Jump to content

Մարքօ Փոլօ

Մարքօ Փոլօ
իտալ.՝ Marco Polo
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 1254[1]
Ծննդավայր Վենետիկ, Վենետիկի հանրապետութիւն[2]
Մահացած է 8 Յունուար 1324[2][3] (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Վենետիկ, Վենետիկի հանրապետութիւն[2]
Քաղաքացիութիւն  Վենետիկի հանրապետութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ The book of Ser Marco Polo the Venetian concerning the kingdoms and marvels of the East?
Մասնագիտութիւն առեւտրական, Ճանապարհորդ, հետազօտող, դիւանագէտ, դեսպան, world traveler, գրագէտ, ճանապարհորդ, ձեռնարկատէր, յուշագրող
Ամուսին Տոնաթա Պատէօր
Ծնողներ հայր՝ Նիքոլօ Փոլօ
Երեխաներ Ֆանթինա Փոլօ եւ Agnese?[4]

Մարքօ Փոլօ (իտալ.՝ Marco Polo), իտալացի վաճառական, ճանապարհորդ եւ գրող[5][6][7][8][9]։ 1300-ին իր շարադրած «Աշխարհի հրաշքներու մասին» (ֆրանսերէն՝ Livres des merveilles du monde) գիրքին մէջ ներկայացուցած է Ասիոյ երկիրներուն մէջ իր ճանապարհորդութիւններուն պատմութիւնը։ Գիրքը կը ներկայացնէ եւրոպացիներուն Չինաստանի ընդարձակ տարածութիւնները, հարստութիւնները, անոր մայրաքաղաք Փեքինը եւ ասիական այլ երկիրներու քաղաքները եւ երկիրները։ Մարքօ Փոլօ առեւտրական գործը սորված է իր հօրմէն եւ հօրեղբօրմէն՝ Նիքոլօ եւ Մաթէօ Փոլօներէն, որոնք ճամբորդած էին Ասիա եւ հանդիպած Խուպիլային։ 1269-ին անոնք վերադարձած են Վենետիկ եւ առաջին անգամ հանդիպած Մարքոյին։ Ապա կրկին ճամբայ ելած են Ասիա՝ այս անգամ երեքով եւ վերադարձած Վենետիկ՝ 24 տարի ետք։

Վենետիկ այդ օրերուն պատերազմի մէջ էր Ճենովայի հետ։ Մարքօ կը բանտարկուի եւ իր պատմութիւնները կը թելադրէ բանտախցիկի ընկերոջը։

1299-ին ազատ կ'արձակուի, կը դառնայ ունեւոր վաճառական, կ'ամուսնանայ եւ կ'ունենայ երեք երեխայ։

Կը մահանայ 1324-ին եւ թաղուած Վենետիկի Սեն Լորենցօ եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ։

Մարքօ Փոլօ Չինաստան հասած առաջին եւրոպացին չէր, բայց ան առաջինն էր, որ իր ճանապարհորդութիւններուն մասին մանրամասն ժամանակագրութիւն ձգած էր։ Անոր գիրքը նշանակալի ազդեցութիւն ունեցած է ԺԴ.-ԺԶ. դարերուն ծովագնացներու, քարտէզագիրներու եւ գրողներու վրայ։ Յատկապէս, անիկա եղած է Քրիսթոֆըր Քոլոմպոսի սեղանին գիրքը՝ անոր Հնդկաստանը որոնելու ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]