Նիկոլ Աղբալեան

Նիկոլ Աղբալեան
Ծնած է 24 Մարտ 1875(1875-03-24)[1][2]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 15 Օգոստոս 1947(1947-08-15)[1][2] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց[1]
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1]
Մոսկուայի պետական համալսարան[1]
Լոզանի Համալսարան[1]
Փարիզի Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն գրականագէտ, հասարակական գործիչ, գրականագետ, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Մուրճ
Հորիզոն
Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան
Վարած պաշտօններ նախարար?[2]
Անդամութիւն Վերնատուն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Նիկոլ Աղբալեան (24 Մարտ 1875(1875-03-24)[1][2], Թիֆլիս, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 15 Օգոստոս 1947(1947-08-15)[1][2], Պէյրութ, Լիբանան[1][2]), Գրագէտ, մանկավարժ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան փայլուն գաղափարախօսներէն։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Յաճախած է թաղին ծխական վարժարանը, ապա Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, յետոյ Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանը, վերջը Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը։ Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միաժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագիրին՝ գրական – քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու՝ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լօզանի մէջ։ Կանուխէն մաս կազմած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն։

1900-ականներու սկիզբը, Նիկոլ Աղբալեան իրագործած է հայոց հոգեմտաւոր աշխարհի հայացման իր առաքելութեան առաջին փուլը՝ ռուսական եւ եւրոպական ազատախոհ ու յառաջադէմ արժէքներով հունաւորելով հայ գրական մշակութային կեանքի վերաշխուժացումը։ Յովհաննէս Թումանեանի հետ ձեռնամուխ եղած է Թիֆլիսի հայ երիտասարդ մտաւորականութեան «Վերնատան հանդիպում-ներ»ու կազմակերպումին։ Դարձած է դրօշակիրը գրական այն մեծ շարժումին, որ հայոց հոգեմտաւոր բազմադարեան հարստութեան վերանորոգումին մէջ տեսած եւ հաստատած է վաղուան հայ մշակոյթի որակական ոստումին ակունքները։

  • 19091912 Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէն եղած է: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է Հ.Յ.Դ. ընդհանուր ժողովներու։ Այցելած է Վան, Էրզրում:
  • 1913-ին՝ Թիֆլիսի մէջ վարած է «Հորիզոն» օրաթերթի խմբագրութիւնը, որ մինչեւ Հայաստանի անկախութեան կերտումն ու Հանրապետութեան հռչակումը արեւելահայ իրականութեան մէջ կատարած է հանրային լուսաւորումի մեծ գործ։
  • 1914-1915 թուականներուն մաս կազմած է հայ կամաւորական խումբերու Կարգադրիչ Մարմինին եւ Ազգային Բիւրոյին: Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ, Նիկոլ Աղբալեան յառաջապահներէն եղած է Հայոց Ազգային Խորհուրդի ստեղծումին՝ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպական շնորհը ծառայեցնելով կամաւորական շարժման կազմակերպումին։ Այնուհետեւ, զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան պատսպարման, սնուցման եւ բուժման դժուարին գործը։
  • 1918-ին, Հայաստանի հանրապետութեան հռչակումէն ետք, ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ:
  • 1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան մէջ։ Աղբալեան հիմը դրած է Երեւանի պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ ստանձնած է պետական հովանաւորութիւնը նորահաս արժէքներու, ինչպէս օրինակ՝ Եղիշէ Չարենցի, ի սպաս հայ մշակոյթի եւ արուեստի պետական ծաղկումին:
  • 1921-ին, Հայաստանի Խորհրդայնացումէն ետք, Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է Փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ:

Ապստամբութեան ընկրկումէն ետք եւ Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութեան երկրէն հեռացումին հետ, Աղբալեան անցած է Ատրպատական՝ Պարսկաստան, ապա՝ Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ իբր Ալեքսանդրիոյ ազգային վարժարանի տնօրէն:

Նիկոլ Աղբալեան
  • 1928-ին, Գահիրէի մէջ, Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ Գ. Իփէկէանի հետ միասին հիմնած են Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւնը:
  • 1930-ին, Լեւոն Շանթի հետ հիմնած են Համազգայինի Պէյրութի Հայ Ճեմարանը: Այնուհետեւ ապրած է Լիբանան եւ մահացած՝ 15 Օգոստոս 1947-ին։
  • Մինչեւ իր մահը Լեւոն Շանթի կողքին անխոնջ կանգնած՝ Աղբալեան ծաւալած է ե՛ւ մանկավարժական, ե՛ւ հայագիտական եռուն գործունէութիւն։ Դասաւանդած է հայ գրականութեան պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագիտութիւն։ Ժողովրդային լսարաններ կազմակերպած է, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն մէջ սերմանէ հայ մշակոյթին եւ արուեստին պաշտամունքը։ Իր անունը անջնջելիօրէն կապած է Համազգայինի Հայ Ճեմարանին (հետագային «Նշան Փալանճեան», իսկ այժմ «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան) ժառանգութեան։

Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք հետագային լոյս տեսած են ամբողջական երկերու իր Գ. հատորին մէջ։ Տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը կ'ըլլան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական իր արժէքաւոր գործերը։ Այդ շարքին մաս կը կազմեն «Սայեաթ-Նովա» մենագրութիւնը, «Հայ Մատենագիտութիւն» դասագիրքը, «Մտածումներ Հ.Յ.Դաշնակցութեան մասին» աշխատութիւնը ու համազգային հնչեղութեամբ առանձին դէմքերու եւ դրուագներու նուիրուած իր արժէքաւոր յօդուածները, «Մեր կանոնագիրը»(1937), «Կրկին մեր կանոնագիրը» (1937)։

Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին կը գործէ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութիւնը, եւ իր անունով կոչուած է Երեւանի թիւ 19-րդ հիմնական միջնակարգ դպրոցը[3]։

Աղբալեանի Խօսքերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սա ոչ թէ շահակից անձերի միութիւն է, այլ արիացող տիպարների ընկերութիւն։
Այստեղ ոչ թէ անձնական եւ նիւթական շահն է, որ կապում է մարդկանց, այլ բարոյական ուխտի նոյնութիւնն է, որ դարձնում է ընկեր եւ Ծրագիր Կանոնագրի միութիւնը՝ համընթաց։
Դաշնակցականն իր անձին մէջ վերակազմում է նոր հայութեան տիպարը, բորբոքելով ժառանգական արութեան կայծերը, որ մնացած են անթեղուած եւ յարաճուն խիզախութեամբ խարանելով ու սպիացնելով ժառանգական ստրկութեան վէրքերը։
… Մեր անհատապաշտ դարում յաճախ է պատահում, որ մարդիկ ընկերանում են՝ առանց մտածելու, թէ ընկերութիւնը փոխադարձ զիջում է, որ կա՛մ պէտք է սիրով կատարել, կա՛մ արդարութեամբ: Լաւ է, անշո՛ւշտ, որ սիրով կատարուի, այն ժամանակ հաշիւ չի պահուի, ինչպէս մայրն իր երեխայի հանդէպ, բայց գոնէ արդարութեամբ պէտք է զիջեն կողմերը, որ կարենան հաշտ ընթանալ: Զուր չէ, որ լուծ են ասել ամուսնութեան մասին, կամովին առած լուծ՝ կեանքի ակօսը վարելու: Բարդ է նոր մարդու հոգին եւ շատ զգայուն, սէրն անշուշտ ամենագէտ է եւ կարող է ամէն սուր անկիւն մաշել մեղմօրէն, բայց սէրն այնքան նոյնացած է հիմա սեռի հետ, որ անտեսւում է եւ մարդու աչքին երեւում է, որ կարող է կորցնել իր թարմութիւնը: Մարդը սիրելով կին պէտք է առնել եւ ոչ կին սիրելով մարդ որոնել նրա մէջ։ Երբ մարդը սիրուի կնոջ մէջ՝ նա վախ չունի տարիքից, որին օգնել չեն կարող ոչ հագուստի նոր ձեւը եւ ոչ շպարը…
Երկար ապրելու չէք. ամենաշատը հարիւր տարի. ուրիշ անգամ աշխարհ գալու չէք. ա՛յս է, որ կայ. յետոյ գալու է յաւերժական խաւար եւ հանգիստ: Պէտք է խաղաղ ու սիրով անցընել կարճ ճամբան. հաշտ ու համերաշխ: Եթէ մարդիկ սովորութիւն դարձնեն վշտի, բարկութեան, սրտնեղութեան եւ սրանց նման պահերին անդրադառնալ, որ առջեւները մահ կայ՝ ամէն ինչ կը դիւրանայ եւ անսահման ներողամտութեամբ կը համակուեն ու թեթեւ կ'ապրեն այս աշխարհում: Ոմանք սարսափում են մահից, իմ աչքում նա մի մեծ բարիք է, որ անհունօրէն բարձրացնում է ամէն մի վայելքի եւ հաճոյքի արժէքը: Եթէ մտածենք, որ այսօրը անցնում է եւ վերադարձ չունի՝ պիտի զղջանք, որ այդ անցնող օրը դառնութիւն բերեց մեր պատճառով սրան կամ նրան, բայց մանաւանդ մեր սիրածին:
Ինչ պիտի տար սրտնեղութիւնը, վիրաւորանքը, անուշադրութիւնը, արհամարհանքը, մռայլ կնճիռը, զայրացկոտ խօսքը, յարգանքի պակասը, հնարաւորի մերժումը եւ սրանց նման աննշան բաները, որ խանգարում են սիրած մարդոց ներդաշնակութիւնը. յաւիտեան ապրելո՞ւ ենք, միշտ երիտասա՞րդ պիտի մնանք, դիւրի՞ն է լաւ կին ու բարեկամ գտնելը. տիեզերական ուժերը վարում են մեզ դէպի մահ, ինչո՞ւ իրար սիրտ կոտրենք այդ խուճապի մէջ, ինչո՞ւ իրար չօգնենք, իրար վրայ չգուրգուրանք, իրար չսիրենք, խէթ-խէթ իրար նայելով, իրար զարկելով, իրար սիրտ կոտրելով աւելի դանդա՞ղ պիտի վարէ տիեզերքը մեզ դէպի մահ, նա, որ չգիտէ իսկ, թէ մարդիկ սիրել ու ապրել գիտեն»…։
Ամէն մի դաշնակցական կոչուած է Սասունցի Դաւթի նման թուր կայծակին շարժելու Մսրայ Մելիքի դէմ. Նա պարտաւոր է հոգալ թէ իր բազկի, զօրութեան մասին՝ բարոյական տիպարը մշակելով իր մէջ եւ թէ կայծակէ թուրի զօրութեան մասին «ամէն ջանք թափելով», որ նա չգուլանայ եւ չժանգոտի անտեղի եւ անվայել գործերի մէջ, այլ միշտ սրբած ու պատրաստ՝ ասպետական անշահախնդիր ձեռքի մէջ, օրհասական պայքարների օրերին՝ իջնի թափով ու զարկէ սարսափով»…։

[4]

Նիկոլ Աղբալեան

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Պատանիին Գիրքը, Ա. Հատոր.