Թարխուն (լիմոնաջուր)
«Թարխուն» (վրացերէն՝ տարխունա [tʼaɾχuna], ռուսերէն՝ տարխուն) վրացական կազաւորուած ընպելիք մըն է[1], որուն համը կը ստացուի թարխունի (tarragon) եւ/կամ անտառային թարխունի (woodruff) մուղուածքով (extract)։
Անիկա առաջին անգամ ստեղծուած է 1887 թուականին, Քութայիս քաղաքին մէջ, վրացի դեղագործ Միթրոֆան Լակիձէի կողմէ։ Լակիձէն սկսաւ գազաւորուած ջուրին աւելցնել կովկասեան թարխունի բուրաւէտ մուղուածքը՝ խառնելով զայն իր սեփական արտադրութեան բնական օշարակներուն հետ[2]։
Նախքան Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, Լակիձէն բազմաթիւ անգամներ ոսկէ մետալներ ստացած է միջազգային ցուցահանդէսներու ընթացքին՝ իր պատրաստած ջուրերուն համար[3]։ 1927 թուականին, խորհրդային իշխանութիւնները Թիփղիսի (Թբիլիսի) մէջ կառուցեցին «Լակիձէի ջուրեր»-ու արտադրութեան գործարան մը, իսկ Լակիձէն նշանակուեցաւ անոր տնօրէնը։
Հասանելիութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԽՍՀՄ-ի մէջ առաջին զանգուածային վաճառքը կ'ըլլայ 1981 թուականին։ Փորձնական խմբաքանակը կը վաճառուի Ցիցինի անուան Մոսկուայի գլխաւոր բուսաբանական այգիին մէջ 0,33 լիդր տարողութեամբ սդանտարտ շիշերով։ Յետագային անոր բաղադրատոմսը կը հյանձնուի սնունդի արդիւնաբերութեան եւ 1983 թուականէն սկսած «Թարխունը» կը վաճարուի ԽՍՀՄ երկիրներու մեծ մասին մէջ եւ ՌԽՖՍՀ վարչական շրջաններուն մէջ։
Թարխունի հիւթին իսկական «Թարխունը» այժմ կ'արտադրուի դեղին գոյնի, բայց կանաչ շիշերով, որպէսզի համապատասխանէ սպառողներու սովորութիւններուն։ Ներկայիս առաւել յաճախ «Թարխուն» կ'արտադրեն՝ օգտագործելով բաց դեղին E102 եւ կապոյտ E133 ներկեր[4], սակայն կայ նաեւ ըմպելիքի լրիւ բնական տարբերակը, օրինակ՝ գերմանական ապրանքանիշով վաճառուող «Wostok» լիմոնադը։
Ապրանքանիշի Կարգավիճակ[5]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]OÜ Acerra եւ AS Tallinna Karastusjoogid ընկերութիւններու միջեւ ծագած ապրանքանիշի վէճի մը ընթացքին, Էսթոնիոյ Տնտեսական հարցերու եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը վճռեց, որ «Թարխուն» (Tarhun) բառը ըմպելիքը բնորոշող ընդհանուր եզր մըն է, եւ հետեւաբար, ըստ Էսթոնիոյ Հանրապետութեան օրէնքներուն՝ չի կրնար գրանցուիլ որպէս առանձնաշնորհեալ ապրանքանիշ։
Էսթոնիոյ մէջ կարելի էր գտնել թէ՛ տեղական եւ թէ՛ ռուսական արտադրութեան «Թարխուն» ըմպելիքները նոյն վաճառասեղաններուն վրայ, քանի որ անիկա կը թորուի ու կը շշալցուի երկու երկիրներուն մէջ ալ՝ տարբեր ընկերութիւններու կողմէ եւ բաղադրութեան չնչին տարբերութիւններով։ 2015 թուականին, էսթոնական AS Tallinna Karastusjoogid ընկերութիւնը, որ «Թարխունի» տեղական արտադրողն ու բաշխողն էր, դադրեցուց իր գործունէութիւնը. անոր սեփականատէրը՝ AS Haljas-ը, վաճառքի հանեց արտադրամասը «օտարերկրեայ ներդրողի» մը, որուն անունն ու ծագման երկիրը անյայտ մնացած են։
2019-ի դրութեամբ, Էսթոնիոյ խանութները կը վաճառեն Վրաստանի, Լիթուանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ պատրաստուած թարխունի լիմոնատներ, թէեւ այդ ապրանքանիշերէն ոչ մէկը հասած է համատարած վաճառքի բոլոր խանութներու ցանցերուն մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ The Georgian Feast by Darra Goldstein p.43, University of California Press, 1999
- ↑ "This Bright Green Tarragon Soda Was a Soviet Summer Treat". Atlas Obscura. Retrieved 2024-12-27.
- ↑ "Lagidze Water - Manufacturer - Needl by Wabel". needl. Retrieved 2024-12-27.
- ↑ ««Թարխուն» ոչ ալկոհոլային ըմպելիք — Патент РФ 2098987»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-13
- ↑ (անգլերեն) Tarkhuna (drink), 2025-11-19, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Tarkhuna_(drink)&oldid=1323098297, վերցված է 2026-03-03