Jump to content

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն

Համազգային Մշակութային Միութիւն, Համազգային մշակութային եւ կրթական հաստատութիւն, 1990-էն՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն (ՀՀԿՄՄ), համահայկական կազմակերպութիւն։ Կը վայելէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան հովանաւորութիւնը[1]։

Հիմնուած է 28 Մայիս 1928-ին, Գահիրէի մէջ՝ սկիզբը «Հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերութիւն» անունով[2]։ Հիմնադիրներն են Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Սարգիս Մալխասեան, Սեդրակ Պալըգճեան, Յակոբ Պալըգճեան։

Ընկերութեան կանոնագրի առաջին կէտը յստակօրէն ճշդեց «Համազգային»-ի նպատակը.

Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան նպատակն է հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով:


Այս նպատակին հասնելու համար «Համազգային»ը պէտք է գործեր երեք ուղիներով.

  • Նոր սերունդին հայեցի կրթութիւն տալ
  • Նպաստել չափահասներու ինքնազարգացման
  • Մշակել հայագիտութիւնը

«Հայ ժողովուրդի կրթական մակարդակը բարձրացնել հայ լեզուով եւ հայ հոգով». ըստ 1990-ին ընդունուած կանոնագրի՝

  • Սատարել հայ մշակոյթի, հայ դպրութեան, հայ լեզուի եւ ընդհանրապէս հայ հոգեկան եւ իմացական արժէքներու ճանաչման, զարգացման, տարածման եւ ժողովրդականացման Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, օժանդակել հայապահպանման ճիգերը ազգային նշանակութիւն ունեցող աւանդոյթներու շարունակման եւ մշակութային նոր աւանդներու ստեղծման,
  • Մշակութային ձեռնարկներով (ցուցահանդէս, հանդիսութիւն, հրատարակութիւններ) հայը, հայութիւնն ու Հայ Դատը ծանօթացնել հայ եւ օտար հասարակութեան»։

Առաջինը՝ նոր սերունդի դաստիարակութիւնն էր ամէնակարեւորը, ամէնաընդարձակը եւ մեծ ճիգ ու նիւթական միջոցներ պահանջողը: Պէտք էր հիմնել միջնակարգ վարժարաններ. «Եւրոպական քոլէճներուն համապատասխան»: Պէտք էր պատրաստել հայոց լեզուի բոլոր նիւթերով դասագիրքեր, մանուկներու եւ պատանիներու համար ընթերցանութեան գիրքեր. պէտք էր օժանդակել հայագիտական երկերու հեղինակներուն: Հայերէն պէտք էր թարգմանել օտար եւ միջնադարեան գրողներու այն հատուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ հայերուն: Պետք էր վերահրատարակել հին հայերէն բնագիրներն ու ձեռագրերը:

Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը, «Համազգային»-ը կը ջանար կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:

«Համազգային»-ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար Նիկոլ Աղբալեանը 1928-ի ամրան մեկնեցաւ Սուրիա եւ Լիբանան, ուր կատարեց «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:

Ստեղծման նախապատմութիւն եւ գործունէութիւն

1920-ականները կը զուգադիպին Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից ժամանակներու հետ:

1915-1923-ականներուն Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու գործադրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ 1920-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական դիմադրութիւններու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Հիմնական բնակավայրեր հանդիսացան Արեւելքի երկիրները:

Նոր պայմանները պատճառ հանդիսացան յեղաշրջումներու, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ հայկական կենցաղի, բարոյականութեան եւ մտածողութեան վրայ։ Հայը փոխած էր իր տեղը: Գիւղացին դարձած էր վաճառական, արհեստաւոր եւ արդիւնաբերող: Փոխուած էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքին մէջ կրնայինք հանդիպիլ հազարաւոր թշնամիներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարել, պէտք էր յաղթել: Ստեղծուեցաւ բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողութիւն ունենալ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայի հոգին քաղքենի դարձաւ. յաջողութիւն ունենալը կը հանդիսանար անոնց նպատակը, ինչ գնով ալ ըլլար: Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացիի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:

Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է որ պէտք էր համախմբել եւ միասնականացնել: Բոլոր մասերուն հետ անհրաժեշտ էր կապ ստեղծել: Պետք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կը նպաստէին հայութեան միացման ու յարատեւման: Կար նաեւ ուրիշ պահանջ՝ ստեղծել հայ մտաւորականութիւն: Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան՝ գլխատելով այդ խաւը, որ կը մշակէր արժէքներ եւ կը հաւաքէր անոնց շուրջը:

