Jump to content

Այլաբանութիւն

Երաժշտութեան այլաբանութիւն, Ֆիլիփփօ Լիբբի (1475 - 1500)

Այլաբանութիւն ալեկորիա (հին յունարէն՝ ἀλληγορία` այլաբանութիւն), փոխակերպութեան տեսակներէն մէկը, որով իրականութեան որեւէ կողմի, երեւոյթի, առարկայի մասին գաղափար կը տրուի ո՛չ թէ ուղղակի նկարագրութեամբ, այլ գեղարուեստական յստակ պատկերի, խօսքի ուրոյն կառուցման միջոցով։[1]

Այլաբանութիւնը լայնօրէն կը գործածուի առակներու եւ հէքեաթներու մէջ: Կենդանիներու, բոյսերու, անշունչ` առարկաներու եւ այլ բնական երեւոյթներու անձնաւորման միջոցով կը պատկերացուին մարդիկ, անոնց բնաւորութեան դրական կամ բացասական գիծերը` դաստիարակելու, թերութիւնները քննադատելու ուղղելու նպատակով: Օրինակ` առակներու մէջ աղուէսի միջոցով կ’ակնարկուի խորամանկ եւ հնարամիտ մարդոց, գայլի միջոցով` կը ծաղրուի մարդոց ագահութիւնը եւ դաժանութիւնը, ճպուռի միջոցով` ծուլութիւնը, կրիայի միջոցով` դանդաղութիւնը: Առակներու մէջ բնաւորութեան դրական գիծեր կը ներկայացնեն գառնուկը, մեղուն, մրջիւնը, աղաւնին, ձին եւ այլն:

Այլաբանական բնոյթի գրուածք մըն է Ղազարոս Աղայեանի «Յիշողութիւն» բանաստեղծութիւնը, որ գրած է ցարական կառավարութեան կողմէ հայկական դպրոցներու փակման առնչութեամբ: Հեղինակը կարելիութիւն չունենալով բացայայտ կերպով արտայայտելու իր միտքերը, դիմած է խօսքի այլաբանական ձեւին: Ոտանաւորին մէջ շարունակ բոյն շինող եւ նորոգող ծիծեռնակը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը, անոր շինարար ոգին, բռնութիւններուն դիմանալու անոր կամքը: Իսկ արիւնարբու թշնամին կը ներկայացնէ բռնակալութիւնը:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Այլաբանություն, 2022-08-11, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%B5%D5%AC%D5%A1%D5%A2%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=8487049, վերցված է 2025-06-13