Jump to content

Գուրգէն Մխիթարեան

Գուրգէն Մխիթարեան
Ծնած է 16 Ապրիլ 1919(1919-04-16)[1] կամ Յուլիս 1890
Ծննդավայր Թթուջուր, Հայաստան[1] և Շապին Գարահիսար, Կիրեսուն, Թուրքիա
Մահացած է 26 Ապրիլ 1999(1999-04-26) կամ 25 Նոյեմբեր 1962(1962-11-25)
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն և  Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք[1]
Կոչում փրոֆէսոր[1]
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, համալսարանի դասախօս, խմբագիր, գրաքննադատ և թարգմանիչ
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1]

Գուրգէն Մխիթարեան (16 Ապրիլ 1919(1919-04-16)[1] կամ Յուլիս 1890, Թթուջուր, Հայաստան[1] և Շապին Գարահիսար, Կիրեսուն, Թուրքիա - 26 Ապրիլ 1999(1999-04-26) կամ 25 Նոյեմբեր 1962(1962-11-25), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), սփիւռքահայ գրաքննադատ, խմբագիր, հանրային եւ կուսակցական գործիչ:

Հայ գրականութեան, հրապարակագրութեան եւ դաշնակցական միտքի ու գործի երախտաշատ վաստակաւորներէն էր Գուրգէն Մխիթարեան, որ այդ օրերուն կը վարէր «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագրութիւնը։

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին խոհուն դէմքը կը ներկայացնէ Գուրգէն Մխիթարեան, որ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական իրա՛ւ արժէքներուն անձնուէր պատգամաբերը կը դառնայ աւելի քան յիսնամեայ իր հասարակական բեղուն ծառայութեամբ։

Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի առաջին հանգրուանի աւարտին, 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման շրջանին, հայ կեանքի ասպարէզ իջած սերունդին կը պատկանէր ան։

Հայ միտքի եւ գրականութեան մեծ թռիչքներու այդ ժամանակաշրջանին իր առաջին քայլերը կը նետէ ան։ Կը թրծուի ատենի հայ մամուլի անզուգական հսկային՝ «Ազատամարտ»ի շունչով եւ Սիմոն Զաւարեանի եւ Շաւարշ Միսաքեանի մտերմութեան եւ հոգածութեան մթնոլորտին մէջ։

Ծնած է Շապին Գարահիսար, ուր ստացած է նախնական կրթութիւնը։

1907-1908-ին ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք ծննդավայրին մէջ, Օսմանեան Սահմանադրութեան հոչակումէն ետք, անցած է Պոլիս եւ հետեւած՝ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի դասընթացքներուն։

1912-ին աւարտած է Կեդրոնականը ու մինչեւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ ուսուցչական պաշտօն վարած՝ Հայրիկեան վարժարանին մէջ։ Իբրեւ սպայ, զօրակոչի ենթարկուած էթրքական բանակին մէջ։

Յաջողած է, փախստական, տարի մը պաշտօնավարել Սկիւտարի «Քարէ Դպրոց»ին մէջ իբրեւ տեսուչ եւ ուսուցիչ եւ քանի մը ամիս ալ Կեդրոնականի մէջ իբրեւ հսկիչ եւ դասախօս։

Հետքը գտնուելով, վերստին բանակ տարուած է։

Զինադադարին, «ճակատամարտ»ի խմբագիր եղած է եւ միաժամանակ այցելու ուսուցիչ՝ Հինդլեանի «Նոր Դպրոց»ին եւ Դպրոցասէր Տիկնանց Աղջկանց վարժարանին, ուր աւանդած է գրականութիւն, ազգային պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն։

Եղած է նաեւ Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Ուսանողական Միութեան «Երկունք» ամսագիրի հիմնադիր խմբագիրներէն մէկը։

1922-ի փոթորկայոյզ օրերուն անցած է Եգիպտոս, ուր ձեռնարկած է «Նոր Շարժում» գրական ամսագիրի հրատարակութեան՝ 1923-ին։

Յետոյ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եղած է մինչեւ 1947-ի վերջերը։ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին հրատարակած է «Յուսաբեր» ամսագիրը՝ համանուն օրաթերթի պատասխանատու խմբագիրի իր պաշտօնին կից։

1948-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ իբրեւ հանրային գործիչ եւ 1952-1962 «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիր դարձած է։