Եւ դեռ, պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, տարագիր հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գիրի եւ դպրութեան միջոցով կենդանի պահել հայոց լեզուն դպրոցէն դուրս, ընտանիքներուն մէջ։ Անհրաժեշտ էր հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, պէտք էր հայուն կապել իր անցեալին հետ, տէր դարձնել իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին:

Դպրոց, լեզու, գիր, գաղափարական երիտասարդութիւն. ասոնք կը հանդիսանային այն գործօնները, որոնք անհրաժեշտ էին այդ պայքարին մէջ՝ հայը հայ պահելու համար:

Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ յաւերժացման այս հարցը կը դրուէին մասնաւորաբար արաբական երկիրներուն մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ: Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, արդեօ՞ք անոնք կ'ապրէին համախմբուած: Այս հայութիւնը կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք: Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր՝ միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կարենային շարունակել իրենց կրթութիւնը: Անհրաժեշտ էր ճեմարան, որ ցանուցիր դարձած հայութեան մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ խաղցան Էջմիածինի Գէորգեան ճեմարանը եւ Պոլիսի Կեդրոնականը:

Մայիս 1928-էն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ին համար եղած է նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ապահովեց նաեւ ՀՅԴ-ի աջակցութիւնը:

Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին պատկանող՝ Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:

1931-ին Գ. Իփէկեանի մեծ յաջողութեան շնորհիւ առաջին անգամ ան բեմադրեց Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ»-ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ ներկայացուց իր հեղինակութեամբ «Արա եւ Շամիրամ»-ը:

1952-ին մահացաւ Գ. Իփէկեանը: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը իր ղեկավարի յիշատակը յաւերժացնելու համար ՝ Լիբանանի «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւնը» անուանեց «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, որ մինչ այսօր կը շարունակուի կոչուիլ նոյն անունով:

Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ Ժորժ Սարգիսեանը, ով շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:

Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեանը ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրօք եւ իր անձնական ճիգերով Լիբանանի հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով ՝ Յակոբ Տեր Մելքոնեան թատերասրահը՝ համանուն բարերարի նուիրատուութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:

Ժորժ Սարգիսեանի մահէն ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ Վարուժան Խտըշեանին եւ այնուհետեւ ուրիշներուն:

Յունուար 1962-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, հրատարակուեցաւ «Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը, որ 1990-ականներու վերջերուն հանդիսացաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:

2002-2003 թթ. կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը շրջանաւարտներու թիւը բարձրացուց 146-ի:

1974-ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգի մէջ եղաւ՝ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդիկ, որ այսօր որպէս ուսուցիչ,խմբագիր կը գործեն, կը վարեն ազգային զանազան կառոյցներու թէ՛ տնօրէնի, թէ՛ գործավարի պաշտօններ Լիբանանի մէջ, թէ այլուր:

2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Հիմնարկը դադրեցաւ գործելէ:

Համազգայինի Մարսէյլի Ճեմարանը կեանք առաւ 1980-ին Կեդր. Վարչութեան, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին Սիտնիի մէջ, Աւստրալիայի շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ[1]:

Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը բաւական մեծ զարգացում ապրեցան: Արդարեւ, 1960-ականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներու հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր սկսան առաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիայի մէջ։ Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը վաղուց ծաւալուած էր նաեւ Պարսկաստանի մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար ստեղծեցին շրջանային կառոյցներ:

Օգոստոս 1990-ին՝ Աթէնքի մէջ[1], գումարուեցաւ Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, ուր որոշուեցաւ այդ միութեան ներկայիս անուանումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ առաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:

Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան, Սեպտեմբեր 1994-ին գումարուեցաւ Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ Սեպտեմբեր 1998-ին, Մարտ 2002-ին եւ Ապրիլ 2006-ին տեղի ունեցան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:

Համազգայինը կը գործէ երեք գրասենեակներով՝ Պէյրութի գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր), Երեւանի եւ Կիւմրիի գրասենեակները:

Համազգային Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմինն է Կեդրոնական վարչութիւնը՝ կազմուած 7, 9, 11 կամ 13 անդամներէ. կ'ընտրուի պատգամաւորական ժողովով՝ 4 տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած են կրթական, տնտեսական, հրատարակչական, դասագիրքերու, շինարարական, ռատիօժամի յանձնախումբեր։ Կը գործեն շրջանային վարչութիւնները, որոնք կը կազմուին աշխարհագրական սկզբունքով. Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), Քանատայի, Աւստրալիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի, շուրջ 50 մասնաճիւղ։ Համազգային Մշակութային Միութեան միջոցները կը գոյանան նուիրատուութիւններէ եւ հանգանակութիւններէ, ունեցած կալուածներու ու հաստատութիւններու հասոյթներէն։

Այս գործի իրականացման գլուխ կանգնած էին Եգիպտոսի մէջ ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Գասպար Իփէկեանը, Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը կը վարէին Աղեքսանտրիայի Պօղոսեան վարժարանը: Անոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնուած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:

Լեւոն Շանթը կ'առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւն, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան կա՛մ Լիբանանի, կա՛մ Եգիպտոսի մէջ:

Լեւոն Շանթը Վահան Նաւասարդեանի հետ քննարկեց այս հարցը Նիկոլ Աղբալեանի հետ:

Լաւ միտք է, ըսաւ ան, սակայն փողը. դրամը գաղափար չունի, իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի. մեր մէջ ան որ գաղափար ունի՝ դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի՝ դրամ ունի: Այդ հազար ոսկին դուք ուրկէ՞ պիտի առնէք,ո՞վ ձեզի հազար ոսկի կու տայ:


Վահան Նաւասարեանը Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով, Գահիրէի մէջ աշխատած են այդ ծրագիրը հասցնել Ստեփան Եսայեանին եւ Բժիշկ Համօ Օհանջանեանին: Երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքին մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր:

Լեւոն Շանթի առաջարկին առանց վարանելու յարած են թէ՛ Ստեփան Եսայեանը, թէ՛ Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը: Անոնց միացաւ նաեւ Գասպար Իփէկեանը: Անոնց համաձայնութիւնը վերցնելու համար Գահիրէ գացին Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Կատարեցին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա մասնակցեցան հիմնադիր ժողովին, որուն բացի վերոյիշեալներէն նաեւ Յակոբ Պալգճեանը, Սեդրակ Պալգճեանը, Գուրգէն Մխիթարեանը եւ Կարապետ Մալխասեանը:

Այս ժողովին երկու տարբեր տեսակէտներ հակադրուեցան իրար: Լեւոն Շանթը, որու միացած էր նաեւ Նիկոլ Աղբալեանը, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալելու մասին, նիւթական տագնապի պատճառով: Ընդհակառակը՝ Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Ստեփան Մալխասեանը կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունէութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց պիտի ծաւալուէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն: Ժողովը ի վերջոյ ընդունեց երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կնքեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»:

3 Մարտ 1930-ին կ'իրականանայ Համազգայինի երկրորդական վարժարանը բանալու ծրագիրը. Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ Ճեմարանը: Յետագային հաստատութիւնը կը ստանայ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան անունը, իր բարերարի յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կը կոչուի նոր բարերարներուն անունով՝ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան:

«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ կը շարունակէ գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանի եւ Պէյրութի մէջ այն պատճառով, որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ հնարաւորութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը կը փոխադրուի Պէյրութ եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ կը ճանչցուի իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:

1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, կը նախաձեռնէ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» հիմնումին , որուն նպատակն էր թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներուն մէջ։ Միութիւնը նաեւ կը սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստին հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը՝ «Ինկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942), ապա՝ Բաբգէն Փափազեանի օժանդակութեամբ՝ «Պեպեքս»ը (1943), իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945-ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:

1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, կը հաստատուի Համազգայինի տպարանը, որ յետագային կը կոչուի իր բարերարի ու գլխաւոր կազմակերպիչի անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան: Տպարանին շնորհիւ զարկ կը տրուի հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ կ'օժտուի նաեւ սեփական գրախանութով:

Լիբանանի մէջ կայ 6 մասնաճիւղ: Կը գործէ ՀՅԴ-ի հովանաւորութեամբ: Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 1985-էն Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասին մէջ կը գործէ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որ կ'ընդգրկէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը: 1941-էն ի վեր կը գործէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Ունի «Քնար» (1956-էն) եւ փոքրիկներու «Գայիանէ» պարախումբերը, «Գուսան», «Կարկաչ» երգչախումբերը, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը: Կը ծաւալէ լայն հրատարակչական գործունէութիւն, կը տպագրէ հայերէն դպրոցական դասագիրքեր: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ այլ միջոցառումներ: Միաժամանակ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ կը հովանաւորէ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը: «Համազգայինի» գրախանութը կը գտնուի Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ, ուր տեղակայուած են նաեւ Ազդակ, Բագին պարբերականներու խմբագրութիւնները, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը, ՀՄԸՄ-ի որոշ վարչական գրասենեակներ, «Վանայ ձայն» ռատիոկայանը եւ այլն:

Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին Համազգայինը, Թեքէեան մշակութային միութիւնը, Լիբանանահայ գրական շրջանակը եւ այլ խմբակներ:

1970-ականներուն, Լիբանանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ կը զգացուի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ձեռնարկէ համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներու: Կը կազմուի յատուկ յանձնախումբ մը, բաղկացած՝ Գարեգին եպս. Սարգիսեանէն (յետագային Մեծի Տան Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), Վահէ Սէթեանէն, Հրաչ Տասնապետեանէն, Շաւարշ Թորիկեանէն, Վահէ Օշականէն եւ Երուանդ Փամպուքեանէն:

Վերոյիշեալ յանձնախումբի պատրաստած կրթական ծրագիրը կը ծառայէ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974-ին, 15 ուսանողներով:

Մեծ յոյսերով սկսած գործը կ'ընդհատուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ստեղծած անապահովութեան պատճառով:

1979-ին կը վերակազմուի հիմնարկի առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը կու տայ 21 շրջանաւարտներ, որոնք ամբողջացուցած էին հիմնարկի քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:

Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-ին Լիբանանի մէջ կը սկսի ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-էն ի վեր կը շարունակուի եւ տեղի ունենալ Հայաստանի մէջ:

Նոյն նպատակով Լեւոն Շանթ կը մեկնի Ֆրանսա: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ Փարիզի մտաւորականութեան եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսայի մէջ «Համազգային»-ի մասնաճիւղեր ստեղծելու մասին:

Կրթութիւն եւ տպագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նպատակները իրագործելու համար Համազգային Մշակութային Միութիւնը առաջին հերթին՝ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը բանայ Հայ ճեմարանը (1948-էն՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան), 1931-ին՝ «Յոյս» տպարանը (1967-էն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան)։ 1980-ին կը հիմնադրուի Մարսէյլի կրթական կեդրոնը (մանկապարտէզով, նախակրթարանով, միջնակարգով եւ երկրորդականով), 1986-ին Սիտնիի մէջ (Աւստրալիա)՝ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարանը։ Այս ամէնօրեայ վարժարաններէն բացի Համազգային Մշակութային Միութեան մասնաճիւղերը կը պահեն նաեւ միօրեայ դպրոցներ։

Հայ թատերական արուեստը վերակենդանացնելու, տարածելու եւ անոր դերը հայ գաղութներուն մէջ բարձրացնելու նպատակով 1941-ին Գասպար Իփէկեանի ջանքերով կը կազմուի Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը։ Մինչեւ 1951 թատերախումբը կը գործէ Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ հիւրախաղերու կը մեկնի Եւրոպա, հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկա։ Գասպար Իփէկեանի մահէն ետք, ի պատիւ անոր, 1952-ին խումբը կը կոչուի «Գասպար Իփէկեան թատերախումբ», որուն ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Ժորժ Սարգիսեանը։

Մեծ է երգահան Բարսեղ Կանաչեանի ղեկավարութեամբ 1956-ի վերահաստատուած, Կոմիտաս վարդապետի ստեղծած «Գուսան» երգչախումբի ներդրումը սփիւռքահայ երաժշտական ճաշակը ձեւաւորելու գործին մէջ։ 1960-ին կը կազմուի «Քնար» ազգագրական երգի-պարի խումբը (ղեկավար Վարդգէս Աբրահամեան), 1978 թուականին՝ «Ծնծղայ» (ղեկավար Վաչէ Պարսումեան) եւ 1980-ին՝ «Նանոր» (խմբավար՝ Ալեքսան Մնակեան) մանկական երգչախումբերը, որոնք մրցանակներ շահած են միջազգային մրցոյթներուն։

Հայագիտութիւնը զարգացնելու, հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, նաեւ խմբագիրներ եւ հանրային այլ գործիչներ պատրաստելու համար 1974-ին կը հիմնուի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը։

Համազգային Մշակութային Միութեան մեծ իրագործումներէն է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը Պէյրութի մէջ, որ իր հարկին տակ կը պարփակէ Թորոս Ռոսլին կերպարուեստի ակադեմիան, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ երգի եւ պալետի դպրոցներ։

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1983-ին: «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէճին մէջ կայ շուրջ 200 աշակերտ. առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Պարսումեանը, ապա յաջորդաբար տնօրէնի պաշտօնը վարած են Սոնա Քիւփէլեանը, Սեդրակ Սեդրակեանը, Երուանդ Երկանեանը, Արմէն Քեչեկն ու Յակոբ Հանտեանը. այժմ այս պաշտօնը կը վարէ Թամար Սնապեան Սուրճեանը:[3] Կը դասաւանդեն դաշնամուրի, ջութակի, կիթառի եւ զանազան լարային եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասընթացներ: Երաժշտական քոլէճին մէջ կայ նաեւ երաժշտական գրադարան: Աւարտածները՝ յատուկ համաձայնագիրի տուեալներով կրնան կատարելագործել իրենց երաժշտական ուսումը Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս:

«Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1988-ին եւ ունի շուրջ 60 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղարուեստական դասընթացներուն: Կ'ունենան աշակերտական եւ աւարտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ միջդպրոցական ցուցահանդէս-մրցումներ: Դպրոցը ունի մշակուած ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ, վարիչ - պատասխանատուներ եւ ուսուցչական կազմը կը բաղկանայ հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներէ: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Վազգէն Մուղալեանը:[4]

«Գայեանէ» պարի դպրոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1989-ին, ունի շուրջ 270 աշակերտ: Պարի դպրոցը տարբեր դասարաններու աշակերտներուն կը սորվեցնէ պարի տարբեր ճիւղերը եւ կ'ունենայ իր տարեկան ելոյթները, ինչպէս նաեւ շրջագայութիւնները: Երկար տարիներ պարի դպրոցի պարուսոյցը եղած է արուեստագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեանը: Այժմ դպրոցի պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները:[5]

«Կարկաչ» մանկական, պատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1997-ին: Տարիքային տարբեր բաժանումներով անդամները երգչախումբի մաս կը կազմեն, կ'ունենան տարեկան համերգներ ինչպէս նաեւ շրջագայութիւններ: Երգչախումբերը յաճախ կ'ունենան հայրենի հեղինակներու կողմէ յատուկ «Կարկաչ»-ի համար գրուած նոր երգերու կատարումներ: Երգչախումբերը կը գործեն Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ:[6][7]

«Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոց

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1999-ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեանը, աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Այժմ դպրոցի ղեկավարն է Հրայր Գալեմքերեանը:[8]

«Քնար» պարախումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնուած է 1956-ին՝ բժիշկներ Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով, ունի շուրջ 40 անդամ: Որոշ ժամանակ պարուսոյց աշխատած է Գարինա Ալեքսանտրեանը: Այժմ պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեան ամոլը:[9]

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբ: Կազմակերպուած է 1941-ին, դերասան, դրամատուրկ եւ ռեժիսոր Գասպար Իփէկեանի նախաձեռնութեամբ. առաջին ներկայացումը Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին», տեղի ունեցաւ 1942-ին: 1952-էն կոչուած է հիմնադիրին՝ Գ. Իփէկեանի անունով: 1960-ականներէն թատերախումբը ներկայացումներ կու տայ Պուրճ Համուտի հայաշատ թաղամասի կեդրոնը կառուցուած «Յակոբ Տեր-Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս (500 տեղ): Բեմադրուած են ազգային եւ թարգմանական բիէսներ՝ Շանթի «Հին աստուածներ»ը, «Կայսր»ը, Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները», Սունդուկեանի «Պէպօ»ն, Շիրվանզադէի «Քաոս»ը, Գոգոլի «Քննիչը», Իպսէնի «Ժողովուրդի թշնամին», Պանէօլի «Փառքի վաշխառուները» եւ այլն: Թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Թատերախումբին մէջ գործած են Ժորժ Սարգիսեանը (պարգեւատրուած է Լիբանանի պետական, Համազգայինի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշաններուվ), դերասան-դերասանուհիներ Զ. Շանթը, Ն. Մինասեանը, Գ. Տեր-Կարապետեանը, Մ. Սարգիսեանը, Պ. Գարագաշեանը, Ժ. Շահապեանը, Հ. Պալեանը, Հ. Թորիկեանը, Դ. Պոյաճեանը, Ա. Խաչատուրեանը, Վ. Վարդապետեանը, Խ. Արարատեանը եւ այլք: 1982-85-ին թատերախումբը ղեկավարած է Բաբգէն Փափազեանը, բեմադրած է Շանթի «Օշին Պայլ»ը եւ Մուշեղ Իշխանի «Պարոյր Հայկազն եւ Մովսէս Խորենացի» բիէսները: 1987-2002-ին Վ. Խտշեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը կը ներկայացնէ Շանթի «Հին աստուածներ»ը, «Եսի մարդը», «Կայսր»ը, Օշականի «Երկնքի ճամբով», Ա. Միլլերի «Բոլոր զաւակներս», «Գինը», Կ. Մանյէի «Օսկարը», Ն. Սայմոնի «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», Ժ. Շեհատէի «Պրիզպանի գաղթականը» եւ այլ բիէսներ: 2003-ին Զ. Եագուպեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» բիէսը։

