Jump to content

Յունական Դիցաբանութիւն

Յունական եռամիասնութիւնը եւ Երկրի երեք թագաւորութիւններու բաշխումը ՝ Զևսի Աստված (Երկինք), Պոսեյդոն (ծովեր և օվկիանոսներ) և Հադես (ստորջրյա աշխարհ): Theos (անչափահաս աստուածները) այս եռամիասնութեան զաւակներն են:

Յունական դիցաբանութիւնը Հին Յունական կրօնքին արմատը կը կազմէ: Ընդհանուր ըլլալով յունական դիցաբանութիւնը արեւելեան եւ շատ մը Եւրոպական դիցաբանութիւնները ազդած է: Հռոմի դիցաբանութիւնը գրեթէ ամբողջովին յունական դիցաբանութիւնը օրինակ առնուելով գրուած է: Յունական չաստուածները 12 հատ են (4 կին, 8 այր): Օլիմպոս լերան կը նստին: Հէքիաթը Օլիմպոսցի չաստուածներուն եւ Տիտաններուն պատերազմին հետ կը սկսի եւ Օլիմպոսցիներուն շահով վերջ կը գտնէ: Պատերազմէն ետք Տիտանները կը պատժուին ղրկուելով Դարդարուս անուն դժոխքը: Յունական չաստուածները աշխարհին կը տիրապետեն Օլիմպոս լերան վրայէն: Կայծակներուն իշխանը Զեւս հարիւրաւոր պատերազմեր տալով իշխանութիւնը իր հօրը Քրոնոսին եւ տիտաններուն ձեռքէն առած է: Իր 3 եղբայրներով երկինքը, ծովերը եւ դժոխքը բաժանուած են: Ծովերը Բոսէիտոնին, դժոխքը Հատէսին իսկ երկինքը Զեւսին իշխանոութեան տակ եղած է:

Աշխարհին Արմատը Եւ Չաստուածներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քաոս

Յունական դիցաբանութեան համեմատ ամէնէն առաջ Քաոսը կար, որուն իմաստն է բացութիւն կամ պարապութիւն: Այս պարապութենէն առաջ Կաիան կը ծնի: Կաիան ծնելէն ետք Ուրանոսը(երկինք) եւ Բոնդոսը կը ծննդաբերէ եւ Ուրանոսով միանալով Ովկիանոս, Քոիոս, Քրիոս, Հյբերիոն, Իաբեդոս, Քրոնոս, Թէիա, Րէիա, Տէմիս, Ֆիպէ, Թէդիս եւ Մնէմոսինը յառաջ կը բեռէ:

Յունական դիցաբանութեան չաստուածները հրաշալի կարողութիւններու տէր են, հիւանդութենէն չեն ազդուիր, անմահ են, որովհետեւ ամբրոսիա եւ նեկտարով կը սնուցանեն: Շատ մը չաստուած կեանքին վերաբերեալ յատկութիւններ ունին: Օրինակ Աստղիկը, սիրահարութեան եւ գեղեցկութեան, Արէսը պատերազմի, Հատէսը դժոխքի, Աթէնքը իմաստութեան եւ պատերազմի եւ Բոսէիտոնը ծովերու չաստուածն է:

Արեւմտեան Արուեստին Ազդեցութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իքարուսի Համար Ողբերգութիւն

Քրիստոնէութեան տարածումը դիցաբանութեան ժողովրդականութիւնը չկործանեց: Վերածնունդին կանուխ տարիներէն ի վէր Լէօնարտօ Տա Վինչի, Միքէլանճէլօ եւ Ռաֆաէլի պէս գծագրիչները Քրիստոնէական նիւթերուն քով Յունական դիցաբանութիւնն ալ ձեռք առին: Հիւսիսային Եւրոպային Յունական դիցաբանութիւնը գրականութեան, տեսողական արուեստներէն աւելի շատ ազդեցիկ ունեցաւ: Ճհաուճերէն սկսեալ Միլթոն, ՇԷյքսփիր եւ Րոպէրդ Պրիտկէսը Յունական դիցաբանութենէն օգտուէցաւ իրեն գրութիւններուն համար: Ֆրանսայի մէջ Րաճինէ, Գերմանիոյ մէջ Կէոթէ Յունական դիցաբանութիւնը յարմարցուց թատրոնի: Թովմաս Պուլֆինջ եւ Նաթանիէլ Հավդորնի պէս 19-րդ Դարու ամերիկեան գրողները կը պահանջէին, որ առանց քլասիկ շրջանի առասպելները հասկնալով անգլիական եւ ամերիկեան գրականութիւնը չէին կրնար պրպտել:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]