Բագին (գրական հանդէս)
Բագին Բագին | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | Արեւմտահայերէն |
Խմբագիր | Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պօյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Յակոբ Պալեան Սոնիա Սանան Քիլեճեան |
Հիմնադրուած է | 1962 |
Հրատարակիչ | ՀՅԴ, Համազգային |
Երկիր | Լիբանան |
Հրատարակման վայր | Պէյրութ |
Հրատարակութեան պատմութիւն | 1962-էն ի վեր |
Յաճախականութիւն | եռամսեայ |
«Բագին» գրական, հասարակական հանդէս։ Կը հրատարակուի Պէյրութի մէջ, 1962-էն ի վեր[1], եռամսեայ պարբերականութեամբ։
Յունուար 1962-ին լոյս կը տեսնէ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին առաջին թիւը[2], իբրեւ վարիչ խմբագիր ունենալով Կարօ Սասունին, խմբագիրներ՝ Եդուարդ Պօյաճեանն ու Պօղոս Սնապեանը: Խմբագրական կազմին անդամ էին՝ Յարութիւն Գեղարդ, Տիգրան Ոսկունի, Բաբգէն Փափազեան եւ Վահէ Օշական:
ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովը, գումարուած 1963-ի աւարտին, ուրախութեամբ կ’ողջունէր հրատարակութիւնը «Բագին» ամսագրին, որ կեանքի կոչուած էր սփիւռքահայութեան գրական-գեղարուեստական բնագաւառին մէջ յառաջացած բացը լեցնելու:
«Բագին»ի հանգանակը կ’արձանագրուէր իր առաջին թիւին մէջ՝ «Բագինի Առջեւ» խորագրուած գրութեամբ: Նոր ամսագիրը կը միտէր ըլլալ խանդավառ բեմը, ի մի խմբելու սփիւռքի տարածքին գործող գրողները: Կը նպատակադրէր մղում տալ, ինչպէս նաեւ արժանաւորապէս ներկայացնել գրական անդաստանի մշակներուն ստեղծագործական աշխատութիւնները:
Վաստակաշատ գրագէտներու հանդէպ իր գուրգուրանքն ու քաջալերանք տարածելով սկսնակներուն վրայ եւս, «Բագին» կ՚օժանդակէր նոր անուններու յայտնաբերման եւ ինքնահաստատման:
Գրական ամսագիրը պիտի չբաւականանար ընդունուած գրական սեռերով, այլ՝ օրուան հետ քայլ պահելու մտահոգութենէն մեկնած, առիթ պիտի ընծայէր օտար մշակոյթներու եւ գրական այլ շարժումներու գրողներուն:
Իր հրատարակութեան առաջին օրերէն «Բագին»ը հաստատօրէն կ’ընդունէր ազգերու կեանքին ու մշակոյթին շարունակականութեան պայմանը, կը մերժէր նիւթին գերակշռութիւնը ոգեկան արժէքներու վրայ եւ կը հաւատար իտէալին եւ ներքին ուժերու զօրութեան:
1970-ին, Եդուարդ Պօյաճեանի կորուստով՝ «Բագին»ի խմբագրական աշխատանքը կը կեդրոնանայ Պօղոս Սնապեանի ուսերուն[3], որուն երկար տարիներու աշխատանքի արգասիքներէն են «Բագին»ի 20 բացառիկ թիւերը՝ նուիրուած հայ մեծատաղանդ գրողներուն եւ անխափան շարունակութիւնը գրական հանդէսին, երկար ժամանակ իբրեւ ամսաթերթ, ապա՝ իբրեւ եռամսեայ հանդէս:
«Բագին»ը շարունակեց համախմբել երէց եւ երիտասարդ գրողները, հրատարակեց անտիպ գործեր, նամակներ, թարգմանեց օտար գրականութեան գոհարներ, ջանադիր եղաւ յատկապէս արեւմտահայերէնի բծախնդիր պահպանման: Հետապնդեց բանագողութիւնը, դէմ կեցաւ խորհրդային ապազգային գրաքննութեան արդիւնք՝ գրական աղճատումներուն եւ ունեցաւ արժանաւոր դերակատարութիւն՝ գաղափարներու կազմաւորման, ճաշակի զարգացման եւ լեզուի հմտութեան մէջ:
Խմբագիր Պօղոս Սնապեանի առողջական վիճակին բարդացման պատճառով, 2003-ին «Բագին»ի խմբագիր նշանակուեցաւ Յակոբ Պալեան, օգնական խմբագիր՝ Սոնիա Քիլեճեան: «Բագին»ը ընթերցողին ներկայացաւ նոր դիմագիծով:
Օգնական խմբագիրի ճամբորդութենէն ետք, 2007-ին, «Բագին»ի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուեցաւ Արփի Համբարեան: Ապա Մայիս 2010-էն մինչեւ Նոյեմբեր 2012՝ փոխխմբագիրի պաշտօնը ստանձնեց Սեդա Գրիգորեան։ Այնուհետեւ Նազօ Գէորգեան «Բագին»ի խմբագրութեան քարտուղար նշանակուեցաւ, մինչեւ Յունիս 2014։ Նոյեմբեր 2014-էն մինչեւ օրս «Բագին»ի օգնական խմբագիրի պաշտօնը կը վարէ Նորա Բարսեղեան:
2016-ին «Բագին»ի խմբագիր նշանակուեցաւ քանատաբնակ լիբանանահայ բանաստեղծուհի ու մանկավարժ Սոնիա Սանան Քիլեճեան։ Խմբագրակազմին կ՚անդամակցին Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Վարդան Մատթէոսեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան։
Հանդէսի 2016-ի առաջին թիւը նուիրուած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանին, իր ծննդեան 70-ամեակին առթիւ։
«Բագին» հրատարակուած է ՀՅԴ-ի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան նիւթական ներդրումով: