Jump to content

Մկրտիչ Արմէն

Մկրտիչ Արմէն
Ծննդեան անուն հայ.՝ Մկրտիչ Գրիգորի Հարությունյան[1]
Ծնած է 27 Դեկտեմբեր 1906(1906-12-27)[2]
Ծննդավայր Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 22 Դեկտեմբեր 1972(1972-12-22)[1][2] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Ուսումնավայր Մոսկուայի Գերասիմովի անուան շարժապատկերի հիմնարկ[1]
Տեսակ վիպակ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, վիպասան, բանաստեղծ, արձակագիր և վիպասան
Աշխատավայր Գրական դիրքերում և Երիտասարդ Պոլշեւիկ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն և Հոկտեմբեր Միութիւն
Մկրտիչ Արմէնի յուշատախտակը Գիւմրիի մէջ

Մկրտիչ Արմէն (Յարութիւնեան, 27 Դեկտեմբեր 1906(1906-12-27)[2], Գիւմրի, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 22 Դեկտեմբեր 1972(1972-12-22)[1][2], Երեւան, Խորհրդային Միութիւն[1][2]), բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ։

Աւազանի անունով Մկրտիչ Յարութիւնեան, ծնած Է 27 Դեկտեմբեր 1906-ին Ալեքսանդրապոլ (այժմ Գիւմրի)։ Որդին է արհեստաւոր Գրիգորին: Նախնական ուսումը ստացած է Գիւմրիի «Ս. Փրկիչ» եւ Տղայոց Միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։ Իր հօր մահէն ետք յաճախած է Ամերիկեան Միսիոնարներու վարժարանը, որ այդ օրերուն Համաշխարհային Առաջին պատերազմէն վերապրած հայ որբերու գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկն էր։ Պատանի տարիքէն օժտուած է գրելու բնատուր ձիրքով: Որբանոցի կեանքն ու սկաուտական դաստիարակութիւնը իր մէջ արթնցուցած են արժանապատիւ կեանք մը ունենալու տեսլականը, որ շուտով ի յայտ եկած է իր գրութիւններուն մէջ:

1925-ին փոխադրուած է Երեւան, ուր խմբագրական պաշտօններ վարած է մամուլի եւ «Հայ Ֆիլմ» շարժապատկերի արուեստանոցին մէջ։ Մամուլի մէջ առաջին քերթուածները եւ պատմուածքները հրատարակելէ ետք, Մկրտիչ Արմէն հրատարակած է նաեւ իր առաջին հատորները։

Ան աւարտած է Մոսկուայի շարժապատկերի հիմնարկի բեմադրական երկամեայ դասընթացքը, ուր կատարելագործած է գրելու իր արուեստը։ Երեսունական թուականներուն, Մկրտիչ Արմէն կը շարունակէ արտադրել, յատկապէս հրատարակելով իր գլխաւոր վէպը՝ «Հեղնար աղբիւր»ը։

1937-ին ան եւս զոհ դարձած է ծայր առած հալածանքներուն։ Դատապարտուած է աքսորի, ութ տարի անցընելով հեռաւոր հիւսիսի սառնամանիքին եւ լռութեան մէջ։ 1945-ին՝ անպարտ արձակուած է եւ վերադարձած՝ Երեւան, ուր շարունակած է իր ստեղծագործական աշխատանքը։

Ռուսական եւ այլ խորհրդային գրականութենէն կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ։

Մահացած է Երեւան, 1972-ին։

Գրական-Ստեղծագործական Կեանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1920-ականներու սկիզբը Մկրտիչ Արմէն ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ ոտանաւորներով: 1928-էն սկսեալ կը սկսի արձակ գրութիւններ գրել:

