Պուտտայականութիւն
Պուտտայականութիւնը, ոչ-աստուածային կրօնական ուսմունք մըն է կամ փիլիսոփայութիւն մը, որ կ'ընդգրկէ այլազան աւանդութիւններ, կրօնական համոզումներ եւ սովորութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ հիմնուած են Կուաթամա Պուտտային ուսմունքներուն վրայ, ճանչցուած իբրեւ «Պուտտա» («Զարթնածը»):
Պուտտան ապրած եւ ուսուցանած է Հնդկական ենթա-ցամաքամասին հիւսիս արեւելեան բաժինին մէջ, Ք.Ա 6-րդ եւ 4-րդ դարերուն միջեւ։
Ան պուտտայականներուն կողմէ ճանչցուած է իբրեւ «զարթնած» կամ «լուսաւորուած» ուսուցիչը, որ կիսած է իր իմացութիւնները աշխարհիկ արարածներուն հետ, որպէսզի վերջ դնէ անոնց տառապանքներուն եւ վերացնէ տգիտութիւնը[1]։
Պուտտայականութեան երկու հիմնական ճիւղեր կը յիշուին դպրագէտներու կողմէ՝ Թերավատա («Երէցներու Դպրոցը») եւ Մահայանա («Մեծ Մեքենան»):
Թերավատան մեծ թիւով հետեւորդներ ունի Սրի Լանքայի եւ Հարաւ արեւելեան Ասիոյ մէջ (Թայլանտ, Պուրա, Լաոս, Քամպոտիա, եւ այլն):
Թերավատա Պուտտայականութեան մէջ, ամէնէն մեծ նպատակը Նիրվանայի բարձրագոյն վիճակին հասնիլն է, զոր կ'իրագործուի կիրարկելով «The Noble Eightfold Path»ը (նաեւ ճանչցուած իբրեւ «The Middle Way»), ազատելով տանջանքի եւ վերածննդեան շրջագիծէն (Cycle of Suffering and Rebirth):
Մահայանան տարածուած է Արեւելեան Ասիոյ մէջ (Չինաստան, Քորէա, Ճափոն, Վիեթնամ, Սինկափուր, Թայուան, եւ այլն) եւ կ'ընդգրկէ այլազան սովորութիւններ՝ Փիւր Լանտէն, Զէնէն, Նիչիրէն Պուտտայականութենէն, Թիպեթեան Պուտտայականութենէն, Շինքոնէն, եւ Թիանթայէն (Թենթայ):
Մահայանա Պուտտայականութիւնը կը տենչայ օգնել ուրիշներուն, որպէսզի զարթնին: Թիպեթեան Պուտտայականութիւնը կը տենչայ Պուտտահուտի կամ «ծիածան մարմինին» (Rainbow body)[2]։
Վաժրայանան, ուսմունքներու մարմնացում մըն է, վերագրուած՝ Հնդիկ Սիտտաներուն: Անիկա կրնայ համարուիլ երրորդ ճիւղ մը կամ Մահայանի այլ ճիւղաւորում մը: Թիպեթեան Պուտտիզմը, որ կ'ուսուցանուի Թիպեթի, Պութանի, Նեփալի, Հնդկաստանի հիմալայեան շրջանի, Քալիքայի, Մոնկոլիոյ եւ շրջակայ շրջաններուն մէջ, կը պահէ Հնդկական Վաժրայանային ութերորդ դարու ուսմունքները:
Պուտտայական դպրոցները կը տարբերին իրենց յատուկ ազատագրման տանող ուղիներու բնութեամբ, այլազան ուսմունքներու եւ հաւատքներու կարեւորութեամբ, եւ յատկապէս սովորութիւններով։ Մէկ հիմնական համոզում, որ ընդունուած է բոլոր Պուտտայականներուն կողմէ՝ Արարիչ Աստուծոյ բացակայութիւնն է։
Պուտտայականութեան հաւատքներու եւ սովորութիւններու հիմքերը երեք գոհարներն են՝ Պուտտան, Տհարման (ուսմունքները), եւ Սանղան (ընկերութիւնը): Այս մէկը կը զատորոշէ Պուտտայական մը, ոչ Պուտտայականէ մը։
Պուտտայականութիւնը ներկայիս ունի 488-էն 535 միլիոն հետեւորդ։
Ճշմարտութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Պուտտային, մարդիկ իրարու հաւասար են. անոնք կը տարբերին ոչ թէ ծագումով, մաշկի գոյնով, ընկերային դիրքով, այլ՝ բարոյական գիտակցութեամբ եւ բարձրագոյն ճշմարտութեան ըմբռնումով։ Տառապանքներէն ազատագրուելու եւ փրկուելու ուղին Պուտտան կը համարէր ինքնակատարելագործման, ինքնուրոյն կերպով բարին ու չարը ճանչնալու, ինքնամաքրագործման ու ինքնաճանաչողութեան մէջ։
Զոհաբերութիւններու ծիսակատարութիւններու համակարգը ան կը փոխարինէ հաճոյքներու, կիրքերու եւ ցանկութիւններու զոհաբերումով[3]։
Ըստ Պուտտիզմի կան «Չորս ազնիւ ճշմարտութիւններ»՝
- Մարդկային կեանքը տառապանք է. գոյութիւն ունենալ կը նշանակէ տառապիլ:
- Տառապանքները կը ծնին որոշ պատճառներէ՝ ցանկութիւններ, կիրքեր, ձգտումներ եւ ապրելու տենչ:
- Ազատագրուելու ուղին է՝ հրաժարիլ ցանկութիւններէն, զսպել կիրքերը եւ ձգտումները:
- Առաքինութիւններ. մարդը կ'ազատի տառապանքներէն եւ կը յայտնուի հանգիստ վիճակի մէջ:
Պուտտային ութ առաքինութիւններն են.
