Չինական Մեծ Պատը
Չինական մեծ պատը, Չինական մեծ պատը շարք մը պաշտպանական կառոյցներու համալիր է, որ կ'երկարի Չինաստանի հիւսիսին եւ Մոնկոլիոյ հարաւին միջեւ: Նման կառոյցներ ստեղծուած են հնագոյն ժամանակներուն քոչուորներէն պաշտպանուելու համար: Կը կարծուի, որ զայն միասնական համալիր դարձուցած է առաջին չին կայսր Ցին Շի Հուանտը (ՔԱ. 259-210 թուականներուն): Ամէնէն երկար եւ լաւագոյն ձեւով պահպանուած հատուածը կառուցուած է Մին տոհմին իշխանութեան օրով: Պատին երկարութիւնը շուրջ 850 քիլոմեթր է` Լիաոնին նահանգէն մինչեւ Կանսու[1][2]:
Փլուզուած բաժիններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չինական մեծ պատին 2 մեթրնոց մէկ բաժինը փլած է 6,9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի պատճառով:
8 Յունուար 2022, Ցինհայ նահանգի շրջաններէն մէկուն մէջ արձանագրուած է ուժեղ երկրաշարժ մը, որմէ ետք իշխանութիւնները մշակութային ժառանգութեան կոթողներու ստուգումներ կատարած են երկրաբանական շարժումներու պատճառով վնասուած շրջանին մէջ: Մասնագէտները պատի փլուզումը յայտնաբերած են հարեւան Կանսու նահանգին մէջ: Փլուզումը տեղի ունեցած է երկրաշարժի կեդրոնէն 114 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Պատի փլած հատուածը կառուցուած է Մին տոհմի իշխանութեան ժամանակ (1368-1644): Վերականգնման համար պաշտպանիչ սարքեր տեղակայուած են պատին տուեալ մասին մէջ: