Jump to content

Եդեսիոյ Կոմսութիւն

Եդեսիոյ կոմսութիւն (լատ.՝ Comitatus Edessanus),միջնադարեան պետութիւն հիւսիսային Միջագետքի եւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւ-արեւմուտքի մէջ 1098-1150 թուականներուն: Հիմնադրած է Բալդուին Բուլեօնցին 1098 թուականին՝ խաչակրաց առաջին արշաւանքի ժամանակ: Երկիրը կառավարած են ֆրանսական ծագում ունեցող Բուլեօնցի եւ դը Կուրտենէ ազնուական ընտանիքները: Տարածքը կազմած է առաւելագոյնը 35 000 քառ. քմ՝ ժոսլին I կոմսի օրով (1118-1131):

Պատմական ակնարկ

Առաջին շրջանի մայրաքաղաքն էր հայաշատ Եդեսիա քաղաքը, որ ունէր 10 000 բնակիչ: 1144 թուականին զանգիներու ամիրայութեան հիմնադիր Իմադ ալտինը կը գրաւէ Եդեսիան, որմէ ետք մայրաքաղաքը կը տեղափոխուի Տուրբեսել: Հզօրութեան շրջանին, երբ անկում կ'ապրէր Սելջուկեան սուլթանութիւնը, իր մէջ ներառած է հարեւան եւ հեռաւոր հայկական տարբեր գաւառներ՝ հասնելով մինչեւ կիլիկիա եւ անտիոք: 1116-1117 թուականներուն Քեսունի իշխանութեան ձեռքէն գրաւեցին բազմաթիւ բերդեր, աքսորեցին պիրից իշխան Ապլղարիբ Պահլաւունին, Գուրիսի իշխան Բագրատ Կամսարականը:

Եդեսիոյ անկումէն ետք, որուն նուիրուած է ներսէս Շնորհալիի «ողբ Եդեսիոյ» պոէմը, իշխանութիւնը ձեւականօրէն կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ: Նոր կեդրոն կը դառնայ Տուրբեսելի բերդը: Միաժամանակ կոմսութեան տիրոյթներու մէկ մաս կ'անցնի բիւզանդական կայսրութեան: 1150 թուականէն պետութիւնը կը մտնէ Զանգիներու ամիրայութեան կազմի մէջ:

Եդեսիոյ կոմսութիւնը առաջին խաչակրաց պետութիւնն էր, որ հիմնադրուած էր առաջին խաչակրաց արշաւանքի ընթացքին: Ան թէեւ իշխանութիւն կը կոչուէր, սակայն վասալական կախման մէջ չէր գտնուեր որեւէ թագաւորութենէ կամ կայսրութենէ: Անոր բնակչութեան հիմնական մասը կազմած էին քրիստոնէադաւան հայերը, Ասորիները եւ յոյները: Բնակչութեան այս կազմը կը շարունակէր մնալ այսպիսին մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եդեսիայէն ոչ հեռու հիմնադրուած Ուռհայ կամ Ուրֆայ (Շանլիուրֆայ) քաղաքը այժմ հոն կը բնակին գերազանցապէս իսլամադաւան քիւրտեր ու թուրքեր:

1098 թուականին Բալդուին Բուլեօնցին, հետեւելով Թանկրեդ Տարենտացուն, որ շարժած էր դէպի հարաւ՝ Անտիոք եւ Երուսաղէմ, առանձնացաւ խաչակիրներու բանակէն, անցաւ Կիլիկիա, իսկ այդտեղէն ուղղուեցաւ դէպի Եդեսիա: Մինչեւ Եփրատ գետի հատուածին մէջ Բալդուինի խաչակիրներու յայտնուիլը, այդտեղ կար եդեսիոյ հայկական իշխանութիւնը, որուն տնտեսութեան գլխաւոր ճիւղը տարանցիկ առեւտուրն էր: Գիեոմ Տիւրոսցին կը գրէր, որ քաղաքին մէջ կ'ապրէին երկու ազգերու՝ հայերու եւ «քաղդէացիների» առեւտրային զոյքի ներկայացուցիչները[1]:

11-րդ դարու ամբողջ 90-ական թուականները եղած են առաւել դժուար Եդեսիոյ իշխանութեան համար, որ դարձած էր ռազմական կեդրոն Անտիոքի, Հալէպի, Սամոսատի եւ Հիսանկեյֆի տիրակալներու համար: Ներքաղաքական անկայուն դրութիւնը, ինչպէս նաեւ ուժեղ բանակի բացակայութիւնը ստիպեց քաղաքի իշխաններուն հզօր հովանաւոր փնտռել[2]: Հայ բնակչութիւնը սկզբնապէս խաչակրաց արշաւանքի մասնակիցներուն համարած էր, եթէ ոչ ազատարարներու, այլ դաշնակիցներու, որոնք կարնան դիմակայել Սելճուքներուն[2]: Ճիշդ այս պատճառով ալ, Բալդուին Ֆլանդրացի, 200 ասպետներու հետ Եփրատ գետի աւազանին մէջ յայտնուելէ, Եդեսիոյ Թորոս իշխանը, տասներկու իշխաններու ճնշման ներքեւ կը հրաւիրէ անոր եւ կ'որդեգրէ, այդպիսով համաձայնելով կիսել քաղաքի կառավարումը եւ եկամուտները[3]: Միջնադարեան ժամանակագիրը նշած է, որ ասպետը տեղափոխուեցաւ դէպի Եփրատ, «ստանալով հրաւէր Հայաստանէն, ուր ան կը տիրէր Թելբաշիրին ու Ռավենդանին, եւ իրեն ենթարկեց այդ ամբողջ երկիրը»[2]:

Որոշ ժամանակ ետք, Մարտ 1098-ին, տասներկու իշխաններու խորհուրդը, Թորոս իշխանի հոգեզաւակի՝ Բալդուին Երուսաղեմցիի օգնութեամբ յեղաշրջում կը կատարէ[4]: Թորոսն ամրացաւ քաղաքի միջնաբերդին մէջ եւ խոստացաւ յանձնել զայն, եթէ երաշխաւորեն իր անվտանգ ելքը դէպի Մալաթիա, որուն կառավարիչ Գաբրիէլը իր ազգականն էր: Բալդուին I Երուսաղեմցին, սուրբ մասունքներու վրայ երդուելով, խոստացաւ անոր ազատ արձակել եւ խնայել կեանքը: Թորոսը, հաւատալով խոստումներուն, բացաւ ամրոցի դարպասները, որմէ ետք մահապատժի ենթարկուեցաւ: Այդպիսով, յեղաշրջումէն ետք տեղի ունեցաւ «հայկական պետութեան վերափոխումը ֆրանս-հայկականի», որուն գլուխը Բալդուինն էր[2]: Այսպէս ստեղծուեցաւ Խաչակրաց առաջին պետութիւնը՝ Եդեսիոյ կոմսութիւնը:

1100 թուականին եղբօր՝ Գոթֆրուա Բուլիոնցիի մահէն ետք, Բալդուինը ժառանգեց Երուսաղէմի թագաւորութեան գահը, իսկ անոր նախկին տիրոյթները անցան անոր ազգական եղբայր Բալդուին տը Բուրին: Անոր կը միանայ նաեւ Ժոսլեն տը Կուրտենեն, որուն կը պատկանէր Եփրատի ափին գտնուող Տուրբեսել քաղաքը:

Եդեսիոյ քրիստոնեայ կառավարիչները սերտ կապերու մէջ էին իրենց մօտ հարեւան Կիլիկեան թագաւորութեան հետ, եւ այդ միութեան ամրապնդման համար յաճախ անոնք կ'ամուսնանային հայ արքայադուստրերու հետ: Այսպէս, Բալդուին I-ը, որու կինը Գուտուերան մահացած էր 1097 թուականին Մարաշի մէջ, կ'ամուսնանայ Արդայի՝ Կիլիկիոյ Ռուբինեան իշխան Կոստանդին Ա-ի թոռան հետ: Բալդուին տը Բուրը ամուսնացաւ Մորֆիայի՝ Մալաթիայի իշխանուհիի հետ, իսկ Ժոսլեն տը Կուրտենեն՝ Կոստանդինի դուստր Բեատրիսի հետ:

Բալդուինի մուտքը Եդեսիա: Հայ հոգեւորականութիւնը զայն կը դիմաւորէ քաղաքի դարպասներու մօտ

Բալդուին II անուան ներքեւ անցնելով Եդեսիոյ գահին՝ Բալդուին տը Բուրը ներգրաւուեցաւ հակամարտութիւններու մէջ Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Փոքր Ասիոյ մէջ: 1103 թուականին ան օգնեց Բոհեմունդ I-ին՝ Անտիոքի դուքսին, փրկագինով ազատիլ, որուն գերի տարած էր Դանեշմանդի ամիրան, իսկ անկէ ետք, երբ 1104 թուականին Եդեսիան յարձակման ենթարկուեցաւ Մուսուլի զօրքերու կողմէն, Հառանի ճակատամարտին Բալդուինը եւ Ժոսլենը գերի ինկան Սելճուքներուն մօտ: 1104-1108 թուականներուն Եդեսիոյ կոմսութիւնը միացած էր Անտիոքի դքսութեան: Այդ ժամանակ ալ կոմսութեան տարածքէն անջատուեցան Մարաշը եւ Դուլուկը[5]:Մինչեւ 1108 թուականին գերիներու ազատումը, գահի խնամակալն էր Բոհեմունդի եղբայր թանկրեդ Տարենտացին: Ազատելով՝ Բալդուինը ստիպուած եղաւ ուժով ետ բերել իր օրինական տիրոյթները, որուն իբր հետեւանք Թանկրեդը հեռացուեցաւ Եդեսիայէն, չնայած անոր համար Բալդուինը ստիպուած էր ժամանակաւորապէս միաւորուիլ որոշ տեղական իսլամ կառավարիչներու հետ:

1100 թուականին Եփրատէն արեւելք ինկած բոլոր տարածքները նուաճուեցան Մոսուլի աթաբեկ Մահմուդի կողմէն: Եւ չնայած անոր, որ Եդեսիան եւ մնացած լաւ ամրացուած քաղաքները դիմակայեցին իսլամներու գրոհներուն, սակայն կոմսութեան տարածքը «աւերուեցաւ եւ ամայացաւ»[6]:

1116-1117 թուականներուն հայ իշխաններու տարածքներու նուաճման հաշուին կոմսութեան տարածքը զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ: Վասիլ Տղայէն գրաւուեցաւ Ռաբանը, Քեսուն ի բերդը, Հռոմկլան, Բեհեսնին, եւ պէտք է յիշել Հիսն Մանսուրը: Պիրէն աքսորուեցաւ իշխան Ապլղարիբ Պահլաւունին, որուն տիրոյթները բռնակցուեցան կոմսութեան: Աքսորի ենթարկուեցաւ նաեւ Փոքր Ասիոյ մէջ խաչակիրներու ուղեվար եւ օգնական, Գուրիսի իշխան Բագրատ Կամսարական[5]:

1118 թուականին բալդուին I-ի մահէն ետք Բալդուին II-ը հռչակուեցաւ Երուսաղէմի թագաւոր, չնայած անոր, որ ամենամօտ ազգականը, որուն վերապահուած էր գահի ժառանգութիւնը, Բալդուինի եղբայր Էստաշ III Բուլեօնցին էր: 1119 թուականին կոմսի տիտղոսը յանձնուեցաւ Ժոսլեն դը Կուրտենէին: 1122 թուականին Ժոսլենը կրկին գերի ինկաւ իսլամներու ձեռքը: Որպէսզի ապահովէ Եդեսիոյ անվտանգութիւնը, Բալդուինը ուղեւորուեցաւ դէպի հիւսիս, բայց ան նոյնպէս գերի ինկաւ երբ կոմսութեան սահմանը հասաւ: Երկուքն ալ, սակայն շուտով ազատեցան. Ժոսլենը՝ 1123 թուականին, իսկ Բալդուինը՝ մէկ տարի ուշ:

Յովհաննէս II Կոմնենոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1137 թուականին Անտիոքի պարիսպներուն մօտեցան բիւզանդական կայսր Յովհաննէս II Կոմնենոսի զօրքերը: Ան որոշած էր Ռայմունդէն ստանալ 1108 թուականի սատանայի պայմանագրի հաստատումը, որուն համաձայն քաղաքը դարձաւ կայերական աւատ, իսկ իշխանը խոստացաւ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել եւ ենթարկել տեղի Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ[7]:

Բիւզանդացիները դիւրութեամբ յաջողեցան կոտրել դիմադրութիւնը, եւ քաղաքը բացաւ իր դարպասները: Բասիլեւսին հաւատարմութեան երդում տուին, Անտիոքի մէջ յայտնուեցաւ ուղղափառ պատրիարք, իսկ քաղաքի միջնաբերդի վրայ կախուեցաւ կայսերական դրօշը: Փոխարէնը Յովհաննէսը խոստացաւ Ռայմունդին վերադարձնել իսլամադաւաններուն կողմէ գրաւուած շրջակայ քաղաքները[8]:

Սեզերայի հանձնման մասին բանակցութիւնները

Մարտ 1138 թուականի վերջաւորութեան Յովհաննէսը արշաւանքի ելաւ խաչակիրներու գլխաւոր հակառակորդի՝ Մոսուլի ամիրայ Իմադ ալտին Զանգիի դեմ: Կայսրին միացան նաեւ Ռայմունդը եւ Եդեսիոյ կոմս Ժոսլեն II-ը, ինչպէս նաեւ տաճարականներու զօրախումբը[9]: 8 Ապրիլ-ին գրաւուեցաւ Պիզա քաղաքը, 20 Ապրիլ-ին սկսաւ Սեզերա քաղաքի պաշարումը, ուր դիմադրութիւն ցոյց տուաւ միայն միջնաբերդը: Զանգին սկսաւ կեղծ լուրեր տարածել Իրանի, Իրաքի եւ Անատոլուի իսլամադաւան կառավարիչներու բանակներու մօտեցման մասին՝ խուսափելով բաց ընդհարումներէն: Այդ իսկ պատճառով հռոմէացիները սկսան արագ անոր հետ հաշտութիւն կնքել, որուն հետ անոնք դրամական փոխյատուցում ստացան, իսկ նուաճուած քաղաքները յանձնուեցան քրիստոնեայ կառավարիչներուն[10]:

Հաշտութեան կնքումէն ետք, 1138 թուականին Յովհաննէս յաղթական մուտք գործեց Անտիոք, որմէ ետք պարոններու ժողով կազմակերպեց: Այդ ժողովին ընթացքին ան յայտարարեց այն մասին, որ ռազմական գործողութիւնները աւարտած չեն, եւ անոնց յաջողութեամբ կատարման համար քաղաքը պէտք է յանձնել Բիւզանդիոնի կառվարմանը: Ժոսլենը լատինացիներիու մէջ խօսակցութիւն տարածեց, ըսելով թէ Յովհաննէսը պատուիրած է անոնց աքսորել Անտիոքէն, այնտեղ ձգելով միայն յոյն բնակչութեան: Համազգային զայրոյթը անակնկալի բերաւ բասիլեւեւսին, եւ ան բանարարուեցաւ միայն Եդեսիոյ կոմսութեան եւ Անտիոքի դքսութեան տուած հաւատարմութեան երդումով[11]:

Կոմսութեան անկումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1131 թուականին Ժոսլեն դը Կ ուրտենէն ինկաւ մարտի դաշտին վրայ: Անոր յաջորդեց որդին՝ ժոսլեն II-ը: Այդ ժամանակ Իմադ ալդին Զանգիի կողմէն սպառնալիք կախուած էր կոմսութեան գլխուն, որ իր տիրապետութեան ներքեւ միաւորած էր Հալէպը եւ Մոսուլը: Ժոսլեն II-ը բաւականաչափ ուշադրութիւն չյատկացուց կոմսութեան սահմաններուն ապահովութեան, քանի որ խիստ զբաղած էր տրիպոլիի հետ վէճերով, այդ պատճառով ալ, հարկ եղած ժամանակ հարեւաններէն օգնութիւն չստացաւ: 1144 թուականին Զանգին շրջապատեց Եդեսիան: Եդեսիոյ պաշարումը ընդամէնը մէկ ամիս տեւեց, եւ նոյն թուականի 24 դեկտեմբեր-ին քաղաքը ինկաւ: Ժոսլենը շարունակեց պաշտօնապէս մնալ որպէս Եդեսիոյ կոմս, եւ նաեւ կը կառավարէր կոմսութեան մնացորդները եւ Տուրբեսել քաղաքը: 1146 թուականին ստրուկի ձեռքով Զանգիի մահէն ետք ան փորձեց վերադարձնել իր կորսնցուցած տարածքները, սակայն, պարտութիւն կրելով Նուր ալ-դին Մահմուդէն, հազիւ փրկուեցաւ գերեվարումէն: 1150 թուականին ան, միեւնոյնն է, գերի ինկաւ իսլամներուն մօտ եւ պահուեցաւ Հալէպի մէջ մինչեւ իր մահը (1159): Անոր կինը վաճառեց Տուրբեսել քաղաքը եւ յարակից հողերը Բիւզանդիոնի կայսր մանուիլ Կոմնենսոսին, սակայն մէկ տարի ետք անոնք գրաւուեցին Նուր ադ-դինի կողմէն:

Աշխարհագրութիւնը եւ բնակչութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Եդեսիոյ կոմսութեան տարածքային նուաճումներ

Իր չափերով կոմսութիւնը կը գերազանցէր խաչակիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի միւս նուաճումներուն, բայց, նոյն պահուն, ամէնէն քիչ բնակուած եւ ելք չունէր դէպի ծով: Միայն քաղաքի բնակչութիւնը չէր գերազանցեր 10 000-ը, սակայն մնացած տարածքներուն մէջ գոյութիւն չունէին այլ բնակավայրեր, բացի ամրոցներէն:

Իր լաւագոյն ժամանակաշրջանին Եդեսիոյ կոմսութեան տարածքը կը մնար արեւմուտքէն՝ Անտիոքի եւ Կիլիկիոյ սահմաններէն մինչեւ Եփրատը՝ արեւելք: Հարաւէն կոմսութիւնը սահմանած էր հզօր իսլամական պետութիւններ Հալէպին ու Մոսուլին, իսկ հիւսիսէն սահմանը կը հասնէր մինչեւ Արածանի գետ:

Կոմսութեան բնակչութիւնը կազմուած էր միաբնակ-քրիստոնեայ ասորիներէ եւ հայերէ, ինչպէս նաեւ անոր տարածքին մէջ կը բնակէին փոքրաթիւ իսլամներ եւ ուղղափառ յոյներ:

Ենթակայ տարածքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տուրբեսելի (Թել Պաշիր) իշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տուրբեսելի իշխանութիւնը Եդեսիոյ կոմսութեան առաջին աւատներէն էր: Թել Պաշիր քաղաքը գրաւուած է Եդեսիոյ առաջին կոմսի կողմէն, Եդեսիոյ գրաւումէն քիչ աւելի առաջ, 1098 թուականի վերջին եւ յանձնուած է վասալային կառավարման տեղական աւատատէրերէն մէկուն, Ֆեր անունով: Ժոսլեն տը Կուրտենէն, մինչեւ որ Եդեսիոյ կոմս դարձաւ, եղած է Տուրբեսելի իշխան, կառավարելով Եփրատէն արեւմուտք ինկած տարածքները: Եդեսիայ կորուստէն ետք Ժոսլեն II-ը վերադարձաւ Տուրբեսել ամրոց, որ աւելի կանուխ պատկանած էր իր հօրը, իսկ անոր մահէն ետք քաղաքը վաճառուած է Բիւզանդիոնի, ապա նուաճուած իսլամներու կողմէն: Վաճառելով Տուրբեսելը՝ Ժոսլեն II-ի կինը կը մեկնի Երուսաղէմի թագաւորութիւն եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աքքա քաղաքի շրջակայքը:

Աւատի անուանումը Առաջացման տարեթիւը Յայտնի աւատատերերը եւ անոնց կառավարման տարեթիւերը
Այնթապ 1103
Բեհեսնի
Գուրիս 1103
Դուլուկ 1102
Քեսուն
Մարաշ 1104
Պիր
Ռաբան
Ռավենդան 1098
Սերուջ 1100

Եդեսիոյ կառավարիչներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կառավարման տարիներ Անուն
1098-1100 Բալդուին I
1100-1118 Բալդուին II
1104-1108 Թանկրեդ դ'Օտվիլ (Ռիչարդ Սալերնացիի հետ համատեղ խնամակալութիւն)
1118-1131 Ժոսլեն I
1131-1150 Ժոսլեն II
1159-1200 Ժոսլեն III (Եդեսիոյ կոմսի տիտղոսը պաշտօնապէս ստացած է 1159 թուականէն)[12].

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Քաղվածք.«խաղաղասեր ազգեր քաղդեացիները եւ հայերը, ովքեր ոչինչ չէին հասկանում ռազմական գործից եւ բացառապես նվիրված էին առեւտրին»
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 Վ. Պ. Ստեպանենկո // «Տասներկու իշխանների խորհուրդը» եւ Բոդուեն Ֆլանդրիացի: Եդեսիայի հեղաշրջման փաստերով (մարտ 1098 թ.)// Հնագույն աշխարհ եւ միջին դարեր: Հասարակական զարգացման խնդիրներ: - Սվերդլովսկ, 1985: - 82-92 էջեր [1] Archived 2012-01-11 at the Wayback Machine. արխիվ Archived 2018-05-25 at the Wayback Machine.
  3. Վ. Պ. Ստեպանենկո // Փիլարտոս Վարաժնունու պետությունը //Հնագույն դարեր եւ միջին դարեր: - Սվերդլովսկ, 1975: - Թող. 12: - էջեր 86-103 [2][permanent dead link] արխիվ
  4. Մ. Ա. Զաբորով // Խաչակրաց արշավանքների հայտնի արեւելքի ժամանակակիցների նշանակության մասին հարցին ի պատասխան
  5. 5,0 5,1 Վ. Պ. Ստեպանենկո Կիլիկիայի Ռուբինյանները եւ Եդեսիայի կոմսերը 12-րդ դարի առաջին կեսին. (Եդեսիայի կոմսության կառուցվածքը)] // Հնագույն դարեր եւ միջին դարեր. Բյուզանդիան եւ սահմանակից աշխարհը: Սվերդլովսկ, 1990, էջեր 151-159 [3][permanent dead link] արխիվ Archived 2012-10-12 at the Wayback Machine.
  6. Մատթեոս Եդեսացի: Ժամանակագրություն
  7. Ֆ. Ի. Սկազկի, Բյուզանդիայի պատմություն: Հատոր 2: Գլուխ 13: Կայսրության ներքաղաքական դրությունը 12-րդ դարի առաջին կեսին։
  8. Ա. Ա. Վասիլեւ, Բյուզանդական կայսրության պատմություն: Հատոր 2: Գլուխ 1. Բյուզանդիան եւ խաչակիրները: Ներքին քաղաքականությունը Հովհաննես II-ի օրոք։
  9. Յոհան Կիննամ //Հովհաննես եւ Մանուել Կոմնենոսների գահակալման կրճատ նկարագրություն Գիրք 1
  10. Ֆ. Ի. Ուսպենսկի, Բյուզանդական կայսրության պատմություն: Բաժին VI: Կոմնենոսներ: Գլուխ X: Արեւելյան գործեր։
  11. Դ. Նորվիչ //Բյուզանդիայի պատմություն - էջեր 382-383
  12. Էրլիխման Վ.Վ.. // Աշխարհի կառավարիչներ