Երուանդ Փամպուքեան
Երուանդ Փամպուքեան | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | Օգոստոս 1933 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Կաղապար:Country data ՍիրիաՍուրիա |
Ազգութիւն | հայ |
Ուսումնավայր | Պելճիքայի «Լուվէն» Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, քաղաքագէտ, խմբագիր |
Աշխատավայր | հայոց պատմութեան դասագիրքերու եւ գիրքերու խմբագիր ու հեղինակ |
Երուանդ Փամպուքեան (ծն․՝ 1933 Հալէպ (Սուրիա)), հայ պատմաբան, խմբագիր եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ[1]:
Կենասագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծնած է Օգոստոս 1933-ին, Հալէպ, Սուրիա: 1953-ին, աւարտած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը, ուր ստացած է իր երկրորդական ուսումը եւ 1954-ին անցած՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար հայագիտական վարժարան: 1954-էն 1958 ընդունուած է Պելճիքայի «Լուվեն» համալսարանը, ուր ուսանած է ընկերային եւ քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին մէջ[2], միաժամանակ հետեւելով Արեւելագիտութեան դասընթացքներու: 1958-էն ի վեր, ան Պէյրութի մէջ եղած Հայոց Պատմութեան եւ հայ մատենագրութեան ուսուցիչ[1]:
Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երուանդ Փամպուքեան շատ մեծ ներդրում ունեցած է իր ասպարէզին մէջ։ Դասաւանդած է Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանի (1958-2002), Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի (1958-1970) եւ Պէյրութի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Վարժարանին մէջ։ Ան նաեւ ստանցնած է տնօրէնութեան պաշտօններ, ինչպէս Ազդակ օրաթերթի (1970-1978)[2] եւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին (1979-2005)[1]:
Այս գործերէն անկախ, 2005-էն ի վեր, խմբագրած եւ հեղինակը դարձած է հայոց պատմութեան դասագիրքերու եւ բազմաթիւ այլ ուումնասիրութիւններու: Խմբագրած է Նիկոլ Աղբալեանի «Երկեր»-ու Գ. եւ Դ. հատորները[1]:
Իր ասպարէզին ընդմէջէն, ան նաեւ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է ՀՅԴ-ի մէջ, խմբագրելով Հրաչ Տասնապետեանի «Պատմութիւն Հայ Յեղափոխական շարժման եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան» եւ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան կառոյցը» գործերը, ինչպէս նաեւ «Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատմութեան Համար» Ե.-էն ԺԲ.[1][3] հատորները: