Շղթայուածը
«Շղթայուածը» թատերախաղը Լեւոն Շանթ գրած է 1918 թուականին[1]։Ան Բազմիցս բեմադրուած է հայ թատրոնէն ներս[2]։ Թատերախաղին մէջ Լեւոն Շանթ Արտաւազդի առապելը կը ներկայացնէ նոր տեսանկիւնէ մը: Նաղաշը ժողովուրդին կը քարոզէ, թէ ազատութիւնը կը բերի Շղթայուածը՝ Արտաւազդը։
թատերախաղի նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թատերախաղին մէջ պատկերուած գործողութիւնները տեղի կ'ունենան միջնադարեան Անի քաղաքին մէջ. Անիի էմիրը Մանուչէի որդին է, որ իշխանութեան հասած է բռնութեան միջոցաւ ու Անին կը համարէ իր սեփականութիւնը։ Նոյնպիսի բռնակալ մըն է իշխան Վահան Պահլաւունին, որը իր կարգին Անին կը համարէ իր սեփականութիւնը։ Սակայն անեցիները կ'ելլեն անոնց դէմը և երկուքին ալ քաղաքէն դուրս կը շպրտեն ։ Յեղափոխութեան իբր արդիւնք Անիի իշխանութիւնը կ'անցնի արհեստաւորներու ձեռքը, սակայն սպասուած փոփոխութիւնները չեն կատարուիր, քաղաքին մէջ գրեթէ ամէն ինչ կը մնայ նոյնը. դարբին Աւագը, որ նախապէս իշխանութենէն կը բողոքէր, կը դառնայ Անիի ղեկավարներէն մէկը եւ անճանաչելիօրէն կը փոխուի։ «Այժմ ե՛ս եմ է,իրը, ե՛ս եմ Անիի տէրը»,- կ'ըսէ Աւագը էմիրի Հարճին, որ մնացած էր պալատին մէջ։[3]
Արտաւազդի առասպելը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաւազդի առասպելը հայ մատենագիտութեան մէջ պահպանուած է երկու մեկնութեամբ. Եզնիկ Կողբացին Արտաւազդին կը ներկայացնէ որպէս բարի դիւցազն, որ պիտի ազատի շղթաներէն ու տիրէ աշխարհին՝ բերելով ազատութիւն։ Մովսէս Խորենացին Արտաւազդին կը ներկայացնէ իբրեւ աւերիչ ոգի, որ ազատելու պարագային պիտի աւերէ աշխարհը։