Jump to content

Վահէ Սէթեան

Վահէ Սէթեան
Ծնած է 1905
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1995
Մահուան վայր Մոնրէալ, Քեպեք, Քանատա
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
 Քանատա
Մասնագիտութիւն մշակութային գործիչ, հրատարակիչ, մեկենաս
Աշխատավայր մշակոյթի գործիչ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի հիմնադիր

Վահէ Սէթեան (1905, Հալէպ - 4 Հոկտեմբեր 1995, Պէյրութ (Լիբանան), լիբանանահայ մշակոյթի գործիչ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի հիմնադիր, արուեստի եւ մշակոյթի գործիչ, գիրի ու գրչութեան եւ գեղանկարչութեան պաշտպան։

Ծնած է 1905-ին, Հալէպ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը։ Եղած է գործի մարդ, զբաղելով առեւտուրով եւ առեւտարական հաստատութիւններ հիմնելով, նաեւ արդիւնաբերական աշխատանքի մարզով հետաքրքրուած ու այս ասպարէզին մէջ որոշ յաջողութիւններ ձեռք ձգած։

Երկար տարիներ ապրած է Լիբանան իր ընտանիքին հետ, ուր տարած է մշակութային գործունէութիւն, յատկապէս Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ, որուն երկարամեայ պատուոյ անդամը մնացած է մինչեւ իր մահը։ Իր մշակութային թէ արդիւնաբերական գործունէութեան համար եւ այդ ճամբով իսկ նպաստած ըլլալուն լիբանանեան մեր հայրենիքի ծաղկումին, 1970-ական թուականներուն Լիբանանի պետութիւնը զինք մեծարած է Մայրիներու Կարգի Շքանշանով։ Իր կեանքին վերջին տարիներուն հաստատուած է Մոնթրէալ, բայց յաճախակի այցելութիւններով եկած է Լիբանան, որուն մեծ սիրով կապուած էր։ Վահէ Սէթեան արուեստագէտներուն եւ գրողներուն քաջալերողը ըլլալով, կատարած է մեկենասութիւնը հայ գրողներու գործերուն, նոյնպէս նկատառելի հաւաքածոյ մը ունի գեղանկարչական պաստառներու, արուեստի թանկարժէք իրերու եւ ստեղծագործութիւններու, հայ թէ օտար արուեստագէտներու գործերով։

Ազգային թաղումը եւ յուղարկաւորութիւնը կատարուած է 11 Հոկտեմբեր, 1995-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ի ներկայութեան Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Անոր մարմինը կը հանգչի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ։