Ստեփանոս Սիւնեցի
Ստեփանոս Սիւնեցի | |
---|---|
Ծնած է | 685 |
Ծննդեան վայր | Դուին |
Մահացած է | 21 Յուլիս 735 |
Մահուան վայր | Եղեգնաձոր |
Աշակերտած է | Մովսես Քերթող? |
Տիրապետած լեզուներ | հայերէն |
Պաշտօն | եպիսկոպոս |
Ստեփանոս Սիւնեցի (685, Դուին - 21 Յուլիս 735, Եղեգնաձոր), հայ միջնադարեան քերականագէտ, թարգմանիչ, բանաստեղծ, երաժիշտ, մշակութային եւ եկեղեցական գործիչ, Սիւնիքի 22-րդ մետրոպոլիտ։
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս Սիւնեցի հասակ առած ու կրթուած է Հայկական Դուին քաղաքի աւագ քահանահօր ընտանիքին մէջ։ Ուսումը ստացած է Դուինի Հայոց Կաթողիկոսարանին մէջ։ Այնուհետեւ հոգեւոր կրթութիւնը շարունակած է Գեղարքունեաց գաւառի Մաքենեաց վանքին[1] մէջ՝ վանահայր Սողոմոնին մօտ, ապա Հայաստանի մէջ մեծ հռչակ վայելող Սիւնեաց վարդապետարանի Մովսէս Քերթողին մօտ։ 13-րդ դարու պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, Ստեփանոս Սիւնեցին դաւանաբանութեան վերաբերեալ վիճաբանութիւն կ'ունենայ իշխան Սմբատ Բագրատունիին հետ, եւ քանի որ հմուտ չէր փիլիսոփայական արտաքին գիտութեան (աշխարհիկ գիտութիւններուն), իշխանը անոր տգէտ կ'անուանէ եւ կը սկսի հալածել: Ստեփանոս ուսումնառութեան կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս, ապա Աթէնք եւ Հռոմ, կը սերտէ յունարէն ու լատիներէն գրականութիւնն ու դպրութիւնը, կ'իւրացնէ երաժշտական արուեստը եւ կը խորացնէ իր իմացութիւնը աստուածաբանութեան ու մատենագրութեան մէջ:
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, եռանդուն թարգմանչական գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ խորհրդատու եւ գործակից ունենալով հայազգի գիտնական իշխան Դաւիթ Հիւպատոսը, որ բարձր պաշտօն կը վարէր բիւզանդական արքունիքին մէջ, իբրեւ կայսերական սեղանապետ: Պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, Ստեփանոս երբ Հայաստան կը վերադառնայ, կը տեսնէ զայն արաբներու կողմէ քարուքանդ դարձած, զրկուած՝ հայրենի իշխաններէն, որոնցմէ շուրջ ութ հարիւրը արաբները այրած էին Նախիջեւանի եկեղեցիին մէջ։ Ան վախճանած կը գտնէ Սիւնեաց Յովհան եպիսկոպոսը: Բաբգէն ու Քուրտ իշխաններու խնդրանքով Դաւիթ Ա. Արամոնեցի կաթողիկոս (728-741) Ստեփանոս Սիւնեցիին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ եւ Սիւնեաց մետրոպոլիտութեան[2] աթոռին կը նշանակէ:
Հոգեւոր եւ մշակութային գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս Սիւնեցին կը ծաւալէ մշակութային լայն գործունէութիւն: Յունարէնէն թարգմանութիւններ կը կատարէ: Կը գրէ ինքնուրոյն աշխատութիւններ, մեկնութիւններ (որոնց կարգին՝ Դիոնիսիոս Թրակացիի «Արուեստ Քերականութեան» յայտնի աշխատութեան մեկնաբանութիւնը), ճառեր, ինչպէս նաեւ հոգեւոր երգեր, շարականներ եւ կցորդներ։ Սիւնեցի մեծ ներդրում կ'ունենայ հոգեւոր երգարուեստի, երաժշտութեան տեսութեան ու շարականագրութեան բնագաւառներուն մէջ։ Սիւնեցիի կը պատկանին «Աւագ Օրհնութեան» կանոնի շարականները։ Անոր հոգեւոր երգերը տեղ կը գտնեն Շարակնոց եւ Մանրուսմունք[3] ժողովածուներուն մէջ։ Ստեփանոս Սիւնեցին եզակի է իր նոր մոտիվներով, երաժշտական արուեստով ու թարմութեամբ: Ան նոր հնչեղութիւն կու տայ հայոց հոգեւոր երգին: Հին Շարակնոցի առաջաբանին մէջ կը կարդանք Սիւնեցիի անունը: Ան գրած է նաեւ Մարտիրոսաց շարականները, որոնք թէեւ վերագրուած են 11-րդ դարու կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձին, սակայն Մարտիրոսաց շարականներու մարտական մոտիվները, ոճը եւ լեզուն անյարիր են Հանգստեան շարականներու ոգիին եւ ոճին հետ, որոնք հեղինակած է Գետադարձը: Հանգստեան շարականներուն մէջ ակնբախ են յուսահատական, անկումային մոտիվները, ապաշխարողական բնոյթը եւ 11-րդ դարու լեզուաձեւերն ու ոճերը: Շարակնոցին մէջ կը հանդիպինք եւս մէկ Ստեփանոս Սիւնեցիի, որ ապրած է 5-րդ դարուն, սակայն ուրիշ յիշատակութիւն չկայ անոր մասին, հետեւաբար խօսքը նոյն Ստեփանոսին մասին է: Ժամանակակիցները անոր կոչած են «Սիւն երկնի, խարիսխ հաւատոյ»:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս Սիւնեցին Դաւիթ կաթողիկոսի պատուէրով գրած է «Մեկնութիւն Չորից Աւետարանչացն» երկը, այսինքն՝ «Չորս Աւետարանիչներու Մեկնութիւնը», որ Սիւնեաց մեկնողական դպրոցի հին շրջանէն մեզի հասած միակ ամբողջական երկն է, որ երկար ժամանակ կորսուած էր։ 1917-ին Գարեգին եպս. Յովսէփեանը զայն կը գտնէ 1155-ին գրուած ձեռագրի մը մէջ։ Անոր թարգմանութեամբ մեզի հասած են Դիոնիսիոս Արիոպագացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Նեմեսիոս Եմեսացիի, Կիւրեղ Ալեքսանդրացիի, Գէորգ Պիսիդեսի, Մաքսիմոս Խոստովանողի աստուածաբանական, մեկնաբանական եւ բնագիտական մեծարժէք աշխատութիւնները։
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեփանոս Օրբելեանը մանրամասն կը հաղորդէ Սիւնեցիի ողբերգական մահուան հանգամանքները, նշելով, որ Սիւնեցին Եղեգեաց ձոր գաւառի Մոզ աւանին մէջ անառակ կնոջ մը երեք անգամ կը թելադրէ հեռու կանգնիլ մեղքի ճանապարհէն, եւ երբ ան չի զղջար եւ կը շարունակէ իր անպարկեշտ կեանքը, Ստեփանոս Սիւնեցին սաստիկ կը զայրանայ եւ մեծ պատիժի վճիռ կ'արձակէ (պատմիչը չի նշեր պատիժը): Այնուհետեւ ան կը մեկնի Աւագ Ակն կոչուած քաղցրահամ աղբիւրի ակունքին մօտ հանգստանալու, որովհետեւ օդը սաստիկ տաք էր։ Այնտեղ իր մահիճը կը դնէ ուռենիի մը վրայ եւ առանձին մնալով կ'աղօթէ ու կը ննջէ: Իսկ անառակ կինը, որոշած ըլլալով վրէժ լուծել, եւ որպէսզի ինք ազատօրէն գործէ, իր սիրեկանին հետ կու գայ այնտեղ, սուրը կու տայ անոր ձեռքը որ սպանէ: Երբ երկու անգամ տղամարդը կը փորձէ բարձրանալ ծառ եւ չի կրնար սպանել (պատմիչին համաձայն՝ հրաշափառ տեսիլքին պատճառով), անառակ կինը սուրը կը վերցնէ, կը բարձրանայ ծառ եւ հարուածելով սուրբի որովայնին՝ կը սպանէ զինք: Սիւնեցիին մարմինը կը թաղուի Վայոց ձորի Թանահատի վանքին մէջ՝ հայոց թուայնութեամբ 184 թուականին (735-ին): Ստեփանոս Օրբելեանի համաձայն, իր մահէն ետք քառասուն օր գաւառը կը ցնցուի ուժեղ երկրաշարժէն, որուն պատճառով տուներն ու ապարանքները կը դառնան իրենց բնակիչներուն գերեզմանները, եւ ամէնուրէք կը տարածուի մարդոց վայոցը, որմէ ետք գաւառը կը կոչուի Վայոց Ձոր:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ստեփանոս Օրբելեան, «Պատմութիւն Նահանգին Սիսական», գլուխ ԿԱ (31)
- Կիրակոս Գանձակեցի, «Հայոց Պատմութիւն»
- Մովսէս Կաղանկատուացի, «Աղուանից Աշխարհի Պատմութիւն», գիրք Գ, գլուխ 17-18
- ↑ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A1%D6%84%D5%A5%D5%B6%D5%B5%D5%A1%D6%81_%D5%BE%D5%A1%D5%B6%D6%84
- ↑ https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%84%D5%A5%D5%BF%D6%80%D5%B8%D5%BA%D5%B8%D5%AC%D5%AB%D5%BF
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-09-ին։ արտագրուած է՝ 2019-06-09