1925-ին ան կը միանայ խորհրդային գաղափարախօսութեան համահունչ գրականութիւն ստեղծելու շարժումին, իր ներդրումը բերելով Գիւմրիի Բանուորագիւղացիական գրողներու «Հոկտեմբեր» Միութեան հիմնադրումին: Մկրտիչ իր գրութիւններուն առանցքը կը դարձնէ խորհրդային դարաշրջանի հայ հասարակութեան ազգային, հասարակական եւ հոգեբանական աշխարհը: Ան վէպերով եւ պատմուածքերով լուսարձակի տակ կ'առնէ սուր բախումը, որ ի յայտ կու գայ հայ ժողովուրդի աւանդական արժէքներուն եւ նորահաստատ խորհրդային հասարակարգի բարքերուն միջեւ:

«Խորտակուած Հոգիների Փողոցում» եւ «Ջուբէիդա» գրական գործերով ան կը ներկայացնէ սիրոյ եւ ամուսնութեան, ընտանիքի եւ աշխատանքի հասարակական հիմնահարցերը: Ան կը փորձէ հին սովորութիւնները հասկնալ եւ նորը մարդկայնօրէն իր ապրած երկուութեամբ ներկայացնել:

Մկրտիչ Արմէն իր ժամանակի տիրող գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ պարտաւոր զգաց «Կոմերիտական Պատուածքներ» շարքի հերոսները ներկայացնել հին սովորութիւնները մերժելու հոգեկերտուածքով, սակայն հմտութեամբ կրցաւ իր կերպարները վերածել համակրելի, կենսուրախ տիպարներու, որոնք նորը ընդունելով հանդերձ շարունակեցին իրենց մէջ պահպանել անցեալի ժառանգութեան անկորնչելի արժէքները:

Մկրտիչ Արմէնի գլուխ գործոցը եղաւ 1935-ին լոյս տեսած «Հեղնար Աղբիւր» վիպակը, որուն մէջ ան խորհրդահայ մարդուն ներքին պառակտումի ողբերգութեան տուաւ գրական-գեղարուեստական մշակում: Գիւմրիի աւանդական բարքերու խորապատկերին վրայ Մկրտիչ Արմէն քանդակեց աղբիւր կառուցող Ուստա Մկրտիչի աշխատանքային փիլիսոփայութիւնն ու բարոյականութիւնը եւ հերոսուհիին՝ Հեղնարի ամուսնական անհաւատարմութեան ողբերգականացումին ընդմէջէն յաւերժացուց հայ կնոջ ազատագրութեան խնդիրը, աւանդապահ ընտանեկանի նահանջը, սիրոյ եւ հաւատարմութեան վերանորոգման ուժը: «Հեղնար Աղբիւր»ին վրայ Ուստա Մկրտիչը քանդակեց հետեւեալ խօսքը. «Ամէն մի կնիկ իրան մարդու ախպուրն է, ուրիշ հէչ մէկը իրաւունք չունի խմելու էնոր ջրէն», որ դարձաւ հայ ժողովուրդի թեւաւոր խօսքերէն մէկը:

«Հեղնար Աղբիւր» վիպակով Մկրտիչ Արմէնի դէմ ելան խորհրդային վարչակարգի սպասարկուները: Նայիրի Զարեան քննադատական անխնայ հարուածի տակ առաւ այս ստեղծագործութիւնը զայն բանադրելով իբրեւ ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանգաւոր ստեղծագործութիւն:

Մկրտիչ Արմէն իր գրութիւններով խորհրդային վարչակարգի սպասարկուներուն բարկութիւնը սրեց: Նայիրի Զարեան անխնայ հարուածի տակ առաւ իր գրականութիւնը եւ յատկապէս «Հեղնար Աղբիւր»ը, զայն համարելով ազգայնամոլական եւ քաղքենիական վտանգաւոր ստեղծագործութիւն: 1937-ին Մկրտիչ Արմէն պաշտօնապէս համարուեցաւ «ժողովուրդի թշնամի» եւ 11 տարի սիպիրեան աքսորի դատապարտուեցաւ: Աքսորէն վերադարձին, ան գրկաբաց ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ, սակայն ստեղծագործական կրակը արդէն մարած էր իր մէջ:

Մկրտիչ Արմէնի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած եւ առանձին գիրքով լոյս տեսած են ռուսերէն, ազրպէյճաներէն, լիթուաներէն, թրքերէն, պարսկերէն, չեխերէն, յունարէն, սպաներէն եւ այլ լեզուներով։ Ինքն ալ ճանչցուած թարգմանիչ է եւ հայերէնի թարգմանած է ռուս եւ այլազգի շատ մը գրողներու, այդ թիւին՝ Անթոն Չեխովի, Մաքսիմ Կորքիի, Վլատիմիր Մայաքովսքիի, Միխայիլ Շոլոխովի, Ֆրիտիոֆ Նանսենի, Եուրի Օլեշայի եւ ուրիշներու հանրայայտ երկերը[3]։

Պարգեւատրուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանով[4]։

1971-ին «Հայ Ֆիլմ»ը շարժանկարի վերածեց իր գլուխ գործոցը, որ սերունդներու կազմաւորումին մէջ իր ներդրումը ունեցաւ:

«Մարդուն միշտ չէ, որ անհրաժեշտ են հաց, ջուր, քուն, տաք անկիւն, բայց միշտ պէտք է կանացի քնքշութիւն՝ մօ՞ր, քրո՞ջ, կնո՞ջ, աղջկա՞յ, միայն թէ կանացի այդ ամէնազօր, ամէնաբուժիչ, ամէնակենսատու էլիքսիրն աշխարհում»:
«Մարդու մէջ, եթէ նա մարդ է, ամէն մի բառի, շարժման, հայեացքի, ձայնի մէջ պէտք է արտայայտուի զգացմունք, ոչ միայն ներքուստ, այլեւ՝ արտաքուստ, ցցուն... եթէ դա ուրախութիւն է, ապա լերան պէս բարձր, թախիծ՝ անտառի պէս ընդարձակ, սէր՝ հեղեղի պէս խորը»:
«Ստորջրեայ խութի նման անհասկանալի ու թաքնած մարդը մի օր ինքն է ընդհանրուելու իրեն ու խորտակուելու»:
«Ժամանակն ունի երկու ապաստան՝ անցեալի յուշերը եւ ապագայի երազները»:

«Երեւան» վէպին վերահրատարակութիւնն ու զարթօնքը[5]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1932 թուականին Մկրտիչ Արմէն իր՝ «Ինչպէս կը գրուին վէպերը» յօդուածին մէջ, որով կ'անդրադառնար նախ եւ առաջ 1931-ին Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած «Երեւան» վէպին հասցէին հնչող քննադատութիւններուն, կը սահմանէ գրական իր հայեացքները, ազդեցութիւններն ու նախասիրութիւնները եւ ուշագրաւ խոստովանութիւն մը կընէ. «Ես՝ «Երեւան» էպոպէան եմ ամբողջութեամբ առնուած»:

Շուտով Մ. Արմէն բռնադատուեցաւ ու աքսորուեցաւ Սիպիր, եւ վէպը այդպէս ալ չունեցաւ երկրորդ կեանքի հնարաւորութիւն։ «Երեւան» վէպը վերահրատարակուեցաւ միայն 2017 թուականին՝ «Անտարէս» հրատարակչատան կողմէ։ «Երեւան»ի վերահրատարակումը մեծ արձագանգ գտաւ գրական, ընթերցողական եւ ընդհանրապէս՝ մշակութային լայն շրջանակներու մէջ։ Վէպին շուրջ կազմակերպուեցան քննարկումներ եւ ընթերցումներ։

2024 թուականին «Բուն TV» հեռուստատեսութիւնը թողարկեց հաղորդաշար մը՝ անդրադառնալով վէպին գեղարուեստական, ընկերային-քաղաքական, մշակութային եւ քաղաքային համատեքստերուն։

  • Պատմուածքներ, Երեւան, 1928, 273 էջ։
  • Ջուբէիդա (վիպակ), Երեւան, «Յերիտասարդ պոլշեւիկ», 1928, 36 էջ։
  • Քաղաքը բլուրին վրայ (վիպակ), Երեւան, 1930, 162 էջ։
  • Երեւան (էպոպէա), Մոսկուա, 1931, 270 էջ։
  • Սկաուտ թիւ 89, Երեւան, 1933, 229 էջ։
  • Գագաթներու երգը (պատմուածքներ եւ ակնարկներ), Երեւան, 1933, 299 էջ։
  • Առաջին պատկոմներ, Երեւան, 1935, 172 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր (վիպակ), Երեւան, 1935, 206 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր (վիպակ), Երեւան, 1936, 202 էջ։
  • Երեք սիրավէպ (պատմուածքներ), Երեւան, 1936, 151 էջ։
  • Սկաուտ թիւ 89, Երեւան, 1937, 311 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր, Գահիրէ, 1948, 191 էջ։
  • Յասվա, Երեւան, 1953, 316 էջ։
  • Կարմիր եւ կապոյտ փողկապներ, Երեւան, 1954, 498 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր, Երեւան, 1955, 147 էջ։
  • Պատմուածքներ, Երեւան, 1957, 736 էջ։
  • Գոյնզգոյն թագաւորութիւն, Երեւան, 1959, 202 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր, Երեւան, 1959, 206 էջ։
  • Ոսկէ հնձան (վիպակներ), Երեւան, 1959, 464 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր, Երեւան, 1961, 124 էջ։
  • Վարդավան (վիպակներ), Երեւան, 1962, 532 էջ։
  • Պատուիրեցին յանձնել Ձեզ, Երեւան, 1964, 444 էջ։
  • Պատուիրեցին յանձնել Ձեզ, Պէյրութ, 1965, 457 էջ։
  • Երկեր, հատ. 1. Պատմուածքներ, Երեւան, 1966, 616 էջ:
  • Երկեր, հատ. 2. Ժիրայր Գլենց, Երեւան, 1967, 616 էջ:
  • Երկեր, հատ. 3. Վիպակներ, Երեւան, 1967, 676 էջ:
  • Ժիրայր Գլենց, Երեւան, 1967, 470 էջ։
  • Երկեր, հատ. 4. Առաջին ծանօթութիւնը Չարենցաւանի հետ, Երեւան, 1971, 456 էջ:
  • Երկեր, հատ. 5. Կարմիր եւ կապոյտ փողկապներ: Գոյնզգոյն թագաւորութիւնը, Երեւան, 1973, 678 էջ:
  • Գոյնզգոյն թագաւորութիւնը, Անթիլիաս, 1988, 202 էջ։
  • Պատուիրեցին յանձնել Ձեզ, Երեւան, 2006, 224 էջ։
  • Երեւան (էպոպէա), Երեւան, 2016, 320 էջ։
  • Գոյնզգոյն թագաւորութիւն, Երեւան, 2016, 204 էջ։
  • Հեղնար աղբիւր (վէպ), Երեւան, «Անտարէս», 2018, 168 էջ:
  • Երեւան (էպոպէա), Երեւան, 2021, 272 էջ։
  • Ժիրայր Գլենց (վէպ), Երեւան, «Դարակ», 2024, 416 էջ։ Խմբագիր՝ Աշոտ Գաբրիէլեան։

Թարգմանութիւններ (ռուսերէնէ)[7]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս հեղինակին կատարած թարգմանութիւններու ցանկը կրնաք որոնել «Թարգմանչաց արուեստ» շտեմարանի «Թարգմանիչներ» բաժնին մէջ։

  • Վ. Մակաւէեւ, Փիոներական կենդանի լրագիրներ, Երեւան, Պետհրատ, 1927, 68 էջ։
  • Ֆրիտիոֆ Նանսեն, Գիշերուան խաւարին եւ սառոյցներուն մէջ, հատոր 1 (կրճատումներով), Երեւան, Պետհրատ, 1927, 99 էջ։
  • Թարգմանական պատմուածքներ, պրակ առաջին, Երեւան, Պետհրատ, 1929, 37 էջ։
  • Թարգմանական պատմուածքներ, պրակ երկրորդ, Երեւան, Պետհրատ, 1929, 31 էջ։
  • Ալեքսանտր Եակովլեւ, Հոկտեմբերը Մոսկուայի մէջ (կրճատումներով), Երեւան, Պետհրատ, 1929, 58 էջ։
  • Վ. Միսլաւսքի, Դնեպրոստրոյ, Մոսկուա, 1931, 32 էջ։
  • Միխայիլ Շոլոխով, Հերկած խոպան, Երեւան, Պետհրատ, 1933, 518 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Ընտիր պատմուածքներ, Երեւան, Պետհրատ, 1934, 219 էջ։
  • Եուրի Օլեշա, Երեք հաստլիկներ (հեքիաթ-վէպ), Երեւան, Պետհրատ, 1935, 257 էջ։
  • Կուսթաւ Էրիքսոն, Ճազ (վիպակ), Երեւան, Պետհրատ, 1935, 240 էջ։
  • Կուսթաւ Էրիքսոն, Թափառաշրջիկներու Ամերիկան (վիպակ), Երեւան, Պետհրատ, 1936, 322 էջ։
  • Ա. Ռազումովսքի, Անապատի հեղկոմը (վէպ), Երեւան, Պետհրատ, 1936, 156 էջ։
  • Մաքսիմ Կորքի, Պատմուածքներ (թարգմանութեան հեղինակակից Ա. Դեբենց, Մուշէ), Երեւան, Պետհրատ, 1947, 175 էջ։
  • Ալեքսանտր Ֆատէեւ, Երիտասարդ կուարդիա (վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1947, 812 էջ։
  • Մաքսիմ Կորքի, Պատմուածքներ, Երեւան, Հայպետհրատ, 1947, 175 էջ։
  • Վ. Նեքրասով, Ստալինկրատի խրամատներուն մէջ, Երեւան, Հայպետհրատ, 1948, 358 էջ։
  • Վ. Կաւերին, Երկու հրամանատար (Երկու կապիտան - վէպ), հատոր 1, Երեւան, Հայպետհրատ, 1948, 513 էջ։
  • Վ. Կաւերին, Երկու հրամանատար (Երկու կապիտան - վէպ), հատոր 2, Երեւան, Հայպետհրատ, 1948, 418 էջ։
  • Սեմիոն Պապայեւսքի, Ոսկէ աստղի ասպետը (Ոսկէ աստղի կաւալերը - վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1948, 703 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Ընտիր երկեր (գիրքին մէջ մտնող «Մտքերու խռովութիւն», «Չարամիտը», «Հոգեհանգիստ», «Ձորակին մէջ» պատմուածքները թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1948, 540 էջ։
  • Ն. Միխայլով, Մեր երկրին տարածութիւններն ու հարստութիւնները, Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 64 էջ։
  • Դահուկային մարզանք (Դահուկային սպորտ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 47 էջ։
  • Միխայիլ Շոլոխով, Հերկած խոպան (գիրքին վրայ իբրեւ թարգմանիչ սխալմամբ գրուած է Ղեւոնդ Կոմունիի անունը, իրականութեան մէջ գիրքը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 447 էջ։
  • Իոսիֆ Լիկստանով, Պստիկը (վիպակ, գիրքին վրայ իբրեւ թարգմանիչ սխալմամբ գրուած է Ղ. Մելքոնեան, այսինքն՝ Ղեւոնդ Կոմունի, իրականութեան մէջ գիրքը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 364 էջ։
  • Վ. Օխոտնիկով, Որոնումներու աշխարհին մէջ, Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 250 էջ։
  • Ա. Եակովլեւ, Երկրին կեանքը, Երեւան, Հայպետհրատ, 1950, 324 էջ։
  • Սեմիոն Պապայեւսքի, Լոյսը երկրին վրայ (վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1951, 594 էջ։
  • Յա. Տայց, Կեդեմնիա լերան էտեւը (Գեդեմնիա սարի ստորոտում - վիպակ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1951, 162 էջ։
  • Մաքսիմ Կորքի, Հեքիաթներ Իտալիոյ մասին, Երեւան, Հայպետհրատ, 1952, 104 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Պատմուածքներ (գիրքին մէջ մտնող գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1952, 152 էջ։