«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը կազմակերպուի 1959-ին, Վ. Փափազեանի անունով կը կոչուի 1960-ին: Թատերախումբի գործունէութեան առաջին փուլը կապուած է դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի անուան հետ, որ 1959-էն բեմադրած է Շանթի «Հին աստուածներ»ը, Մ. Քոչարեանի «Մուսա լեռան քառասուն օրը», Մոլիէրի «Ժորժ Տանդէն», «Տարտիւֆ», Շէյքսփիրի «Ամառային գիշերուան երազ» եւ այլ բիէսներ: Այնուհետեւ թատրոնը ղեկավարած է դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանը: Անոր բեմադրութիւններէն են Ժ. Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ», Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, Կամսարականի «Վարժապետին աղջիկը», Շէյքսփիրի «Բազում աղմուկ վասն ոչնչի են»: 1972-ին թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի մէջ։ Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը (1975) թատերախումբը իր ներկայացումները կու տայ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» 650 հոգինոց սրահէն ներս: 1975-ին Սաթամեանի ԱՄՆ գաղթելէն ետք, թատրոնի բեմադրիչներ կ'ըլլան Վաչէ Ատրունին (կը բեմադրէ Դ. Պսաֆասի «Ստախօս կ'ուզուի», 1978), Թորոս Սարգիսեանն ու Զաւէն Գալուստեանը (կը բեմադրէ Կ. Կոլտոնիի «Ստախօսը», 1986), Վաչէ Տոներեանը (1988-90-ին, կը բեմադրէ Պ. Շենոնի «Ժառանգորդը» եւ Ժ. Ֆէյտոյի «Հաւատարմութիւն» բիէսները), Յարութիւն Գնդունին (1991-1992-ին կը բեմադրէ Բրիսթլիի «Ակամայ խոստովանութիւն», Մոլիէրի «Երեւակայական հիւանդը» եւ Ն. Սայմոնի «Տարօրինակ ժամադրութիւններ» բիէսները)։ Վիգէն Ստեփանեանը (1994-95-ին կը բեմադրէ Լա Մուրէի «Ախ կը լիներ, կը լիներ» եւ իր հեղինակած «Պարոն լրտեսին վերջին գործը» բիէսները), Պ. Ֆազլեանը (կը բեմադրէ Մոլիէրի «Ագահը», 1996), Արտաշէս Յովհաննիսեանը (կը բեմադրէ Յակոբ Աթալեանի «Աղուէսն ու Աղասին», 1998) եւ Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը (կը բեմադրէ Մ. Յեննըքէնի «Կիները բնաւ սուտ չեն խօսիր», 1999): Ե. Ղազանչեանը 2001-03-ին կը բեմադրէ Թ. Ուիլիամզի «Մենակութեան վերջին կանգառը», Է. տէ Ֆիլիպոյի «Երեխաները կը մնան երեխաներ» եւ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» բիէսները: Թատերախումբի գործունէութեան իրենց երկարամեայ ու բեղմնաւոր աշխատանքով նպաստած են Լ. Գույումճեանը, Զ. Ներսէսեանը, Զ. Գալուստեանը, Թ. Սարգիսեանը, Գ. Սողոմոնեանը, Հ. Տատուրեանը, Հ. Թումեանը, Վ. Եուրնէշլեանը, Հ. Վարդիվառեանը, Լ. Մելքոնեանը, Պ. Տեր-Սահակեանը:

«Գուսան» երկսեռ երգչախումբ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կազմած է Կոմիտաս վարդապետը, ապա 1956-ին Բարսեղ Կանաչեանի ջանքերով կը հաստատուի Լիբանանի մէջ։ Կը սկսիլ գործել 1933-ին: Անդրանիկ համերգը տեղի ունեցած է Պէյրութի «Մեմորիալ Հոլ» թատրոնէն ներս (կազմը՝ 70 մարդ): Սկզբնական շրջանին ճանչցուած էր հիմնադիրի անունով ՝ «Բարսեղ Կանաչեան», ապա խմբավարի պաշտօնը ստանձնած են Յարութիւն Թոփիկեանը, Երուանդ Երկանեանը, Պարգեւ Թասլաքեանը, իսկ այժմ՝ Գրիգոր Ալոզեանը:[10] Յայտագիրը ընդգրկած է Կոմիտասի, հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր, արաբական եւ քրտական ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ Բ. Կանաչեանի խմբերգերը, «Աբեղայ» օփերայէն (ըստ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» տրամայի) հատուածներ: 1936-ին կազմուած է նաեւ «Գուսան» երաժշտասիրաց միութիւնը: Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերու համար երգչախումբի ղեկավար՝ Բ. Կանաչեանը պարգեւատրուած է Լիբանանի «Մայրիներ Ա. կարգի» պատուոյ նշանով: Ներկայիս Համազգային մշակութային միութեան նոյնանուն երգչախումբը կը փորձէ շարունակել Բ. Կանաչեանի ղեկավարած խումբի աւանդոյթները:

Համազգայինի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ստեղծուած է 28 Մայիս 1928-ին, Գահիրէի մէջ։ Գլխաւոր հիմնադիրներն էին Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Գասպար Իփէկեանը եւ ուրիշներ: Ընկերութեան նպատակն էր գալիք սերունդի կրթութիւնը, մեծահասակներու ինքնազարգացումը եւ հայագիտութեան մշակումը: Իր նպատակներու իրագործման համար, Համազգային ընկերութիւնը 3 Մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնադրէ Հայ Ճեմարանը: Նորաբաց ճեմարանի տնօրինութիւնը կը ստանձնեն Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ Սիմոն Վրացեանը եւ անոր կ'օգնեն որպէս փոխտնօրէն՝ Մուշեղ իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը: Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968-ի աշնան տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեանը:[11] Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք (Ապրիլ 2001), ճեմարանի տնօրինութիւնը որոշ ժամանակ կը վստահուի եռանդամ տնօրէններու խորհուրդին: Այժմ ճեմարանի տնօրէնն է Փաուլա Եղիայեանը:[12] Այդ ճեմարանի նպատակն էր նոր սերունդին կրթելու միջոցով պատրաստել վաղուայ մտաւորական սերունդը, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման պատասխանատուութիւնը: Ճեմարանը 1950-էն կ'անուանուի Նշան Փալանճեան, իսկ 1986-էն արդէն՝ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարան:

Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայագիտական մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւն,որ հիմնուած է 1974-ին (1975-79-ին չէ գործած): Նպատակն է պատրաստել մասնագէտներ հայ մամուլի, դպրոցներու, հրատարակչութիւններու, ազգային եւ կուսակցական հաստատութիւններու մէջ աշխատելու համար: Առաջին տարին ունեցած է 15 ուսանող: Առաջին շրջանաւարտները տուած է 1983-ին: Մինչեւ այժմ տուած է աւելի քան 140 շրջանաւարտ: 1991-էն ուսման տեւողութիւնը երեք տարի է: Ունի հայոց լեզուի եւ գրականութեան, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան առանձին բաժանմունքներ: 1991-ին Երեւանի պետական համալսարանի հետ կնքած պայմանագիրի հիման վրայ, այստեղ կը դասաւանդեն Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտներ: Հայագիտականի շրջանաւարտները իրաւունք ստացած են իրենց ուսումնառութիւնը շարունակել ԵՊՀ-ի մէջ։ Ուսանողներ կ'ընդունին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ: Ունի գիշերօթիկ բաժին եւ ազատ ունկնդիրի կարգավիճակ: Տնօրէնն է Երուանդ Փամպուքեանը (1979-էն):

2002-2003 կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը տուաւ իր 21րդ հունձքը, շրջանաւարտներուն թիւը բարձրացնելով 146ի:

1974ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգին մէջ եղաւ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդուժ մը, որ այսօր կը գործէ իբրեւ ուսուցիչ, խմբագիր, կը վարէ ազգային զանազան կառոյցներու տնօրէնութեան թէ գործավարութեան պաշտօնները, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

