Jump to content

Բամպակենի

Բամպակենի
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Ընտանիք Մոլոշազգիներ
Ցեղ Բամպակենի
Լատիներէն անուանում
Gossypium
 L.1753 


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Բամպակ (բամպակենի) (լատ.՝ Gossypium Gossypium), մոլոշազգիներու (տուղտազգիներ) ընտանիքին պատկանող բազմամեայ բոյսերու ցեղ։ Տարածուած է 35 տեսակ, որոնցմէ հինգը՝ մշակուած ծառեր եւ թուփեր են։ Բամպակենին կ'օգտագործուի միայն իր կեանքին առաջին տարուան ընթացքին եւ այդ պատճառով ալ անիկա միամեայ կը համարուի ։

Ծաղիկին բանաձեւը՝ ։ Ծաղկումը կը սկսի Յունիսին եւ կը շարունակուի մինչեւ ցուրտ ամիսները։ Վայրի բամպակը կ'աճի երկրագունդին բոլոր ցամաքամասերուն վրայ։

Բամպակենին թուփ մըն է՝ կանգուն, ճիւղաւորուող ցօղունով, բարձրութիւնը՝ 70-140 սմ եւ աւելի։ Տերեւները կանաչ են՝ 3-7-բլթականի։ Տերեւակիցները երկուք են, կոկոնը շրջապատուած է երեք ծաղկակիցներով։ Բաժակը ձուլաթերթ է, պսակը՝ բաժանաթերթ, հինգ պսակաթերթերով։ Երեկոյեան պսակը կը դառնայ կարմրակապոյտ։ Ծաղիկը մեծ է, դեղին, բաց դեղին, վարդագոյն, գլխաւորաբար՝ ինքնափոշոտուող, երբեմն՝ խաչաձեւ փոշոտուող։ Պտուղը 3-5-բնանի, բաց կամ մուգ կանաչ, երբեմն՝ կարմիր, հարթ կամ մանր փոսիկներով տուփիկ մըն է (կնգուղ), կը պարունակէ 20-40 ձուաձեւ, մազմզուկապատ սերմ (փաթիլ)։ Մազիկներուն երկարութիւնը կը տարուբերի՝ 10-էն մինչեւ 65մմ։ Սերմնարանը՝ վերնադիր է, երեքէն հինգ բուներով, իւրաքանչիւր բունի մէջ կայ քանի մը սերմնասկզբնակ։ Սերմին կեղեւին արտաքին բջիջներէն կը յառաջանան բամպակի թելերը։ Բամպակենին բազմազան կիրարկութիւններ ունի։ Ներասերմ չունի (endosperm)։ Սերմերէն կը ստանան 16-20% ճարպաիւղ։ Բամբակենին արժէքաւոր թելատու, ձիթատու եւ մեղրատու բոյս մըն է։

Սովորական կամ մեքսիկական բամպակենին կու տայ բամպակի համաշխարհային հումքին 70%-ը: Կը մշակուի ԱՄՆ-ի, Մեքսիքոյի Պրազիլի, Արժանթինի Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ որոշ շրջաններուն մէջ։ Փերուական բամպակենին եգիպտական եւ խորհրդային նրբաթել բամպակենին է, որմէ կը ստացուի երկարութեամբ, բարակութեամբ եւ ամրութեամբ լաւագոյն թելը։ Կը մշակուի Եգիպտոսի, Սուտանի, Պրազիլի եւ Փերուի մէջ։ Հնդկաչինական բամպակները կը մշակուին Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Չինաստանի, միջինասիական պետութիւններուն եւ Ազրպէյճանի մէջ։ Տեսակներէն են նաեւ՝

  • սարահարթային բամպակ, G. hirsutum՝ ծաղկակիցները կարճ են։
  • եգիպտական բամպակ, G. barbadense՝ տերեւակիցները երկար են, նշտարաձեւ։
  • ասիական բամպակ, G. herbaceum՝ տուփիկը հասունացած վիճակին մէջ թոյլ կը բացուի։

Մարաշը բամպակի մշակման ու ներկման կարեւոր կեդրոններէն եղած է[1]:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բամպակենի մշակուած է մինչեւ 1966 թուական։

Մեքենայացուած բերքահաւաքը

Բամպակենին շատ կը սիրէ ջերմութիւն, լոյս, արգաւանդ հող եւ խոնաւութիւն։ Սովորաբար զայն կ'աճեցնեն արհեստական ոռոգմամբ։ Երբ պտուղը կը հասուննայ, անոր փեղկերը կը բացուին, եւ անոնցմէ դուրս կու գայ սպիտակ, փափուկ մանրաթելի փոքրիկ զանգուած մը։ Մանրաթելը կը հաւաքեն սերմերուն հետ միասին՝ գլխաւորաբար բամպակահաւաք մեքենաներով։ Յատուկ մեքենաներ սերմերու վրայէն կը հեռացնեն մանրաթելը եւ կ'ուղարկեն մանուածքային գործատուներ, ուր բամպակը կը մանեն ու գործուածքներ կը հիւսեն։ Բամպակէն կը պատրաստեն նաեւ կերպընկալ (փլասթիք), թաղանթանիւթ, լուսանկարչական ժապաւէն եւ թուղթ։ Բամպակենիին սերմերէն կը քամեն ձէթ, որ կ'օգտագործեն պահածոներու արդիւնաբերութեան, բուսական իւղերու եւ օճառի արտադրութեան մէջ։ Ձէթը քամելէն ետք կը մնայ կոպտոնը, որ անասունի խտացուած կեր է, կը պարունակէ մինչեւ 40% սպիտակուցներ։ Ձէթը քամելու ընթացքին յառաջացած միւս մնացորդներէն կ'անջատեն կուպրը, որ կ'օգտագործեն ճանապարհային ամուր ծածկոյթներու եւ ջերմակայուն ջնարակներ պատրաստելու համար։ Սերմերու կեղեւը կը կիրարկեն եթիլ եւ մեթիլ ալքոհոլներու արտադրութեան մէջ։ Ցօղունը վառելանիւթ է եւ շինանիւթ։ Տերեւներէն կը զատեն կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու:

2012-ի ամէնէն շատ բամպակ արտադրող երկիրները[2]
Տեղ Երկիր Արտադրութիւնը
1 Չինաստան 6 840
2 Հնդկաստան 5 321
3 Միացեալ Նահանգներ 3 598
4 Փաքիստան 2 215
5 Պրազիլ 1 638
6 Իւզպեքիստան 1 052
7 Աւստրալիա 973
8 Թուրքիա 851
9 Յունաստան 367
10 Մեքսիքօ 220
Աշխարհ 25 955

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Բամպակի մշակումը Հայաստանի մէջ
  2. Միաւորուած Ազգերու Պարէնի Եւ Գիւղտնտեսութեան Կազմակերպութիւն[permanent dead link]
  3. «Բամպակի արտադրութիւնը Աւստրալիոյ մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-06-25-ին։ արտագրուած է՝ 2021-11-07 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։