Թէքէեան Մշակութային Միութիւն (Քանատա)
Արտաքին տեսք
Թէքէեան մշակութային միութեան Քանատա մասնաճիւղ, Թէքէեան մշակութային միութեան մասնաճիւղ Գանատայի մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնուած է 1965 թուականին, Մոնրէալ։ Թէքէեան մշակութային կեդրոններ կան Մոնթրէալի եւ Թորոնդոյի մէջ։ Միութեան հովանաւորութեամբ գործած են «Հայ Բեմ» թատերախումբը (1975-1983), ժողովրդական պարերու «Նայիրի» խումբը (1981-1990): 1978 թուականին կազմակերպուած է «Սեւան» պատասեկան ամառային երկամիսի ճամբարը։
Թորոնթոյի Մասնաճիւղ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թորոնթոյի Մասնաճիւղը հիմնուած է 1967 թուականին, կազմած է սեփական թատերախումբ եւ երգչախումբ եւ ստեղծած Թորոնթոյի առաջին ռատիոժամը։ Միութիւնը կը կազմակերպէ նաեւ հրապարակային դասախօսութիւններ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի մասին, գեղարուեստական ցուցահանդէսներ։ Կը հրատարակուի «Ապագայ» շաբաթաթերթը, ունի «Թէքէեանի ձայն» (1978 թուականէն) ռատիոժամը։