Ինկած Բերդի Իշխանուհին
Ինկած Բերդի Իշխանուհին, Լեւոն Շանթի թատերախաղերէն է,գրուած՝ 1923 թուականին[1]։
Թատերախաղին Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թատերախաղին մէջ պատկերուած դէպքը կը պատահի ԺԴ. դարու սկիզբը: Լեւոն Շանթ կը ներկայացնէ Կիլիկեան շրջանէն հայ իշխանուհիի մը վրիժառութիւնը, ողբերգական դէպքերու յաջորդականութեամբ: Քեսունի Վասիլ իշխանը, որ ստացած է Գող անուանումը, Կիլիկիոյ բերդերը կը գրաւէ՝ ընդարձակելու համար իր իշխանութեան սահմանները։ Բերդը գրաւելէ ետք, ան կը սպաննէ բերդի տիրոջ ու անոր երկու որդիներուն։ Բերդի տիրուհին՝ Աննան, երդում կ'ընէ վրէժ լուծել եւ սպաննել Վասիլի երկու տղաքը։ Աննան կը միտի այնպէս մը ծրագրել, որ Վասիլ ինքն իր ձեռքերով սպաննէ իր երկու զաւակները:
Վասիլի աւագ որդին՝ Սեպուհը, հօր հակապատկերն էր. ան դէմ էր հօր արարքներուն եւ չէր մասնակցեր անոր արշաւանքներուն։ Կրտսեր որդին՝ Ատոմը, իր հօր կ'ուղեկցէր եւ անվախ կռուող մըն էր։
Վասիլի կինը՝ Սոֆիան, կը հասկնայ, որ Աննան դաւադրութիւն կը ծրագրէ, սակայն տկար ըլլալով չի կրնար կանխել անոր ծրագիրները: Աննան Սեպուհին կը համոզէ, որ հայրը սպաննած է իր մօրը՝ Սոֆիային ճիշդ այնպէս, ինչպէս սպաննեց իր ամուսնոյն եւ երեխաներուն: Հայր եւ որդի հակամարտութեան մէջ կը մտնեն, որուն հետեւանքով Վասիլը իր որդին՝ Սեպուհը անդունդին նայող բաց պատուհանէն հրելով կը սպաննէ:
Ատոմը նոյնպէս կը հմայուի Աննայով եւ կը սկսի մտածել, թէ հայրը՝ Վասիլ գողցած է իր սէրը: Երբ Վասիլ իշխանական ժողովի քննութեան կը ներկայացնէր Կիլիկիոյ Թորոս իշխանին ջախջախելու դաւադիր ծրագիրը, ներս կը մտնէ Ատոմը եւ անարգելով իր հօրը՝ կը դիմէ յարձակումի: Հայրը ինքզինք պաշտպանելու համար կը հանէ սուրը եւ կը մխրճէ որդիին սրտին մէջ: Աննան ներս մտնելով կ'ըսէ, որ ինքը մորթել տուաւ Ատոմին ճիշդ այնպէս, ինչպես Վասիլը՝ իր որդիներուն: Աննան ինքնասպանութեամբ կը քաւէ իր մեղքը, մինչդեռ Վասիլ իշխանը կը շարունակէ գոյութեան կռիւը ըսելով. «մահը իր ճամբով, կեանքը իր ճամբով»:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդի Հայ Գրականութիւն, գեղապաշտ շրջան, 1900-1915, Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ, 1984:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լեւոն Շանթ, Ընտիր երկեր, Երեւան, 1968։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-28