Jump to content

Թովմաս Աքուինացի

Թովմաս Աքուինացի
լատ.՝ Thomas Aquinos
Ծնած է 1224
Ծննդավայր Իտալիա
Մահացած է 1274
Մահուան վայր Ֆասսանովա աբբայություն, Պապական մարզ[1]
Կրօնք Կաթողիկէ, Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Փարիզի միջնադարյան համալսարան?
Նեապոլի համալսարան?Կատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Ազդուած է Բոետիոս?, Մայմոնիդ?, Կիկերոն, Ալ-Քինդի?, Հովհան Սկոտ էրիուգենա?, Իպն Ռուշտ[2], Անսելմ Քենթրբերցի?[3], Ալբերտ Մեծ?, Ավիցեննա?[4], Օգոստինոս Երանելի?, Պղատոն, Արիստոտէլ, Պողոս առաքյալ?, Աբու Համիդ ալ-Ղազալի? եւ Գրիգոր I?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Summa theologiae?, Summa contra gentiles?, De regimine principum? եւ Quinque viae?
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, փրոֆեսոր, Լատինական կաթոլիկ քահանա, փիլիսոփայ, գրագէտ, Catholic theologian, ֆրաիլես, theology teacher
Աշխատավայր Մտաւորական
Վարած պաշտօններ փրոֆեսոր
Ծնողներ հայր՝ Լանդոլֆ դ'Ակինո?

Սուրբ Թովմաս Աքուինացի (գերմաներէն՝ Saint Thomas Aquinas, 1225[6], Ռոկասեկա, Ակվինո, Սիցիլիայի թագավորություն[7] - 7 Մարտ 1274[5], Ֆասսանովա աբբայություն, Պապական մարզ[1]), միջնադարեան մեծագոյն փիլիսոփայ-աստուածաբան։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն մտաւորականներէն։

Ծնած է Իտալիոյ բարձր դասակարգի պատկանող ազնուական ընտանիքի մը մէջ։ Հինգ տարեկան էր, երբ իր ծնողքը վանք կը ղրկէ զինք, ուր կը մնայ մօտ ինը տարի։ 1239-ին իրմէ անկախ պատճառներով կը ստիպուի ձգել վանքը եւ հօրը տունը վերադառնալ: Այս անգամ կը ղրկուի Նաբոլիի համալսարանը՝ իր ուսումը շարունակելու։

1244-ին հայրը կը մահանայ։ Թովմաս 20 տարեկանին լաւ ուսման տէր երիտասարդ մը կը դառնայ։ Ան կ'որոշէ մտնել Տոմինիկեան (Dominicia) վանք՝ վարդապետական կոչումի նուիուելով: Թովմասի մայրը լսելով, կը բարկանայ եւ Թովմասի երկու եղբայրները կը ղրկէ իրեն մօտ, որոնք կայսրին բանակին մէջ մեծաւոր էին, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Թովմասի վրայ, ետ քաշուելու իր որոշումէն։ Սակայն Թովմաս տարի մը ուշացումէ ետք կը յաջողի ճամբորդել Փարիզ, հոն նուիրուելով Տոմինիկեան վարդապետութեան, շուտով կը ճանցուի իբրեւ փիլիսոփայութեան մէջ ճարտար անձնաւորութիւն մը։

25 տարեկան հասակին, իր պատասխանատուները զինք քահանայական տիտղոսի կը կանչեն։ Պապը նոյնիսկ կ'առաջարկէ իրեն Նաբոլիի եպիսկոպոսական աթոռը, սակայն մեր խոնարհ վարդապետը կը մերժէ բարձր տիղոսները եւ կ'ընտրէ ընթերցել, յօրինել եւ ուսուցանել։

Թովմաս իր բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, կը դառնայ ուսուցիչ Փարիզի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։ Թովմաս 22 տարիներ կը շարունակէ ուսուցանել Փարիզի, Հռոմի եւ Նաբոլիի մէջ. ան նաեւ կը յօրինէ, կը քարոզէ եւ քրիստոնէական հաւատքը կը պաշտպանէ։ Անոր հռչակը կը տարածուի ամէն կողմ։

Ուսուցչութեան կողքին Թովմաս յաճախ ընտրուած է որպէս խորհրդատու՝ պապերուն։ Հակառակ իր բարձր պաշտօններուն, ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է իր սենեակին մէջ։

1274-ին պապը ժողովի կը կանչէ բոլոր Եպիսկոպոսները՝ Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ։

Իր Գրութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարեւորագոյնն է Summa Theologica, որ Աստուածաբանական ամփոփումներ են. անոնք կը յայտնեն Թովմասի միտքը եւ Աստուածաբանութիւնը։ Այս հաւաքածոյին մէջ Թովմաս տրամաբանական ձեւով կը ներկայացնէ Աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական նիւթեր։ Միջնադարեան գիտութիւնը կը բնորոշուի Թովմասի այս գիտական եւ իմաստասիրական մեթոտով (scholastic method)։ Իսկ անոր ուսուցանած գաղափարները կը յայտնուին Թովմայական դպրոցին միջոցով։

  • Դէպքեր եւ Դէմքեր ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ, Սիլվի Աւագեան
  1. 1,0 1,1 1,2 JSTOR — 1995.
  2. https://archive.org/details/misquotingmuhamm0000brow/page/12/mode/2up
  3. https://iep.utm.edu/anselm-of-centerbury/
  4. https://iep.utm.edu/avicenna-ibn-sina/#H3
  5. 5,0 5,1 Bell A. Encyclopædia BritannicaEncyclopædia Britannica, Inc., 1768.
  6. Library of the World's Best Literature / խմբ. C. D. Warner — 1897.
  7. 7,0 7,1 CERL ThesaurusConsortium of European Research Libraries.