  • Վլատիմիր Մայաքովսքի, Արտասահման (բանաստեղծութիւններու եւ ակնարկներու ժողովածու, որուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1953, 291 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Ընտիր երկեր 3 հատորով, հատոր 1 (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1953, 596 էջ։
  • Լուսաւոր ուղի (պելառուս մանկագիրներու երկերու ժողովածու, որուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1953, 175 էջ։
  • Ալեքսանտր Ֆատէեւ, Երիտասարդ կուարդիա (վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1953, 715 էջ։
  • Վլատիմիր Մայաքովսքի, Հատընտիր (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1955, 599 էջ։
  • Միխայիլ Շոլոխով, Մարդուն ճակատագիրը, Երեւան, Հայպետհրատ, 1957, 66 էջ։
  • ԽՍՀՄ ժողովուրդներու գրականութիւն։ Հատընտիր (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետուսմանկհրատ, 1958, 286 էջ։
  • Միխայիլ Շոլոխով, Հերկած խոպան (վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1960, 769 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Պատմուածքներ (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1961, 207 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Երկեր 5 հատորով, հատոր 4 (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1962, 435 էջ։
  • Եուրի Օլեշա, Երեք հաստլիկներ (հեքիաթ-վէպ), Երեւան, Հայպետհրատ, 1962, 202 էջ։
  • Վլատիմիր Մայաքովսքի, Հատընտիր (գիրքին մէջ տեղ գտած գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, Հայպետհրատ, 1963, 123 էջ։
  • Մաքսիմ Կորքի, Հեքիաթներ Իտալիոյ մասին, Երեւան, «Հայաստան», 1970, 83 էջ։
  • Վլատիմիր Մայաքովսքի, Երկեր, 2 հատորով, գիրք 1, Բանաստեղծութիւններ, քերթուածներ (պոէմներ - գիրքին մէջ մտնող գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, «Հայաստան», 1972, 216 էջ։
  • Անթոն Չեխով, Ընտիր բանաստեղծութիւններ (գիրքին մէջ մտնող գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, «Հայաստան», 1973, 592 էջ։
  • Ռուս դասականներու գրադարան։ Վլատիմիր Մայաքովսքի, Հատընտիր (գիրքին մէջ մտնող գործերուն մէկ մասը թարգմանած է Մ. Արմէն), Երեւան, «Սովետական գրող», 1982, 696 էջ։
  • Մաքսիմ Կորքի, Պառաւ Իզերկիլը, Երեւան, «Սովետական գրող», 1983, 37 էջ։

Գրականութիւն Մ. Արմէնի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն մասին[8]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Խորհրդահայ գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր (1917-1941, հատորին մէջ զետեղուած է «Մկրտիչ Արմէն» գլուխը, որ գրած է Սուրէն Աղապապեան), Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1961, 800 էջ։
  • Մելքոնեան Մ., Մկրտիչ Արմէն, Երեւան, 1981։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2000.
  2. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 167.
  3. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07
  4. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07
  5. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07
  6. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07
  7. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07
  8. (հայերեն) Մկրտիչ Արմեն, 2026-04-12, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%AF%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%B9_%D4%B1%D6%80%D5%B4%D5%A5%D5%B6&oldid=10724181, վերցված է 2026-08-07