Jump to content

Մալեզիա

Բնակավայր
Մալեզիա
մալայ.՝ Malaysia
Դրօշակ Զինանշան


Bersekutu Bertambah Mutu եւ برسکوتو برتمبه موتو
Երկիր  Մալեզիա
Ներքին բաժանում Ջոհոր?, Kedah?, Kelantan?, Մալակկա (նահանգ)?, Negeri Sembilan?, Pahang?, Պերակ?, Perlis?, Փինանկ, Սապահ, Սարավակ?, Selangor?, Terengganu?, Քուալա Լամփուր, Labuan? եւ Փութրաճայա
Թագաւոր Ապտուլ Հալիմ
Օրէնսդրական մարմին Parliament of Malaysia?
Հիմնադրուած է՝ 16 Սեպտեմբեր 1963
Տարածութիւն 330 803 քմ² (64րդ) քմ²
Պաշտօնական լեզու Մալայերէն
Բնակչութիւն 3,249,594 մարդ
Կը գտնուի ափին Մալակկայի նեղուց?, Straits of Johor?, Հարաւ Չինական Ծով, Brunei Bay?, Սուլու ծով? եւ Սելեպես Ծով
Ժամային գօտի UTC+8 եւ Asia/Kuala_Lumpur?[1]
Շրջագայութեան պետ-համարագիր MAL
Պաշտօնական կայքէջ malaysia.travel/en/us
malaysia.gov.my

Մալեզիա, պետութիւն Հարաւարեւելեան Ասիոյի մէջ։ Մայրաքաղաքը Քուալա Լումփուրն է։

Ընդհանուր տեղեկություններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալեզիան պետութիւն է Հարաւարեւելեան Ասիոյի մէջ` Մալաքքա թերակղզիի հարաւային եւ Քալիմանթան կղզիի հիւսիսային մասերուն մէջ։ Հարաւ-Չինական ծովով բաժնուած է Արեւմտեան Մալեզիայի (Մալայա) եւ Արեւելեան Մալեզիայի (Սարաւակ եւ Սապահ): Կը մտնէ Բրիտանական համագործակցութեան մէջ։ Սահմանակից է Թայլանտին, ինտոնեզիային, Սինկափուրին եւ Պրունէյին: Տարածութիւնը 332,8 հազար քմ2 է, 2015-ի տուեալներով` բնակչութիւնը կը կազմէ 30,513,848 անձ[2]: Մայրաքաղաքն է Քուալա Լումփուր քաղաքը։ Վարչականորէն բաժնուած է 13 նահանգի՝ 9 սուլթանութեան եւ 4 նահանգապետութեան։ Երկրին մէջ քաղաբնակներու թիւը կը կազմէ բնակչութեան 47 %-ը (2017):

Մալեզիայի տարածքը բնակեցուած է վաղ քարէ դարէն։ Ք.Ե. առաջին հազարամեակի սկիզբը կեդրոնական Սումաթրայէն Մալեզիայի տարածք ներթափանցած են այժմեան մալայացիներու նախնիները։ Մալաքքա թերակղզիի դասակարգերու առաջացման, պետականութեան կազմաւորման գործին մէջ նշանակալի դեր խաղցած են առեւտրական եւ մշակութային կապերը Հնդկաստանի հետ, հնդիկ գաղութարարներու յայտնուիլը, բուտտայականութեան եւ հինդուիզմի ներթափանցումը։ Մալեզիայի տարածքին առաջին պետութիւնները առաջացած են Մալաքքա թերակղզիի հիւսիսը, որոնք 3-4-րդ դարերուն կախման մէջ եղած են Հնդկաչինի Ֆունան պետութենէն, 8-13-րդ դարերուն՝ Սումաթրայի Շրիւիջայա կայսրութենէն, 14-րդ դարուն՝ ինտոնեզական Մաջապահիտ կայսրութենէն։ 15-րդ դարու վերջը եւ 16-րդ դարու սկիզբը առաջացած են Մալաքքաի (որու մէջ մտած են Մալաքքա թերակղզին, Ոփաու արշիպելագը եւ Սումատրա կղզիի արեւելեան մասը), Պրունէյի (Քալիմանթան կղզիի հիւսիսը), 15-րդ դարուն այստեղ տարածուած է իսլամը) սուլթանութիւնները։ 1511-ին Մալաքքաի սուլթանութիւնը զաւթած են փորթուկալացիները: 16-րդ դարուն Մալաքքա թերակղզիի հարաւը կազմուած է Ճոհորի սուլթանութիւնը։ 1641-ի սուլթանութիւնը եւ հոլանտացիները զաւթած են Մալաքքան։ 18-րդ դարուն վերջը գաղութային ընդլայնում սկսած է Մեծ Բրիտանիան, որ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը իրեն ենթարկած է Մալայայի տարածքի սուլթանութիւնները եւ միաւորելով ստեղծած Բրիտանական Մալայա գաղութը, 19-րդ դարու վերջը իր խնամատիրութիւնը հաստատած է Սարաւաքի եւ Սապահի (Քալիմանթան կղզիին) վրայ։ Անգլիական գաղութարարները իւրացուցին լաւագոյն հողերը, զբաղուեցան անագի հանոյթով եւ քաուչուկի արտադրութեամբ։ Մալեզիայի ժողովուրդի ազատագրական պայքարը գաղութային ճնշման դէմ սկսաւ ուժեղանալ։ 1920-ին ստեղծուեցան արհմիութիւններ, 1930-ին՝ ալայայի կոմկուսը։ Դեկտեմբեր 1941-ին Մալեզիան գրաւեց (մինչեւ 1945-ը՝ Ճափոնը: 1945-ին անգլիական գաղութարարները վերադարձան Մալեզիա։ 1946-ի եւ 1948-ի սահմանադրական բարեկարգումներով Սինկափուրը անջատուեցաւ Մալայայէն, վերջինս ձեւաւորուեցաւ իբրեւ անգլիական գաղութ՝ 1946-էն՝ Մալայայի Միութիւն, 1948-էն՝ Մալայայի դաշնութիւն անուամբ։ Սարաւակը եւ Սապահը 1946-ին անցան Մեծ Բրիտանիոյ գաղութային մինիստրութեան իրաւասութեան տակ։ 1948-ին արգելուեցան կոմկուսը եւ դեմոկրատական այլ կազմակերպութիւններ։ Անգլիական գաղութարարներու դէմ պայքարելու նպատակով 1949-ին ստեղծուեցաւ Մալայայի ժողովուրդներու ազատագրական բանակը։ Մալեզիայի հասարակական տարբեր խաւերու ազգային-ազատագրական շարժման ճնշման տակ Մեծ Բրիտանիան 31 Օգոստոս 1957-ին հարկադրուած ընդունեց Մալայայի դաշնութեան անկախութիւնը, պահպանելով սակայն իր տիրապետութիւնը տնտեսութեան մէջ։ 1963-ին Մեծ Բրիտանիոյ, Մալայայի դաշնութեան, Սինկափուրի, Սարաւակի եւ Սապահի միջեւ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ Բրիտանական համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ Մալեզիայի դաշնութիւն ստեղծելու վերաբերեալ, որ հռչակուեցաւ 16 Սեպտեմբեր1963-ին։ 1965-ին Մալեզիայի կառավարութեան եւ Սինկափուրի միջեւ յարաբերութիւններու սրման հետեւանքով Սինկափուրը դուրս եկաւ դաշնութենէն։ 1960-ականներու 2-րդ կէսէն Մալեզիայի կառավարութիւնը կը վարէ չմիանալու, խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւն։ Մալեզիան սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանէ ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ճափոնի եւ այլ զարգացած երկիրներու հետ։

Մալեզիան սահմանադրական միապետութիւն է, նահանգներու դաշնութիւն։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1957-ին։ Պետութեան գլուխը գերագոյն կառաեարիչն է՝ ձեւականօրէն օժտուած լայն լիազօրութիւններով. կը նշանակէ դաշնութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներուն, իրաւասու է հրաւիրել ու արձակել խորհրդարանը, հաստատել օրինագիծեր եւ այլն։ Օրէնսդրական իշխանութեան բարձրագոյն մարմինը խորհրդարանն է՝ կազմուած երկու պալատէ (սենատ, ներկայացուցիչներու պալատ) եւ գերագոյն կառավարիչէն։ Ընտրական իրաւունքէն կ՛օգտուին 21 տարին լրացուցած բոլոր քաղաքացիները, սակայն կը կիրառուի նստակեցութեան ցենզ։ Գործադիր բարձրագոյն մարմինը կառավարութիւնն է՝ վարչապետի գլխաւորութեամբ, որուն կը նշանակէ գլխաւոր կառավարիչը։ Դատական համակարգին մէջ կը մտնեն դաշնակցային դատարանը, երկու բարձր դատարանները, օքրուկային դատարանները, մագիստրատներու Ա. եւ Բ. կարգի դատարանները, տեղական առաջնորդներու դատարանները եւ այլն։ Իւրաքանչիւր նահանգի մէջ կը գործէ իսլամական իրաւունքի դատարաններու համակարգ։

Մալեզիան կը գտնուի հասարակածային գօտիին մէջ։ Մալաքքա թերակղզիի մակերեւոյթի մեծ մասը կը զբաղեցնեն բլուրները, ցածրադիր եւ միջին բարձրութեան (1000-2000 մ) լեռները, որոնց բաժնող երկայնաձիգ հովիտները լեցուած են Փխրուն նըստուածքներով։ Թերակղզիի ծովափնեայ մասը կը զբաղեցնեն մինչեւ 90 քմ լայնութեան ողողատային, յաճախ ճահճապատ, դաշտավայրերը։ Դաշտավայրերը տարածուած են նաեւ Քալիմանթան կղզիի ափերու երկայնքով. կղզիի կեդրոնական մասին մէջ անոնք կը փոխուին բլուրներու ու լեռնաշղթաներու (2000-2400 մ)։ Մալեզիայի բարձրագոյն կէտը Քինապալիի մէկուսացած զանգուածն է (4101 մ, Քալիմանթան կղզի)։

Կլիման հասարակածային է, Մալաքքա թերակղզիի հիւսիսը՝ մերձհսաարակածային, մուսսոնային։ Օդի միջին ամսական ջերմաստիճանը 25-28 °C է։ Ծովափնեայ շրջաններուն մէջ տարեկան տեղումները 2000-2500 մմ են, լեռներուն՝ 4000-5000 մմ։

Գետային ցանցը խիտ է։ Գետերը կարճ են, ջրառատ։ Առաւել խոշոր գետերն են Փահանկը, Ռաճանկը, Պարամը, Քինապաթանկան։

Յոդեր, բուսական եւ կենդանական աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը տիրապետեն յարդ կղմնտրաքարերը, դաշտավայրերուն մէջ՝ համարժէքհողերը։ Տարածքի 3/4-ը ծածկուած է մշտադալար խոնաւ արեւադարձային անտառներով, լեռներու ներքին գոգաւորութիւնները՝ չորասէր թփուտներով, բարձրադիր մասերը՝ մարգագետիններով։ Կենդանական աշխարհը բազմատեսակ է, հարուստ։ Կը հանդիպին Փիղ, երկեղջիւր ռնգեղջիւր, հիմալայան արջ, վագր, յովազ, գոմշացուլ, մարդանման կապիկներ, գետակինճ, կոկորդիլոսներ եւ այլն։

Մալեզիայի բնակչութիւնը կը բնութագրուի էթնիկական բարդ կազմով։ 50,1%[3]-ը մալայացիներ են, 22,6%[3]-ը՝ չինացիներ, 11,8%[3]-ը տեղաբնիկները, 6,7%[3]-ը՝ հնդիկներ։ Պետական լեզուն մալայերէնն է, կրօնը՝ իսլամութիւնը։ Կան նաեւ բուտտայիականներ, քոնֆուցիակտններ եւ քրիստոնեաներ։ Պաշտօնական տոմարը գրիգորեանն է, կ՛օգտագործուին նաեւ իսլամական (լուսնային հիճրա) եւ լուսնային տոմարները։ Խոշոր քաղաքներ են Քուալա Լումպուրը, Փինանկը, Իփոհը, Ճոհոր Պարուն, Քլանըը, Մալաքքան։

Ներկայիս Մալեզիայի արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ շատ արագ։ Տնտեսական համագործակցութիւն հաստատած է Ճափոնի հետ. իր տարածքին տեղաբաշխածէ վերջինիս պատկանող աշխատատարարտադրութիւններ (ռադիոտեխնիկական, ելեկտրոնային սարքաշինական, ինքնաշարժներու հաւաքման, թեթեւ արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններ)։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդիւնաբերութեան մէջ առաջատարը հանքարդիւնահանող (նաւթ, կազ, անագ, վոլֆրամ, երկաթ, պղինձ, ոսկի) եւ վերամշակող ճիւղերն են։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութեան առաջատար ճիւղը երկրագործութիւնն է՝ յատկապէս քաուչուկատուներու մշակութիւնը։ Կը մշակեն նաեւ իւղատու եւ կոկոսեան արմաւենիներ, բրինձ, ծխախոտ, արքայախնձոր եւ այլն։ Կը զբաղուին ձկնորսութեամբ։

Արտաքին առեւտուր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ՛արտահանէ ելեկտրական սարքաւորումներ, փայտանիւթ, նաւթ եւ նաւթամթերքներ, արմաւի իւղ, արեւային վահանակներ։ Կը ներմուծէ՝ մեքենաներ եւ սարքաւորում, վառելանիւթ, քիմիական նիւթեր, նաւթամթերք, քիմիական նիւթեր, պողպատ եւ այլն։ Արտաքին առեւտրական գործընկերներն են Ճափոնը, ԱՄՆ, Սինկափուրը, Մեծ Բրիտանիան, Թայլանտը, Չինաստանը, Հոնկ Քոնկը, Հարաւային Քուրիան, Ինտոնեզիան[4]: Դրամական միաւորը ռինկիթն է (Մալեզիական տոլար)։

Մալեզիայի զինուած ուժերը (109 հազար մարդ, 2014) կազմուած են ցամաքային զօրքերէ (60 հազար մարդ), ռազմաօդային (26 հազար մարդ) եւ ռազմածովային (23 հազար մարդ) ուժերէ։ Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը գերագոյն կառավարիչն է։ Անմիջական ղեկավարութիւնը կ՛իրականացնէ պաշտպանութեան նախարարը։ Բանակը կը համալրուի վարձուող կամաւորներով, թէեւ կայ համընդհանուր զինապարտութեան օրէնք։

Բժշկա-աշխարհագրական բնութագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014-ին Մալեզիայի մէջ ծնունդը կազմած է 1000 բնակիչին՝ 19,71[5], մահացութիւնը՝ 5[5]: Կը գերակշռեն վարակիչ եւ մակաբուծական հիւանդութիւնները։ Մահացութեան հիմնական պատճառներն են ուղեղի անօթներու ախտահարումները, թոքաբորբերը, տուբերկուլոզը, չարօրակ նորագոյացութիւնները, ստամոքսաաղիքային համակարգի հիւանդութիւնները, տարածուած են մալարիան, բորը, պարբերաբար կը գրանցուին քոլերայի դէպքեր։

Մամուլ, ռադիոհաղորդումներ, հեռուստատեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաւել խոշոր թերթերէն են. մալայերէն՝ «Ութուսան Մելայյու» («Utussan Melayu»), «Ութուսան Մալեզիա» («Utusan Malaysia»), «Պերիթա Հարիան» («Berita Harian»), անգլերէն՝ «Աթրէյթս թայմս» («Straits Times»), «Մալա մեյլ» («Malay Mail»), չինարէն՝ «Նանեան շանպաօ», «Մինչժոու ժիպաօ», «Չժունգօ բաօ», «Մալա թունպաու», թամիլերէն՝ «Թամիլ նեսան»: 1967-էն կը գործէ պաշտօնական կառավարական տեղեկութեան գործակալութիւնը՝ Պերնամա։ Ռադիոհաղորդումները կը տրուին մալայերէն, անգլերէն, չինարէն եւ թամիլերէն։ Հեռուստատեսութիւնը կը գործէ 1963-էն։

Մալեզիայի մէջ տարածուած բազմաթիւ ազգերը, կրօնքներն ու լեզուները իրենց իսկ բազմազանութեամբ կերտած են երկրի մշակոյթը։ Այստեղ ապրող տարբեր ազգերէն բաղկացած բնիկները՝ օրանգասլիներ, մալայներ, չինացիներ, հնդիկներ, իրենց ուրոյն տեղը ունին Մալեզիական մշակոյթին մէջ։ Եւրոպացիներու եւ արաբներու երկարաժամկէտ ներկայութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ թողած է իր հետքը։ Ինչպէս հարեւան երկրին՝ Սինկափուրին, այդպէս ալ Մալեզիային յաճախ կ՛անուանեն «Ասիոյ մանրանկար»։