Մա­մու­լի է­ջե­րուն ցրո­ւած իր մե­ծակ­շիռ վաս­տա­կի կող­քին, ­Գուր­գէն Մ­խի­թա­րեան գրա­կան քննա­դա­տէն ժա­ռանգ կը մնայ 1946-ին ­Գա­հի­րէ լոյս տե­սած «­Քա­ռորդ դար գրա­կա­նու­թիւն» ար­ժէ­քա­ւոր գոր­ծը, որուն մէջ ամփոփուած են վերլուծական իր էջերը, զանազան շրջաններէ գրական տիրական դէմքերու կեանքին ու գործերուն մասին։

1952-ին, կը նշանակուի «Հայրենիք»ի պատասխանատու խմբագիր եւ մինչեւ տարաբախտ իր մահը՝ արթուն պահակի պէս կը հսկէ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութեան, ինքնահստատման եւ բազմակողմանի զարգացման պատնէշներուն վրայ։

25 Նոյեմբեր 1962-ին, Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքի հայահոծ արուարձաններէն Ուստրի մէջ, Դաշնակցութեան Օրուան հանդիսաշուք տօնակատարեան ընթացքին, օրուան պատգամաբերի իր վերջին խօսքը առանց աւարտելու, բեմին վրայ յանկարծամահ՝ հայ կեանքէն կը հեռանայ Գուրգէն Մխիթարեան։

Արմատախիլ ու հայրենահան արեւմտահայութեան հետ՝ Գուրգէն Մխիթարեան ամբողջ կեանք մը կը նուիրաբերէ ցեղասպանութեան մահացու հարուածէն վերականգնելու, տարագիր եւ անտունի կեանքի արհաւիրքը յաղթահարելու եւ Հայկական Սփիւռքը ազգային կազմակերպ հաւաքականութեան վերածելու մաշեցնող, բայց Ազգի ապագան փրկող ու ապահով կռուաններով օժտող սրբազան պայքարին[2]։

1966-ին, իր այրիին նախաձեռնութեամբ, «Հայրենիք» հրատարակչականը համադրարար լոյս ընծայած է գրական, մշակութային, հանրային եւ ուղեւորական նկարագիրով ցիրուցան էջերուն մէկ մասը, «Հերկ ու ցան» խորագիրին տակ։

Հայերէնի թարգմանած է Զուտերմանի, Զոլայի եւ Կուպրինի կարգ մը գործերը[3]:

«…Մինչեւ օրս Գուրգէն Մխիթարեան շատերուն համար գործիչ մըն էր առաւելաբար. այնքան կենսունակ էր ան ու գործունեայ:

Սակայն այսօր, երբ ոչ եւս է ինք, կ՚ուզենք մօտէն ճանչնալ նաեւ իր արժէքներուն մէկ ուրիշ երեսակն ալ. կ՚ուզենք, որ շուքի մէջ չմնայ քննադատը, որովհետեւ, ինչ որ պիտի մնայ իրմէ, իբրեւ շօշափելի աւանդ, իր քննդատական տողերն են, զորս ան «մրոտեց» հրապարակագրական ու հանրային գործունէութեան հեւասպառ պահերուն:

Ատոնք սակայն իրենց դերը ունեցան ատենին, ու այսօր իրաւամբ ծաղիկի քանի մը թերթեր կ՚աւելցնեն մեր գրական ծաղկաքաղին վրայ:

