Jump to content

Թորոս Ռոսլին

Թորոս Ռոսլին
Ծնած է 1210
Մահացած է 1270
Ազգութիւն Հայ[1]
Քաղաքացիութիւն Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Մասնագիտութնիւն մանրանկարիչ
Ժանր դիմապատկեր եւ մանրանկարչություն?
Թեմաներ Ձեռագիր մատեաններու նկարազարդում
Մեկենասներ Կոնստանդին Ա Բարձրաբերդցի?
Toros Roslin Ուիքիպահեստում

Թորոս Ռոսլին (1210 - 1270), 13-րդ դարու 2-րդ կիսուն հայ կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչ եւ գրող: Ստեղծագործած է Հռոմկլայի մէջ եւ արուեստագէտներու կողմէ անուանուած է «վերածնութեան Նախակարապետ», «զարդանկարի գեղագէտ»:

Կեանքն ու գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թորոս Ռոսլին միջնադարեան հայկական ձեռագրութեան ամէնէն ուշագրաւ դէմքերէն է: Հիմնուելով արեւմտաեւրոպական արուեստի իր իմացումին վրայ` Ռոսլին մատուցած է լայն տարողութեամբ զրուցական պատմագրութիւն` շարունակելով հանդերձ նախորդներուն աւանդութիւնները[2]։ Ռոսլինի ստեղծագործութիւնը Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան դպրոցի բարձրագոյն արտայայտութիւններէն է:

1256-1268 թուականներուն Թորոս Ռոսլինի ծաղկած մեզ յայտնի 7 ձեռագիրներն են: 12-րդ դարու վերջին եւ 13-րդ դարու Կիլիկիոյ մէջ կը ստեղծէ մշակոյթի վերերլքի նպաստաւոր թեմաներ ու կը ստանայ նոր մեկնաբանութեան կը ստեղծէ հայ մանրանկարչութեան բարձրակերտը նշանաւորող գրքարուեստը, որուն ամենացայտուն արտայայտութիւնը Թորոս Ռոսլինին ստեղծագործութիւնն է: Աշխատած է Հռոմկլայի գրատանը «Զէյթունի Աւետարան» կիլիկեան վաղ ձեռագրերու նման ճոխ զարդարուած է խորաններով, լուսանցազարդերով եւ 4 աւետարանիչներու պատկերները: Այն հաւանաբար պատկերազարդել է մօտ 20-25 տարեկան հասակին: 1256 թուականին, արդէն ինքնուրոյն վարպետ էր եւ ունէր օգնականներ: Հետագային յիշատակուած իր ուսուցիչները հաւանաբար Հռոմկլայի աշխատող անոր աւագ ժամանակակիցները եղած են Կոստանդին կաթողիկոս կամ անոր մերձաւորները: Որ Թորոս Ռոսլինը կապուած եղած է պալատական բարձր շրջաններու հետ, կը վկայեն Կիլիկիոյ թագաւոր Լեւոն Գ․-ի երկու դիմանկարները: Առաջիը՝ զինք կը գծէ երբ պատանի էր, ապա թագաժառանգ եղած ատեն, միւսը՝ Կեռան թագուհիի հետ հարսանեաց հանդէսին: Շարունակելով Հռոմկլայի գրատանը աշխատող աւագ ժամանակակիցներու աւանդները` Թորոս Ռոսլինը զարդապատկերային առանձին դրուագներ ներդաշնակած է հիւսուածքային բարդ յօրինուածքներու մէջ, որոնք աչքի կը զարնեն գծանկարի յստակութեամբ եւ աւարտուածութեամբ: Թորոս Ռոսլին ձեռագիրներ նկարազարդած է Հայոց կաթողիկոսի եւ Հեթումեան թագաւորներու համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«սեբաստիայի Աւետարանը» (1262, ձեռ. թիւ 539, Բալթիմորի Ուոլտերս պատկերասրահ)