Ժողկրթութեան համակարգի մէջ կը մտնեն 6-ամեայ տարրական, 3-ամեայ ցած, 2-ամեայ բարձր միջնակարգ դպրոցները։ Համալսարան կ՛ընդունուին միջնակարգ դպրոցի 6-րդ դասարանի 2-ամեայ նախապատրաստական դասընթացներ աւարտողները։ Կը մասնագիտանան արհեստագործական դպրոցներու, միջնակարգ եւ բարձր տեսակի տեխնիկական ճեմարաններու մէջ։ Տարրական դպրոցի ուսուցիչներ ւկ պատրաստեն 3-ամեայ մանկավարժական կեդրոնները, միջնակարգ դպրոցի՝ 2-ամեայ մանկավարժական կեդրոնները եւ 2-ամեայ բարձրագոյն մանկավարժական ճեմարանները, ինչպէս նաեւ համալսարանները։ Բարձրագոյն կրթութիւն կու տան Մալայայի (1959), Քուալա Լումփուրի Ազգային (1970), Փինանկի (1969) համալսարանները։ Քուալա Լումփուրի մէջ կը գտնուի Մալեզիայի Ազգային գրադարանը (1971), Ազգային թանգարանը (1963)։

Գիտական Հիմնարկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալեզիայի խոշոր գիտական հիմնարկներէն են. Բնական քաուչուկի հետազօտական ուսումնարանը(1925, Քուալա Լումփուր), Գիւղատնտեսութեան ԳՀԻ (1969, Քուալա Լումփուր), Բժշկական հետազօտութիւններու ուսումնարանը (1900, Քուալա Լումփուր), Գիտական եւ արդիւնաբերական հետազօտութիւններու ազգային ուսումնարանը (1970)։ Հումանիտար գիտութիւններու բնագաւառին մէջ հետազօտութիւններ կը կատարեն Մալեզիայի Պատմութեան ընկերութիւնը, Մալայերէնի եւ մալայական գրականութեան գործակալութիւնը (1959), Թամիլերէնի ընկերութիւնը (1957)։

Մալեզիայի գրականութիւնը կը ստեղծուի մալայերէնով, չինարէնով, մասամբ թամիլերէնով, ինչպէս նաեւ անգլերէնով: Հիմնականը մալայերէնով գրականութիւնն է։ Նոր եւ նորագոյն մալայական գրականութիւնը կը սկսի Ապտուլլահ պին Ապտուլքատիր Մունշիով (1796-1854)։ Մալայացի հերոսներով առաջին վէպերու հեղինակը Ահմատ պին Հաճի Մուհամմատ Ռաշիտ Թալուն է (1889-1939)։ 1930-1940-ականներու գրականութեան մէջ ուժեղացան հայրենասիրական եւ հակագաղութային տրամադրութիւնները։ 1945-1957-ին առաջատար տեղ գրաւեցին ժողովուրդի կեանքի հրատապ խնդիրները արտացոլող բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները։ Քննադատական ռեալիզմի ուղղութեամբ վիպագրութեան զարգացմանը նպաստեցին Հասան պին Մուհամմատ Ալին (ծնած է 1928) եւ յատկապէս Ա. Ահմատ Սաիտը (ծնած է 1935)։ Աստիճանաւորներու եւ քաղաքական գործիչներու կաշառակերութեան մասին կը գրեն արձակագիրներ Հասան Իպրահիմը (ծնած է 1938), Ալիաս Ալին (ծնած է 1937), Շահնոն Ահմատը (ծնած է 1933)։ էթնիկական ու ընկերային հակասութիւններուն նուիրուած են Ա. Ահմադ Իսմայիլի (ծնած է 1924) եւ այլոց վէպերը։ Շատ ստեղծագործութիւններ կապուած են գիւղացիութեան կեանքին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն հետ (Իպրահիմ Օմար, ծնած է 1936, Ցահյի Իսմայիլ, ծնած է 1940, Ապտուլլահ Հուսղյն, ծնղած է 1921, Իլիաս Հարուն, ծնած է 1939)։