Եթէ օր մը հայ քննադատութեան պատմութիւնը կազմուի, հնարաւոր չէ մէկ կողմ թողուլ Մխիթարեանի «Զօհրապը», «Մելքոն Կիւրճեան»ը, «Յակոբ Օշական»ը, «Լեւոն Շանթ»ը եւ այս կարգի գրութիւնները»: Եւ՝ «Մխիթարեան այնքան բոլորանուէր մասնակցութիւն ունէր ազգային կեանքին, որ քննադատական, վերլուծական աշխատանքի ատեն յանկարծ գործիչը կը խօսէր իր մէջ: Տեսէք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ, օրինակ, Հրանդ Ասատուրը ներկայացուցած ատեն Թէոդիկը յիշելով. «Ի՛նչ լաւ որ Ասատուր մեռաւ իր ընտանիքին ծոցը, Կղզիին մէջ կղզիացած եւ խնայուեցաւ իրեն հէք Թէոդիկի ճակատագիրը, այն միւս պոլսեցի, որ Մելգոնեան հաստատութենէն դուրս շպրտուեր էր ժամանակին, ետեւէն ալ, մեծ աղաներու կողմէ լկտի բառ մը. -«Հոս մտաւորականներու անկելանոց չէ՛»: Խե՜ղճ հայ մտաւորական: Եւ դուք ազգային մեծապատի՜ւ գնչուներ. Ի՜նչ բախտաւորութիւն Ասատուրի համար, որ իր մահովն իսկ վեր մնաց տգէտ ու կոյր այս վերաբերումէն, որ կը յատկանշէ ժամանակակից մեր պաշտօնական ու ազգայի՜ն կոչուած ղերկավար շատ մը շրջանակները: Տգէտ ու կոյր՝ հայ ժողովուրդի արժէքներուն եւ անարժան՝ հայ մտքի ամենէն խոնարհ սպասաւորներուն իսկ»: Մխիթարեան հաւատաւոր է ու լաւատես. կը հաւատայ հայու ստեղծագործ տաղանդին. ահա թէ ինչո՛ւ կը խանդավառուի ի տես ամենէն աննշան վերընձիւղումին իսկ, երբ ուրիշներ միայն բարձրորակ տաղանդներ ու հանճարներ կը փնտռեն: Այս չի նշանակեր, թէ մեծ գործերու ճաշակը չունի: Ան ոչ միայն քաջանածնօթ է դասական ու արդի միջազգային երկերուն, այլ նաեւ ատոնցմէ քանի մը հատին հարազատ թարգմանութիւնով ալ զբաղած է, հայը հաղորդակից պահելու համար անոնց գեղեցկութեան ու խորութեան…:

Այսօր, Չօպանեանի, Աղբալեանի, Օշականի եւ այլոց անունները երբ կը թուենք իբրեւ քննադատ, չենք կրնար անոնցմէ անմիջապէս ետք, ուրիշներու կարգին չյիշել նաեւ Գուրգէն Մխիթարեանի անունը»
- Պերճ Թ. Մոմճեան «Յուսաբեր»,19 Յունուար 1963, էջ 2[4]
Խմ­բագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կլա­նեց նաեւ տա­ղան­դա­ւոր այս գրա­գէտն ու քննա­դա­տը, հան­րա­յին մեր կեան­քին հա­մար բա­րի­քի մը վե­րա­ծե­լով ա­նոր խոն­ջէնքն ու սպա­ռու­մը, ու մեր գրա­կա­նու­թեան հա­մար՝ ա­ւա­ղե­լի կո­րուստ հո­չա­կե­լով մե­կու­սա­ցու­մը կո­չու­մով ա­րո­ւես­տա­գէտ-վեր­լու­ծո­ղին։ Ը­սինք տեղ մը, թէ ճա­կա­տագ­րա­կան մեր ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէկն ալ ա՛յս ե­ղաւ, Ե­ղեո­նէն ու 1921ի փլու­զու­մէն ետք։ ­Բե­նիա­մին ­Թա­շեան, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան..., ո՞ր մէ­կը յի­շել:
- Մի­նաս ­Թէօ­լէօ­լեան

Գուրգէն Մխիթարեանի միտքերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սխալ դասաւորում մը ըրած ենք, քննադատութիւնը

հեռացնելով բուն գրականութեան սահմաններէն. մինչ գրականութիւններուն գրականութիւնն է ան:

… կը կարծուի թէ քննադատութիւնը կրնայ

գրականութիւն ստեղծել: Այո, կրնայ նոր հորիզոններ բանալ, սակայն չի կրնար ներշնչումի եւ արուեստի տարրեր տալ գրողին կամ ժողովուրդին:

Հայ գրականութեան զարգացման պայմանները՝

նոյնն են ինչ որ բոլոր միւս ժողովուրդներուն համար: Հայ գրողը պիտի տայ իր շրջապատը, իր ժողովուրդը՝ իր առօրեայ կեանքին մէջէն, անոր յաւերժական բաղձանքները արձանագրելով…

  • «Հայրենական պատերազմի» 2-րդ աստիճանի շքանշան։
  • Ազատութիւն եւ անհրաժեշտութիւն, Երեւան, ԵՊՀ հրատ., 1963, 312 էջ
  • Սոցիոլոգիական ուսմունքների պատմութիւն, Երեւան, ԵՊՀ հրատ., 1982, 240 էջ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 635.
  2. Գուրգէն Մխիթարեան
  3. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։
  4. Վկայութիւններ