Յունաբան Դպրոց
Յունաբան Դպրոցը, հայ մատենագրութեան մէջ գրական եւ իմաստասիրական շատ ուշագրաւ շարժում մըն է: Ե. դարու հայ մատենագիրները գլխաւորաբար զբաղեցան քրիստոնէական գրականութեան նուիրուած թարգմանութիւններով եւ հեղինակութիւններով. հետզհետէ հայ մատենագիրները զարգացան, հայ եկեղեցականութիւնը տիրապետեց քրիստոնէական գրականութեան. անոնց մտքի հորիզոնները ընդարձակուեցան եւ պահանջ զգացուեցաւ քրիստոնէական կրօնական պարզ գիտելիքներէն անդին անցնելով, ծանօթանալ եւ տեղեկանալ քրիստոնէական եւ հեթանոսական իմաստասիրութեան եւ բարձրագոյն գիտութեանց ․ եւ այսպիսի պահանջքի մը գոհացում տալու համար յառաջ եկաւ Յունաբան Դպրոց կոչուած շարժումը, որուն նպատակն էր ՀԱՅ ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐՍՏԱՑՆԵԼ՝
- Իմաստասիրական,
- Գիտական,
- Ճարտասանական,
- Քերականական եւ այլ ուսումներով:
Այս տեսակէտով Յունաբան Դպրոցը, Հայ Գրականութեան Զարգացման Շարժում է: Յունաբան Դպրոցի շարժումին հետեւանքով հայ մատենագրութեան մէջ յառաջ եկան մատենագրական նոր սեռեր եւ որպէսզի այդ նոր սեռերը կարենային մշակուիլ, պէտք էր նորութիւններ ներմուծէին գրական լեզուին մէջ. հայերէնով սկսան գործեր թարգմանուիլ, հայ հեղինակները սկսան նոր բառեր յօրինել եւ սահմանումներ ու եզրեր ստեղծել: Ոսկեդարու հայերէնը չէր կրնար գոհացնել Յունաբան Դպրոցի շարժումը: Ուստի հայ հեղինակները սկսան կազմել նոր բառեր եւ ստեղծել գրելու բոլորովին նոր ոճ մը եւ այսպէս Յունաբան Դպրոցի ախոյեանները յեղաշրջում յառաջացուցին փոփոխութեան ենթարկելով զայն:
Յունաբան Դպրոցի շարժումին մէջ կարելի է դիտել հետեւեալ գլխաւոր յատկանիշերը.-
- Իմաստասիրական բովանդակութեամբ գործերու եւ անոնց մեկնութեանց թարգմանութիւն.
- Քերականական զարտուղի ձեւերու որդեգրում․
- Բազմաթիւ նոր բառերու կերտում․
- Յոյն մատենագրութեան եւ լեզուին հետ ամենամեծ յարաբերութիւն․
ՅՈՒՆԱԲԱՆ ԴՊՐՈՑԻ հետեւողները գլխաւորաբար կոչուեցան ՔԵՐԹՈՂ, ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ, ՀՌԵՏՈՐ, ՃԱՐՏԱՍԱՆ, որոնք իրենց նախորդներէն տարբեր ուղղութիւն որդեգրեցին:
Այսպէս,անոնք բազմաթիւ թարգմանութիւններ կատարեցին յունարէնէն, բայց ոսկեդարու թարգմանութիւններէն բոլորովին տարբեր մեթոտով:
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ կիրարկած է յունարէնին վրայ ձեւուած խրթին, դժուար հասկնալի հայերէն մը, որ հայ մատենագրութեան պատմութեան մէջ ծանօթ է Յունաբան կամ Հելլենաբան հայերէն կոչումով:
ԴԱՒԻԹ ԱՆՅԱՂԹ Ծնած է Տարօն կամ Հարք 470 թուին։ Ան հայ ժողովուրդի պարծանքներէն մէկն է՝ իր իմաստասիրական լայն ու խոր հմտութեամբ, իր միջազգային ու ազգային ազդեցութեամբ: Ան քերականական եւ շարահիւսական կանոններ որդեգրած է, բարդ եւ ածանցաւոր բառեր, նախադաս եւ յետադաս մասնիկներու յաւելումով․ իրեն կը վերագրուի Սուրբ խաչի նուիրուած ճառ մը «ՆԵՐԲՈՂԱԿԱՆ Ի ՍՈՒՐԲ ԽԱՉՆ ԱՍՏՈՒԱԾԸՆԿԱԼ» տիտղոսով, գրուած մասնաւոր խնդրանքով․ իսկ իմաստասիրական ինքնուրոյն գործերէն Դաւիթ Անյաղթի հեղինակութիւններն են.
- Սահմանք իմաստասիրութեան
- Վերլուծութիւն ներածութեան Պորփիւրի
- Մեկնութիւն ի Վերլուծականն Արիստոտէլի
- Մեկնութիւն Ստորոգութեանց Արիստոտէլի
Դաւիթ Անյաղթ մինչեւ վաղ ծերութիւն Հայաստանէն դուրս ապրած է եւ իր իմաստասիրական գործերը գրած է յունարէնով: Ան ունեցած է բուռն հակառակորդներ, որոնց հալածանքէն խոյս տալու համար քաշուած է հիւսիսային Հայաստան՝ Հաղպատ եւ հոն ալ վախճանած շուրջ 550-560 թուին: Իր գործերը հայերէնի վերածուած է Հայաստան վերադարձին, իր կողմէ կամ աշակերտներուն միջոցաւ:
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մանանդեան Հ., Յունաբան դպրոցը եւ անոր զարգացման շրջանները, Վիեննա, 1928
- Մուրադեան Ա.Ն., Յունաբան դպրոցը եւ անոր դերը հայերէնի քերականական տերմինաբանութեան ստեղծման գործում, Երեւան, 1971
- Аревшатян С.С., Формирование философской науки в древней Армении (V–VI вв.), Ереван, 1973
- Мирумян К.А., Становление естественнонаучной мысли в Армении,, 1991
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական համառօտ հանրագիտարան. Հատոր 4, 2003