Կրկին անգամ խմբագրաթոնի օրեր են։ Այս խմբագրաթոնը յատուկ է անով, որ առաջին անգամ կը կազմակերպուի Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի առանձին հարթակին վրայ։
Քանի որ այս տարի կը նշուի հայ մշակոյթի չորս կարեւոր դէմքերու՝ Կոմիտասի, Յովհաննէս Թումանեանի, Լեւոն Շանթի եւ Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակները, յարմար տեսանք այս խմբագրաթոնը նուիրել անոնց կեանքին ու վաստակին։ Այսպիսով, նոր խմբագրուելիք նիւթերու ամբողջ ցանկը պատրաստուած է այս ընդհանուր թեմային շուրջ։
Նաեւ, քանի որ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացումը տեղի կ’ունենայ ոչ միայն նոր յօդուածներ խմբագրելով, այլ նաեւ՝ արդէն իսկ խմբագրուած յօդուածները բարելաւելով, այս անգամ եւս կը ներկայացնենք բարելաւման կարիք ունեցող յօդուածներու ցուցակ մը։ Կը խնդրենք յատուկ ուշադրութիւն դարձնել այս ցուցակին ու փորձել բարելաւել գոնէ մէկական յօդուած։
Անհրաժեշտ է, որ մասնակիցները ստորագրեն իրենց ընտրած յօդուածին կողքը՝ նախքան խմբագրման անցնիլը։
Ստորագրել միայն այն յօդուածները, որոնց վրայ անպայման պիտի աշխատիք։ Նախընտրելի է խմբագրել կամ բարելաւել միայն մէկ յօդուած, սակայն զայն լաւապէս խորացնելով, քան՝ միաժամանակ աշխատիլ քանի մը յօդուածներու վրայ, առանց լուրջ բովանդակային ներդրում ունենալու։
Բարելաւման համար ներկայացուած յօդուածներուն պարագային նկատի ունենալ, որ անոնք կարիք ունին թէ բովանդակային (գրառում եւ պատկեր) եւ թէ լեզուական ներդրումներու։
Յօդուածներու խմբագրման ընթացքին անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել լեզուի մաքրութեան եւ շարադասութեան ճշգրտութեան։
Խմբագրուած յօդուածը հրապարակելէ առաջ անպայման ուշադիր կարդալ եղած ներդրումը եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, կատարել ուղղումներ։
Տրամադրուած նիւթերու ցանկէն զատ, մասնակիցները ազատ են խմբագրելու եւ բարելաւելու իրենց նախընտրութեամբ այլ նիւթեր՝ խմբագրաթոնի թեմային ծիրին մէջ։
Ողջունելի է յօդուածները հարստացնել՝ նշելով տրամադրուած աղբիւրներէն զատ այլ աղբիւրներ եւ ծանօթագրութիւններ։
Հեղինակային իրաւունքը պահպանելու համար աղբիւրներուն բովանդակութիւնը նոյնութեամբ չկրկնօրինակել։
Այն յօդուածները, որոնց բովանդակութիւնը կազմուած է բառացի թարգմանութեամբ եւ կամ ընդօրինակութեամբ, ենթակայ են ջնջման։
Ուշադրութիւն
Խմբագրաթոնին մասնակցելու համար պարտադիր չէ խմբագրել միայն այս ցուցակով ներկայացուած յօդուածները։ Կարելի է, եւ նոյնիսկ քաջալերելի է, որ խմբագիրները թեմային ծիրին մէջ ընտրեն ու խմբագրեն իրենց նախընտրած այլ նիւթեր, անշուշտ՝ յղում կատարելով համապատասխան աղբիւրներու։
Մասնակիցի ստորագրութիւնը զետեղուած է իւրաքանչիւր նիւթի կողքը։
Ստորեւ՝ խմբագրաթոնին համար առաջարկուող նիւթերուն ցանկը, համապատասխան աղբիւրներով։