Jump to content

Հրաչ Տասնապետեան

Հրաչ Տասնապետեան
Ծնած է 28 Յուլիս 1928
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 16 Մարտ 2001
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Քիմ­ի­ա­գէտ-ճար­տա­րա­գէտ
Աշխատավայր Հայ կրթական մշակ, մտաւորական, հրապարակախօս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ
Երեխաներ Շուշիկ, Թամար եւ Սանան

Հրաչ Եդուարդ Տասնապետեան (28 Յուլիս 1928, Հալէպ - 16 Մարտ 2001, Պէյրութ), հայ կրթական մշակ, մտաւորական, հրապարակախոս եւ ազգային-քաղաքական գործիչ։

Տասնապետեան յա­ճա­խած է ծննդավայր Հա­լէ­պի Ազգային Հայ­կազ­եան ման­կա­պար­տէզը, ապա նա­խակր­թա­րա­նը։ Տա­րի մը Մխի­թար­եան վար­ժա­րան յա­ճա­խե­լէ ետք, ան­ցած է Հա­լէ­պի Ֆրան­սա­կան Լի­սեն, որու փա­կու­մէն ետք՝ երկ­րոր­դա­կան ուս­ման վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րը՝ 1945 էն սկսեալ, ամ­բող­ջա­ցու­ցած է Պէյ­րու­թի Ֆրան­սա­կան Լի­սէ­ին մէջ։ Տա­րի մը հե­տեւած է Պէյ­րու­թի Ու­սո­ղու­թեան եւ Բնա­գի­տու­թեան Ուսմանց ու Հետազօտութիւններու Կեդ­րո­նի դա­սըն­թացք­նե­րուն, ապա 1947-ին մեկ­նած է Լի­ոն (Ֆրանսա)։ Ստա­նա­լէ ետք բնա­գի­տու­թեան տիտ­ղո­սը, եր­կու տա­րի աշա­կեր­տած է Ճար­տա­րար­ուես­տա­կան Քիմ­ի­ա­գի­տու­թեան Բարձ­րա­գոյն դպրո­ցին, ուր­կէ վկայ­ուած է իբ­րեւ քիմ­ի­ա­գէտ-ճար­տա­րա­գէտ։​ Թեկ­նա­ծու դառ­նա­լով տոք­թո­րա­կան աւար­տա­ճա­ռի, տա­րի մը փոր­ձա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քի ըն­դուն­ուած է Փե­շի­նէ ըն­կե­րու­թեան մէջ[1]։

Մանկավարժական գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1953-ի ամա­ռը, Պէյրութի Հա­մազ­գա­յի­նի ճե­մա­րա­նի տ­նօ­րէն՝ Սի­մոն Վրաց­եան, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նը հրա­ւի­րած է Ճե­մա­րան, իբ­րեւ բնագիտութեան ու տարրաբանութեան ու­սու­ցիչ։ 1953-ի Հոկ­տեմ­բե­րին, հաս­տատ­ուե­լով Պէյ­րութ, մին­չեւ իր մա­հը Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի կեան­քը կը կապ­ուի Նշան Փա­լանճ­եան, ապա Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րան­նե­րուն։

1968-ի ամա­ռը, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան կը նշա­նակ­ուի Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն։ Գի­տու­թեան բազ­մա­տա­ղանդ ու­սու­ցի­չը, 32 տա­րի Հա­մազ­գա­յի­նի ի սպաս կը դնէ իր մտա­ւո­րա­կան ու վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Դպրո­ցի ու­սում­նա­կան վե­րել­քին, տնտե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան ապա­հով­ման, աշա­կեր­տու­թեան թուա­կան աճին ու ճե­մա­րա­նի ճա­ռա­գայ­թու­մին ի նպաստ ճի­գե­րը կ'ար­դիւ­նա­ւոր­ուին ըստ ամե­նայ­նի։ Ճե­մա­րա­նը ան­խա­փան կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քե­լու­թիւնը, լի­բա­նան­եան քա­ղա­քաց­ի­ա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մի թո­հու­բո­հին մէջ, կայ­քէ կայք տե­ղա­փոխ­ուե­լով եր­բեմն, վե­րի­վայ­րում­նե­րով ու բազ­մա­պի­սի դժուա­րու­թիւն­նե­րով, բայց միշտ անե­րեր։ Այդ նոյն շրջա­նին կը կա­ռուց­ուին Մ. եւ Հ. Արս­լան­եան ճե­մա­րա­նի եւ Նոր­սիկ­եան ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քե­րը։

Այդ ընթացքին, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան կը հրատարակէ նաեւ հայերէնով գիտութեան դպրոցական դասագիրքերու շարք մը, որ եր­կար տա­րի­ներ կը գոր­ծած­ուի թէ՛ Ճե­մա­րա­նի եւ թէ՛ լիբանանահայ այլ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Որոշ ժամանակ եղած է նաեւ Լիբանանահայոց թեմի Ուսումնական Խորհուրդի անդամ։

Տասնապետեան 1974-ին կարճ շրջան մը եղած է նորաբաց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի առաջին տնօրէնը, իսկ հետագային երկար տարիներ դասախօսած է նոյն հաստատութեան մէջ։

Կուսակցական գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քը առա­ւե­լա­բար կապ­ուած է Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ, որուն շարքերուն միացած է 1946-ին։ Հա­սակ առած դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ, ան յատ­կա­պէս կրած է ազ­դե­ցու­թիւնը իր հօ­րեղ­բօր՝ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ Յա­կոբ Սի­մոնիի։ Պէյ­րու­թի եւ Փա­րի­զի մէջ Ռու­բէն Տէր Մի­նաս­եա­նի, իսկ աւե­լի ուշ Սի­մոն Վրաց­եանի հետ մտեր­մու­թեան մէջ կազ­մա­ւոր­ուած է ու ար­մա­տա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հը, որ միշտ կը դրսե­ւոր­ուի ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քով, հա­յու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեամբ, դաշ­նակ­ցա­կան խի­զա­խու­թեամբ ու կար­գա­պա­հու­թեամբ։

Հ.Յ.Դ. Զա­ւար­եան Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան վար­չու­թե­նէն ետք՝ քա­նի մը շրջան եղած է Հ.Յ.Դ. Լի­բա­նա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ։ Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան Հ.Յ.Դ. Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին առա­ջին ան­գամ կը մաս­նակ­ցի 1967-ին եւ անմիջապէս կ'ընտր­ուի Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ։ Յա­ջոր­դա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րով ան Բիւ­րո­յի ան­դամ կը մնայ մին­չեւ 1995, վեր­ջին մէկ տա­րի­ն դառ­նա­լով Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ։

Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­նի դե­րը ու­շագ­րաւ կը դառնայ յատ­կա­պէս յա­րա­բե­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մէջ՝ հայ, բայց յատ­կա­պէս՝ օտար շրջա­նակ­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ։ Ան Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման, ազ­գա­յին առա­ջադ­րանք­նե­րու դրսե­ւոր­ման աս­պա­րէզ­նե­րուն մէջ իր ժամանակաշրջանի առաջամարտիկներէն էր։

Դաշ­նակ­ցա­կա­նու­թիւնը,​ իր զա­նա­զան առա­քի­նու­թիւն­նե­րով, հա­ւա­քա­կան աւանդն է բո­լո­րին, հա­մա­պար­փակ գու­մա­րը բո­լո­րի՛ նկա­րագ­րա­յին շեշտ­ուած գի­ծե­րուն։ Մթնո­լորտ է ան, որ պի­տի աշ­խա­տինք վառ պա­հել` իբ­րեւ ներշն­չա­րան։ Բա­րո­յա­կան իւ­րա­յա­տուկ դի­մագ­ծու­թիւն է ան, որուն աս­տի­ճա­նա­կան իւ­րաց­ման պի­տի ձգտինք` հա­ղոր­դու­թեան եւ ան­խար­դախ կի­րար­կու­մի ճամ­բով։ Եւ ար­ժա­նի ըլ­լա­լու հա­մար լրիւ ու իրա՛ւ դաշ­նակ­ցա­կան մար­դու դժուար կո­չու­մին, Դաշ­նակ­ցու­թեա՛ն հա­մար, անոր հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րուն հա­մար` որոնց հա­ւա՛տ­քը ու­նինք, ամէն օր քիչ մը աւե­լի պի­տի դաշ­նակ­ցա­կա­նա­նա՛նք:
- Հրաչ Տաս­նա­պետ­եա­ն


Հայագիտական աշխատանքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ որ Տասնապետեան հայագիտական մասնագիտական կրթութիւն չէր ստացած, իր հայրենասիրական ամուր համոզումներն ու կուսակցական կեանքէն ներս իր խորասուզուիլը երիտասարդ տարիքէն իր մօտ լուրջ հետաքրքրութիւններ կը յառաջացնեն հայագիտութեան այլազան բնագաւառներու, մասնաւորապէս՝ հայկական ճարտարապետութեան ու հայոց արդի պատմութեան հանդէպ։

Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ու­սում­նա­սի­րա­կան քա­նի մը աշ­խա­տանք­ներ հ­րա­տա­րա­կե­լէ ետք, Հրաչ Տաս­նա­պետ­եան ամ­բող­ջո­վին կը նուիր­ուի Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան, գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան խնդիր­նե­րու գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան։

1970-ական թուա­կան­նե­րուն, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի որո­շու­մով, 4 կամ 5 ամառ­ներ կը զբա­ղի Պոս­թը­նի Հ.Յ.Դ. ար­խիւ­նե­րու դա­սա­ւոր­ման, ցու­ցա­կագր­ման ու պատ­ճէ­նա­հան­ման գոր­ծով, այ­նու­հե­տեւ միշտ մնա­լով այդ ար­խիւ­նե­րու բծախն­դիր ու­սում­նա­սի­րող մը։ Իր խմբագ­րու­մով կամ իր գրչի ար­գա­սի­քով հա­տո­րով կը հրա­տա­րակ­ուին շուրջ քսան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, առանց հաշ­ուե­լու մա­մու­լի մէջ տպուած առա­ւել կամ նուազ ըն­դար­ձակ յօդ­ուած­ներն ու յօդ­ուա­ծա­շար­քե­րը։

ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբի արեւմտահայ ազգային- ազատագրական շարժման, ի մասնաւորի՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան այլազան խնդիրներուն նուիրուած են Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հոլովոյթը» (1974), «Ո՞վ է դաշնակցականը» (1975), «Հայկական Հարցը» (1977), «Յեղափոխութիւն» (1978), «Իննսունամեայ հաշուեկշիռ» (1985), «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. Ժողովը (‎1890-1924)» (‎1988), «Հայ յեղափոխական շարժումը մինչեւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմութիւնը» (1990) եւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը» (1994) ուսումնասիրութիւններն ու հանրամատչելի երկերը։ Անոնցմէ մէկ քանին թարգմանուած են նաեւ արաբերէնի, անգլերէնի ու ֆրանսերէնի։

Տասնապետեանի հայագիտական թողօնին մաս կը կազմեն նաեւ «Հ.Յ.Դ. Արխիւ» խորագիրը կրող իր խմբագրած երկու ցուցակ-հատորները (1980-81), որոնք կը վերաբերին կուսակցութեան պատմութեան առաջին տասնամեակին՝ մինչեւ 1901, «Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համար» շարքի առաջին չորս հատորները (1972-82), ուր ներկայացուած են մինչեւ 1907 հասնող բազմաթիւ կուսակցական փաստաթուղթեր, Արամ Մանուկեանին, Քրիստափոր Միքայէլեանին առնչուող, ինչպէս նաեւ «Ռոստոմ» (1979), «Ռոստոմ. Նամականի» (1999) եւ «Սիմոն Զաւարեան» (հ. 1-3, 1983-97) սկզբնաղբիւրներու ժողովածուները։

Յետմահու լոյս տեսած են «Պատմութիւն հայ յեղափոխական մարժման Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» եւ «Յօդուածներու ժողովածու» (2007) հատորները։

  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան յեղափոխական-մարտական գործունէութիւնը», «Դրօշակ», Աթէնք, 1994, թիւ 21, էջ 18-29, թիւ 22, էջ 28-38:
  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)», Աթէնք, 1988, 259 էջ:
  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Պատմութիւն հայ յեղափոխական շարժման եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան», Պէյրութ, 2009, 504 էջ:
  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Ո՞վ է դաշնակցականը», Պէյրութ, 1975, 58 էջ:
  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Յօդուածներու ժողովածու», Պէյրութ, 2007, 639 էջ:
  • Տասնապետեան, Հրաչ, «Յեղափոխութիւն», Պէյրութ, 1978, 159 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-22 

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից