Jump to content

Ղեւոնդ Երէց

Ղեւոնդ Երէց
Ծնած է 4-րդ դար
Ծննդավայր Իջեւան, Վանանդ, Այրարատ, Մեծ Հայք
Մահացած է 25 Յուլիս 454
Մահուան վայր Նիշապուր, Ապար, Սասանեան Պարսկաստան
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Հայկական մարզպանութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ղեւոնդ Երէցին արձանը՝ Գիւմրի

Ղեւոնդ Երէց կամ Ղեւոնդ Վանանդեցի, (Դ. Դար, Վանանդ, Այրարատ, Մեծ Հայք- 25 Յուլիս, 454 Նիշապուր, Ապար, Սասանեան Պարսկաստան): Եղած է եկեղեցական գործիչ, իսկ Ե. դարու կէսերուն հայ ազատագրական պայքարին (Վարդանանց պատերազմին) մասնակից:

Ըստ Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի, ծնունդով Վանանդ գաւառի Իջավանք գիւղէն էր (այսօրուան Կարսի շրջան), բայց հաւանաբար պաշտօնի բերումով իր գործունէութեան շրջանը դրացի Բագրեւանդ գաւառն էր:

Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի աշակերտ եղած Ղեւոնդ Երէց: Ան գործունեայ եւ կարող անձնաւորութիւն էր, խիզախութեան, նախանձախնդրութեան եւ արիութեան հոգիով լեցուն, եռանդուն եւ կորովի համարձակախօս եւ հռետոր, օժտուած առաջնորդելու առողջ ձիրքով: մասնակցած է 444-ին գումարուած Շահապիւանի ժողովին: 450-ի Ամրան գլխաւորած է Անգղի բնակչութեան յարձակումը պարսիկ մոգերուն վրայ, որոնք փորձած են տեղւոյն եկեղեցին ատրուշանի վերածել:

Պարսից արքայ Յազկերտ Բ.ի օրով հայ եկեղեցւոյ  եւ քրիստոնէութեան նկատմամբ ծաւալած հալածանքներու ատեն գլխաւորած է հաւատացեալ ժողովուրդին պայքարը զրադաշտ մոգերու ու մոգպետներու դէմ:

Վարդանանց պատերազմին ընթացքին գործնական եւ իրական կազմակերպողն ու նահատակներու այս խումբի ամէնէն հեղինակաւոր անդամը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդն էր Ղեւոնդ Երէց: Խումբին ամէնէն տարեցն էր, ան աւելի քան 70 տարեկան էր իր նահատակութեան ատեն: Ան մասնակցած է Աւարայրի ճակատամարտին (451), ելոյթներով կռուողները ոգեւորելով[2]: Քրիստոնէութեան ջատագովման նուիրուած Ղեւոնդ Երէցին քարոզները, Պարսկաստանի նուաճողական քաղաքականութեան (որ զուգակցուած էր հայերը հաւատափոխ ընելու հետ) պայմաններուն մէջ, նպաստած են ազգային-ազատագրական պայքարին:

Աւարայրի ճակարամարտէն ետք Ղեւոնդ Երէց գերեվարուած է եւ աքսորուած Ապար, այժմ Խորասանի Նիւշապուհ քաղաքը, ուր սպաննուած է որոշ ժամանակ մը ետք: Ղեւոնց Երէցի անունը միշտ կը յիշուի հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին մէջ:

  • Եղիշէ,Վարդանի եւ հայոց պատերազմի մասին, Երեւան, 1994:
  • Ղազար Փարպեցի, Հայոց պատմութիւն. Թուղթ Վահան Մամիկոնեանին, Երեւան, 1982:
  • Գալուստեան Շ., Հայազգի սուրբեր, Երեւան, 1997:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]