խոզուկը շինելու: Չորս օրուան ընթացքին ան կ'արտադրէ լորձունք, որ կը կարծրանայ օդին ազդեցութեան տակ՝ պատրաստելով մետաքսի թելերը:

Չիները երկար ժամանակ գաղտնի կը պահեն մետաքսի որդի բուծանումի ձեւը: Իւրաքանչիւր անձ, որ կ'անցնէր սահմանէն, մանրակրկիտօրէն կը քննուէր. բացարձակօրէն արգիլուած էր տանիլ խոզակներ կամ ճեմակ թթենիի հունտեր: Սակայն եւրոպացիներն ալ կ'ուզէին ունենալ այս շքեղ կերպասը: Հետեւաբար վաճառականներ կերպասը բերել կու տային Չինաստանէն` կտրելով երկար ճամբայ մը Ասիոյ տարածքներէն, որ անուանուած էր Մետաքսի ճամբայ, մինչեւ այն օրը երբ միջին դարերուն, անոր գաղտնիքը կը բացայայտուի[1]:

Ըստ աւանդութեան, չիներն են, որոնք մետաքսը գտած են 4700 տարի առաջ: Չին իշխանուհի մը գտած է միջոցը` իր թէյի գաւաթին մէջ ինկած խոզակի մը երկար թելը բանալու: Այս ձեւով է, որ կը սկսի մետաքսին երկար պատմութիւնը: Այս յայտնաբերումէն կը յառաջանան երկու աշխատանքի մարզեր. մետաքսի որդին բուծանումը եւ մետաքսի հիւսքը[2]:

Մետաքսի արտադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կան մետաքսեայ թելերով պատրաստուած կերպասներու տեսակներ, ինչպէս` «քրէփը» , «մուսլինը», «օրկանզան», «թաֆըթան», «սաթենը» կամ թաւիշը: Այս տարբեր տեսակի կերպասները կը ստացուին ըստ մետաքսէ թելին պատրաստութեան ձեւին, եւ յատկապէս ինչպէս կը հիւսուին այդ թելերը:

Մետաքսը ժամանակի ընթացքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մետաքսը նախ կը գործածուի հագուստներու համար. մետաքսեայ հագուստներ հագուիլը հարստութեան եւ ընկերութեան մէջ կարեւոր դիրք ունենալու նշան էր:

Չինաստանի մէջ ան յատկացուած էր կայսրերուն եւ կարեւոր անձնաւորութիւններուն: Արեւմտեան աշխարհին մէջ, ԺԸ. դարուն, թագաւորական շրջանակներուն մէջ, այր մարդ եւ կին մետաքսով ծածկուած էին: Նոյնիսկ կօշիկները մետաքսէ էին: Այդ տարիներէն ի վեր մետաքսը մնացած է կոկիկ եւ շքեղ կերպաս մը:

Է. դարէն սկսեալ մետաքսը օգտագործուած է զարդարելու համար պալատներն ու մեծ տուները: Անկողին, բազկաթոռ, վարագոյր, պատ` ամէն ինչ ծածկուած էր մետաքսով: Այս յարդարումը կրնար փոխուիլ` ըստ եղանակի. ամառը մարդիկ կը նախընտրէին աւելի բաց գոյնով եւ ծաղիկներու պատկերներով մետաքսեայ կերպասներ, իսկ ձմրան կը տաքնային մետաքսի թաւիշէ յարդարանքներով:

Ի. դարէն մինչեւ այսօր, նորաձեւութեան մեծ վարպետները զայն կը գործածեն իրենց գեղեցիկ գործերուն համար:

Մետաքսի կարգ մը գործարաններ կը յաջողին յառաջ բերել այնքան բարակ մետաքսեայ թելերու հիւսուածքներ, որոնց միջոցով կարելի կ'ըլլայ մետաքսէ գիրքեր գոյացնել, որոնց գրութիւնները կարելի էր կարդալ տպուած գրութեան մը նման. անոնք նոյնիսկ մետաքսէ թելերով դիմանկարներ կը հիւսեն` գեղանկարչութեան տպաւորութիւն յառաջացնելով: Սակայն այս գիրքերը եւ դիմանկարները բացառիկ կը մնան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]