Jump to content

Գասպար Իփէկեան

Գասպար Իփէկեան
Ծնած է 19 Յունուար 1883(1883-01-19)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 30 Դեկտեմբեր 1952(1952-12-30) (69 տարեկանին) կամ 1954
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն և  Իրան
Ուսումնավայր Լոզանի Համալսարան
Մասնագիտութիւն թատերագիր
Աշխատավայր Գասպար Իփեկյան թատերախումբ
Վարած պաշտօններ Թեհրանի քաղաքապետ
Երեխաներ Հուրի Իփէկեան

Գասպար Նուրիժան Իփէկեան (19 Յունուար 1883(1883-01-19)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 30 Դեկտեմբեր 1952(1952-12-30) կամ 1954, Պէյրութ, Լիբանան), հայ թատերական գործիչ։

Եղբայրն է բեմադրիչ, դերասան Արմէն Արմէնեանի։

Ծնած է Պոլիս։ Հետեւած է Լոզանի համալսարանի եւ Փարիզի Փոլ Մանէի երաժշտանոցի դասընթացքներուն։ Աւարտած է Սորպոնի համալսարանին իրաւաբանական բաժինը։ 1908-ին եկած է Թիֆլիս, իր եղբօր՝ դերասան Արմէն Արմէնեանի մօտ եւ կապուած՝ հայ թատրոնին։

Գասպար Իփէկեան բարձրագոյն կրթութիւնը ստանալէ ետք, կը հաստատուի Գահիրէ, ուր կը զբաղի առեւտուրով: Համազգայինի հիմնադիր ղեկավարներէն մէկը, որպէս տաղանդաւոր դերուսոյց, բեմադրիչ եւ դերասան, Գ. Իփէկեան թատերական մարզին մէջ անվիճելի հեղինակութիւն մըն էր։ Ամբողջ քառորդ դար Թիֆլիսի, Պոլսոյ, Թեհրանի, Պաղտատի եւ Եգիպտոսի մէջ եղած է թատերական որոշ «խլրտում»ներու դրդիչը, առաջնորդը: Ուր որ զարկած է «վրան»ը, հոն վառած է թատրոնի կախարդիչ բոցը ու իր շուրջը հաւաքած ու ոգեւորած՝ թատերասէրներ: Թատերական բարձր արուեստի տեսակ մը «քարոզիչ»ը եղած է ան առաքեալի մը յատուկ խոր հաւատքովն ու նուիրումովը:

Ֆրանսերէնէ թարգմանած է թատրերգութիւններ, որոնք բեմադրուած են արեւելահայ բեմին վրայ։ Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք մեկնած է Միջին Արեւելք։ 1941-ին Պէյրութի մէջ հիմնած է Համազգային Թատերախումբը, որ իր մահէն ետք կոչուած է «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբ եւ կը գործէ մինչեւ օրս[2]։

Գրած է թատրերգութիւններ, որոնցմէ «Արա եւ Շամիրամ», լոյս տեսած է Պէյրութի մէջ, 1948-ին[3]:

Համազգայինի Ճեմարանի հիմնադրութենէն տարի մը ետք, Պէյրութի մէջ հիմը կը դնէ հայ թատրոնին, բեմադրելով Լ. Շանթի «Օշին Պայլ»ը:

Յաջորդական քանի մը տարիներու ընթացքին պատրաստած է Համազգայինի «Օրացոյց-տարեգիրք»ը, որուն մասին Պոլսոյ Պատրիարք՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոս կը գրէ հետեւեալը.-

Գեղեցիկ է իբրեւ ձեռնարկ եւ օգտակար իբրեւ հրատարակութիւն: Մարդ ամէն օր հետաքրքրական էջի մը առջեւ կը գտնէ հոն ինքզինքը եւ այդ էջը կա՛մ գրական վայելք մըն է, կա’մ շահեկան տեղեկութիւն մը եւ կամ շինիչ դաս մը ու այդ ամէնը միշտ ազգային ոգիով քաղցրօրէն թափանցուած: Կ’արժէ որ ամէն տարի շարունակուի:
- Պոլսոյ Պատրիարք՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոս, , 20 Յունուար 1939:

Գասպար Իփէկեան կը մահանայ 1952-ին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 https://tert.nla.am/archive/NLA%20AMSAGIR/Akos19441960/1952/bacarik.pdf
  2. «Գ. Իփէկեան թատերախումբի Պատմական»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-19
  3. Գառնիկ Ստեփանեան (1981)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Բ.։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ 21