Արտուին
Քաղաք | |
---|---|
Արտուին | |
Երկիր | Թուրքիա |
Շրջան | Արեւմտեան Հայաստան |
ԲԾՄ | 345 մեթր |
Բնակչութիւն |
25 408 մարդ (2018), 25 841 մարդ (2021), 26 180 մարդ (2022)[1], 24 502 մարդ (2007), 24 354 մարդ (2010), 25 838 մարդ (2015) |
Ագլոմերացիա | 7,921 |
Ազգային կազմ | քիւրտեր, թուրքեր |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 0800 |
Պաշտօնական կայքէջ | artvin.bel.tr |
Արտուին (թրք.՝ Artvin), քաղաք ներկայիս Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ, Արտուին նահանգի կեդրոն։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոչուած է նաեւ Լիւանա (Լիւանէ)։ Բնոյթով գաւառական ձեւի քաղաք է, բայց պաշտօնապէս համարուած է նաեւ գիւղ։ Կը գտնուի Ճորոխ գետի ստորին հոսանքի ձախ ափին, Պաթումէն հարաւ, այնտեղէն եկող ճանապարհի վրայ։ Բարձրութիւնը ծովու մակարդակէն մօտ 400 մեթր է (1284 ոտնաչափ)։ Սփռուած է գեղատեսիլ լեռնալանջի վրայ, շրջապատուած անտառապատ տարածքներով։ Ամբողջապէս թաղուած է կանաչի մէջ։ Շրջակայքին կան ընդարձակ բարեբեր հողեր։ Հին ատեն կը մտնէր Մեծ Հայքի Տայոց աշխարհի Ճակք գաւառի մէջ եւ կը համարուէր վերջինիս կեդրոնը։ Այն յաճախ կը յիշատակուի նաեւ իբրեւեւ Եզր աշխարհի Հիգազ գաւառի քաղաք։ XVI-XIX դարերուն Ախալցխայի փաշայութեան Արտուինի գաւառի (սանճաքի), իսկ Ռուսաստանին միացնելէն յետոյ՝ Պաթումի մարզի Արտուինի շրջանի կեդրոնն էր։ Ներկայիս Թուրքիոյ Արտուինի նահանգի (վիլայէթի) կեդրոնն է։ 1970 թուականի մարդահամարի համաձայն, Արտուինի նահանգն ունէր ընդամենը 225,9 հազար բնակիչ։
IX-XI դարերուն Արտուինը կը մտնէր Բագրատունիներու իշխանութեան, XI-XIII դարերուն՝ Վրաց Բագրատունիներու թագաւորութեան մէջ, XIII դարի 30-ական թուականներուն գրաւած են մոնղոլ-թաթարները, իսկ 1555 թուականին՝ օսմանեան թուրքերը։ Արտուինը Պաթումի մարզի հետ միասին Ռուսաստանին միացուած էր՝ ռուս-թուրքական 1877 - 78 թուականներու պատերազմի ժամանակ՝ մտնելով նախ իբրեւեւ շրջանի կեդրոն Պաթումի մարզին, ապա՝ գաւառական քաղաք՝ Քութայիսի նահանգին մէջ։ Քաղաքը դարձեալ Թուրքիային անցած է՝ 1921 թուականէն։ Արտուինի նոր ժամանակներու բնակչութեան թիւի (եւ մասամբ ազգային կազմի) վերաբերեալ եղած տուեալները, խիստ հակասական են։ Համեմատաբար արժանահաւատ կարելի է համարել ո՛չ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդած այն տուեալները, ըստ որոնց քաղաքը 1870–ին ունէր 750 տուն հայ բնակիչ եւ գրեթէ նոյնքան ալ թուրքեր ու այլազգիներ։ 1889 թուականին, հայերու թիւը կը հասնէր 6500 մարդու, իսկ թուրքերունը՝ ընդամենը 1300, XX դարու սկիզբին՝ նրա ամբողջ բնակչութիւնը 8000 շունչ էր, մօտ 7000-ը՝ հայեր։ 1921 թուականին, երբ Արտուինը նորէն Թուրքիոյ անցաւ, անոր հայ բնակիչները գաղթեցին եւ բնակութիւն հաստատեցին Վրաստանի մէջ, Աբխազիոյ եւ Սովետական Հայաստանի մէջ։ 1965 թուականի տուեալներով, Արտուինի բնակչութեան թիւը 9800 մարդէ չէր անցնէր։
Արտուինի գիւղատնտեսութիւնը, քաղաքի ամբողջ տնտեսութեան մէջ, ունէր կարեւոր նշանակութիւն։ կը Զբաղէին այգեգործութեամբ եւ մասամբ երկրագործութեամբ։ Ամենատարածուած աշխատանքներէն էր ձիթապտուղի մշակութիւնը, որ բերքի մեծագոյն մասը կ'արտահանուէր։ Հայերը գերազանցապէս կը զբաղէին արհեստներով ու առեւտուրով։ Ամենատարածուած արհեստներեն էին՝ մանածագործութիւնն ու ջուլհակութիւնը, փայտամշակումը՝ հյուսնությունն ու ատաղձագործությունը։ Արտադրում էին մետաքսե եւ բամբակէ գոյնզգոյն կտաւները։ Արտուինէն արտահանուող ապրանքներու ցանկին մէջ, ձիթապտուղէն բացի, կարեւոր էին նաեւ փայտանիւթը եւ ձեռագործ գործուածքեղէնը։ Քաղաքի ներքին առեւտուրը գրեթէ բացառապէս մանրածախ էր եւ կեդրոնացած էր միակ շուկայ հրապարակի մէջ, ուր կային մի քանի տասնեակ կրպակներ ու արհեստանոցներ։ Արտուինի շուրջը եղած պարիսպներու եւ բազմաթիւ շինութիւններու աւերակները ցոյց կու տան, որ ան միջնադարուն եղած է վաճառաշահ քաղաք եւ անշքացած է հետագային մոնղոլական, թուրքմենական ու թուրքական տիրապետութեան շրջանի մէջ։ Քաղաքն ընդհանրապէս փռուած է մեծ տարածութեան վրայ. Ճորոխի ափով այն կը ձգուի աւելի քան 5 ք․մ․ երկարութեամբ։ Տուները դուրսէն եւ ներսէն ճերմակ են, կղմինտրածածկ։ Պահպանուած են Թամար թագուհիի ժամանակներուն վերագրուող միջնադարեան բերդի աւերակները։ Այդ բերդը կը գտնուի ուղղակի Ճորոխի ափին ուղղահայաց վեր խոյացած ժայռին վրայ։ XX դարու սկիզիբներուն ունէր 5 եկեղեցի եւ նոյնքան ալ մզկիթ։ Եկեղեցիները կը կրէին Ս. Աստուածածին, Պօղոս–Պետրոս, Գր. Լուսաւորիչ, Ս. Խաչ եւ առաքելական Ս. Աստուածածին անունները։ Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կից XIX դ վերջերուն եւ XX-ի սկզբներուն կար դպրոց, որոնցմէ բացի քաղաքի մէջ կը գործէր նաեւ վարժարան մը, որ 1870-ական թուականներուն ունէր շուրջ 100 աշակերտ։ Արտուինի մէջ ծնած են ականաւոր շարք մը գործիչներ եւ արուեստագէտներ՝ կուսակցական պետական գործիչ, Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կենտկոմի առաջին քարտուղար Յ. Զարոպեանը (1908-1980 թթ․), բանասէր, պատմաբան, ձեռագրագէտ Ներսէս (Գաբրիել) Յակոբի Ակինեանը (1883-1963), ժողովրդական նկարիչ Մ. Գ. Գիւրճեանը եւ ուրիշներ։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
|