Jump to content

Արիւնահոսութիւն

Յաճախ կը ստանանք վնասուածքներ, որոնց պատճառով կ'ունենանք արիւնահոսութիւն, որ կ'ըլլայ թոյլ, դիւրութեամբ կը դադրի եւ չի պահանջեր բժշկական հոգածութիւն: Բայց երբեմն արիւնահոսութիւնը դադրեցնող հասարակ քայլերը բաւարար չեն եւ տեղեակ չըլլալը նոյնիսկ կրնայ պատճառ դառնալ մահուան:

Մարդու մարմինը առանց յետագայ բարդութիւններու կրնայ կորսնցնել մինչեւ 10 տոկոս արիւն: Չափահաս մարդու մօտ այդ կը կազմէ 350-500 մլ.: Այս ծաւալէն աւելի արեան կորուստը կեանքին վտանգ սպառնացող է:

Արտաքին Արիւնահոսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արիւնահոսութիւն

Արտաքին արիւնահոսութիւնը արեան արտահոսքն է մարմինէն դուրս: Արիւնահոսութիւն ունեցող տուժածը սովորաբար կ'ըլլայ տագնապած, անհանգիստ, իսկ մեծ քանակով արեան կորուստի պարագային ան կ'ըլլայ թոյլ եւ կ'ունենայ գլխապտոյտ: Ենթակային անօթազարկը կ'արագանայ եւ շնչառութեան դժուարութիւններ կ'ունենայ, մաշկին գոյնն ու վիճակը կը փոխուի, տեսողութիւնը կը մթագնի եւ ծարաւ կը զգայ:

Այսպիսի պարագաներուն պէտք չէ մատնուիլ խուճապի եւ դադրեցնելու համար արիւնահոսութիւնը պէտք է ձեռքի ափով սեղմել վէրքը՝ ճնշելով անոր վրայ: Վէրքին վրայ տեղադրեցէք անձեռոցիկ կամ մաքուր կտոր: Կարելի չէ վէրքին վրայէն հեռացնել արեամբ ներծծուած անձեռոցիկը: Վիրակապով ծածկեցէք վէրքը եւ ամրացուցէք ծայրը: Ապա բարձրացուցէք տուժածին վնասուած բաժինը սիրտի մակարդակէն բարձր: Այս մէկը կը նպաստէ արիւնահոսութեան նուազեցման: Եթէ արիւնահոսութիւնը կը շարունակուի, ապա այլ անձեռոցիկով մը եւ ճնշումով վէրքը կապեցէք:

Արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու նպատակով կարելի է ճնշում գործադրել սեղման կէտերուն, որոնք մարմինի վրայ որոշակի հատուածներ են, ուր հիմնական սնուցող զարկերակը սեղմելով ոսկորին կարելի է նուազեցնել մարմինի համապատասխան բաժինի արիւնահոսութիւնը: Արիւնահոսութեան դադրեցման ընթացքին ներթափանցումը կանխելու նպատակով խուսափեցէք արեան հետ անմիջական շփումէ: Գործածեցէք ձեռնոցներ եւ կամ ալ պաշտպանիչ միջոցներ: Եթէ տուժածը ի վիճակի է, խնդրեցէք, որ ինք սեղմէ վէրքին վրայ: Եթէ տուժածին արիւնահոսութիւնը չի դադրիր ու արդէն շատ արիւն կորսնցուցած է, ապա հեռաձայնեցէք շտապ օգնութեան կեդրոններ:

Ներքին Արիւնահոսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներքին արիւնահոսութիւնը արեան արտահոսքն է մարմինի ներքին տարածութեան մէջ: Ներքին արիւնահոսութիւնը կը յառաջանայ կոտրուածքներու եւ ծանր վնասուածքներու իբրեւ հետեւանք (ինքնաշարժի արկած ... ) եւ կամ ալ որոշ հիւանդութիւններու պատճառով (ստամոքսի խոց , հեմոֆիլիա...):

Որովայնի խոռոչին մէջ գտնուող գործարանները (փայծաղը կամ լեարդը) կրնան վնասուիլ իրանին հասած ուժգին հարուածին պատճառով:

Ներքին արիւնահոսութեան ժամանակ արեան կորուստի ընդհանուր նշաններուն կողքին ներքին արիւնահոսութեան տեղը ենթական կ'ունենայ ցաւ, հիւսուածքներու պնդացում, այտուցուածութիւն եւ մաշկի գոյնի փոփոխութիւն:

Նմանօրինակ պարագայի տուժածը պէտք է պառկեցնել եւ խորհուրդ տալ չշարժիլ: Արիւնահոսութիւնը նուազեցնելու եւ ցաւը մեղմացնելու նպատակով արիւնահոսութեան տեղը դրէք սառով ծածկուած անձեռոցներ: Ենթական կ'ունենայ ծարաւի ուժեղ զգացում, սակայն ներքին արիւնահոսութեան պարագային տուժածին արգիլուած է խմելը կամ ուտելը: Այս պարագային ամէնէն արագ միջոցին պէտք է հեռաձայնէք շտապ օգնութիւն:

Ներքին արիւնահոսութիւն ուղեղի մէջ