Թարգմանչաց Շարժում
Թարգմանչաց շարժում, հայ գիրերու գիւտէն ետք սկզբնաւորուած շարժում, որուն նպատակն էր՝ նախ հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը, հայացնել եկեղեցական ծիսաբանութիւնը, ապա հայալեզու քրիստոնէական գրականութիւնը տարածել, հայոց դպրութիւնը սկզբնաւորելու միջոցով նպաստել Հայաստանի հոգեւոր վերածննդեան, կրօնամշակութային, ինչպէս նաեւ գաղափարաքաղաքական անկախութեան հաստատման։
Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր. կը հետապնդէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէն հայերէնի վերածել: Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին ինքնութեան պաշտպանման:
Ե. դարուն սկսող հայ մշակոյթի «Ոսկեդարեան շրջանը» կը դառնայ հիմնաքար` թարգմանական ինքնուրոյն հայ գրականութեան, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական, գիտութեան, արուեստին եւ գեղարուեստին ու հայ ընկերային կեանքի ստեղծման եւ զարգացման:
Հայ գիրերու գիւտով եւ մշակոյթի զարգացման զուգընթաց, հայ կեանքին մէջ կը զարգանան եւ ժամանակի մտածողութեան մէջ կ'իմաստաւորուին բնութեան, մարդու եւ գիտութեան վերաբերեալ գիտելիքները: Ուսողութեան, երկրաչափութեան, աստղաբանութեան, բժշկութեան եւ այլ ոլորտներու մասին պատկերացումները օրուան ժամանակակից մտածողութեան մէջ կը ձեւաւորուին եւ կը զարգանան հայ թարգմանչաց շարժման շնորհիւ:
Այս շրջանին հայ ժողովուրդը իր ծոցէն կը հանէ բազմաթիւ աշխարհահռչակ գիտնականներ, մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ գրական մշակներ[1]:
Առաջին հանգրուան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թարգմանչաց շարժման առաջին հանգրուանը կ'ընդգրկէ Ե. դարու առաջին կէսը, երկրորդ շրջանը կապուած է յունաբան դպրոցի գործունէութեան հետ (Ե. դարու կէսէն մինչեւ Է. դարու սկիզբը):
«Թարգմանիչ» անուանած են հայ գիրերու գիւտի հեղինակին՝ Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Հայոց կաթողիկոսին՝ Սահակ Պարթեւին շուրջ հաւաքուած 100 աշակերտները, որոնք անմիջականօրէն աշակերտած են անոնց, ինչպէս նաեւ «կրտսեր թարգմանիչները»՝ հիմնական աշակերտներուն աշակերտները։
Բառացիօրէն թարգմանիչ նշանակած է նաեւ մեկնիչ, մեկնող, Աստուածաշունչի այս կամ այն դրոյթը բացատրող։
Առաջին թարգմանիչներէն յայտնի է մօտաւորապէս երեսուն անուն, իսկ Տօնացոյց մտած են երեքը՝ Ե. դարու պատմիչ՝ Եղիշէն, Մովսէս Խորենացին եւ Դաւիթ Անյաղթը:
Հայ եկեղեցին «սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոց» անուան ներքոյ կը տօնէ վեց թարգմանիչներու յիշատակը`Մեսրոպ Մաշտոցի գլխաւորութեամբ։ Այս վեցեակին մէջ են նաեւ Գրիգոր Նարեկացին եւ Ներսէս Շնորհալին:
Հայ գիրերու գիւտով (404-406) սկզբնաւորուած թարգմանչաց շարժումը դարերու ընթացքին համալրուած է նորանոր անուններով եւ թարգմանական արժէքաւոր գործերով։ Հայ քրիստոնէական միտքը, մեկնելով Ս. Գիրքէն, թարգմանութիւնը համարած է Ս. Հոգիի շնորհներէն («Մէկուն Հոգիէն տրուած է իմաստութեան խօսք, միւսին` բժշկումներու շնորհ, ուրիշին՝ լեզուներու թարգմանութեան շնորհ», Ա. Կորնթ. 12.8-10):
Հայկական առաջին դպրոցը բացուած է Վաղարշապատի մէջ: Այնուհետեւ դպրոցներ բացուած են տարբեր գաւառներու մէջ:
Վաղարշապատի մայր դպրոցը կը պատրաստէր եկեղեցական գործիչներ, ուսուցիչներ եւ քարոզիչներ, որոնք լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէին Հայաստանի չորս ծագերուն:
Վաղարշապատի մայր դպրոցը եւ միւս դպրոցները հիմք կը հանդիսանան հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման ու հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման:
Թարգմանչաց շարժումը խթան կը հանդիսանայ նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման: Առաջին հոգեւոր երգերը կցուրդներն են, որոնք հիմք կը հանդիսանան հայ ազգային շարականերգութեան[2]:
Թարգմանական աշխատանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թարգմանչական առաջին խումբը՝ յանձինս Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի եւ այլոց, թարգմանած է Աստուածաշունչը: Առաջին թարգմանուած ու հայերէն գրուած նախադասութիւնն է`«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որ առնուած է Առակաց գիրքէն: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ էր, որ կը կոչուի «Թագուհի թարգմանութեանց»[3]:
Երկրորդը՝ Յովսէփ Պաղնացի, Յովհան Եկեղեցացի, Ղեւոնդ Վանանդեցի (Ղեւոնդ Երէց) եւ ուրիշներ իրենց ուսուցիչներուն հետ միասին, փաստօրէն կատարած են Աստուածաշունչի երկրորդ թարգմանութիւնը՝ համեմատութեամբ յունարէն Եօթանասնից թարգմանութեան։
Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, որ կը համարուի «թարգմանութիւններու թագուհին, վիթխարի դեր խաղացած է հայերէնը համազգային եկեղեցական եւ գրական լեզուի վերածելու գործին մէջ եւ նպաստած՝ ամբողջ Հայաստանի հոգեւոր մշակութային զարթօնքին: Սակայն Աստուածաշունչի բազմաշերտ ու բազմանշանակ գործերը յստակօրէն, ուղիղ դաւանանքով մեկնաբանելու, ինչպէս նաեւ ծայր առած աղանդաւորական շարժումներուն ի պատասխան` Ս. գրային իմաստները անխաթար ու ամբողջական պահելու համար, անհրաժեշտ էր նաեւ հայերէնի թարգմանել ամբողջ ուղղադաւան-եկեղեցական ու հայրախօս աստուածաբանական գրականութիւնը։
Առաջին թարգմանութիւններն ու թարգմանիչները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սահակ-մեսրոպեան շրջանին եւ հետագային յունարէնէն եւ ասորերէնէն հայերէնի թարգմանուած են Բարսեղ Կեսարացիին, Յովհան Ոսկեբերանին, Եփրեմ Ասորիին, Աթանաս Աղեքսանդրացիին, Գրիգոր Նազիանզացիին, Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին, Գրիգոր Նիւսացիին եւ ուրիշներու մեկնողական, աստուածաբանական, դաւանական երկերը, ինչպէս նաեւ՝ Արիստիթէս Աթենացիին, Հիպպոլիտին, Մեթեդիոս Ողիմպիացիին, Եպիփան Կիպրացիին եւ այլոց ջատագովական բնոյթի երկերը։
Ե. դարու Առաջին կիսուն կատարուած թարգմանութիւնները կարելի է խմբել հետեւեալ ձեւով՝
- ծիսական երկեր (Խորհրդատետր-պատարագամատոյց, Ժամագիրք եւ այլն),
- հայրախօսական գրականութիւն՝ (Հայրաբանութիւն),
- վկայաբանութիւն եւ վարքագրութիւն,
- կանոնական (եկեղեցական ժողովներու եւ սուրբ հայրերու կողմէ գրուած կանոններ ու սահմանումներ),
- պատմական բնոյթի երկեր։
Հայ գիրերու գիւտէն մինչեւ 440-ական թուականներ թարգմանուած են՝
- Աստուածաշունչը (405-408 թուականին եւ 430-ական թուականներուն),
- Խորհրդատետր-պատարագամատոյցներ (թրգմ. յունարէնէն եւ ասորերէնէն),
- Աթանաս Աղեքսանդրացիին 15 ճառերը (յունարէնէն),
- Ժամագիրք (յունարէնէն),
- Յովհան Ոսկեբերանին ճառերը, քարոզները եւ մեկնութիւնները,
- Կիւրեղ Աղեքսանդրացիին մեկնութիւնները՝ նուիրուած Ծննդոց գիրքին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն, «ճառ Ս. Երրորդութեան մասին», «նամակներ Նեստորին եւ 12 նզովքները» (յունարէնէն),
- Եւթաղի «նախաբաններ եւ մեկնութիւններ»ը՝ նուիրուած Գործք առաքելոցին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն (յունարէնէն),
- Հիերոնիմոսի մեկնութիւնը,
- Եւսեբիոս Կեսարացիին «եկեղեցական պատմութիւն»ը (416-420 թուականներուն, յունարէնէն),
- Եպիփան Կիպրացիին «մարգարէներու վախճանի մասին» (յունարէնէն),
- Սեբերիանոս (Սեւերիանոս) Գաբաղացիին ճառերը (յունարէնէն),
- Եւագր Պոնտացիին ճառերն ու մեկնութիւնները (յունարէնէն),
- Եւսեբիոս Եմեսացիին ճառերը (յունարէնէն),
- Կիւրեղ Երուսաղէմացիին «կոչումն ընծայութեան»ը (յունարէնէն),
- Բարսեղ Կեսարացիին «վեցօրեայ արարչութեան մասին», նաեւ՝ ճառեր, մեկնութիւններ, խրատներ (յունարէնէն),
- Արիստիդես Աթենացիին «քրիստոնէական հաւատքի ջատագովութիւնը» (420-430 թուականին յունարէնէն, ըստ որուն յունարէն բնագիրը չէ պահպանուած),
- Եւսեբիոս Կեսարացիին «քրոնիկոնը» (430-ական թուականներուն, յունարէնէն, յունարէն բնագիրը չէ պահպանուած),
- Պրոկղ եպիսկոպոսին թուղթերը՝ ուղղուած Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին (430-ական թուականներուն, յունարէնէն),
- Ակակիոս Մելիտենացիին երկու թուղթերը (430-ական թուականներ, յունարէնէն),
- Եփրեմ Ասորիին ճառերը, աղօթքները եւ Ս. Գիրքի մասերուն նուիրուած մեկնութիւններ (ասորերէնէն),
- Ս. Թադէոսի եւ Ս. Սանդուխտի վկայաբանութիւնը (430 թուականին, ասորերէնէն),
- Մեթոդիոս Ողիմպիացիին «անձնիշխանութեան մասին» երկը (յունարէնէն, յունարէն բնագիրը չէ պահպանուած, երկին զգալի մասը օգտագործուած է Եզնիկ Կողբացիին «Եղծ Աղանդոց»ին մէջ),
- Եպիփան Կիպրացիին «ընդդէմ աղանդոց» երկը (յունարէնէն, որոշ հատուածներ միայն պահպանուած են Եզնիկ Կողբացիին «Եղծ Աղանդոց»ին մէջ),
- Հիպպոլիտոս Բոստրացիին ճառերն ու մեկնութիւնները, «բոլոր աղանդներու հերքում»ն է (430-440-ական թուականներ, յունարէնէն, պահպանուած է եզնիկ Կողբացիին «Եղծ Աղանդոցին մէջ),
- Գրիգոր Սքանչելագործին «Քրիստոսի ծննդեան մասին» (յունարէնէն),
- Զէնոպ Ամիդացիին ճառը (ասորերէնէն),
- Այիթալա Եդեսացիին ճառը (ասորերէնէն),
- Գրիգոր Նազիանզացիին ճառերը (յունարէնէն),
- Անտիոքի, Գանգրայյի, Լաոդիկէի, Նէոկեսարիոյ ժողովներու եւ Նիկիոյ տիեզերական ժողովին կանոնները (430-440-ական թուականներ, յունարէնէն):
Ե. դարու առաջին կիսուն թարգմանուած են նաեւ անվաւեր կամ պարականոն ճանչցուած բնագիրներ՝
- «Պիղատոսի նամակը Տիբերիոս կայսեր»,
- «Եդեսիա քաղաքի թագաւոր Աբգարի նամակը»,
- «Յակոբի ուղերձը Կոնդրատիոսին»,
- «Քրիստոս Պոնտիոս Պիղատոսի առջեւ»,
- «Առաքեալներու վարդապետութիւնը» (միայն «Աբգարի նամակը»՝ ասորերէնէն, մնացեալները՝ յունարէնէն)։
- Թարգմանուած են նաեւ բազմաթիւ վկայաբանութիւններ եւ վարքագրութիւններ՝ թէ՛ յունարէնէն, եւ թէ՛ ասորերէնէն։
Ամբողջ թարգմանական գրականութիւնը հիմքեր ստացած է հայ ինքնուրոյն՝ մեկնողական, աստուածաբանական-դաւանական, իմաստասիրական, պատմական եւ այլաբնոյթ գրականութեան ստեղծման համար՝
- Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչին (կամ անոր վերագրուող) «Յաճախապատում ճառերը»,
- Ագաթանգեղոսին «Հայոց պատմութիւնը»,
- Կորիւնին «Վարք Մաշտոցի»ն,
- Եզնիկ Կողբացիին «Եղծ Աղանդոցը»,
- Մովսէս Խորենացիին «Հայոց պատմութիւնը» եւ այլ երկեր։
Հայալեզու թարգմանական գրականութիւնը չէզոքացուցած է յունարէնի եւ ասորերէնի գերիշխանութիւնը, թուլցուցած յունական եւ ասորական եկեղեցիներու ազդեցութիւնը, իսկ միջնորդաւորուած կերպով՝ նաեւ այդ եկեղեցիներուն թիկունքին կանգնած տիրութիւններու գաղափարաքաղաքական նկրտումները։
Թարգմանուած աշխարհիկ գիտական երկերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրօնադաւանական երկերէն բացի, հայ աստուածաբան-իմաստասիրական միտքը անհրաժեշտաբար անդրադարձած է նաեւ աշխարհիկ գիտական երկերու թարգմանութեան։ Անոր համար անհրաժեշտ էր ընդլայնել Գրաբարի բառապաշարը՝ լեզուաոճական եւ գիտական, փիլիոսոփայական եզրաբանութեան հայացման ճամբով։
Այս ծիրին մէջ կարեւոր գործ կատարած է յունաբան դպրոցը: Փիլօն Աղեքսանդրացիի երկերու եւ Իրենէոս Լուգդոնացիի (Բ. դար) եւ Տիմոթէոս Կուզի դաւանական գրուածքներու թարգմանութենէն (480-ական թուականներէն) ետք Աղեքսանդրիոյ եւ Աթէնք ուսանած հայ թարգմանիչները, մինչ Արիստոտէլի բուն երկերու թարգմանութեան անցնիլը, արգմանած են Արիստոտէլի Պորփիւրի «ներածութիւն ստորոգութեանց» երկը, որ հիմք ստեղծած է 490-ական թուականներուն թարգմանելու Արիստոտէլի «ստորոգութեանց» եւ «յաղագս մեկնութեան երկեր» գործերը, այնուհետեւ, 490-500-ական թուականներուն՝ նորպղատոնական Եամբլիխօսին (Եամբլիքոս) վերագրուող «ստորոգութեանց» եւ «յաղագս մեկնութեան» երկերը։ Ապա թարգմանուած են հին մտածողութեան աւանդոյթները պահպանող քրիստոնեայ հեղինակներու (Բարսեղ Կեսարացի, Գրիգոր Նիւսացի եւ Նեմեսիոս Եմեսացի) երկերը։
Յունաբան դպրոցին թարգմանիչները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յունաբան դպրոցի թարգմանիչներուն (յատկապէս Դաւիթ Անյաղթին ինքնուրոյն եւ թարգմանական երկերուն) շնորհիւ Հայաստանի մէջ տարածուած են նորպղատոնականութիւնը եւ նորպղատոնականութեան հայր Պղոտինի երկերը։
Հայ հեղինակներու՝ Պետրոս Սիւնեցիին, Դաւիթ Հարքացիին, Խոսրովիկ Թարգմանիչին, Անանիա Շիրակացիին եւ Ստեփանոս Սիւնեցիին ինքնուրոյն, ապա թարգմանական Արիստոտէլի «յաղագս աշխարհի եւ «յաղագս առաքինութեան» բնագիրները, «սահմանք փիլիսոփայականք» փիլիսոփայական յօդուածը եւ այլն) երկերուն մէջ զգալի է Արիստոտէլի, Պորփիւրի եւ յատկապէս Դաւիթ Անյաղթի գաղափարներու եւ մտածողութեան որոշակի ազդեցութիւնը։
Հայ աստուածաբան-փիլիսոփայական-թուաբանական միտքի զարգացման առումով արժէքաւոր են նաեւ Անանիա Շիրակացիին (Է. դար) երկերը եւ անոր վերագրուող՝ Պապպոս Աղեքսանդրացիին, Պօղոս Աղեքսանդրացիին եւ ուրիշներու աստղաբաշխական եւ օդերեւութաբանական երկերու թարգմանութիւնները, Ստեփանոս Սիւնեցիին՝ 712-ին թարգմանած՝ Նեմեսիոս Եմեսացիին «յաղագս բնութէան մարդոյ» եւ Գրիգոր Նիւսացիին «յաղագս մարդոյ կազմութեան» աստուածաբանական, բնափիլիսոփայական եւ մարդակազմական երկերը, նոյն՝ Ստեփանոս Սիւնեցիին՝ Դաւիթ Հիւպատի աշխատակցութեամբ թարգմանած Դիոնիսիոս Արիոպագացիին «յաղագս երկնային քահանայապետութեան», «յաղագս եկեղեցական քահանայապետութեան», «յաղագս աստուածայնոց անուանց», «յաղագս խորհրդական աստուածաբանութեան» երկերն ու 10 թուղթերը։
Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթներուն շարունակութիւնը հետագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները շարունակուած են նաեւ հետագայ դարերուն (Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունի), բայց նոր թափ ստացած են յատկապէս ժԴ. դարուն, լատին միարարներու եւ անոնց հայ հետեւորդներուն շնորհիւ։
Քռնայի եւ Ծործորի դպրոցներուն մէջ լատիներէնէն թարգմանուած են Թովմաս Աքուինացիին, Պոնաւենտուրային, Ժիլպեր Պոռետացիին, Ալպերթ Մեծին, Բարդուղիմէոս Պոլոնիացիին, Պետրոս Արագոնացիին եւ ուրիշներու երկերը։
Թէեւ միարարներու նպատակն էր հիմնաւորել կաթոլիկութեան առաւելութիւնը, սակայն անոնց գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է եւրոպական քրիստոնէական միտքի նուաճումներու իւրացման, որ հմտօրէն իրագործած են Հայ եկեղեցւոյ վարդապետներն ու գաղափարախօսները, հակադրուելով իրենց՝ միարարներուն։
ԺԷ. դարու հոգեւոր մշակոյթի աշխուժացման զուգընթաց, վերականգնած են Թարգմանչաց շարժման աւանդոյթները։ Թարգմանչաց շարժումը առհասարակ, իր սկզբնաւորումէն ի վեր, խթանած է լուսաւորականութեան, կրթութեան, գիտութեան, լեզուաշինութեան եւ նոր գաղափարներու զարգացումը։
Հայկական հին թարգմանութիւններուն շնորհիւ պահպանուած են համաշխարհային մշակոյթի եւ գիտութեան բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց բնագիրները կորսուած են:
Թարգմանչաց տօնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ եկեղեցին սահմանած է «Սրբոց Թարգմանչաց» տօնը՝
- Բուն Բարեկենդանին նախորդող Կիրակիէն առաջ՝ Շաբաթ օրը, կը տօնուի Ս. Սահակ Պարթեւին յիշատակը,
- Յունիսի վերջին կամ Յուլիսի սկիզբին կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Սահակ Պարթեւին տօնը՝ Օշականի մէջ («Սրբոց թարգմանչացն մերոյ Սահակայ եւ Մեսրոպայ»).
- Հոկտեմբերին՝ Խաչվերացի չորրորդ Կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցին եւ իր աշակերտ-թարգմանիչներուն տօնը («Սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ` Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսիսի Քերթողին, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացիի եւ Ներսէսի Կլայեցւոյ»):
Թարգմանչաց շարժման եւ սուրբ թարգմանիչներուն ձօնուած է Վարդան Արեւելցիին «Որք զարդարեցին» շարականը` իր կանոնով: Հայոց մէջ տարածուած են Ս. Թարգմանչաց անունով վանքեր, եկեղեցիներ, կրթական կեդրոններ (ճեմարաններ, վարժարաններ եւ այլն):
Հայաստանի գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ, 1979-էն կը նշուի (երկու տարին մէկ) «Թարգմանչաց տօն»ը` իբրեւ համաժողովրդական նշանակութեան իրադարձութիւն։