- Ճշմարիտ հայեացք. ազատիլ մոլութիւններէն, որուն համար պէտք է հասկնալ «Չորս ազնիւ ճշմարտութիւններ»ը:
- Ճշմարիտ վճռականութիւն. հեռու մնալ աշխարհիկ կեանքէն, վատ մտադրութիւններէն, մարդոց նկատմամբ ունեցած թշնամանքէն:
- Ճշմարիտ խօսք. հեռու մնալ ստախօսութենէն, զրպարտութենէն, դաժան խօսքերէն, անիմաստ խօսակցութիւններէն:
- Ճշմարիտ վարքագիծ. հրաժարում բոլոր ապրողներու սպաննութենէն, զգայական հակումներու կեղծ բաւարարումէն:
- Ճշմարիտ ապրելակերպ. ապրիլ ազնուօրէն, նոյնիսկ կեանքը պահպանելու համար չդիմել արգիլուած միջոցներու:
- Ճշմարիտ ջանք (պէտք է վանել վատ միտքերը):
- Միտքի ճշմարիտ ուղղութիւն. պէտք է ամէն ինչ ընդունիլ այնպէս, ինչպէս, որ է՝ մարմինը մարմին է, միտքը՝ միտք, եւ առաջնորդուիլ այն մտայնութեամբ, որ այս աշխարհին մէջ ամէն ինչ անցողիկ է:
- Ճշմարիտ կեդրոնացում, որ կը ներառէ չորս յաջորդական աստիճաններ.
- զուտ ուրախութիւն, որ կը ծնի առանձնացումով,
- ներքին հանգստութիւն եւ խաղաղութիւն՝ ազատում դատողութիւններէն,
- ազատում ուրախութենէն, մարմնական բոլոր զգայութիւններէն ազատելու գիտակցում եւ կատարեալ անխռով վիճակի ձեռք բերում,
- բացարձակ հանգիստ վիճակ եւ անտարբերութիւն։
Այս վիճակը կը կոչուի «նիրվանա», որ ոչ կեանք է, ոչ մահ, հոգին կ'ազատի մարմնական կապանքներէն եւ կը դառնայ իմաստուն։
Վիսաքա Փուճա Տօնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մայիս ամսուն, Թայլանտի մէջ կը տօնուի Վիսաքա Փուճա տօնը, որուն ընթացքին կ'ոգեկոչեն Պուտտային ծնունդը, լուսաւորումը (երբ ան իմաստնութեան հասաւ) եւ մահը: Այս բոլորը կը նշուին մէկ օրուան ընթացքին:
Այս տօնը երկիրին ամէնէն կարեւոր կրօնական տօնն է: Տաճարներուն մէջ կրօնաւորները ժողովուրդին կը յիշեցնեն պուտտայականութեան ուսմունքները: Երեկոյեան մեծ թափօրներ կը կազմակերպուին: Հաւատացեալները կը բռնեն ծաղիկէ մանեակներ, խունկի փայտիկներ եւ մոմեր` Պուտտան, անոր ուսմունքները եւ առաջին աշակերտները պատուելու համար: Թագաւորական ընտանիքին անդամները կը մասնակցին այս տօնակատարութիւններուն[4]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://www.encyclopedia.com/topic/Buddhism.aspx
- ↑ http://www.religionfacts.com/buddhism
- ↑ Զաքարեան Սէյրան, Փիլիսոփայութեան պատմութիւն https://library.anau.am/images/stories/grqer/Dasagrqer/Zaqaryan_PHIL.pdf, Երևան էջ 20-21։
- ↑ Վիսաքա Փուճա տօնը