Երկրագործութիւն
Հողագործութիւն, երկրագործութիւն, գիւղատնտեսութեան ճիւղ։ Նաեւ գիտութիւն, որ կ'ուսումնասիրէ բոյսերու մշակութեան ընդհանուր ձեւերը, կը մշակէ հողին օգտագործման եւ բերրիութեան բարձրացման արդիւնաւէտ եղանակները։ Հողագործութեամբ զբաղողը կը կոչուի հողագործ, ինչպէս նաեւ երկրագործ:
Երկրագործութիւնը բնակչութեան պարէն կ'ապահովէ, իսկ անասնապահութեան՝ կերով։
Հողագործութիւնը Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական լեռնաշխարհին մէջ երկրագործութեամբ զբաղած են միջին քարի դարէն։ Ունեցած է երկու գլխաւոր հանգրուան՝ բրիչային եւ արօրային։ Ըստ հնագիտութեան հնաբուսաբանութեան տուեալներու՝ առաջին բոյսերը (ցորեն, գարի, բրինձ, պտուղներ եւ այլն ) մշակուած են Ք.Ա. 10-8 դարերէն։ Գիտական տեղեկութիւնները կը վկայեն, որ հայկական լեռնաշխարհը ցորենի, խաղողի եւ կարգ մը պտղատու ծառերու մշակութեան նախասկզբնական կեդրոններէն է։ Կարգ մը շրջաններու մէջ (Շէնգաւիթ, Կարմիր բլուր, Մոխրաբլուր) յայտնաբերուած են ցորենի, գարիի, կորեկի մնացորդներ, հացահատիկի կարասներ, երկրագործական գործիքներ, ինչպէս նաեւ Գեղամայ եւ Զանգեզուրի լեռներու ժայռապատկերները կը վկայեն, որ միջին եւ նոր քարէ դարերուն հայկական լեռնաշխարհին մէջ արօրային Երկրագործութիւն եղած է։
Ք.Ա. 9-6 դարերուն հայկական լեռնաշխարհին մէջ ստեղծուած են նաեւ ոռոգման լայն համակարգեր, ինչպէս՝ Ք.Ա. 9-րդ դարուն Մենուայի ջրանցքը եւ Շամիրամի ջրամբարը, որոնք կը գործեն մինչեւ այսօր: Գործածուած են կատարեալ երկաթէ խոփեր, գիւղատնտեսական այլ գործիքներ, որոնց շնորհիւ զարգացած է երկրագործութիւնը։ Այս բոլորին մասին կը վկայեն պատմիչներ Ստրաբոնի, Հերոդոտոսի, Քսենոֆոնի եւ Մովսէս Խորենացիի տեղեկութիւնները։ Մշակուող բոյսերը գլխաւորաբար աճած են քարքարոտ եւ ոռոգելի հողերու մէջ, իսկ անոնց սննդառութիւնը ապահովուած է նաեւ պարարտացմամբ (գոմաղբ)։ Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին Հայաստանի մէջ մշակուած եւ կիրարկուած են հողի բերրիութեան վերականգնման ու բարձրացման եղանակները բնորոշող երկրագործութեան որոշ համակարգեր։