Ուսուցիչի Օր
Ուսուցչի օր (անգլ.՝ World Teachers' Day), ուսուցիչներուն նուիրուած տօն, որ կը նշուի ամէն տարի սկսած՝ 5 Հոկտեմբեր 1994-էն։ Տօնի գլխաւոր առաքելութիւնը ուսուցիչներուն աջակցիլն է, համոզուիլը, որ ուսուցիչները կրնան բաւարարել ապագայ սերունդի պահանջները։ Օրուան ընտրութիւնը կապուած էր այն հանգամանքին հետ, որ 5 Հոկտեմբեր 1966-ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ հրաւիրուած համատեղ համագումարին ընդունուած է «Ուսուցիչի կարգավիճակի հետ կապուած ուղեցոյց» (Recommendation concerning the Status of Teachers) վերտառութեամբ փաստաթուղթը, որ ուսուցիչներու աշխատանքը կարգաւորող առաջին միջազգային փաստաթուղթն էր[1]:
Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ Ուսուցիչի օրը կը խորհրդանշէ ուսուցիչներու՝ կրթութեան եւ զարգացման բնագաւառին մէջ ունեցած հսկայական ներդման ճանաչումը, ընդունումը եւ գնահատումը։
Education International (EI)-ը ամբողջ աշխարհին մէջ գտնուող դասաւանդողներու միջազգային միութիւնը, կը գտնէ, որ Ուսուցիչի օրը պէտք է միջազգայնօրէն ճանչցուի եւ նշուի։ Education International-ն կը նշէ, որ 1966 եւ 1997-ին ընդունուած Խորհուրդները պէտք է իրականացուին բոլոր երկիրներուն մէջ։
Ուսուցիչներու տօնը կը նշուի աւելի քան 100 երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ։ Education International-ի եւ կազմի մէջ մտնող 401 անդամ-կազմակերպութիւններու ջանքերով տօնը լայնօրէն կը ճանչցուի։ Ամէն տարի Education International-ը կը սկսի տօնի հասարակական ճանաչումը բարձրացնող արշաւ՝ ուսուցիչներու ներդրումը ընդգծելու համար։
Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ Ուսուցիչի օրը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 1 Հոկտեմբեր 2001-ի N 919 որոշմամբ կը նշուէր Հոկտեմբերի առաջին Կիրակի օրը, իբրեւ «Ուսուցչի տօն»: Յետագային 21 Մայիս 2010-ի օրէնքի Պ-911-21.05.2010-ԳԿ-010/0 լրացմամբ այն կը տօնուի 5 Հոկտեմբերին:
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԵՐՈՒ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ»ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԻՆ ՄԷՋ ԼՐԱՑՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ, Պ-911-21.05.2010-ԳԿ-010/0
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ուսուցչի միջազգային օր Archived 2019-10-22 at the Wayback Machine.