Jump to content

Վահէ Պէրպէրեան

Վահէ Պէրպէրեան
անգլերէն՝ Vahe Berberian
Ծննդեան անուն Վահէ Պէրպէրեան
Ծնած է 11 Յուլիս 1955(1955-07-11) (70 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան և  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[1]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Մասնագիտութիւն գրագէտ, դերասան, գեղանկարիչ, կատակերգակ, լրագրող, ժապաւէնի բեմադրիչ և ստենդ ափ երգիծաբան
Ամուսին Փէթի Պէրպէրեան
Կայքէջ vaheberberian.com

Վահէ Պէրպէրեան, (11 Յուլիս 1955(1955-07-11), Պէյրութ, Լիբանան), լիբանանահայ եւ ամերիկահայ թատերագիր, նկարիչ, գրագէտ, արուեստագէտ, դերասան[2], երգիծաբան[3] եւ մենախօս[4]։

Ծնած է 1955 թուականի Յուլիսի 11-ին, Պէյրութ[2]։ Երկրորդական ուսումը՝ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան։ Կանուխէն մասնակցած է թատերախումբերու («Փորձառական թատրոն»-ի անդամ)։ 1976–ին Լիբանանէն անցած է Գանատա, ապա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Լոս Անճելըս[5] հաստատուած՝ շարունակուած է տանիլ թատերական գործունէութիւն, նախ թատերախումբերու, ապա անհատական ներկայացումներու մէջ[6]։ Իբրեւ դերասան ան բեմ բարձրացած է աւելի քան երկվեցեակ մը դերերով եւ աւելի քան 30 շարժանկարներու մէջ, որոնց կարգին Clear and Present Danger, Patriot Games, Armageddon եւլն[7]։ Իբրեւ գեղանկարիչ, Վահէ իր իւղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Լոս Անճելըսի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ[6]։ Վահէ Պէրպէրեանը միացաւ «#SaveAmulsar» (ՍէյվԱմուլսար) արշաւին ի պաշտպանութիւն բնութիւնը, Ամուլսարի մէջ ոսկիի հանքի շահագործումին դէմ[8]։

  • The Pink Elephant (1988) — թատերագիր, արտադրիչ
  • Money Talks ... (1997) — դերասան
  • 3 Weeks in Yerevan ... (2016) — դերասան, թատերագիր, բեմադրիչ, արտադրիչ
  • Russo & Anna (2017) — դերասան, թատերագիր
  • Honest Thieves (2019) — դերասան
  • East of Byzantium: War Gods and Warrior Saints — քամէօ

Մենախօսութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Եւայլն»
  • «Նաեւ»
  • «Տակաւին»
  • «Սակայն»
  • «Եթէ»[9]

ներկայացուցած էն բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին` Երեւան[10], Պէյրութ[11], Հալէպ, Պոլիս, Փարիզ, Կիպրոս, Ժընեւ, Սիտնի եւ Գալիֆորնիա[4]

Մեջբերումներ Վահէ Պէրպէրեանէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նոյն կերպարներուն կրկնօրինակները բոլոր քաղաքներուն մէջ կը տեսնես: Միակ ցաւալին այն է, որ կարգ մը քաղաքներու մէջ ուր մեծ թիւով հայեր կան, լեզուն սկսած է նահանջել
- [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 106. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. 1 2 Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը imdb.com կայքէջի մէջ (անգլերէն)
  3. ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ ԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ
  4. 1 2 3 ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ “ԵԹԷ“Ն ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ[permanent dead link]
  5. Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը armeniapedia.org կայքէջի մէջ
  6. 1 2 Վահէ Պէրպէրեան Հայ-Եմի. «Ուր որ երթամ դիմացս կ’ելլեն յեղափոխութեամբ խանդավառ մարդիկ, որոնք են պատրաստ են Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու կամ Հայաստան փոխադրուելու»[permanent dead link]
  7. «-Վահէ Պէրպէրեան / arasyayincilik.com կայքէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-22
  8. «Վահէ Պէրպէրեան Միացաւ Ամուլսարի Մէջ Հանքի Շահագործման Դէմ Արշաւին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-22
  9. Վահէ Պէրպէրեանի կենսագրութիունը artnet.com կայքէջի մեջ
  10. Vahe Berberian - "Ooremn" / Վահէ Պէրպէրեան - «Ուրեմն»
  11. Վահէ Պէրպէրեան Պէյրութի Մէջ Ներկայացուց «Ուրեմն» Մենաներկայացումը[permanent dead link]