Կրթական ծրագիրի իւրայատկութիւնը կը դժուարացնէր համապատասխան մասնագիտութեան տէր դասախօսներ գտնելու աշխատանքը, որովհետեւ շարք մը դասանիւթեր արտերկրեան պայմաններուն մէջ առաջին անգամ իբրեւ ակադեմական դասընթացք պիտի մշակուէին ու աւանդուէին: Լիբանանի մտաւորականութեան շօշափելի համեմատութիւն մը մաս կազմեց Հայագիտական Հիմնարկի դասախօսական կազմին եւ ձեռնհասօրէն բերաւ իր օժանդակութիւնը:

Նիւթական սահմանափակ կարելիութիւնները չնպաստեցին, որ Հիմնարկը Լիբանանէն դուրս ապրող, համապատասխան մասնագիտութիւն ունեցող դասախօսներ պաշտօնի կոչէ:

Հայագիտական Հիմնարկի յիշատակելի թուականներէն մէկը եղաւ եղաւ 27 Յունիս 1991ը, երբ Հիմնարկին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ կնքուեցաւ ուսումնագիտական համաձայնագիր մը, որուն շնորհիւ Հայաստանի պետութիւնը ճանչցաւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը իբրեւ հայագիտական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն եւ ապա զայն առաւ իր հովանաւորութեան տակ:

Զոյգ հաստատութիւններու միջեւ ստեղծուած գործակցութեան արդիւնք, Հիմնարկէն ներս 12 մասնագէտ հայրենի դասախօսներ դասաւանդեցին գրականութիւն ու պատմագիտութիւն: Տեղի ունեցան գրական ու հրատարակչական բնոյթի փոխանակումներ: Պատրաստուեցաւ Միջնակարգի Ա. տարուան Հայոց Պատմութեան դասագիրքը: Ուսանողական մակարդակի վրայ՝ կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ աւելի քան երեսուն ուսանողներու մասնագիտական իրենց ուսումը ամբողջացնելու Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս:

Զոյգ հաստատութիւններուն միջեւ հնգամեայ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք, 4 Դեկտեմբեր 1996ին վերանորոգուեցաւ համաձայնագիրը պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին:

Սփիւռքեան այլասերող հոսանքներուն դէմ թիավարող Հիմնարկը, մեկնած նոր օրերուն պահանջներէն, իրագործեց նաեւ ուսուցիչներու որակաւորման դասընթացքներ, հայ լեզուի այլազան մակարդակներու խորացման աշխատանքներ, 2003-2004 տարեշրջանէն սկսեալ:

Նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը 2005ին դադրեցաւ գործելէ:[13]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Համազգայինի Ամփոփ Պատմութիւն»։ Hamazkayin։ 2013-11-15 
  2. «Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը»։ www.hamaskaine-tarkmantchatz.fr։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-11-06-ին 
  3. «Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Ու Վկայականաց Բաշխում»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-06։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  4. «Միջդպրոցական Գծագրութեան Մրցանք` Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցին»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-04-08։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  5. «Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցին Տարեկան Ելոյթը` Տպաւորիչ Եւ Ողջունելի»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-06-28։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  6. LLC VIP Studio։ «Պէյրութ. «Կարկաչ» խումբի փայլուն ելոյթը»։ www.arevelk.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  7. «Վարանդա եւ Այգ երգչախումբերու համատեղ համերգ»։ Tomsarkgh.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  8. «Հարցազրոյց Բեմադրիչ Հրայր Գալեմքերեանին Հետ` «Փոքր Հարուած Մը» Կատակերգութեան Առիթով»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-04-12։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  9. «Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Իր Ելոյթով Հրապուրեց Արուեստասէր Հանրութիւնը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2018-11-01։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  10. «Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Պէյրութի «Կոմիտաս» Մասնաճիւղին. Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Արժանավայել Կերպով Նշեց Կոմիտասի 150-ամեակը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-01։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  11. «ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2011-04-06։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  12. «Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-17։ արտագրուած է՝ 2019-07-28 
  13. «Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկ - Hamazkayin» (Hy-am)։ 2013-11-14։ արտագրուած է՝ 2024-11-08 
  1. Ս. Հ. Վարժապետեան, « Հայերը Լիբանանի մեջ» Պէյրութ, 1951:
  2. Արաքս Փաշայեան «Լիբանանի վերջին պատերազմը եւ լիբանանահայութեան արդի հիմնախնդիրները», Երեւան,2006
  3. Արաքս Փաշայեան, «Լիբանանահայության մի քանի հիմնախնդիրների շուրջ», Երեւան,2006
  4. «Ազդակ» օրաթերթ