Jump to content

Կոմիտասեան Պատարագ

Կոմիտասի Պատարագը, Կոմիտաս Վարդապետին հեղինակած արական երգչախումբի Պատարագ:

Հայ հանճարեղ խմբավար Կոմիտաս Վարդապետ Էջմիածինի մէջ իր կրթութիւնը ստանալով եւ հոգեւոր ճեմարանին մէջ աշխատելով, ժողովրդական երգերուն կողքին յատուկ կարեւորութիւն տուաւ հայ հոգեւոր երաժշտութեան։ Կոմիտասեան խնամատար յանձնաժողովին ջանքերով, ան Պատարագը առաջին անգամ հրատարակեց 1933 թուականին Փարիզի մէջ, «Դաշնաւորեալ Երգեցողութիւնք Սրբոյ Պատարագի, Վասն Միասեռ Արական Խմբի» խորագիրով: Բնագիրը սեւագրութենէն մաքրագրեց եւ խմբագրեց Կոմիտասի սան, երգահան եւ խմբավար Վարդան Սարգիսեանը։Սուրբ Պատարագը առաջին անգամ ձայնագրուեցաւ 1988-ին Երեւանի մէջ[1]։

Կոմիտասեան Պատարագին Առանձնայատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոմիտասի Պատարագը կը յատկանշուի ինքնատիպութեամբ եւ համարձակ նորարութեամբ, հագեցած՝ աշխարհիկ ոգիով, որուն պատճառով Հայ Եկեղեցին սկզբնական շրջանին անհամապատասխան համարեց զայն եւ չընդունեց կիրարկել եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագի ստեղծումի աշխատանքը սկիզբ առած է մեղեդիներու ընտրութեան երկարատեւ աշխատանքով։ Օտար ազդեցութիւններէն զերծ մեղեդիներու ընտրութեան նպատակով Կոմիտասը կը դիմէ գիւղական համեստ տիրացուներուն, որոնք մեղեդիներու աւանդական ձեւը պահած էին։ Կոմիտաս ունէր Պատարագի մշակման քանի մը տարբերակ։ Այդ մասին ան արտայայտած է իր նամակներէն մէկուն մէջ ըսելով «Հայկական Պատարագն ունեմ եօթ տեսակ բազմաձայն դաշնակած, բայց չի տպուած»։

Կոմիտասի ձգտումն էր ստեղծել ազգային Պատարագ։ Ան կ'աշխատէր Հայ Եկեղեցւոյ բազմադարեան երգեցողութիւնը մաքրել օտար շերտաւորումներէն, ազգային ոճաձեւերու անաղարտ գեղեցկութիւնը, զուսպ ու վեհ պարզութիւնը վերականգնել եւ ոճային մաքրութեան հասնիլ։ Վերամշակելով հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը՝ Կոմիտասը կը խուսափի աւելորդ գեղգեղանքներէն՝ աշխատելով կարելի եղածին չափ բիւրեղացնել եղանակներուն կազմութիւնը եւ սերտ կապ ստեղծել երաժշտութեան եւ լեզուի շեշտադրութեան միջեւ։

Կոմիտասեան Պատարագը կը տարբերի բոլոր նախորդ նմանօրինակ գործերէն, մանաւանդ Մակար Եկմալեանի Պատարագէն։ Կոմիտաս թէեւ «Երգեցողութիւնք Ս.Պատարագի» գրախօսականին մէջ քննադատութեան ենթարկած է Եկմալեանի Պատարագը, սակայն իր բարձր գնահատանքը յայտնած է զայն անուանելով «Ներդաշնակութեան անդրանիկ բուրաստան՝ հայ երգեցողութեան ամայի անդաստանին մէջ»։

Պատարագը կատարեալ է իր բովանդակութեամբ: Կը ներառէ «Խորհուրդ խորին»-ը, «Տէր, ողորմեա՛»-ն, «Գոհանամք»-ը։ Ան բազմաձայնութեան հիանալի օրինակ է, որուն միջոցով Կոմիտաս Վարդապետ ձգտած է հասնիլ խորունկ եւ արտայայտիչ խմբերգային հնչողութեան եւ ճշմարտացիօրէն ներկայացնել հայ հոգեւոր երաժշտութեան ոգին ու բնոյթը։ Կոմիտասի Սուրբ Պատարագը, բեմական-համերգային ըլլալու կողքին, բուն արարողական երկ է՝ օժտուած ոճական միասնականութեամբ եւ մինչեւ օրս առկայ է եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-28-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-28