Մալեզիայի մէջ ապրող ժողովուրդներու աւանդական մշակոյթը հիմնականին կեդրոնացած է արհեստներու, փորագրութեան, ատաղձագործութեան եւ արծաթագործութեան վրայ։ Աւանդական մշակոյթը կ՛ընդգրկէ ձեռքով պատրաստուած զամբիւղներէ մինչեւ երկրի արծաթազարդ դատարանները։ Սկսած հնագոյն ժամանակներէն՝ ատաղձագործութեան հետ միասին աւանդաբար զարգացած է նաեւ գործուածքներու գեղանկարչութիւնը, որ անուանած են բատիկ։ Աւանդական արուեստի գործերու շարքին արժէ նշել ազգային Մալեզիական եւ ինտոնեզիական դաշոյնը կրիսը։ Շատ տարածքներու մէջ մշակուած է նաեւ կերամիկական արտադրանքի արտադրութիւն։ Աւանդական արուեստը տարբեր տարածքներու մէջ խիստ տարբեր է, սակայն հարկ է նշել, որ Մալեզիական արուեստի ձեւաւորման մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հնդկական մշակոյթը։ Միեւնոյն ժամանակ երկրի իսլամացման ընթացքին արուեստի հնդկական եւ բուտտայեական տարրերը սկսան կորսնցնել իրենց նշանակութիւնը տալով աւելի մեծ նշանակութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթին, իսկ յետագային Եւրոպական մշակոյթին։ Իսլամութիւնը պարտադրեց իր սեփական փոփոխութիւնները տեսողական արուեստներու բնագաւառին մէջ. երկար ժամանակ արգելքի տակ եղած են մարդոց կամ կենդանիներու տեսքով պատկերները։ Աւանդական Մալեզիական պարերը իրենց մէջ կը ներառեն ջոկէտ մելայու եւ զապին պարերը։ Վերջին տարիներուն մեծ ժողովրդականութիւն է վայելում դիքար բարատ երաժշտական ձեւաչափը, որն ակտիւօրէն աջակցւում է պետական իշխանութիւններու կողմէ իբրեւ Մալեզիական մշակոյթի կարեւոր մաս։ Դարեր շարունակ Մալեզիայի մէջ մեծ հռչակ վայելած է վայանգ կուլիտ ստուերային թատրոնը, ուր ներկայացման մէջ խաղցող աւանդական տիկնիկները պատրաստուած էին գոմէշի կաշիէ եւ նկարուած էին ձեռքով։ Ներկայացումները կը ցուցադրուէին տիկնիկներու ստուերներով, եւ յաճախ անոնք հիմնուած էին աւանդական պատմութիւններու, յատկապէս Ռամայանա եւ Մահապարատա հնդկական էպոսի վրայ։ Չինական համայնքներէն որդեգրած են այնպիսի պարեր, ինչպիսին են առիւծներու ու վիշապներու պարերը, իսկ հնդիկները նպաստած են այնպիսի պարային ձեւերու զարգացման, ինչպիսին են պարատանէատամ եւ պանկրայ ձեւերը։ Փորթուկալացի գաղթականները իրենց հետ բերած են այնպիսի պարեր, ինչպիսին են ֆարապէյրա եւ պրանէօ պարերը։ Մալեզիայի մէջ ապրող ժողովրդներու մեծ մասը ունին իրենց աւանդական պարերը։ Գոյութիւն ունին շարք մը աւանդական պարեր, որոնք յաճախ ունին շատ հզօր հոգեւոր նշանակութիւն։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մալեզիայի ճարտարապետութիւնը կը ներկայացնէ տարբեր ոճերու համադրութիւն՝ աւանդական չինականէն ու հնդկականէն մինչեւ եւրոպական։ Այսպիսով՝ Մալեզիական ճարտարապետութեան վրայ ներգործած են շատ երկիրներ։ Տուները կառուցուած են արեւադարձային պայմաններու մէջ, տանիքները բարձրացուած են ոտնափայտերով, իսկ տան պատուհանները մեծ են, որ թոյլ կու տայ օդի հոսքը սենեակ՝ դարձնելով այն զով։ Փայտը եղած է հիմանական շինանիւթը ամբողջ Մալեզիական պատմութեան մէջ։ Այն օգտագործուած է ամէն ինչի մէջ՝ սկսած հասարակ վրաններէ վերջացած թագաւորական պալատնենէ։ Բացի փայտէն նաեւ օգտագործուած են հնդկեղէգը եւ տերեւը։ Քուլա Քենկարի մէջ գտնուող Իսթանա Քենենկանը կառուցուած է1926-ին եւ միակ Մալեզիական պալատն է հնդկեղէգէ պատերով։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  2. «Մալեզիայի Բնակչութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-23 
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 «Մալեզիայի Բնակչութեան կազմը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-23 
  4. «Մալեզիայի Առեւտրաշրջանառութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-23 
  5. 5,0 5,1 «Մալեզիայի Առողջապահութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-01-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-23 

Արտաքին հղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]