Jump to content

Պուրճ Համուտ

Բնակավայր
Պուրճ Համուտ
برج حمود
Երկիր  Լիբանան
Շրջան Ըլ-Մեթն
Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան
Հիմնադրուած է՝ 1952
Տարածութիւն 2,5 քմ²
Պաշտօնական լեզու Արաբերէն եւ հայերէն
Խօսուող լեզուներ Հայերէն, Արաբերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն
Բնակչութիւն 150,000 մարդ
Պաշտօնական կայքէջ bourjhammoud.gov.lb

Պուրճ Համուտ քաղաքը կը գտնուի Պէյրութ մայրաքաղաքին հիւսիս արեւելքը, Մեթն մարզին մէջ եւ մաս կը կազմէ Մեծ Պէյրութին, ուր շատ մեծ թիւով հայեր կ՚ապրին։ Պուրճ Համուտը վաճառականական կեդրոն մըն է եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամենախիտ մէկը։[1]

Պուրճ Համուտ կը հիմնադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան 1915-ի փրկուողներուն կողմէ ու կը զարգանայ 1930-ականներուն։ Երբ հիւանդ եւ ուժասպառ հայերը, որոնք կը փրկուին Տէր Զօրի մահուան երթերէն, կը հասնին Պէյրութ Օսմանեան Կայսրութեան անկումէն ետք, անոնց իրաւունք կը տրուի խրճիթներ կառուցել Պէյրութի գետին աջ ափին վրայ, որ այդ ժամանակ ճահճոտ տարածութիւն մըն էր։[2][3] Հետագային անոնց կ'արտօնուի տուներ ու շէնքեր շինել, որոնք մինչեւ այս օրս կանգուն են։ 1952-ին, Պուրճ Համուտ կ՛ունենայ իր քաղաքապետարանը եւ այժմ անդամ է Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետարաններու խումբին։

Պուրճ Համուտ քաղաքին ու անոր քաղաքապետարանին հիմնադիրն է Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրերէն Հայր Պօղոս Արիսը, որ կը նպաստէ գործօն քաղաքի մը եւ լիբանանահայերու կեդրոնի հիմնադրութեան, ինչպէս նաեւ երկար տարիներով կը ստանձնէ անոր քաղաքապետութեան պաշտօնը։ Քաղաքապետարանը Պուրճ Համուտի մայր թաղերէն մէկը կը կոչէ իր անունով՝ իրենց երախտագիտութիանը յայտնելու իր մեծ ներդրումներուն քաղաքի հիմնադրութեան եւ կառուցման համար։

Իր հիմնադրութեան եւ սկիզբի տեղափոխման ժամանակ, Պուրճ Համուտը մրցակցութեան կեդրոն մը կը դառնայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, որոնք կ'աշխատին իշխել այս նոր հիմնուած քաղաքը։ Ասիկա կը մղէ զանազան կռիւներու եւ ահաբեկումներու, որոնք կը ճնշեն լիբանանահայերը։[4] Այս վիճակը իր գագաթնակէտին կը հասնի Լիբանանի 1958-ի ճգնաժամին, երբ այս երկու կուսակցութիւնները եւ իրենց համակիրները բեւեռացուած կը դառնան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կաթողիկոսի ընտրութեան ժամանակ։[5] Սակայն, աղանդաւորական վէճին աճման ժամանակաշրջանի կէսերուն, Լիբանանի հայերը կը սկսինն իրարու մօտիկութիւն ցոյց տալ եւ 1972-ին, Հնչակեան կուսակցութիւնը համաձայնութիւն մը կը ստորագրէ Դաշնակցութեան հետ։

Քաղաքացիական Պատերազմ (1975-1990)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի Քաղակացիական Պատերազմը վախ կը յառաջացնէ Պէյրութի հայ համայնքին վրայ։ Այս դժուարին պայմաններուն մէջ, հայերը միասնականութեան կարիքը կ'ունենան, այսպիսով անոնք կը համախմբուին Պուրճ Համուտի մէջ։ Հայերը արդէն իրենց գոյութիւնը կը փաստեն իրենց մշակութային կեդրոններով, դպրոցներով եւ եկեղեցիներով։

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին ընթացքին, մեծ թիւով հայ երիտասարդներ զէնք կը բռնեն՝ Պուրճ Համուտը հակառակորդներէն պաշտպանելու համար։ Սակայն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը փորձէ չեզոք մնալ։ Հայկական ուժերուն չեզոքութեան պատճառով, Մարունի համայնքի զինեալ խմբաւորումները Պուրճ Համուտի բնակիչները շատ զօրաւոր ճնշումի տակ կը պահեն՝ յարձակելով նոյնիսկ Պուրճ Համուտի վրայ։[6]

2006-ի Լիբանան-Իսրայէլ Պայքարը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2006-ի Լիբանան-Իսրայէլ Պայքարին ժամանակ, գաղթականները կ'ընդունուին Պուրճ Համուտի եկեղեցիներուն, դպրոցներուն եւ այլ կեդրոններուն մէջ, ուր անոնք կը կերակրուին եւ ապա կը ստանան ապաստարաններ։ Պայքարէն ետք, Թուրքիա կը խոստանայ զօրք ղրկել Լիբանան, մաս կազմելու Միացեալ Ազգերու Լիբանանի Ժամանակաւոր Ուժերուն: Հայերուն մեծամասնութիւնը կը մերժէ այս թրքական ծրագիրը եւ Պուրճ Համուտի մէջ ցոյցեր կը կազմակերպէ ընդդէմ Թուրքիոյ ուժերուն։[7]

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուրճ Համուտի կից շրջաններն են Տորան, Քարանթինան, Սինն Ըլ Ֆիլը եւ Աշրաֆիէն:

Բնակուած տուներուն եւ շէնքերուն մեծ մասը կը կառուցուին 1930էն 1970ական թուականներուն։ Անոնք ընդհանրապէս 2 յարկանի են,[1] Պալքանեան շինութեամբ, տախտակաշէն պատշգամներով, շրջանի նեղլիկ փողոցներուն մէջ։ Առեւտրական գործերուն մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ այդ թաղերուն մէջ։[3] Հակառակ իր բնապահպանական հարցերուն (իր գտնուած տեղին պատճառով), անիկա աշխուժ եւ առեւտրական շրջան մըն է։ Ինք կը խաչաձեւուի ճամբաներով եւ իր կռնակը կու տայ Միջերկրական Ծովուն, որմէ ունի քանի մը հեքտար տարածք։[1] Պուրճ Համուտը ունի բազմաթիւ եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, հաստատութիւններ, որոնք կը գտնուին իր մերձակայքին մէջ։

Պուրճ Համուտ բաժնուած է եօթը մեծ մարզերու.

Տորան առեւտրական եւ բնակչութեան մեծ շրջան մըն է, որ կը կառավարուի Պուրճ Համուտի քաղապետութեան կողմէ եւ ունի մեծ արտադրական հատուած մը իր աշխարհագրական վայրին մէջ։ Տորան ընդհանրապէս քրիստոնէական արուարձան մըն է, բայց տարբեր համայնքի լիբանանցիներ կ՛ապրին այնտեղ։ Օտար աշխատողներ, ինչպէս եգիպտացիներ, սրի լանքացիներ նաեւ կ՛ապրին Տորայի մէջ՝ տուներու աժան վարձքերուն պատճառով։

Նապաա (النّبعة)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նապաան արուարձան մըն է առեւտրական եւ բնակչութեան գօտիներով եւ Միջին Արեւելքի ամենահոծ բնակչութիւն ունեցող շրջաններէն է։ Նապաան կը կառավարուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին կողմէ եւ իրեն սահմանակից շրջանն է Սինն Ըլ Ֆիլը: Անիկա բուն իսլամական հատուածն է Պուրճ Համուտի, որ մեծ մատով բնակուած է Շիա համայնքի իսլամներէ, բայց նաեւ հայերէ: Սակայն, բնակիչներու փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին պատճառով։ Այժմ, այդտեղ կ՛ապրին մեծ թիւով օտարականներ, ինչպէս՝ սուրիացիներ, եգիպտացիներ, ասիացիներ եւ ափրիկեցիներ՝ աժան տունի վարձքերուն եւ գործի պատճառով։

Նահրը Պէյրութի ամենամօտիկ շրջանն է եւ կը գտնուի Պէյրութի Գետի ափին, որ կը բաժնէ Պուրճ Համուտը եւ Պէյրութը: Այստեղէն կարելի է ուղղուիլ դէպի մայրաքաղաք երկու մայր կամուրջներէ՝ Ժիսր Պէյրութէն, որ կ՛անցնի գետին վրայէն։

Անպարի (أنباري)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մար Տումէթ (مار ضومط)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Պուրճ Համուտի արեւելքը։ Բաղդատած միւս շրջաններուն, ան կը գտնուի աւելի բարձր դիրքի վրայ։ Անիկա առաջին անգամ կը բնակուի 1861 թուականին, Ապու Ապտալլահ ընտանիքին կողմէ։

Հայերուն Ներկայութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուրճ Համուտի շատ մը թաղեր կը կոչուի հայկական քաղաքներու անունով, ինչպէս՝ Երեւան եւ գետերու անունով՝ Արաքս: Կարգ մը թաղեր կը կոչուին ներկայ Հայաստանի քաղաքներու անուններով, ուրիշներ ալ՝ թրքահայաստանի, ինչպէս՝ Մարաշ, Սիս, Ատանա, Արագած, Կիլիկիա եւ այլն։ Անոնցմէ շատեր կը յիշեցնեն հայերու նախահայրերու բնակավայրերը եւ Կիլիկիան, ուրկէ եկած են լիբանանահայերուն մեծամասնութիւնը։

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուրճ Համուտը ունի 150000 բնակիչ իր 2.5 քառ. քլմ. տարածութեան վրայ՝ ըլլալով Միջին Արեւելքի ամենախիտ բնակչութիւն ունեցող շրջաններէն մէկը։ Իր բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր են, բայց նաեւ կը բնակուի լիբանանցի Շիա իսլամներէ եւ լիբանանցի քրիստոնէաներէ ու պաղեստինցիներէ։ Պուրճ Համուտը նաեւ կը բնակուի օտարներու կողմէ, ինչպէս՝ ասիացիներէ եւ ափրիկեցիներէ, նաեւ՝ սուրիացի եւ իրաքցի գաղթականներէ, որոնք կը պատկանին պարբեր դաւանումներու։

Լիբանանահայերը կը խօսին արեւմտահայերէն: Պուրճ Համուտ ունի բազմաթիւ հայկական վարժարաններ եւ կեդրոնն է սփիւռքի ամենածանօթ օրաթերթին՝ Ազդակին: Պուրճ Համուտ նաեւ ունի 24 ժամուան դրութեամբ ռատիոկայան մը՝ Վանայ Ձայնը:

Պուրճ Համուտի մէջ կը գործեն երեք մեծ հայկական կուսակցութիւններ.- Դաշնակցութիւնը, Ռամկավարներն ու Հնչակեանները։

Հայ քրիստոնէայ դաւանանգներն են Հայ Առաքելականները, Հայ Կաթողիկէներն ու Հայ Աւետարանականները:

Այս նշուած կուսակցութիւններն ու եկեղեցական դաւանանգները ունին իրենց հաստատութիւնները, ակումբները, եկեղեցիները եւ դպրոցները Պուրճ Համուտի շրջակայքին մէջ։ Ներկայիս, Պուրճ Համուտի քաղաքապետն է Պարոն Մարտիկ Պօղոսեանը։

Պուրճ Համուտը կեդրոնն է ձեռագործներու, ինչպէս՝ գոհարեղէններու եւ կաշիներու։ Ան կը նախատեսուի իբրեւ կարեւոր գնումի վայր Լիբանանի մէջ։

  • Հայ Առաքելական.- Ազգային Միացեալ Վարժարան
  • Հայ Կաթողիկէ.- Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան եւ Սրբուհի Ագնէս Միջնակարգ Վարժարան
  • Հայ Աւետարանական.- Շամլեան Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան եւ Փիթըր եւ Էմմանուէլ Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարան։
  • Ոչ-դաւանական.- Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարան
  • Ոչ-հայկական.- Պուրճ Համուտ նաեւ ունի ոչ-հայկական վարժարաններ, ինչպէս՝ Ալ Ինայա Վարժարանը, Ալ Սալամ Վարժարանը, Ալ Ահլիա Վարժարանը, Ալ Սանապէլ Վարժարանը, Սէն Ժոզեֆ Վարժարանն ու Լիսէ Նասիոնալ Լիպանէն։

Պուրճ Համուտ ունի երկու արհեստից քոլէճներ, ինչպէս՝ LATC Արհեստից Դպրոցը որ մաս կը կազմէ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճին եւ Մեսրոպեան Արհեստից Վարժարանը, որ ինչպէս իր անունը կը յայտնէ մաս կը կազմէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին:

Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուի հայ թերաճ մանուկներու Զուարթնոց Կեդրոնը։

  • Հայ Առաքելական եկեղեցիներ.- Սուրբ Վարդանանց եկեղեցի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցի։
  • Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներ.- Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի
  • Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ.- Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցի, Ամանոսի Հայ Աւետարանական եկեղեցի եւ Աստուծոյ Աւետարանական եկեղեցի։

Ոչ-հայ դաւանումներն ալ ունին իրենց եկեղեցիները ինչպէս մարունիները, յոյն ուղղափարներն ու յոյն կաթողիկէները։

Պուրճ Համուտ ունի քաղաքապետարանի ֆութպոլի դաշտ, որ կրնայ ընդունիլ 10500 համակիր։

Հաստատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Rapport Bourj Hammoud» (PDF)։ Euromedina.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-03-ին։ արտագրուած է՝ 2007-10-11 
  2. «Maps And The Historical Topography Of Beirut»։ Almashriq.hiof.no։ արտագրուած է՝ 2015-03-11 
  3. 3,0 3,1 Fisk Robert (2001)։ Pity the Nation: Lebanon at War։ Oxford University Press։ էջ 60։ ISBN 0-19-280130-9 
  4. Weinberg Leonard։ Political parties and terrorist groups։ Routledge (UK)։ էջ 19։ ISBN 0-7146-3491-3 
  5. Hovannisian Richard (2005)։ The Armenian People from Ancient to Modern Times։ Palgrave Macmillan։ էջ 418։ ISBN 0-312-10168-6 
  6. Federal Research Division (2004)։ Lebanon a Country Study։ Kessinger Publishing։ էջ 185։ ISBN 1-4191-2943-0 
  7. Azad-Hye։ «Azad-Hye Middle East Armenian Portal (Turkish presence in Lebanon evokes dreadful memories )»։ Azad-hye.net։ արտագրուած է՝ 2015-03-11