Վարդան Արեւելցի
Վարդան Արեւելցի | |
---|---|
Ծնած է | 1198[1] |
Ծննդեան վայր | Գանձակ, Առան, Ելտկուզյաններ |
Մահացած է | 1271 |
Մահուան վայր | Խոր Վիրապ, Ոստան Հայոց, Զաքարեան Իշխանապետութիւն |
Գործունէութեան ոլորտ | պատմութիւն |
Աշակերտած է | Մխիթար Գոշ |
Տիրապետած լեզուներ | հայերէն |
Աշակերտներ | Գևորգ Սկևռացի? |
Վարդան Արեւելցի (ծանօթ է նաեւ իբրեւ Վարդան Գանձակեցի, Աղուանից Վարդան, Վարդան Կիլիկեցի, Վարդան Մեծ, Վարդան Պատմիչ, Վարդան Վարդապետ), հայ պատմագիր, մեկնիչ, աստուածաբան, փիլիսոփայ, թարգմանիչ եւ մանկավարժ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրթութիւնը ստացած է Նոր Գետիկի վանքը (աշակերտած է Մխիթար Գոշին), այնուհետեւ՝ Տաւուշի Խորանաշատի վանքը՝ Վանական Վարդապետին քով։ Վարդապետ ձեռնադրուած է, իսկ 1235-ին՝ ռաբբի, ծաւալած է ուսումնագիտական բեղմնաւոր գործունէութիւն մը։ Հիմնած է Կայենաբերդի Ս. Անդրէաս վանքի դպրոցը եւ հոն զբաղած է ուսուցչութեամբ (1235-39 թուականներուն, 1252-53 թուականներուն)։ 1239-ին ուխտագնացութեան մեկնած է Երուսաղէմ, վերադարձին այցելած է Կիլիկեան Հայաստան, հանդիպած Հեթում Ա. թագաւորին եւ Հայոց կաթողիկոս Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիին հետ։ Մասնակցած է Սիսի 1243-ի ազգային-եկեղեցական ժողովին, հոն սահմանուած կանոնները 1245-ին բերած է Հայաստան՝ հայ «արեւելեան» վարդապետներուն։ 1248-ին դարձեալ մեկնած է Կիլիկիա՝ իրեն հետ տանելով «արեւելեան» վարդապետներու պատասխան թուղթը։ Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցի կաթողիկոսին համահեղինակութեամբ գրած է հայութեան ուղղուած «Թուղթ խրատական»-ը եւ Հռոմի պապին դաւանաբանական գրութեան պատասխանը, մասնակցած է Սիսի 1251-ի ժողովին ընդունած կանոններու մշակման։ 1252-ին վերադարձած է Հայաստան, գումարած Հաղբատի եւ Ձագաւանի եկեղեցական ժողովները, հիմնած Սաղմոսավանքի, Թեղենեաց մենաստանի, Աղջոց վանքի, Խոր Վիրապի, Հառիճի վանքի, Խորակերտի դպրոցները։ Խոր Վիրապի մէջ անոր աշակերտած են միջնադարեան հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներ Գէորգ Սկեւռացին, Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզը, Ներսէս Մշեցին, Եսայի Նչեցին, Գրիգոր Բալուեցին եւ ուրիշներ։
Վարդան Արեւելցի իր գրական մեծ վաստակին եւ հոգեւոր-կրթական գործունէութեան շնորհիւ հանրածանօթ դարձած է միջնադարեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ։ Ժամանակակիցները զինք մեծարած են «սուրբ», «հոգեպայծառ սուրբ հայր», «լուսաւոր վարդապետ», «եռամեծ», «տիեզերալոյս վարդապետ» պատուանուններով։ Իսկ Գրիգոր Տաթեւացի զինք ներկայացուցած եւ պատուած է «Մեծն Վարդան» անունով։
Մատենագիտական ժառանգութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աստուածաբանական երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդան Արեւելցի ձգած է մատենագիտական հարուստ ժառանգութիւն մը՝ պատմական, մեկնողական, քերականագիտական բնոյթի երկասիրութիւններ, ճառեր, ներբողներ, խրատներ եւ թուղթեր։ Ան հայ մեկնաբանական միտքի ամէնէն նշանաւոր դէմքերէն է, ամբողջ մեկնաբանական դպրոցի հիմնադիրը։ Նշուած բնագաւառին մէջ հեղինակած է «Մեկնութիւն Սաղմոսաց», «Մեկնութիւն Հնգամատենին», «Մեկնութիւն Դանիէլի» եւ այլ գործեր։ Յատկանշական է Երգ երգոցի անոր մեկնութիւնը, ուր, հիմք ընդունելով Գրիգոր Նիւսացիի համանուն բովանդակութեամբ գործը, Վարդան Արեւելցի նախ պարզաբանելով շարադրած է անոր միտքերը՝ լրացնելով Ընդհանրական եկեղեցւոյ միւս սուրբ հայրերու եւ Գրիգոր Նարեկացիի մեկնութիւններով, իսկ այնուհետեւ տուած է իր անձնական մեկնութիւնը։ Վարդան Արեւելցիի բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ ճառերուն, խրատներուն, ներբողներուն ու թուղթերուն մէջ կ'արծարծուին աստուածաբանական խնդիրներ, ծիսական հարցեր, կը փառաբանուին Հայ եկեղեցւոյ սուրբերը («Ճառ ի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստան աշխարհիս», «Յայտարարութիւն բանից յերիցս երանեալ հոգին մեր ի Ս. Հայրապետն Յովհան Աւձնեցին», «Թուղթ առ Հայոց կաթողիկոսն Կոստանդին» եւ այլն)։
Վարդան Արեւելցի մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է երաժշտութեան տեսութեան եւ գեղագիտութեան հարցերուն, անդրադարձած ձայնեղանակներու մասին ուսմունքին, երաժշտութեան զգայական մեծ ազդեցութեան։ Ան յայտնի է նաեւ իբրեւ բեղուն շարականագիր՝ հեղինակած է Շարակնոցին մէջ Աստուածածնի ծննդեան առաջին կանոնը («Որ նախիմաց իմաստութեամբ»), տասներկու առաքեալներու օրհնութիւնը («Ի յանսահման ծովէն») եւ Ս. Թարգմանչաց կանոնի օրհնութեան երկու պատկերները («Որք զարդարեցին» եւ «Որ թագաւորաց»)։
Վարդան Արեւելցիի աստուածաբանական երկասիրութիւններէն կ'առանձնանայ «Լուծմունք ի Ս. Գրոց» ժողովածուն՝ գրուած Հեթում Ա. թագաւորին պատուէրով (յայտնի է նաեւ «Ժղլանք» անունով)։ Անիկա կազմուած է բազմաբնոյթ նիւթերէ, շարադրուած է դիւրըմբռնելի միջին հայերէնով, ունի հանրագիտարանային բնոյթ, եղած է միջնադարեան Հայաստանի ամէնէն տարածուած գիրքերէն մէկը։
«Հաւաքումն պատմութեան»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդան Արեւելցիի պատմական բնոյթի գլխաւոր երկասիրութիւնը «Հաւաքումն պատմութեան» գիրքն է, որ համընդհանուր պատմութիւն շարադրելու նոր փորձ էր հայ պատմագրութեան մէջ։ Բաղկացած է «Նախերգանքէն» եւ հարիւր գլուխէ։ Բուն պատմութիւնը կը սկսի Բաբելոնեան աշտարակաշինութենէն եւ կը հասնի մինչեւ կաթողիկոս Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիի մահը (1267)։ Իբրեւ սկզբնաղբիւր հեղինակը օգտագործած է նախորդ գրեթէ բոլոր հայ պատմիչներու եւ մատենագիրներու, իր ժամանակակիցներէն՝ Վանական Վարդապետին, Կիրակոս Գանձակեցիին եւ ուրիշներու գործերը, վիմական արձանագրութիւններ, դիւանատան փաստաթուղթեր, ժողովրդական պատումներ, Եվսեբիոս Կեսարացիի գործերը։
Ըստ հրեայ Յովսէփոս Փլավիոս եւ յոյն Եվսեբիոս Կեսարացի պատմագիրներու, ինչպէս նաեւ ըստ հայկական աւանդութիւններու Վարդան Արեւելցի Նախիջեւան տեղանունը կը մեկնաբանուի իբրեւ Նոյի առաջին իջեւանատեղին։ Հիմնուելով հնագոյն այլ առասպելներու վրայ՝ Վարդան Արեւելցի Նոյի գերեզմանատեղին կը յիշատակէ Վասպուրականի Նախճաւանին մէջ, իսկ անոր կնոջ՝ Նոյեմզարին գերեզմանատեղին՝ Մարանդի մէջ։ Աւանդաբար Նոյին անուան հետ կապուած են Ակոռի գիւղի, Առնոյոտն գաւառի, Երեւան քաղաքի, Նպատ լերան եւ այլ անուանումներ։ Նոյ Նահապետին յիշատակը կը նշեն Ընդհանրական, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցիները։ Հայ եկեղեցին Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ, իբրեւ սուրբ մասունք, կը պահէ Նոյեան տապանէն փայտի կտոր մը, որ ըստ աւանդութեան, Մասիսի լանջին հրեշտակէն ստացած է Մծբին քաղաքի եպիսկոպոսը՝ Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետը
Յատկապէս արժէքաւոր է իր ապրած ժամանակաշրջանին՝ Ժբ. դարու վերջը եւ Ժգ. դարու պատմական իրադարձութիւններու նկարագրութիւնը։ Երկը կարեւոր աղբիւր է այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ հարեւան երկիրներու ու ժողովուրդներու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար։
Այլ բնոյթի գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդան Արեւելցիին կը վերագրուին Խաչին նուիրուած ճառեր, «Կանոնական բանս» գրուածքը, առակներ, ընդարձակ եւ համառօտ տարբերակներով պահպանուած «Աշխարհացոյց»-ը։ Հեղինակ է նաեւ քերականական երկու գործերու՝ «Մեկնութիւն քերականին» եւ «Վասն բանին մասանց», որոնք գրուած են այդ օրերու խօսակցական լեզուով։ Հեթում Ա.-ի պատուէրով գրուած առաջին գործը Դիոնիսիոս Թրակացիի քերականութեան հայերէն թարգմանութեան մեկնութիւնն է, իսկ երկրորդը՝ հայոց լեզուի շարահիւսութեան սկզբունքներու նկարագրութիւնը։
Թարգմանչական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարդան Արեւելցի բազմաթիւ գործեր թարգմանած է յունարէնէ, լատիներենէ եւ ասորերէնէ։ Ասորի Իշխող քահանայի աշխատակցութեամբ՝ 1248-ին թարգմանած է ասորի ժամանակագիր Միքայէլ Ասորիի (1126-99) «Ժամանակագրութիւնը» եւ «Յաղագս քահանայութեան» գործը։ Խմբագրած ու լրացուցած է Տօնապատճառ ծիսական ժողովածուն։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարդան Արեւելցիի «Աշխարհացոյց», «Մեկնութիւն քերականի» եւ «Պատմութիւն» աշխատութիւնները (գրաբար)
- Վարդան Արեւելցի, «Գովեստի խօսք՝ ուղղուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին» Archived 2010-11-27 at the Wayback Machine.
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, էջ 312-313: 1985:
- Ոսկեան Համազասպ, Վարդան Արեւելցի, - «Հանդէս ամսօրեայ», 1921, էջ 364-374, 458-471, 564-573,
- Խաչիկեան Լ., Վարդան Արեւելցու «Վասն բանին մասանց» աշխատութիւնը. ՍՍՌՄ ԳԱ հայկական ֆիլիալի Տեղեկագիր, Հասարակական գիտութիւններ, 1943, № 2, էջ 81-88։
- Փ. Անթապեան, Վարդան Արեւելցու «Աշխարհացոյցը» եւ նրա նոր հրատարակութիւնը, - «Բանբեր մատենադարան», 6, 1962, էջ 283-291։
- Փ. Անթապեան, Վարդան Արեւելցու ներբողը՝ նուիրուած հայոց գրերի գիւտին, - Բանբեր Մատենադարանի N7, Երեւան, 1964, էջ 365-398։
- Ն. Պողարեան, Վարդան Վարդապետ Արեւելցի (Մեծն), - Հայ գրողներ (Ե.-Ժէ. դար), Երուսաղէմ, 1971, էջ 294-300։
- Անթապեան Փ. Փ., Վարդան Արեւելցի (1197-1271).- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1972, № 4, էջ 59-66։
- Անթապեան Փ. Փ., «Աշխարհացոյց Վարդանայ վարդապետի», - «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 1984, № 3, էջ 87-102։
- Անթապեան Փ. Փ., Վարդան Արեւելցի. կեանքն ու գործունէութիւնը, Գիրք Ա., Երեւան, 1987, Գիրք Բ, Երեւան, 1989։
- Robert W. Thomson, The Historical Compilation of Vardan Arewelcʿi, - "Dumbarton Oaks Papers", Vol. 43, (1989), pp. 125–226.
- «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։