Բաբգէն Փափազեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ընկ. տոքթ. Բաբգէն Փափազեան ծնած է 28 Փետրուար 1915-ին, Պաղտատ, Իրաք։ Զաւակն է տոքթ. Գուրգէն եւ Փերուզ Փափազեաններու, որոնց յարկին տակ ստացած է իր նախնական ուսումը, առաջին ուսուցիչ ունենալով կուսակցական գործիչ եւ գրիչի մարդ իր հայրը։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի նորաբաց Ճեմարանէն ներս աշակերտելով Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի։ «Ն. Փալանճեան» (այժմ Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) Ճեմարանի շրջանաւարտներու երրորդ սերունդէն էր ան 1937-ին։
Հետեւած է Ֆրանսական բժշկութեան ճիւղին, միաժամանակ դասաւանդելով Ճեմարանի մէջ։ 1946-ին ընտանեօք վերադարձած է Պաղտատ, ուր մնացած է մինչեւ 1959, երբ վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ շարունակելով կիրարկել բժիշկի իր ասպարէզը, ազգային եւ մշակութային գործունէութեան զուգահեռ։
Որպէս կուսակցական գործիչ՝ Ընկ. Փափազեանի կեանքը կ՚երկարի աւելի քան 50 տարիներու վրայ։ Ան գործած է Զաւարեան Ուսանողական Միութեան շարքերէն ներս։
Պաղտատի մէջ բազմիցս եղած է կեդրոնական կոմիտէի անդամ։
1963-1981 եղած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, խմբագրած է «Ազդակ Շաբաթօրեակ», «Դրօշակ» -հրատարակութենէն մինչեւ 1977-, ինչպէս նաեւ վարած է Երիտասարդական գրասենեակը։ 1955-էն ետք մասնակցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի բոլոր Շրջանային եւ ընդհանուր ժողովներուն։
Հրատարակած է երեք հատորներ՝ «Պատմութեան Նենգափոխումը», «Թատերական Արուեստը», «Փիրանտելլօ»։ Ան թարգմանած է կամ արեւմտահայերէնի վերածած է «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը»։ Ան իր ամբողջ կեանքը շռայլօրէն նուիրեց իր պաշտած կուակցութեան։