Հենրիկ Մալեան


Հենրիկ Մալեան, հայ բեմադրիչ։

Ծնած է Վրաստան, 1925-ին։ Քսանամեայ՝ Թիֆլիսէն կ՛երթայ Երեւան իբր ուսանող, նախ՝ Երեւանի, ապա՝ Մոսկուայի գեղարուեստից հիմնարկներ։ Աւարտելով կը դառնայ բեմադրիչ ՝ Հայաստանի քաղաքային թատրոններուն մէջ։ 1954–ին, կ՛անցնի «Արմէնֆիլմ»ի աշխատանոցները։ Իր երկրորդ շարժանկարը՝ «Եռանկիւնի» (1967), կը գնահատուի երկրին մէջ, ուշադրութիւն գրաւելով նաեւ արտասահման։ 1942-1945 թուականներուն աշխատած է Թիֆլիսի ավիագործարանէն ներս որպէս գծագրիչ, փականագործ։ 1945-1951 թուականներուն սորված է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական ինստիտուտի ռեժիսորական բաժին[1] Լեւոն Քալանթարի արուեստանոցէն ներս։ 1953 թուականին աւարտած է Ա. Լունաչարսկիի անուան պետական ​​թատերական արուեստի ինստիտուտ ռեժիսորական ընդլայնուած դասընթացքները։

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մա­լեան իր թատ­րո­նը բա­ցած էր 1980-ին։ Դե­րասան­նե­րուն համագործակցութեան շնորհիւ թատրոնին մէջ շատ կա­րեւոր կէ­տեր ճշդո­ւեցան։ Անոնք Ստեղ­ծե­ցին ֆիլ­մեր, որոնք մտան հայ­կա­կան կի­նոյի ոս­կէ ֆոն­տը, Մա­լեան թատ­րո­նը կը գե­րադա­սէր ֆիլմին։ Հե­տաքրքրական է, որ ան թատ­րո­նը կո­չեց՝ «Կի­նօդե­րասա­նի թատ­րոն» եւ իր դե­րասան­նե­րը ընտրեց անոնց մէջ շեշտուած հայ մարդ ըլլալու սկզբունքով։ Ան բերաւ Մով­սէս Ստեփանեանը տրա­մադի­կական թատ­րո­նէն, Լե­ւոն Մե­լոյեանը՝ սի­րողա­կան թատ­րո­նէն, Գէոր­գ Յովակիմեան եւ Սա­րա Համ­բարձու­մեան զոյ­գը՝ Թիֆլիսի հայ­կա­կան թատ­րո­նէն… Մա­լեանի թատ­րո­նը իր ներ­կա­յացումնե­րով կասեցուց թա­տերա­կան հնա­մոլու­թիւնը։ Դժբախտաբար, Հեն­րիկ Մա­լեան կեանքէն հեռացաւ, երբ 62 տարեկան էր, բայց անոր թատրոնը շարունակեց իր կեանքը իր դստեր՝ Նարինէ Մալեանի ղեկավարութեամբ[2]։

Մինչեւ իր վաղահաս մահը (1988), Հենրիկ Մալեան պիտի հասնի արտադրելու մի քանի շարժանկարներ եւս (յատկապէս «Նահապետ», որոնցմով կը դառնայ հայկական շարժարուեստի պահու ամենաժողովրդական դէմքը։ Կը վարէ դասախօսական ու վարչական պաշտօններ, իր մարզին մէջ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]