Նիկիոյ տիեզերական ժողով
Նիկիոյ տիեզերական ժողով, գումարուած 325 թուականին, Մեծն Կոստանդին կայսեր հրաւէրով եւ եկեղեցական պետերու առաջարկով, Նիկիոյ մէջ, որ այսօրուան Իզնիքն է՝ Պուրսայի հիւսիս-արեւմուտքին։
Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունի։
Մասնակցողներու թիւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծն Կոստանդին հռոմէական հսկայական կայսրութեան տարածքին գտնուող քրիստոնեայ եկեղեցւոյ 1800 բարձրաստիճան հոգեւորականներ կը հրաւիրէ:
Մասնակցողներու տարբեր թիւեր տրուած են երեք ներկաներու կողմէ, բայց 318 թիւը պատուիրակներու ընդունուած պաշտօնական թիւն է: Քանի որ իւրաքանչիւր պատուիրակ իրեն հետ կրնար բերել երկու քահանայ եւ երեք սարկաւագ, հետեւաբար ներկաներուն թիւը աւելի էր:
Ժողովի ընթացքին քննարկուած հարցեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այդ ժողովին կը քննարկուին շարք մը վիճայարոյց նիւթեր, որոնց շարքին՝ արիոսականութեան հարցը, Զատկուան թուականը, Եկեղեցւոյ կազմակերպումն ու կառուցուածքը, աղօթքի պահուն ծունկի գալու հարցը եւ այլն:
Առաջին դարերէն ի վեր քրիստոնեաներու միջեւ միշտ քննարկման նիւթ դարձած էր՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նոյնաժամանակ թէ՛ մարդ եւ թէ Աստուած ըլլալու պարագան։ Բնոյթի վերաբերեալ այս նիւթը պարզելու առաջադրութեամբ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովը կազմակերպուած էր՝ Հռոմի Կոնստանդին կայսեր կողմէ[1]։
Կարեւոր արդիւնքը Հաւատամքի՝ քրիստոնէական հաւատքի հանգանակի ստեղծումն էր։
Համաժողովը դատապարտած է արիոսականութիւնը, որ կը ժխտէ Քրիստոսի լիարժէք աստուածութիւնը, եւ հռչակած՝ ուղղափառ դաւանանքը՝ «Եւ ի մի Տէր Յիսուս Քրիստոս, յՈրդին Աստուծոյ, ծնեալն յԱստուծոյ Հօրէ՝ միածին, այսինքն յԷութենէ Հօր։ Աստուած յԱստուծոյ, լոյս ի լուսոյ, Աստուած ճշմարիտ յԱստուծոյ ճշմարտէ, ծնունդ եւ ոչ արարած» («Կը հաւատանք մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ Որդիին, որ Հօր Աստուծմէ ծնած է որպէս միակ ծնունդ․ այսինքն՝ Հօրը էութենէն է։ Աստուած է՝ Աստուծմէ ծնած, լոյս է՝ լոյսէն յառաջ եկած։ Ճշմարիտ Աստուծմէն ծնած ճշմարիտ Աստուած է, եւ ո՛չ՝ արարած»)։ Նիկիոյ Հանգանակը կ'արտասանուի Ս. Պատարագի ընթացքին:
Ժողովի եզրափակումէն առաջ, պատուիրակները կը նշեն Կոստանդին կայսեր 20-ամեակը, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ իր հակակրանքը կ'արտայայտէ դաւանական բանավէճերու հանդէպ, յայտնելով այն փափաքը, որ Եկեղեցին ապրի ներդաշնակ, խաղաղ եւ միասնական:
Հայ եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Եկեղեցին ներկայացուցած է Գրիգոր Լուսաւորիչի որդին՝ Արիստակէսը:
Ըստ աւանդութեան՝ Արիստակէս Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի որոշումները կը տանի Հայաստան ու զանոնք կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին։ Այս վերջինը որոշումները կը ներմուծէ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակարգին մէջ։
Նիկիոյ տիեզերական համաժողովը յիշուած է Մովսէս Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի կողմէ:
Հետագայ դարերուն, Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը ակնածանքով անդրադարձած են Նիկիոյ ժողովին իրենց գրութիւններուն մէջ[2]: